10 February, 2025

Սօսէ Մայրիկի Փառաշուք Յուղարկաւորութիւնը

«Յուսաբեր»ի Աղեքսանդրիոյ թղթակիցը կը գրէ Աղեքսանդրիայէն, փետր. 10 թուականով.-

Այսօր, կ.վ. ժամը 3-ին, Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցիին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայ Ազատագրկան Շարժման անմեռ դէմքերէն Աղբիւր Սերոբի արժանաւոր կողակցին՝ Սօսէ Մայրիկին թաղման արարողութիւնը: 

Քաղաքական ժողովի ատենապետը՝ պրն. Մարտիկ արհանէլեան՝ յատուկ մահազդ հանած էր՝ հայ համայնքին գուժելով մեծանուն Հայուհիին մահը եւ թաղման մասին եղած կարգադրութիւնը յայտնելով:

Սօսէ Մայրիկին ազգային թաղում կատարուեցաւ, արժանավայել ու փառաշուք:

Եկեղեցին լի էր բազմութեամբ. ներկայ էին Ազգ. Իշխանութեանց անդամները, վարժարանի ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը, հայ արիները:

Քահանայից դասը ամբողջութեմաբ կը մասնակցէր թաղման արարողութեան:

Դագաղը ծածկուած էր Եռագոյն դրօշով:

Բազմաթիւ ծաղկեպսակներ դրուած էին դագաղին:

Եկեղեցիին բակը դամբանականներ խօսեցան ընկ. Գ. Լազեան եւ Պօղոսեան վարժարանի տնօրէն Բ. Չէքիճեան:

Խոր յուզումի մէջ երգուեցաւ Աղբիւր Սերոբին եւ Սօսէ Մայրիկին ձօնուած երգը:

Յուղարկաւորները հոծ բազմութեամբ դագաղը գերեզմանատուն տարուեցաւ, ուր խօսեցաւ ընկ. Նշան Հեքիմեան:

«Հայրենիք», Պոսթոն
54-րդ Տարի, Թիւ 12,422