18 October, 2024

«Մեր Քրիստափորը»

Դժուար, գոնէ ինծի համար դժուար, թերեւս նաեւ անկարելի է «դիմանկարելօ այս կաղոտն գիւղացին, որ հիմա դարձած եղած է «ՄԵՐ ՔՐԻՍՏԱՓՈՐԸ», բայց զոր իր ժամանակակիցները կոչեցին կախարդ, մարդակերտ, ցեղակերտ եւ հայրենակերտ:

Այս վերագիրներէն ո՞րն է իրականութեան ամենէն մօտն ու ամենէն յատկանշականը: Ո՛չ մէկը, ո՛չ ալ միւսները առանձինն, այլ – բոլորը միասին: Կախարդ էր իր խօսքին զօրութեամբը, մարդակերտ, ցեղակերտ ու հայրենակերտ էր իր գործին կշիռովը:

Ագուլեցի վարժապետը, ծագումով խոնարհ, կեանքով հարուստ, առաջնորդ ծնած էր եւ ո՛չ թէ առաջնորդ դարձած: Ի՛նքն էր, որ անձեւը ձեւի վերածեց եւ անկազմակերպը՝ կազմակերպի:

Քրիստափորէն առաջ, հայ յեղափոխութիւնը տսութիւն էր միայն. Քրիստափորի հետ եւ Քրիստափորով դարձաւ գործ, կովկասեան բացատրութեամբ՝ պրակտիկա:

Յեղափոխութեան սերմնացաններէն եղաւ, օրինակ, փայաջուկցի գեղջուկը՝ Րաֆֆի: Սերմնացանէն ետք եկաւ հնձուորը: Եւ ինչ որ ցանած էր Րաֆֆին, հնձեց Քրիստափորը ինք:

Կրնանք ըսել, թէ հայ յեղափոխականը,– հայ ժողովուրդի ամենազգայուն տարրը,– յաւելեալ արժէքի հարցը դարձուց յաւելեալ արեան հարց:

Քրիստափոր, «յաւելեալ արիւն»ի գաղափարախօսներէն, չորս միլիոն հայու սիրով կը սիրէր իր ժողովուրդը եւ չորս միլիոն հայու տառապանքով կը տառապէր իր ժողովուրդին համար: Այս կը նշանակէ, որ հայ մը չէր այս մարդը, այլ հայութիւնն էր: Ուստի՝ ո՛չ թէ անձնական, այլ ա նանձնական էր իր տառապանքն ալ: Կեդրոնը ինք չէր, կեդրոնը ցեղն էր:

Դաշնակցութեան աւագ հիմնադիրը, երրորդութեան մէջ եռամեծը, գրեթէ առանձինն, գրեթէ միս մինաը, կրցաւ մեր Դատը դուրս բերել իր նեղ շրջանակէն եւ դնել աւելի լայն շրջանակի մը մէջ: Լոկ իր անհատական նախաձեռնութեան շնորհիւ՝ Հայկական Հարցը, պահելով հանդերձ եւ պահելով միշտ ազգային իր բնոյթը, դարձաւ եղաւ միջազգային հարց:

Եւ նորէն ինքն էր, որ համակրութիւն ստեղծեց մեր Դատին ու ժողովուրդին հանդէպ՝ Փրօ Արմենիան հիմնադրելով եւ անոր շուրջ հաւաքելով իր շրջանի օտար առաջաւոր դէմքերէն Քլեմանսօն, Փրէսանսէն, Անաթոլ Ֆրանսը, Ժան Ժօռէսը, Տընի քոչէնը, Փիէր Քիյեարը եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Վերջինը, Փիէր Քիյեար, գրեթէ «հայացաւ» մոգական ազդեցութեանը տակ Քրիստափորի, զայն «մեր Քրիստափորը» կոչելով եւ անոր անձէն, վարկէն ու հմայքէն բաժին մը հանելով իր երկրին՝ Ֆրանսայի եւ իր ժողովուրդին՝ ֆրանսացիներուն: Ի՛նքն էր, այս «հայացած» ֆրանսացին, որ կը գրէր 1905ին, Քրիստափորի մահուան վաղորդայնին. «... Այնուհետեւ, մօտիկ լինէր նա թէ հեռու, ես ոչինչ չեմ ասել, ոչինչ չեմ գրել, ոչինչ չեմ արել, առանց հարցնելու ինքս ինձ, թէ ի՛նչ կը մտածէր նա ա՛յս խօսքի, ա՛յս նախադասութեան, ա՛յս արարքի մասին»:

Ասիկա ուրիշ բան չէ, այլ եթէ – դրոշմ: Հայ Քրիստափորին դրոշմը ֆրանսացի «Քրիստափոր»ին վրայ:

Դրոշմ ունենալ՝ նախ, դրոշմ փոխանցել՝ ապա: Այս է բարձրագոյն ստուգանիշը – արժէքի ստուգանիշ – կեանքի, ինչպէս գրականութեան մէջ: Դրոշմ ունեցող մա՛րդը միայն առաջնորդ է կեանքի մէջ, ինչպէս դրոշմ ունեցող մա՛րդը միայն արուեստագէտ է գրականութեան մէջ:

Երբեմն ճակատամարտներ կը շահուին կամ կը կորսուին ո՛չ թէ ռազմաճակատին վրայ, կրակի գիծէն ներս, այլ ռազմաճակատին ետեւ, կրակի գիծէն դուրս: Եւ կը շահին կամ կը կորսնցնեն ո՛չ թէ համազգեստաւոր զինուորը եւ զինուորականը, այլ անհամազգեստաւոր առաջնորդը, որ զինուոր է, զինուորական ալ չէ:

Դաշնակցութեան եռամեծ հիմնադիրը առանց համազգեստի զօրապետ մըն էր, ղեկավար մը, կազմակերպող մը, այս բառին լաւագոյն իմաստով: Չունէր պերճ լեզու, արտաքին փայլ ու շուք, բայց կազմակերպող էր: Փայլուն մարդիկ շատ ունեցած ենք թերեւս, իսկ կազմակերպող մարդիկ՝ քիչ:

Անկաշառ էր, ուղղամիտ, հզօր ու տիրապետող անհատականութեան տէր: Իր խօսքը պատգամ էր, իր գործը՝ ուղեցոյց: Հաւասարներուն մէջ առաջիններէն էր, առաջիններուն մէջ՝ գերազանցներէն: Ունէր հաստատուն նկարագիր, անթեքելի կամք, անսխալ ու անվրէպ դատողութիւն, բարոյական անկշռելի առաքինութիւններ:

Գիտէր կերպը հակամարտ ու կեդրոնախոյս տարրերը քով քովի բերելու, շաղախելու նոյն շաղախով եւ ստեղծելու ներդաշնակ միութիւն կամ միակամ ներդաշնակութիւն: Կ'իշխէր մարդոց վրայ ո՛չ թէ իբրեւ պետ, այլ իբրեւ սրտակից ընկեր, իր խօսքին կշիռովը, անձին հմայքովը, գործին փայլովը: Կ'իշխէր առանց հրամայելու, մի՛այն թելադրելով. մի՛այն ներշնչելով:

Մարդ ճանչնալու, գործակիցներ ընտրելու, յարմար մարդը յարմար գործին վրայ դնելու ձիրք ունէր: Վարուելու ուղիղ ու արդար կերպ մը ունէր: Զինաթափ կ'ընէր նոյնիսկ հակառակորդը, դիմելով ո՛չ թէ անոր զգացումներուն, այլ տրամաբանութեան ու դատողութեան:

Նափոլէոն, Մե՜ծը, առիթով մը ըսէր է.– մեծագոյն յաղթանակը այն չէ, որ ձեռք կը բերուի պատերազմի դաշտին վրայ, այլ այն է, երբ հակառակորդը կը համոզես: Կը համոզես, որ խօսքդ իրաւացի է եւ վճիռդ՝ արդար:

Համոզել,– այս է իրական յաղթանակը: Այս յաղթանակին մէջ, ըսենք նաեւ՝ համոզելու ռազմագիտութեան մէջ մարաջախտի գաւազան շահած էր Քրիստափոր: Համոզելու համար իր մօտ գացողը... համոզուելով կը մեկնէր:

Անյիշաչար էր ու վեհանձն, անգլ. բարքերը յատկանշող ջէնթըլմէններէն, բայց աններող էր կուսակցութեան էթիկայի դէմ գործողներուն հանդէպ: Իր մօտիկ ընկերներուն իսկ վկայութեամբ՝ ինք ստեղծած էր այս էթիկան եւ ինքն ալ կը պահէր զայն բծախնդրութեամբ:

Աստուած խիղճ մը դրած էր այս փխրուն անօթին մէջ, ինչպէս Սիմոնին եւ Ռոստոմին մէջ: Կ'ըսուի, թէ Քրիստափոր կը մտածէր, որ մի գուցէ իր կարծիքը համապատասխան չըլլայ ճշմարտութեան: Սխալելու վախը ունէր, որովհետեւ լիովին գիտակից էր իր պատասխանատու դերին ու կոչումին:

Այս դերին համար, եւ այն դերին համար,– ծանօթ թէ անծանօթ,– զոր ուրիշներ յանձն պիտի չառնէին իշխանական թոշակներով, Քրիստափոր իր իսկ հիմնած կազմակերպութենէն կը ստանար ամսական հարիւր յիսուն ֆրանք: Եւ կ'ապրէր համեստ, շատ համեստ պայմաններու մէջ:

Հռետոր չէր Քրիստափոր, նոյնիսկ դժուարաւ կը խօսէր, երբեմն բառերն իսկ փնտռելով: Բայց ունէր բանականութեան պերճախօսութիւնը: Իր ճառերէն ու զեկուցումներէն հետք չկայ այսօր: Կուսակցութեան Ընդհ. Ժողովներուն մէջ խօսած – այսպէս ըսենք – իր «ճառ»երն իսկ արձանագրուած չեն տեղ մը:

Խօսելու մէջ աշկերտ, գործելու մէջ վարպետ էր սակայն: Եւ եթէ իր խօսքէն շատ բան մնացած չէ, իր գործէն մնացած է Դաշնակցութիւնը:

Դէպքերը ճիշտ կ'ըմբռնէր, եզրակացութիւններն ալ ճիշդ կը հանէր: Լաւապէս ըմբռնած էր պետութիւնները վարող միակ մտահոգութիւնը,– պետական շահեր: Ի՞նչ – կ'ըսէր տեղ մը իր միակ գործին մէջ,– կ'ուզէիք, որ օտարնե՞րը վարէին մեր Դատը եւ մեզի համար շագանակնե՞ր հանէին կրակէն: Կ'ուզէիք, որ Հայաստանը գրաւէին եւ մեզի նուէ՞ր ընէին: Մենք ձեռնածալ նստած՝ մեր երկրի եւ ժողովուրդի ազատագրութիւնը օտարներէ՞ն սպասէինք ու յուսայինք:

Կրնամ վկայել, որ այս ախտաճանչումը ճիշդ էր երէկ. ճիշդ է նաեւ այսօր: Մեր Դատին Աքիլլէսի կրունկն է ասիկա:

Բ. Թաշճեան
«Հայրենիք», Պոսթոն
66-րդ Տարի, Թիւ 15,972
Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 1964