10 February, 2025

ՀՅԴ Բիւրոյի դամբանականը՝ Սօսէ Մայրիկի յուղարկաւորութեան

Սօսէ Մայրիկի յուղարկաւորութեան ընթացքին Ընկ. Գաբրիէլ Լազեանի դամբանականը՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմնին (Բիւրօ) կողմէ 

Դամբանականը արտասանուած է Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքի Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցիին մէջ, Սօսէ Մայրիկի յուղարկաւորութեան ընթացքին (Երեքշաբթի, 10 Փետրուար 1957):

Աղեքսանդրիոյ հայ գաղութը կորսնցուց իր երիցագոյն անդամը՝ Սօսէ Մայրիկը, որուն մահը այս պահուս կը սգայ համայն հայութիւնը: Ամբողջ երեսուն տարի ան ապրեցաւ ձեր մէջ. ազգային իշխանութիւնը սենեակ մը տրամադրած էր անոր, իսկ իր ընկերները համեստ ապրուստ մը ապահոված էին: Եւ այդ համեստ ապրելակերպին մէջ ան յարգանք կը պարտադրէր բոլորին: Հազիւ կը հասկնայիք իր գաւառաբարբառը, սակայն կը զգայիք անոր ունեցած փառքն ու հպարտութիւնը:

Սօսէ Մայրիկի կեանքը դիւցազնական դրուագ մըն է, որմէ ներշնչուած տաղանդաւոր հայ գրագէտը օր մը անպայման պիտի տայ արուեստի գլուխ գործոց մը: Սօսէի ամուսինը՝ Աղբիւր Սերոբ՝ հայ յեղափոխական շարժման նախակարապետներէն էր, ծնած հայ ժողովուրդի տառապանքէն: Խլաթ գաւառի Սոխորտ գիւղացին զէն ի ձեռքին կ'ահաբեկէր թալանողները եւ բռնապետութեան պաշտօնեաները: Հայ դաւաճանի մը օգնութեամբ՝ ծուղակը կը ձգուի Աղբիւր Սերոբի խումբը, որ քաջաբար կը դիմադրէ զինք շրջապատող մեծաթիւ ուժերուն: Հերոսը կը նահատակուի, նոյնպէս՝ զաւակը, Սօսէն կը վիրաւորուի: Արիւնռուշտ թշնամին, Սերոբի գլուխը կտրելով, Սօսէի հետ միասին Բաղէշ կը ղրկէ...: Կարծէք այս ողբերգութիւնը չբաւէր, առաջին համաշխարհային պատերազմին Սօսէն կորսնցուց իր միւս զաւակն ալ, բայց տարօրինակ կերպով միշտ կը յուսար, որ ան ողջ մնացած էր եւ օր մը լուր պիտի առնէր իր մասին:

Սօսէն համբերութեամբ իր խաչը կրեց. Ինքնագոհութեամբ կը պատմէր, թէ Անդրանիկ իր ձեռքը խնդրած էր, յայտնելով, որ «զինք ոսկիէ տան մէջ պիտի պահէր», բայց մերժած էր առաջարկը եւ ուզած միշտ մնալ Աղբիւր Սերոբի Սօսէն: Սերոբի մասին բանաստեղծը կ'ըսէ.

«Նեմրութայ սարը հազար ակն ունի
Հազարն էլ Մշոյ դաշտն ի վար կ'երթայ
Մենակ Աղբիւրի աղբիւրը սրտի
Խեղճ ժողովրդի սրտի մէջ կ'երթայ»:

Այն ժողովուրդը, որ Սերոբը Աղբիւր անիւնով մկրտած էր, Սօսէին Մայրիկ անունը տուաւ եւ հոգեւին կապուեցաւ անոր, տեսնելով անոր մէջ հայրենիքէն բեկոր մը, Նեմրութի սարէն ժայռի կտոր մը:

Սիրելի՛ Սօսէ, ապրեցար երկար, տոկացիր ամէն զրկանքի, որովհետեւ յեղափոխականի քու հաւատքդ կենսատու զօրութիւն մըն էր քեզի համար: Դուն տեսար քանի մը բռնակալութիւններու տապալումը. պիտի չուշանայ պահը, երբ քու հարազատ ժողովուրդը տէր պիտի դառնայ իր հայրենիքին: Եթէ քու մահը տեղի ունեցած ըլլար Ազատ ու Անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ, անոր երկու հարիւր հազար բնակիչները պիտի հետեւէին քու դագաղիդ: Բայց գիտցիր, թէ ի վերջոյ ամբողջ հայութիւնը պիտի սգայ եւ միշտ վերյիշէ քեզ՝ մեր նորագոյն պատմութեան աննման դիցուհին: Իսկ նոր սերունդը քու անունով պիտի երդնու, շրաունակելու համար յեղափոխական պայքարը:

Յարգա՜նք քու յիշատակին, պաշտելի՛ Սօսէ Մայրիկ, յանուն Հ. Յ. Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմնին:

«Հայրենիք», Պոսթոն
54-րդ Տարի, Թիւ 12,427
Հինգշաբթի, Մարտ 5, 1953