08 May, 2025

ԿՈՉ. Զանգեզուրի Աղէտը

Հայրենակիցներ.

Մեր Հայրենիքի ընդարձակ մէկ մասը՝ գրեթէ ամբողջ Զանգեզուրի գաւառը՝ ենթարկուած է երկրաշարժի մեծ դժբախտութեան: Գորիս, Սիսիան, Ղափան, Արևիք, Գողթն քար ու քանդ եղած են, 51 գիւղ աւերուած, 390 մարդ սպաննուած, 7420 վիրաւոր, մօտ 10,000 անասուն կորսուած: Եւ այս դեռ առաջին, հապճեպով հաւաքուած թիւերն են: Կարելի է երեւակայել, թէ ի՜նչ ահաւոր համեմատութիւններու կը հասնի աղէտին պարզած իրական պատկերը:

Արդէն ամէն կողմէ կը լսուին օգնութեան աղաղակներ: Կը խնդրեն նիւթական օժանդակութիւն, առողջապահական նիւթեր, դեղ եւ վիրաբուժական գործիքներ, հագուստ, ճերմակեղէն, վրան: Կարիքը սուր է եւ անյետաձգելի:

Որքան որ ծանր ըլլայ արտասահմանի հայութեան ներկայ վիճակը, իբրեւ հետեւանք տնտեսական համատարած տագնապի, Հայաստանէն հասնող օգնութեան ճիչերը չեն կրնան մնալ անլսելի: Նոյն իսկ ամենահամեստ բայց ժամանակին հասցուած օգնութիւնը մեծ սփոփանք պիտի ըլլայ երկրի աղետահար ժողովուրդին համար:

Կոչ կուղղենք բոլոր հայրենակիցներուն եւ հանրային մարմիններուն արձագանգել Հայաստանից արձակուած օգնութեան աղաղակներուն:

Օգնեցէ՜ք ինչով եւ ինչպէս կարող էք:

Հ. Յ. Դաշնակցութեան ԲԻՒՐՕ
8 Մայիս 1931

«ԴՐՕՇԱԿ»
Մայիս 1931, Թիւ 5 (309)