Այսպէս կը կոչէինք զինք, ոչ թէ զանազանելու համար զայն ուրիշ Հրաչներէ, այլ արտայայտելու համար մտերմութիւն մը, գուրգուրանք մը, որ «ընկեր» կոչումէն աւելի ծանր կը կշռէր կարծես:
Հրաչին կցւած «մեր»ը, յատուկ անուն մը, տիտղոս մը, որ հպարտութեան աղբիւր մըն էր նաեւ զայն արտասանողին:
Իր կենսագրութի՞ւնը. դժւար է ամփոփել զայն քանի մը տողերու մէջ: Գիտէինք միայն, որ կու գար Եոզկատէն եւ շառաւիղն էր մեծափարթամ ընտանիքի մը: Շատ կանուխէն ղրկւած էր Պոլիս, որովհետեւ անկարելի էր զսպել անոր մէջ եռացող կրակը:
Պատանեկան տարիներու սահմանին վրայ կը գտնւէր, երբ արդէն գրպանին մէջն էր իրաւաբանական վարժարանէն ստացած վկայականը, եւ սակայն փոխանակ հետեւելու ասպարէզին, կը նետւէր յեղափոխական գործի կրկէսը, կարծես թէ համալսարանական տարիներու դասընթացքը այնտեղ անցուցած ըլլար: Ու անկէ վերջ, Պոլսէն մինչեւ Պերլին, Հռոմ, կրկին Պոլիս, եղաւ մարմնացումը հայկական նեմեզիդային, որ քիչ մը զովութիւն պիտի պարգեւէր մէկ միլիոնի կորուստին կսկիծովը տոչորւող սրերուն:
–Հրաչ,– կըսւէր իրեն յաճախ,– գրի առ յուշերդ, որպէսզի հետագային անունիդ կապւած գործերը միայն «լսողաց» չըլլան:
Պատասխանը անուշ քմծիծաղ մը կըլլար ու յաճախ բունցքի մտերմական հարւած մը՝ այդ թելադրանքը ընողին:
Խօսքի եւ գրչի հանդէպ ունէր արհամարհանք մը, որ յաճախ կերթար չափազանցութեան: Ու երբ բացառաբար հարկադրւէր քանի մը խօսք ընելու հրապարակաւ, շուրջինները կը զգային, որ Հրաչը պզտիկցած է ինքն իր աչքին: Թէեւ անընդունակ չէր եւ իր խօսքը՝ զուրկ պերճախօսութենէ, սակայն, ունէր տրամաբանող եւ գործնական մարդու կնիքը:
Լուրջ եւ պաշտօնական էր արտաքին յարաբերութիւններու մէջ: Չափազանց դիւրահաղորդ էր մեր Հրաչը ընկերական շրջանակի մէջ: Միշտ զւարթ ու սրամիտ՝ կը սիրէր ապրիլ կեանքը, իսկական հերոսներու օրինակով, առանց սակայն մոլորւելու անոր բաւիղներուն մէջ եւ մոռնալու իրեն վստահւած գործը:
Կը սիրէր մանուկներին ու ծաղիկները կիրքով մը, որ իրեն յատուկ էր միայն: Հալէպի ճեմարանին ծաղկաստանն ու ծառերը դեռ երկար ատեն պիտի հրապուրեն այնտեղի տղաքը եւ յիշեցնեն անոնց, զանոնք խնամող գուրգուրոտ ձեռքերը:
Դաշնակցութեան վարիչներէն եղաւ՝ տակաւին երիտասարդ հասակին: Ամենապատասխանատու գործերը վստահւեցան իրեն այն տարիքին, երբ ուրիշներ իրենց պատանեկան երդումը կընեն տակաւին: Ու բոլոր այդ գործերը գլուխ բերաւ մեծ ձեռնհասութեամբ, առանց փողի եւ թմբուկի:
Այլ պայմաններու մէջ, գործնական մարդու իր խելքով եւ ուժեղ տրամաբանութեամբ օժտւած Հրաչը, կոչւած էր դառնալու պետական յայտնի դէմք մը: Մեր ժողովրդի դժւարին եւ սահմանափակ պայմանները նւիրեալի դեր մը միայն վերապահեցին իրեն, ու այդքանը բաւական եղաւ՝ որ անմահութեան տանող գործեր կապւին իր անունին:
Այդ գործերն անշուշտ օր մը լայն չափով պիտի հրապարակւին եւ մեր ժողովուրդը պիտի գիտնայ թէ գործի ինչ բաժին ինկած է մեր Հրաչին՝ Պոլսէն մինչեւ Պերլին եւ Հռոմ, մինչեւ Տերսիմի քրտական ապստամբութիւնը...:
Իրեն մօտիկ գործակիցները միայն այն կը զգային, թէ ինչ մեծ բաց մը կը ձգէր Հրաչը՝ իր երկարատեւ հիւանդութեամբ: Նեղ եւ դժւարին օրերու ընկեր էր եւ իր գործնական մարդու խորհուրդներէն զրկւած էր մեր կազմակերպութիւնը ատենէ մը ի վեր:
Դառն էր հաստատել, որ այնքա՛ն խորաթափանց միտք մը ունեցող Հրաչը, այլեւս դժւար կըմբռնէր դիմացինին միտքը:
Ու հետզհետէ ծանրացող հիւանդութեան ի տես, ո՜վ ճակատագրի հեգնանք, իր ամենէն մտերիմներն անգամ կը մաղթէին, որ շուտ վերջանար իրենց սիրելիին տառապանքը, ժամ առաջ մարէր այն ճրագը, որ ամենէն դժւարին վայրկեաններուն լոյս սփռած էր մեր ճամբաներուն վրայ:
Որքան ալ հաշտւած էինք իր կորուստին հետ, դարձեալ իր մահը կսկիծով համակեց բոլոր սրտերը: Սակայն, եթէ թախիծով ճամբու դրինք զինքը այստեղէն, այնտեղ՝ յաւիտենականութեան մէջ դիմաւորողներ պիտի ըլլան զինքը: Երկանեանը, Սիմոնին, Թէհլիրեանը, գործակիցներու եւ հերոսներու փաղանգ մը ամբողջ իրեն հետ են այժմ:
Իր կեանքն ու գործը ոչ միայն յիշատակ պէտք է մնան մեզի, այլեւ օրինակ ծառայեն ապրողներուս: Երիտասարդութիւնը մանաւանդ, պիտի հասկնայ, որ հայ ժողովուրդին ծառայելու համար պէտք է ըլլալ իրատես, գործունեայ եւ միշտ անձնազոհութեան պատրաստ: