Հոս կու տանք չեկիստներու ձեռքէն Մօրուք Կարոյի փախուստի նկարագրականը: Միջանկեալ կրկնենք, որ Մօրուք Կարօ Խորհրդային Հայաստան վերադարձած էր 1924-ին:
Ահաւասիկ այդ խոստովանութիւնը.-
Ես կ'աշխատէի Լենինական (Ալեքսանդրապոլ), որպէս անդամ Գործադիր Կոմիտէի: Օր մը մէկը դուռը զարնելով ըսաւ, թէ մէկը զիս դուրսը կը սպսաէ: Դուրս եկայ, տեսայ եւրոպական տարազով մարդ մը, զոր չէի տեսած: Սակայն ինք զիս ճանչցաւ, յայտնելով, թէ ինք Մօրուք Կարոն է, որուն անունով միայն կը ճանչնայի: Աշխատանքէս բացակայելու իրաւունք ստանալէ ետք, Կարոյին հետ ելանք դէպի քաղաքին ծայրը, ուր իր հետ երկար ժամանակ խօսեցանք Սասունէն մինչեւ խորհրդային կարգերու հաստատման օրերու մասին:
–Ընտանիքս կարօտցեր եմ, եկեր եմ երթալու ընտանիքիս մօտ, ըսաւ ինծի Կարոն:
Ի՛նչ պիտի ըսեմ Կարօ, որ եկած ես, պիտի երթաս: Եթէ վտանգ ըլլայ, ուր որ ըլլաս մէկ է պատասխանեցի:
Կարոն գնաց իր հարազատներուն մօտ: Հազիւ տարի մը անցած, Կարոն ընտրուած էր գիւղի խորհրդի անդամ, եւ «փոգ»-ի* (կը նշանակէ փոխադարձ օգնութիւն) նախագահ: Լաւ հեղինակութիւն էր ստացած գիւղին մէջ: Շատ գոհ էր իր վիճակէն: Այդ բոլորով հանդերձ, որպէս չարքաշ լեռնական եւ աշխատասէր, ինքն էր որ կը կատարէր հողագործութեան աշխատանքները:
Ու այսպէս կը շարունակէ իր պատմութիւնը:
Մօրուք Կարոն որ մը քաղաքէն տուն կը վերադառնայ յօգնած, երբ կը լուացուէր, կինը՝ Մարթան կ'անցնի թոնրատունը ապուր (սպաս) բերելու Մօրուքին, սակայն դատարակ կը վերադառնայ ըսելով.
–Կարօ, մեր տունը պաշարուած է ոստիկաններով:
Կարոն դուրս կու գայ հայաթը: Երեկոյ է, գիւղին անասունները վերադարձած են արօտատեղիէն: Ձիու քուռիկը աւելի առաջ է եկեր գոմը: Կարոն միտք ընելով դուրս կը հանէ քուռիկը, որ կապէ իբր թէ չէր կարողացեր զսպել զայն:
Հայաթի մէջ Կարոն կը հանդիպի ոստիկաններուն, որոնք բարեւը չեն առնեւ կը հարցնեն, թէ «դո՞ւն ես Կարոն»: Իր դրական պատասխանին վրայ կ'ըսեն, թէ քիչ մը գոր ունինք հետդ: Լաւ կ'ըսէ Կարոն, քիչ մը սպասեցէք, քուռիկը ներս բերեմ, որ գայլերու բաժին չդառնայ:
Ոստիկան չեկիստ մը քայլ առ քայլ կը հետեւի անոր, իսկ միւսները կտուրէն կը դիտեն զայ:
Գիւղի անասունները լեցուեր էին աղբիւրի ջուրին վրայ, որտեղէն կը բաժնուէին տուները: Կարոյի նպատակն էր մտնել անսաուններու եւ մարդոց խտութեան մէջ:
Ճամբու կէսին ձիու քուռիկը կը թեքուի դէպի տուն եւ երեխայի մը «աստիկա տուն տար» ըսելով, ինք կ'արագացնէ իր քայլերը, սակայն ոտքը առուի քարին զարնելով կ'իյնայ առուի մէջ: Կարոն անմիջապէս վեր կը կենայ եւ վեր կը քաշէ շապընկերը, որ վրա էր իջած իր ջուր ինկած ժամանակ: Հետեւող չեկիստը կարծելով թէ Կարոն ատրճանակը կը հանէ, քայլերը կը դանդաղեցնէ, մինչ Կարոն արագօրէն արդէն կ'անյայտանայ աղբիւրի անասուններու եւ մարդոց մէջ մտնելով: Տունէ տուն անցնելով, դուրս կու գայ գիւղէն եւ կ'ուղղուի դէպի Արագած:
Պահուած տեղէն լուր առնելու համար, Կարոն կը կտրէ դաշտերու ջուրը, գիտնալով որ մէկը պիտի գայ ջուրին ուղղութիւնը շտկելու: (Ջուրի պակասութեան պատճառաւ, բանջարանոցներուն հերթով միայն ջուր կու տային): Ժամեր ետք կը տեսնէ որ մէկը դէպի իր կողմը կու գայ, ջուրի ճամբան ուղղելու:
–Սուս, անունը տալով, կ'ըսէ Կարոն, ո՞վ կայ գիւղը:
–Ոստիկաններ եւ գիւղի մեծերը ժողով ունին դպրոցի շէնքին մէջ, կ'ըսէ գիւղացին:
–Կարո՞ղ ես ինձ առաջնորդել մեր տունը, քսան մեթր ինձմէ առաջ երթալով, կ'ըսէ Կարոն:
Ճամբայ կ'ելլեն, տունը հասնելուն, Կարոն տան դուռը պահակ կը կեցնէ գիւղացին: Ներսը տաս վայրկեանի չափ ժամանակի մէջ շորերը կը հագուի, տասնոցը պահուած տեղէն դուրս բերելով, դուրս կ'ելլէ, շնորհակալութիւն կը յայտնէ գիւղացիին եւ կը հեռանայ:
Դպրոցի մօտէն անցնելով պահալ կեցող կոմսոմոլը ձայն կու տայ, թէ ո՞վ է:
–Սո՛ւս, ձայնդ, չե՞ս գիտեր թէ ես ով եմ, կ'ըսէ Կարոն եւ պահակը ձայնը ճանչնալով, լուռ կը մնայ:
Այսպէս կը վերջացնէ չեկիստը իր պատմութիւնը: Մօրուք Կարոն կը բարձրանայ դէպի Արագած:
Կարոն մնացծ Արագածի կողմերը երեք տարի, թափառական:
Այդ շրջանին յաճախ գիւղերը կ'իջնէր ծայրամասի տուները եւ բարեկամներն ու ընկերները հաց կու տային անոր:
Այդ օրերուն Պետօ Ղազար, որ բանտէն նոր արձակուած էր, իմանալով Մօրուք Կարոյի թախուստը, եւ լեռ բարձրանալը, կը փնտռէ եւ շուտով կը գտնէ Մօրուքը: Իրենց կը միանայ Փեթարցի Թաթոն եւ երեքը միասին հազարումէկ տանջանքներ կրելով, իրենց հետ ունենալով Դաւոն (Աղբեցի Յ. Երէցեան), Խուշոյեանի տերորիստը որպէս ուղեցոյց անոնց, կը հասնին Պարսկաստան, 1930 թուին: