01 July, 2025

ԿԱԽԱՂԱՆ

Պոլսոյ եղեռնադատ, լւա եւս եղեռնագործ ատենի որոշումով եւ մարդակեր սուլթանի իրատէով կախաղան հանւեցան նոր երկու անձնուրաց յեղափոխականներ ալ: Մէկը Պրուսայի Զէնկիլէր գիւղէն եւ Իւսկիւտար պարտիզպանութիւն ընող Թօֆունեան Գարեգին, միւսը կօշկակար Ասատուրեան Գալուստ: առաջինը կամբաստանւէր տարի մը առաջ՝ եօզկատցի մատնիչ եւ դաւաճան Սենեքերիմի եւ երկրորդ նոյնպէս եօզղատցի մատնիչ Համբարձումի սպանիչ:

Երկուքն ալ կախւեցան Գարաքէօյի կամուրջին Պոսլոյ կողմը. առաջինը յունիս 12/24-ին, երկրորդը 18/1-ին:

«ԴՐՕՇԱԿ»
12 Յուլիս 1896, Թիւ 17