10 January, 2025

Նամակ Մուշէն. Սէյդօ Պօղոսի, Զաւէնի եւ Ջնդոյի սպաննութիւնը

Նամակ Մուշէն

Վերջին պահուն ստացանք հետեւեալը Մուշէն

Մուշ, Յունւար 10

Տարօնի ժողովուրդը պարտքի տակ խեղդւած՝ կը գղաթէ Վան, Կարին, Տիարպէքիր, Բաղէշ, թողնելով իր շէնաւեր օճախը: Օսմանեան րէժիմի սպաննիչ շղթաի ամենանեղ օղակը Տարօնի վզին է ոլորած, կառավարութիւնը անօրէն է եւ հարստահարիչ, տեղին ժողովուրդը վայրագ եւ կատաղի:

Այստեղ ժողովուրդ, րայա, վաստակաւոր, աշխատող հան է միայն, իսկ քիւրդերը, աղքատն ալ հարուստն ալ աղա են, բէկ են, անոնք են վաելողները, տէրերը, իսկ թիւրքերը պաշտօնեաներ, կառավարիչներ եւ բոլորն ալ խանէտան են:

Մուշի դաշտի մէջ ահ ու սարսափը կը թագաւորէ:

Ղասըմ բէկ՝ որուն ընդհարումը պատմած էինք թիւրք զօրքերու հետ, մեր ընկերներու դէմ ահռելի ու աններելի դաւաճանութիւն մը գործեց որը անպատիժ չմնար անշուշտ: Այդ նամէրտ բէկին դաւաճանութիւնով նահատակւած են մեր երեք կտրիճ ընկերները Շամի (Վանի շրջան) փրօփականդիստ ճահիլ Զաւէնը, խմբապետ Սայտօ (Սէյտօ Պօղոս Մալխասեան), սուրհանդակ Ճսդօն (Ջնդօն): Կառավարութիւնը անոնց դիակները լուսանկարելէ յետոյ հրամայեր է թաղել Գուրգէնի եւ Գէորգ Չավուշի գերեզմաններուն մօտիկ:

Ղասըմ բէկը յայտնի Մուսա բէկի եղբայրն է եւ Տարօնի ամենաբարբարոս եւ կեղեքիչ ցեղերէն: Սա Գէորգ Չավուշի զինակիցն է եղած, վերջերս կառավարութեան դէմ դուրս եկաւ եւ իր գիւղը ռմբակոծւեց, իսկ ինքը 50-60 հոգիէ խմբի մը գլուխ անցած կը շրջէր շրջակա քրդաբնակ գիւղերը եւ կը կազմակերպէր կառավարութեան դէմ:

Այս երկու երեսէն մարդը, որու քաջութեան ինչպէս կերեւի, անմիջապէս սահմանակից է նենգամտութիւնը, ժամանակին ուզել է Գէորգն ալ դաւաճանել, բայց սա շուտ կռահել էր եւ երեսին տալով բէկին իր նենգամտութիւնը, սպառնացեր էր: Ասոր վրայ ի նշան հաւատարմութեան քիւրդ բէկը իր կնոջ բաճկոնը կընծայէ Գէորգին, ուրկէ յետոյ, ըստ ընկերների, շատ եռանդուն եւ անձնւէր աշխատանք է ցոյց տւած, անյպէս որ քիւրդ գիւղացիութեան մէջ բաւական ոգեւորութիւն առաջ բերած էր:

Հայ հերոսներու մահը ընդհանուր ցաւ է պատճառել նոյնիսկ թիւրք եւ քիւրդ զինւորականութեան մէջ, իսկ Ղասըմի դաւճանութիւնը ընդհանուր զզւանք եւ ամօթ իր տղամարդութեան:

«Դրօշակ»-Փետրւար 1908
Թիւ 2 (190)

Կենսագրական. Սէյդօ Պօղոս, Ջնդօ, Զաւէն

Սայդօ Պօղոս (Մալխասեան)

Զոհը Ղասըմի նամէրտ դաւաճանութեան:

Սայդօն, Տարոնի Ալվարինճ գիւղէն էր, 33 տարեկան: 1894-ին, դեռ գիւղական պարզուկ կեանքին մէջ մեծցած, յեղափոխական սէրը արթնցաւ անոր մէջ: Ճարպիկ էր եւ կռւասէր, իր ունեցած բոլոր սպառազինութիւնն է մէկ չախմախլի հրացան եւ մէկ տապար: Երբ քրդեր կուգային գեղի ոչխարը կամ տաւարը յափշտակելու, Սայդօն կը վազէր ետեւնէն եւ կը խլէր աւարը: Գիւղացիք գեղին պահապան կարդեցին զայն իր քաջութեանը համար:

Սայդօն լսած էր ֆէդայիներու մասին: Փնտռեց գտաւ Անդրանիկը եւ Գէորգ Չավուշը, եւ ընկերական կապ հաստատեց անոնց հետ, եւ յեղափոխական սրտոտ կազմակերպող մը եղաւ եւ ֆէդայիներուն նւիրելով իր ծառայութիւնը:

Այդ միջոցներուն յայտնի արիւնարբու աւազակ քիւրդ Իւսուֆ, քանի-քանի խեղճ հայ երկրագործներ, ինչպէս նաեւ ս. Աղբերիկ վանքի վանահայր Ղազար վարդապետը սպաննած էր: Սայդօն միտքը դրաւ վրէժ լուծել Իւսուֆէն եւ ետեւէն ինկաւ: Գիշեր մը կը հանդիպի ադ հրէշին, եւ անոր ընկեր Ֆլիտին: Սայդօն եւ իր անբաժան ընկեր Վարդան արդար վրէժով արիւնկրակ, կը յարձակին եւ կը սպաննեն Իւսուֆը, Ֆլիտ կը յաջողի փախչիլ: Սայդօն կը հասնի ետեւէն եւ տապարի հարւածով կը գլորէ ձորակի մը մէջ: Վրիժառուները անդիի աշխարհը ղրկած կարծելով զայն կը հեռանան: Քիչ վերջը քիւրդը իր առած վերքէն ուշքի գալով կերթայ կառավարութեան կը պատմը դէպքը: Սայդօն փախաւ լեռը ելաւ:

Ալայ պէյ 50 ոստիկանով սկսաւ հետապնդել փախստականը բայց նա անըմբռնելի էր: Կառավարութիւնը պահապան դրած էր անոր գեղի շուրջը որ հսկեն անոր ելումուտքը: Գիշեր մը Սայօն, ըստ սովորականին, գեղ եկաւ պաշար առնելու եւ մտաւ տուն մը, պահապանները շուտով լուր տւին ոստիկաններուն, որոնք իսկոյն եկան պաշարեցին տղոց գտնւած տունը: Կռիւը կատաղի եղաւ: Ոստիկանները ուզեցին տունը վառել: Ընկերները տան ետեւի պատը ծակելով կուզէին փախչիլ, Սայդօն մինակ նահապետական չախմախլին ափին դռնէն դուրս նետւեցաւ՝ սպաննեց թիւրք Խազիմը եւ երկու քիւրդ, եւ անյայտացաւ մութին մէջ: Ոստիկանները ճարահատ եւ կատղած, ստիպեցին գեղի րէսը որ Սայդօն եւ ընկերները իրենց յանձնէ: Սայդօն մերժեց անձնատուր ըլլալ, յայտարարելով իր ինք «պատրաստ է արիւնին մինչեւ յետին կաթիլը թափել մեծ գաղափարին համար»: Ոստիկանները կատղած որ չեն կրնար ձեռք ձգել Սադօն սպանեցին րէսը: Երկու ամիս ետեւ Սայդօն անցաւ Սասուն իր ընկերներուն քով եւ իր անձնւիրութիւնով, բոլորին սէրն ու համակրութիւնը գրաւեց:

Սայդօն մասնակից էր 1900-ի ս. Առաքելոց վանքի կռւին, Գէորգ Չավուշի հետ Նորշէն գեղի կռւին, եւ այսպէս շարք մը կռիւներու, մինչեւ Սասունի մեծ կռիւները, ուրկէ յետոյ Դաշտ իջնելով՝ իր ընկերներու հետ Մկրագոմի, Շամիրամի եւ Ախթամարի կռիւները մղեց:

Վասպուրականի ճամբով անցաւ Կովկաս, ուր հայ-թաթարական արիւնահեղ կռիւներու միջոցին, Շարուրի շրջանին խմբապետ նշանակւելով, սարսափ ձգեց թշնամիներուն վրայ: Կռիւները վերջացած էին, Սայդօն, մէկ քանի ընկերներով վերադարձաւ իր պաշտած հաւատքի եւ յոյսի վայրը ուր ինկած էին, կըսէր, «Սերոբներ, Հրայրներ, Գուրգէններ եւ Վահաններ»:

Երկիր մտնելով՝ Գէորգ Չավուշին գործակից եղաւ, եռանդուն կերպով մասնակցեցաւ Սուլուխի վերջի կռւին ուր ձեռքէն վիրաւորւեցաւ: Աննման Չավուշի մահէն յետոյ, Սայդօն մտաւ ժողովուրդին մէջ եւ իր ինկած կտրիճ ընկերներու հաւատամքը քարոզեց անոնց, մինչեւ ու քիւրդ պէկի դաւաճանութիւնը եկաւ ողբերգօրէն վերջ տալու քաջի կեանքին:

Սայդօն կը թողու երկու զաւակ:

Իր ընկերները յարգանքով պիտի պահեն անոր օրինակելի յիշատակը եւ անոր գերեզմանին վրայ կ'ուխտեն բարձր պահել ֆէդայիի պատիւը, որուն բոլորանւէր ներկաացուցիչը եղաւ Սայդօն:

Ջնդօ

Ջնդօն՝ Տարօնի Յարդօնք գիւղէն էր, 30 տարեկան:

Այն ժամանակները երբ Սերոբ-Աղբիւր եւ Գուրգէն ման կուգային Սասուն եւ Խլաթ գաւառները, Ջնդօն, որ միշտ զէնք եւ ազատ կեանք կերազէր, դիմեց անոցն որոնք իր ճարպիկութեանը համար ընդունեցին իբր ընկեր եւ սուրճանդակ: Ջնդօն իր սուրհանդակի պաշտօնը կ ըկատարէր հիանալիօրէն: Կառավարութիւնը հետապնդեց Ջնդօն, պաշարեց անոր տունը, եւ կրցաւ ձերբակալել միան անոր եղբարը Պօղոս:

Այդ ատեն Աղբիւր իր ընկերներով հեռացեր էին այդ շրջանէն, Ջնդօն ճարահատ, քիւրդ աղայի մը մօտ ապաստան գտաւ: Երբ Սերոբ ուշ ատեն վերադարձաւ, հաւատարիմ Ջնդօն՝ վազեց իր նախկին պաշտօնը վերստանձնեց վարդենիսցի Մուրատին հետ, որ 1905-ին նահատակւեցաւ Արքավանք գիւղին մէջ:

Ջնդօն՝ 1903-ին մասնակցեցաւ ունան գիւղի կռւին, եւ քաջութեամբ կռւեցաւ:

Սասունի կռւի նախօրերուն Հրայրի եւ Վահանի որոշմամբ ղրկւեցաւ Խլաթ ռազմամթերք փոխադրելու, բաց մինչեւ վերադարձը Սասունը պաշարւած էր արդէն, ուստի Դաշտ անցաւ կռիւը հոն շարունակելու: Վերդակ գիւղի մէջ էր Ջնդօն իր ընկերներով՝ երբ զօրքերը եկան բռնելու զինքը: Ջնդօն 6 ժամ կատաղի կռիւ մղեց եւ ահագին վնասներ տալէ յետոյ թշնամուն՝ ազատեցաւ: Երբ Սասունի ընկերները Մշոյ դաշտ իջան՝ միացաւ անոնց եւ մասնակցեցաւ Մկրագոմի, Կուրավուի, Գոմերու եւ Գոմս գիւղերու կռիւներուն: Ջնդօն՝ իբր փորձ գայլ մը՝ որ գիտէ երկրին ծակուծուկը, խումբը առաջնորդեց մինչեւ Խլաթ գաւառ, մասնակցեցաւ Շամիրամ գիւղի եւ Աղթամարի կռիւներուն:

Վասպուրականէն՝ Պարսկաստանի վրայով անցաւ Կովկաս: Հա-թաթարական ընդհարումներու միջոցին հայի արիւնի եռ եկաւ եւ նետւեցաւ կռւի տաք շարքերուն մէջ, Գանձակ եւ Շուշի:

Սակայն մայրենի երկրին հողն ու ջուրը անդիմադրելիօրէն կը քաշէին Ջնդօն, անհամբեր էր թռչիլ նորէն հոն եւ մեռնիլ անոր արիւնոտ նւիրականութեան գիրկը:

Արտասահմանի մէջ քիչ շատ զինավարժութիւնը կատարելագործելէ յետոյ, 1907-ին մտաւ երկիր, հաւատքի կտրիճ առաքեալը, բայց քրդական դաւճաանութիւնը շատ շուտ կտրեց անոր թանկագին կեանքի թելը:

Ջնդօն՝ իր բազմամեայ տիպար եւ եռանդուն գործունէութիւնով, մաքուր յիշատակը կը ձգէ բոլոր ընկերներու սրտին մէջ, որոնք կողբան արի եւ հաւատարիմ զինւորին վաղահաս եւ դաժան մահը:

«Դրօշակ»-Մարտ 1908
Թիւ 3 (191)

Զաւէն. Յարութիւն Սարգսեան

Վանի վերջին մեծ դաւաճանութիւնը եւ անոր հետեւող մեծ կորուստներն ու դէպքերը թոյլ չը տւին իր ժամանակին գրելու Մշո դաշտում ընկած մեր երիտասարդ ընկերոջ-Զաւէնի մասին:

Զաւէնը պատկանում էր Կովկասեան այն բացառիկ ու գաղափարկաան ինտելիկենցիայի շարքին, որոնք յանձն են առնում զոհողութիւններ, գալու հալածանքի ու տառապանքի դասական հարենիկը, բորբոքելու ազատագրութեան սրբազան կայծը...

Նա բնիկ Գանձակեցի էր, միջին կարողութեան տէր ընտանիքի զաւակ. սկզբնական կրթութիւնը ստացել էր իրենց քաղաքի ռուսական քաղաքային դպրոցում, ապա անցել է Էջմիածին Գէորգեան ճեմարանը, ուր նա եղել է ըմբոստների առաջին շարքում: Աշակերտները առաջադրել էին մի շարք պահանջներ, որոնք արմատապէս «աշխարհականացումի» հարցը դնում էին կղերական վարչութեան. Կրօնական անհամբերողութեան ոգին չը ներելով ադ ըմբոստութիւնը՝ ծաղիկ երիտասարդութիւնը արձակեց դպրոցից «վասն ըմբոստ վարուց»:

Զաւէնը չէրկ արող առանց դպրոց մնալ. Ճեմարանէն անցաւ Երևանի թեմական դպրոցը. բայց հոն էլ հանգիստ չունի, անտեղ էլ պաթում է աշակերտական դժգոհութեան ռումբը: Զաւէնը դարձեալ ըմբոստներու մէջ է: Այս 1905-ի ըմբոստացումը բոլոր սեմինարիաների, մասնաւորապէս Երեւանի սեմինարիայի պատմութեան մէջ մնում է նշանաւոր: Վերջապէս հասարակութեան ազդու միջամտութեամբ դպրոցը վերաբացւում է:

Զաւէնը աշակերտական կեանքէն իր շուրջը հաւաքած է որոշ գաղափարական աշակերտներ. նրա սենեակը եղել է գաղափարական վիճաբանութիւնների, ոգեւորութեան ու իտէալական ծրագիրներ կազմելու վայր: Աշակերտական սեղանից իսկ մասնակցել է յեղափոխական գործին հէնց Դաշնակցութեան միջոցով. նա եղել է պրօպականդիստների շրջանակի լաւ անդամներից մէկը...

Բայց Զաւէնի դէմքը աւելի որոշ կերպով պարզւեց ու ձեւաւորւեց բուն երկրում:

Դպրոցը աւարտելու առաջին տարին հարց է դնում երկիր մտնելու: 1906-ի ամառը արդէն Ս... (Սալմաստ) է, ուր մնում է մի առ ժամանակ սկզբնական փորձառութիւն ձեռք բերելու: Նրան միշտ յիշում են իբր իրենց սիրելի ուսուցիչներէն մէկը: Ս.-ի բոլոր գիւղացիք, մանաւանդ տանջւած աշխատաւորութիւնը լաւ կը ճանչնայ «հողի եւ ազատութեան» երիտասարդ պրօպականդիստ-սոցիալիստին:

1907-ի մարտին երկրի ընկերներու հրաւէրով նա ճանապարհւում է դէպի Վան... ով ծանօթ է Տաճկահայաստանի ձմրան, ով կեանքի մէջ գէթ մի անգամ դժբախտութիւն կամ երջանկութիւն է ունեցել յեղափոխական գաղտնի ճանապարհ գնալու, այն էլ ոտով 7-8 օր շարունակ, նա միայն կարող է ըմբռնել այն տանջանքներն ու գերմարդկային համբերութիւնը, որով 20-21 տարեկան մի երիտասարդ, փափուկ կեանքին սովոր մարդը կարող կը լինի յաղթանակել ու հասնել իր նպատակին: Միշտ սարսափով ու մեծ հիացմունքով կը պատմէր իր քաշած նեղութիւնները, մինչեւ կուրծք ձիւների եւ ջրերի մէջ հագուստով քալելը եւ դրան ուղեկցող գաղափարական երազները: Առանձնապէս շեշտում էր այն անհեթեթ թէօրիան որ Կովկասեան երիտասարդութեան որոշ շրջանում շաբլոն կերպով բերնէ-բերան պտտւում էր, «որ իբր թէ Դաշնակցութիւնը իր գործունէութեամբ միան, այն էլ գիտակցաբար, ծառայում է կովկասեան բուրժուազիայի շահերին նրա համար բանալով մի արդիւնաւէտ շուկայ Տաճկահայաստանում...»: Զաւէնը չէր հանդուրժում աշխատաւոր ժողովրդի քաղաքական ու տնտեսական ազատագրման համար ասքան տանջանքները, զոհողութիւնները վերագրել այդ անհեթեթ մտածումին:

Զաւէնը Վանում, շուտով ցոյց տւեց իր կրակոտ պրօպականդիստի կարողութիւնը, եւ ստեղծում է մի մեծ երիտասարդական հոսանք, որը մկրտւում է «Նոր Սերունդ» անունով: Զաւէնը այս շրջանի լաւագոյն աշխատող ուժերից մէկն էր, եւ միան տարւած էր իր սիրած պրօպականդի գործով: Նա օժտւած էր եռանդով եւ բազմակողմանի ընդունակութիւններով, նա գիշեր ցերեկ քաղաքում եւ գիւղերում, լեռներում եւ հանգստութեան վայրերում գիրքը ձեռքից վայր չէր ձգում, զէնքին հետ, եւ որ աւելի կը գեղեցկացնէր զայն՝ անոր յեղափոխական շիտակութիւնը, մանաւանդ անկեղծութիւնն էր:

Ամառը ձգելով քաղաքի համեմատաբար տանելի կեանքը նետւեցաւ ժողովուրդի խաւերուն մէջ, Վասպուրականի գիւղերում, ուր կը տանէր պրօպականդի եւ կազմակերպական գործերը:

Զաւէնը Դաշնակցական երիտասարդութեան թափով ձգտում է դէպի աւելի մութ ու խաւար անկիւններ, դէպի ան վարեր, ուր պահանջում է աւելի մեծ վտանգ եւ զոհողութիւն: Մշոյ դաշտը այդ տեսակէտից ամենատիպիքականն էր: Տաճիկ կառավարութիւնը իր յոռի րէժիմի ամբողջ թոյնը թափում էր ադ ժողովրդի գլխին, եւ երկիրը դարձել էր դժոխք: Զաւէնը նետւեցաւ այդ վարը, իր հետը առնելով զէնքը եւ իր սիրած գրքերը... «մանք բարեաւ... Անհունապէս երջանիկ եմ գնալու համար»: Ահա նրա վերջին խօսքերը...

Եւ մի քանի շաբաթից յետոյ բօթաբեր լուրը... Զաւէնը, Սէյդօի եւ Ջնդօյի հետ, տմարդի եկրպով զոհ գացած էր Ղասըմ պէկի դաւաճանութեան, հէնց իր տանը դաւաճան պէկի հետ տեսակցելու ժամանակ: Եւ այսպէս գաղափարական երիտասարդը 29 տարեկան հասակում գերեզման իջաւ օտար, բայց պաշտւած հորիզոններու տակ...

Յարգանք պարտականութեան դաշտում ընկողների յիշատակին: Ծունր սիրելի Զաւէնի անշիրիմ նշխարների առաջ:

Թող ծնողները բանաստեղծի ասածի պէս լան եւ ընկերները Զաւէնի պէս մելամաղձութեամբ երգեն՝

«Լաց մերիկ ջան, որ էլ չեմ գայ,
Վէրքս խորն է տուն չեմ գայ...»

«Դրօշակ»-Յունիս 1908
Թիւ 6 (194)