Անցեալ դարու երկրորդ կէսէն սկսած Արևմտահայ ազգային ազատագրական եւ յեղափոխական շարժումներու ամբողջ պատմութեան մէջ իր նշանակալից դերն ունեցած է Ատրպատականը, իբրեւ նախապատրաստական աշխատանքների յարմարագոյն գետին: Մասնաւորապէս նահանգի սահմանամերձ գաւառները՝ Կապուտան (Ուրմի), Մինարէթ (Սալմաստ), Խոյ եւ Մենաւոր (Թադէոս Առաքելոյ վանքը), սահմանակից լինելով Վասպուրական աշխարհին, կենդանի հաղորդակցութեան գծերով կապւած էին նրա հետ եւ այդ ուղիով աշխատանքները կը ծաւալէին Տարօն-Տուրուբերան եւ Սասուն:
Դեռ 1861 թ. արդէն համաժողովրդական մեծ համբաւ շահած Խրիմեան Հայրիկը Կովկասէն վերադարձին կանցնէ Թաւրիզ ուր միամսեայ իր քարզչութեամբ հայրենաշունչ թափ ու թռիչք կը ներշնչէ ժողովրդին: Ապա այցելելով Սալմաստ կը շրջէ բոլոր գիւղերը, ցանելով յեղափոխական սերմեր: Վարագէն լոյս տեսնող «Արծիւ Վասպուրականի» լայն սպառում ունէր թէ Սալմաստում եւ թէ Թաւրիզում: Գլխաւորապէս այս ճամբաներով կը տարածւէին նրա թիւերը Սիւնեաց աշխարհ եւ կովկասեան հայութեան մէջ:
Փայաջուկցի մեծ վիպասան եւ հայ յեղափոխութեան սքանչելի Տեսանող Րաֆֆին իր ապագայ ներշնչումները կը ստանայ Վասպուրականէն եւ Տարօնէն: 1858 թ. Վարագայ Արծւի մշակոյթային եւ ժողովրդավար շարժումները կը գերեն Րաֆֆին, որը «Կայծերի» հերոս Ասլանի հետ կը մտնէ Վասպուրական, կայցելէ Վան-Վարագ, յեղափոխութեան դարբնոցը, կը շրջէ Ռշտունիք եւ ծովածիծաղ Աղթամարի քառաժայռէն կերգէ «Ձայն տուր ով ծովակ»ը... Ապա իբրեւ գաղափարների երկունքով ապրող առաքեալ՝ կը մտնէ Մշոյ դաշտը, Սուրբ Կարապետ, Աշտիշատ եւ Առաքելոց վանքերը, այստեղ արփեցած Վահագնեան Արածանիի ջրով կերկնէ Հայ Յեղափոխական երգ-երգոցներ Կայծեր, Սամւէլ, Խենթ, Դաւիթ Բէկ եւ այլն:
Խրիմեան եւ Րաֆֆին կը մնան յեղափոխական գործակցութեան երկու անմահներ, երկու խոյակներ ազատագրական շարժման վաղ արշալոյսին:
Այս ուղեգծով ահա Մինարէթը կենդանի գործի վայր կը դառնայ Արևելեան պատերազմէն յետոյ, երբ Հայկ. Հարցը, հայկ. Նահանգներու ազատագրութեան խնդիրը եւրոպական դիւանագիտութեան օրակրագերու մէջ կը մտնէ: Միւս կողմէ Արևմտեան Հայաստանի մէջ գործւած աւարառութիւնք, հալածանք եւ կոտորածները լայն արձագանք կը գտնեն ռուսահայ եւ պարսկահայ հասարակական շրջաններու մէջ: Մինչեւ Հայ Յեղափոխական կազմակերպութեանց երեւան գալը՝ ժողովրդի ծոցէն ելած ըմբոստ հոգիներ՝ իբրեւ ղաչախ-պարտիզաններ Վասպուրականի լեռնային գաւառներու մէջ փախստական կեանքի սկիզբը գծեցին: Վանի մէջ Խրիմեանի եւ Փորթուգալեանի շունչի տակ հասունցած սերունդը կը հիմնէ առաջին հայրենասիրական յեղափոխական կազմակերպութիւնը Արմենական անւամբ, որ ծաւալ եւ զարգացումը կը գտնէ նախ Վասպուրականի եւ ապա Սալմաստի եւ Թաւրիզի հայութեան մէջ: Բազմաթիւ արմենական գործիչներ եւ մտաւորականներ եռուն գործի կը լծւէին Վանէն դուրս Սալմաստի մէջ, յատուկ զարկ տալով ուսման դաստիարակութեան գործին: Անմահ Աւետիսեանը դեռ մինչեւ այժմ էլ մեծ անուն ունի թողած Սալմաստի մէջ թէ իբրեւ յեղափոխական, թէ իբրեւ գաղափարական ուսուցիչ եւ թէ հասարակական բիւրեղ գործիչ:
Դէրիկի պատմական վանքը անմիջապէս սահմանագլխին, Դուշամանայ ձորի բերանին, աշխատանքներու կենտրոն կդառնայ, ուրկէ զինատար խումբեր եւ գործիչներ կանցնեն Երկիր: Ահա Մինարէթի այս ճամբաներով երկիր կմտնեն Ագրիպասեանն ու Գոլոշեանը 1889 թւին՝ առաջին նահատակներ Հայ Յեղափոխութեան Չուխի բարձունքին: Ասոնց ուղիով Վասպուրական անցան Հնչակեան Մարտիկ եւ Դաշնակցական Պետօն, Նիկոլ-Դուման, Վարդան... եւ այլք, բոյլ մը այրւող արեւներու եւ շողուն աստղերու...
1896 եւ 96 թիւերուն սկսած էին Թիւրքիոյ Հայոց սարսափները եւ այդ օրերուն երեք Յեղափոխական կուսակցութեանց զինատար խումբեր եւ գործիչներ կ'երթեւեկէին Վան եւ Սալմաստ:
Ահա այս ժամանակն է որ Մինարէթ կը մտնէ իբրեւ ազատութեան զինւորագրեալ Սամսոնը, Գողթանցի 26 տարեկան վառվռուն եւ խանդավառ երիտասարդը՝ Քրիստափորի, Ռոստոմի եւ Զաւարեանի Գաղափարների դրօշակակիր: Սամսոնը 96-ին դարձաւ գործիչ եւ ղեկավար պատասխանատու դէմք Սալմաստի եւ Երկրի համար, թէ սահմանէն այս կողմ թէ այն կողմը: Ամբողջ քառորդ դար եւ աւելի մնաց Սալմաստում եւ ձեռնհասօրէն վարեց յեղափոխական գործը: Սոյն ժամանակաշրջանի խոշորագոյն անցքերին մասնակից-իրազեկ, դերակատարներին ծանօթ ու կշռադատող... Դեռ ժամանակը վաղ է, դեռ տարիներու հոլովոյթը պիտի սահի 1890-1918 թ. մեծ պատմական անցքերու վրայէն երբ նոր բիւրեղացած արձանագրէին անկաշկանդ եւ անկատում ելոյթով, բոլոր անցքերն ու դէմքերը:
* * *
Այսու Սամսոնը իբրեւ Հայ Յեղափոխութեան մրրկածին զաւակ, փակեց աչքերը 75 ամեայ հասակում՝ ծերունազարդ: Այդ պահի նսարսուռ մը անցաւ Սալմաստի դաշտէն, ցնցւեցին Դէրիկն ու Դուշմանայ ձորը, ալևոր Արաուլը սուգի թուխպ քաշեց ճակատին, իսկ Գիւզալդարայի ու Գարահիսարի լանջերին ընկած նահատակների նշխարհները մէկ անգամ էլ արիւնոտեցին մեր սրտերը՝ մինչեւ ամայի Վասպուրկաան ու Տարօն-Սասուն: