Յոյզերու եւ յոյսերու, խանդավառութեան օր մը եղաւ Համբարձման հինգշաբթին:
Առտու կանուխ, ամեն կողմէն, հետիոտն, ձիով, շոգեկառքով, խառն բազմութիւն մը կը դիմէր Ս. Փրկչի հիւանդանոցը, ուր յառաջագոյն հրատարակւած ազդարարութեան մը համեմատ, պատրիարքը հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցանէր:
Համբարձման տօնը կատարելու տենչը չէր միայն, որ այդ մօտ 20,000 հայերը կը քաշէր, կը բերէր հոն, այլ իրենց ներքին յուզումներուն ելք մը տալու, իրենց արժանի պպատրիարքին բերնէն մխիթարութեան խօսք մը լսելու, իրենց հայրենիքին բախտը վճռող աւետիք մը գողնալու անոր բերնէն.- ահա այդ էր, որ կը մղէր ստւար ամբոխը դէպի հիւանդանոցի դաշտ ու պարտէզը, որ աւելի քան չորս տարէն ի վեր ժողովրդին անկեղծ ուրախութեան ձայն մը հնչած չէր:
Դեռ առտուն իսկ ոգեւորութիւնն այնքան ուժգին էր, որ ամբոխէն մաս մը ուզեց վա րառնել եւ բզիկ բզիկ ընել օսմանեան դրօշակը, որ կը ծածանէր հիւանդանոցին դրան վերեւ եւ հազիւ քանը մը «տէր-տէրներու» ու «խոհեմներու» միջնորդութեան շնորհիւ այդ դիտաւորութիւնը գործ չդրւեցաւ:
Պատարագն սկսած է, փոքրիկ եկեղեցիին տարածութենէն տասնապատիկ աւելի բազմութիւն լեցւած է դուրսը. ո՞վ է, որ կը լսէ պատարագը. «ամէն»-ներ կը թնդան յանկարծ առաջին շարքերէն, որոնք հետզհետէ մեծ մեծ ալիքներով կը կրկնւին բոլոր ետեւի շարքերուն մէջ, երբ պատրիարքը մաղթանքներ կ'ընէ մարդասիրական գաղափարներով լեցուն իր քարոզէն վերջը:
Ժողովուրդը չի հասկնար անոր ըսածը, որովհետեւ, չի լսեր. բայց կ'ըմբռնի զգացումով, երեւակայութեամբ:
Պատարագի արարողութիւնը լմնցած է, պատրիրաքը շրջապատւած եկեղեցականներով ու ժողովներու անդամներով, կը յառաջանայ դէպի հիւանդանոց: Ծափեր ու կեցցէները կորոտան, համբոյրներ կը թռչին պատրիարքի ձեռքերուն, կուրծքին, քղանցքին: Յանպատրաստից թափոր մը կը կազմւի, որ կառաջնորդէ պատրիարքին յաղթական գնացքի մը պէս. Ոգեւորութեան ծայրագոյն աստիճանը կը հասնի, երբ յանկարծ ամբոխին մէջ հուժկու ձեռքեր կարմիր խաչով ճերմակ դրօշակներ կը ծածանեն. հազարաւոր բերաններ, հազարաւոր ձեռքեր մոլեգին կեցցէներով ու ծափերով դաշտը կը թնդացնէր: հգացումները, որ շատունց ի վեր կաշկանդած էին, ազատ թռիչք մը ստացան եւ անհուն ոգեւորութեամբ, սրտի խորքերէն, վիշտերու մէջ կոշտացած ձայներ կը հնչեցնեն ազգային նշանաւոր երգերէ: Խումբ մը աստին «Մայր Արաքսին» կերգէր խանդավառ եւ տխուր, հոս ուրիշներ՝ երիտասարդ, կատաղի հնչիւններով «Ձայնը հնչեց Էրզրումի լեռներէն» կորոտացնեն. մինչ անդին ծեր պանդուխտներ «Ծիծեռնակը» կը փորձեն իրենց խռպոտ ձայներով: Այդ ընդհանուր խանդավառութիւնը մոլեգնութեան փոխւեցաւ, երբ յաղթանդամ մշեցիներ «Հերիք որդեակը» սկսան:
Այդ միջոցին պատրիարքը, որ մտած էր յիմարանոցը այցելելու, դուրս կելնէ եւ դէպի որբերու վարժարանը կուղղէր իր քայլերը: Պատրիարքը նորէն տեսնելով, ամբոխը «կեցցէ Իզմիրլեան» աղաղակեց, բայց շուտով «կեցցէ Հայաստանը» խեղդեց բոլոր գոչումները: Ալ վախ չմնաց. այդ միակ բառը էլէքտրացուց ժողովուրդը, թաշկինակ, գաւազան, գլխարկ կը տատանին օդին մէջ, ֆէսը գետնէ գետին կը պատռաւի, գաւազաններու ծայրը մղեցիի նաշխուն արախչինը կը բարձրանայ: Դրօշակները արդէն կը սկսին ծածանիլ եւ յանպատրաստից ճառախօսներ կը բարձրանան ուսերու, աթոռներու վրայ, որոնք Սասունը կը յիշեցնեն եւ «կեցցէ Յեղափոխութիւն», «կեցցեն դաշնակցականները», «կեցցեն հնչակեանները», «անկցի սուլթան Համիդ» կը պոռան: Վարդապետ մը այդ միջոցին փորձեց համոզելու ամբոխը, որ քիչ մը խոհեմ գտնւին եւ իրենց զգացմունքն չափաւորեն. Երիտասարդները ձեռքերնուն վրան բարձրացուցին խեղճ մարդը եւ «կեցցէ Հայաստանով» գոցեցին անոր բերանը, թող չտալով, որ իր խօսքը շարունակէ. հայր սուրբը ինքն ալ բռնկեցաւ եւ համոզելու տեղ, համոզւած ետ դարձաւ:
Երբ ժամ մը ետքը պատրիարքը վարժարանէն ետ կը դառնար ճաշարան մտնելու, երկու մշեցի կիներ դռան առջեւ կեցաւ «Ազնիւ ընկերը» նւագեցին սրինգի վրայ: Յուզումներէն յոգնած, պատրիարքը քաշւեցաւ քիչ մը հանգստանալու: Ժողովուրդը այ եւս գործ չունէր հիւանդանոցին մէջ. «տղա՛յք, պարտէզ» աղաղակը ամենքն ալ հաստատութեան դիմացի պարտէզը մղեց: Ամբոխը հոն խուժած միջոցին, դրան մօտ հանդիպեցաւ բանտէն նոր ազատւող ալէզարդ քահանայի մը, որ իր կերկեր ձայնը կը միացնէր անոնց կեցցէներուն: Ժողովուրդը յուզւած, ծերուկը շրջապատեցին եւ սկսան համբոյրներ տեղալ անոր թոռմած այտերուն, մօրուքին եւ ձեռներուն: Քիչ մը ետքը նորընծայ մը եկաւ պատրիարքը կողմէն յորդորելու որ քիչ մը չափաւորեն իրենց խանդը եւ ցոյցերը: Նորընծան պարտէզին մէջ, աղբիւրին քով կայնեցաւ, սպասելով որ լռութիւնը հաստատւի. վերջապէս քիչ մը հանդարտեցան եւ տէր հայրը սկսաւ խօսել, բայց ի՞նչ... Սրբազանի կողմէն յայտնեց՝ որ շատ ուրախ է տեսնելով հայերը այդպէս սիրով, բայց կը փափագի, որ այդ սէրը ոչ թէ ժամանակաւոր, այլ յաւիտենական ըլլայ եւ հաստատուն: Ծափերն ու կեցցէները կը միջակէտէին տէր հօր խօսքերը: Փաթորներ վերստին սկսան կազմւել, ծեր, տղայ, երիտասարդ, ծառի ոստեր ձեռքերնին, դրօշակներով արդէն սկսան իրենց երգեցիկ գնացքները պարտէզին շուրջը, մինչ ներսը հիւանդանոցին մէջ, ուր կը հաշէր պատրիարքը, բազմաթիւ հրաւիրեալներու հետ, կենացներ կառաջարկւէին եւ ատենաբանութիւններ ու ճառեր կը խօսւէին, ո՛չ անմասն դուրսը տիրող խանդավառութիւնէն:
Երեկոյեան դէմ, պատրիարքին մեկնելէն ետքը, ցոյցերը ոչ միայն չնւազեցան, այլ աւելի եւս սաստկացան: Ոստիկանութիւնը փորձեց երիտասարդ մը ձերբակալելու, բայց ամբոխը խլեց անոր ձեռքէն. հետեւանքն այն եղաւ, որ խոհեմութիւն համարեցին բնաւ չմիջամտելու, բայց բազմաթիւլ րտեսներու շնորհիւ կրցան նշանակել շատերու անուններ. Հետեւեալ օրն իսկ 50 հոգիի չափ ձերբկալաւեցան եւ տակաւին ձերբակալութիւնները կը շարունակւին եւ շատերը կը փնդռւին:
Այդ օրը թէեւ, ինչպէս ըսինք, ոստիկանութիւնը խոհեմութեամբ չմիջամտեց,, վախնալով հակառակ պարագային մեծ կոտորածի մը հանդիսավայր անել Փրկչի պարտէզը, բայց ամենայն աչալրջութեամբ հետեւեց եւ նշանակեց ցոյցի առաջնորդները, որոնց թիւը, կըսւի, 500-էն աւելի է:
Ծպտեալ ոստիկաններու եւ լրտեսներու թիւը նոյնպէս հարիւրներու կը հասնէր. ոստիկանութեան նախարար Նազըմ փաշան եւս ծպտեալ հոն էր: Բազմաթիւ հեծեալ ոստիկաններ եւս պարտէզի շուրջը բլուրներու վրայ անթարթ աչքերով կը հսկէին:
Եթէ այդ ցոյցի հետ ժողովուրդը միացնէր եւ գործը, բզիկ բզիկ անէր ոստիկանները, կոտորէր հարիւրաւոր լրտեսները, սպանէր նոյն իսկ ծպտեալ արիւնարբու Նազըմմ փաշան, աւելի գոհ պիտի ըլլայինք: Այժմ գործելու ժամանակն է, գործով, արիւնով ցոյց անելու է եւ ոչ թէ վերսկսելու է մեր վաղամեռիկ տխրայիշատակ սահմանադրական-ճպուռի ցոյցերը...