02 March, 2025

Վանի Հայ Հասարակութեան. ՀՅԴ Վասպուրականի Կեդր. Կօմիտէ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Վասպուրականի Կեդրոնական Կօմիտէն կը հրահանգէ:

1) Ոչ ոք չհամարձակւի զբաղւիլ դաւաճանութեամբ, մատնութեամբ եւ լրտեսութեամբ. թող զգուշանան ժամանակի ընթացքում նոյն գործերով կասկածելի երևցածները:

2) Ոչ ոք չհամարձակւի այսուհետեւ գիշերային յարաբերութիւններ ունենալ թիւրք պաշտօնեաներու հետ. հակառակ պարագային անոնք պիտի նկատւին իբր կասկածելի անձեր:

3) Ոչ ոք չհամարձակւի այսուհետև լոկ սին հետաքրքրութեան կամ կասկածելի նպատակներու համար՝ տեղեկութիւններ հաւաքել յեղափոխական անձնաւորութիւններու եւ գործերու մասին:

4) Ոչ ոք չհամարձակւի կազմակերպութեան կնիքը կեղծել ու կնքւած նամակներով սպառնալիքներ կարդալ կամ պահանջներ ընել:

5) Ոչ ոք չհամարձակւի անհատական հաշիւներով տէրրօրներ կատարել՝ կարծելով թէ կազմակերպւթեան կատարած տէրրօրների շարքին կրնան անցնել եւ թող իւրաքանչիրւ հայ զգուշանայ թիւրքերէն՝ մի գուցէ գաղտնի սպանութիւններ պատահին եւ յետոյ մեր կազմակերպութեան վերագրւին:

6) Ոչ ոք չհամարձակւի գաղտնի կամ յայտնի ոևէ զզէնք եւ փամփուշտ ծախել թիւրքի կամ քիւրտի:

7) Ոչ ոք չհամարձակւի այսուհետեւ (մեծ առևտրական լինի, թէ փոքր) հասարակութեան դրամները գաղելով՝ կեղծ սնանկութիւն հրատարակել:

8) Ոչ ոք չհամարձակւի վաշխառութեամբ գիւղացիներու կամ առհասարակ աղքատ ժողովրդի հողեր, կալւածներ կամ գոյքեր բռնի գրաւել՝ թշւառութեան մատնելով անոնք:

9) Ոչ ոք չհամարձակւի կեղծ դրամ կտրել եւ ցրւել հասարակուեթան մէջ մանաւանդ կազմակերպութեան անունով:

Այս հրահանգները չլսող ու չկատարողները թող վստահ լինին, որ իրենց ոչ մէկ քայլը չպիտի վրիպի կազմակերպութեան ուշադրութենէն եւ թող հաւատացած լինի, որ կազմակերպութիւնը իրենց դէմ ձեռք պիտի առնէ ամենակտրուկ միջոցներ եւ գործադրէ ամենախիստ պատիժներ, կանգ չառնելով նաև մահւան պատժի առաջ:

1906, մարտ
Հ. Յ. Դ. Վասպուրականի Կեդ. Կօմիտէ

«Դրօշակ»
Յունիս 1906
Թիւ 6 (172)