11 December, 2024

Միքայէլ Թիւնիբէկեան

Դեկտեմբեր 15, Բագուի մէջ եւս շահագործող կապալառուներու դաւադրութեան զոհ գացած է Դաշնակցական երիտասարդ ընկեր մը՝ Միքայէլ Թիւնիբէկեան (Միշա):

Հազիւ քանի մը ամիսէ ի վեր Միքայէլ Բագու հաստատուած էր, բայց այդ քանի մը ամսուան ընթացքին՝ երեք անգամ մահուան փորձ կատարուած է անոր վրայ, որովհետեւ Միշան ղեկավարն էր քարտաշներու 1000է աւելի անդամ ունեցող Արհեստակցական Միութեան եւ չէր թողուր որ տզրուկ վաշխառուները իրենց ուզած եղանակով ծծեն խեղճ գործաւորներու արիւն քրտինքի արդիւնքը:

Սպաննութեան այդ զազիր դէպքը ընդհանուր զայրոյթ եւ յուզում առաջացուցած է գործաւորական-կազմակերպական շարքերու մէջ: Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բագուի Կեդրոնական Կօմիտէի այդ առթիւ հրապարակ հանած մէկ թռուցիկին մէջ ի միջի այլոց կը կարդանք հետեւեալը.

«Ընկաւ Միշան մինչեւ վերջը իր յեղափոխական բարձրութեան վրայ կանգնած, իր վեհ դաւանանքին հաւատարիմ ու նւիրւած:

Ընկաւ նա, բայց Հ. Յ. Դաշնակցութեան Նեմեզիդան անպատիժ չի թողեց ոճրագործներին: Նրա մահից հազիւ մի քանի ժամ անցած արդէն գետին էր տապալւա սպաննութեան կազմակերպողներից գլխաւորը՝ մի հրէշ փօդրադչի, իսկ միւս մեղսակիցների վերաբերմամբ էլ արտասանւած է պատշաճ դատավճիռը:

Եւ թող դա խրատ լինի բոլոր շահագործողներին, բոլոր բռնակալներին, որ չափազանց թանգ կը նստի դաշնակցականի վրա ձեռք բարձրացնելը, յեղափոխականի կեանքին այդ ձեւով վերջ տալը, նրա ձայնը լռեցնելը:

Այո՛, այդ արիւնոտ խրատը թող չը մոռացւի երբէք: Դա է բաժինը ոճրագործ հարստահարիչների եւ բռնակալների:

Իսկ Դաշնակցական ընկերները գաղափարի զոհի՝ Միշա Թիւնիբէկեանի թարմ շիրիմի առաջ խոնարհւած, կը կանչեն ցաւագին՝ Հանգիստ ոսկորներիդ, ազնիւ ընկեր, յեղափոխական՝ խօսքի ու գործի անձնազոհ մարտիկ»:

«Ռազմիկ», Ֆիլիպէ
Գ. Տարի, Թիւ 215
Շաբաթ, 5 Յունուար 1908