Սոֆիայից մեզ հեռագրում են.-
Յունիսի 23-ին (ն.տ.) երեկոյեան ժամը 9-ին Կ. Պօլսում դաշնակցականները զարկեցին նշանաւոր ՄԱՏՆԻՉ վիրաբոյժ ԹԻՒԹԻՒՆՋԵՎԻՆ: Մատնիչը մերձ ի մահ է: Ահաբեկիչները ազատ են: Ժողովրդի ոգեւորութիւնը անսահման է: Անսահման է նոյնպէս թիւրք կառավարութեան սարսափը: Կառավարչական շրջանների մէջ ընդհանուր յուզում: Մանրամասնութիւնները նամակով:
Դաւաճան Մ. Թիւթիւնճիէվի Դատապարտութեան Տեղեկագիրը
Կեդրոնական Կօմիտէն մայիս 7-ի իր 61-դ նիստին մէջ, որ հաւաքական վճիռ մը գումարւած էր քանի մը անձերու նկատմամբ (այդ նիստին մէջ էր, որ հաճի Տիգրանի մահւան վճիռը արձակւեցաւ), քննութեան ենթարկեց եւ վերահասու եղաւ այն տպագիր ստուգարաններուն (document) եւ մանրամասն տեղեկագրերուն, ներկայացւած էին նախկին յեղափոխականի մը, դաւաճան Մկրտիչ Թիւթիւնճիէվի կեանքի եւ վերջին երեք տարիներու հանրածանօթ գործունէութեան մասին:
Ուստի, ի նկատ առնելով, որ վիրաբոյժ Մկրտիչ Թիւթիւնճիէվ ոչ միայն դասալիք մը եղած է յեղափոխական բանակէն, այլ եւ կարեւոր գաղտնիքներ երեւան հանած եւ իր նախկին յեղափոխական ընկերները մատնած է, եւ թուրք ոստիկանութեան ձեռքը հզօր ու անարգ գործիք մը եղած է հայ յեղափոխականի անունն աղարտող,
Կեդրոնական Կօմիտէն միաձայն մահւան դատապարտեց դաւաճան Մկրտիչ Թիւթիւնճիէվը,
Վճռին գործադրութիւնը յայտնելով Զոհ Կօմիտէին ահաբելոչներու գնդին:
Յունիս 11 (ն. տ. 12), կիրակի երեկոյեան ժամը 9-ին Թիւթիւնճիէվ գիշերհագուստով նստած էր իր տան առջեւ (Կէտիկ փաշայի թաղ) եւ կը խօսակցէր իր տնեցիներուն եւ դրացիներուն հետ, որոնք խռնւած էին փողոցին մէջ քիչ մը մաքուր օդ ծծելու եւ զբօսնելու համար: Յանկարծ երկու ահաբեկիչներ, ջրհանկիրի հագուստով ծպտած, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կը հետապնդէին Թիւթիւնճիէվը, կանգ կառնեն դաւաճանին դիմաց, եւ անոնցմէ մէկը պաղարիւնով իր ատրճանակը քաշելով կարձակէ անոր վրան: Վերջինս ցաւի ճիչով աջ կողմին վրայ կիյնայ, մինչ անտին փողոցին մէջ գտնւող մարդիկ փախչող փախչողին կըլլան:
Նոյն միջոցին զափթիէ մը եւ ոստիկան մը, որոնք պատահմամբ կը գտնւէին մէկը փողոցին վերին եւ միւսը ներքին ծարյը, կծիկը կը դնեն, երբ ատրճանակի ձայնը կը լսեն:
Երկրորդ ահաբեկիչը այդ միջոցին կարձակէր իր ատրճանակն ալ, եւ երկուքը միասին կը սկսին հեռանալ, իրենց գործն աւարտած համարելով:
Կէտիկ փաշայի ոստիկանութեան պահակը շատ մօտ է վճռին գործադրութեան վայրին, սակայն ոստիկանները, երբ Թիւթիւնճիէվի զարնւելուն լուրն առին, ոչ միայն չփութացին օգնութեան հասնելու, այլ մինչեւ անգամ քիչ մը ուշացան դիտմամբ, ահաբեկիչներուն հետ դէմ դէմի չգտնւելու համար:
Դաւաճանը զարնող քաջերն արդէն բաւական հեռացած էին, երբ ոստիկանները՝ միանալով գիշերապահներու եւ փողոցի մէջ պատահած մարդերու, սիրտ ըրին վերջապէս անոնց հետքով երթալու:
Ահաբեկիչները «Թաւուգ-պազար»-էն
անցան «Մահմուտ-փաշա» եւ հալածողներու խումբը, որ գլորւող ձիւնի գնդակի պէս, հետզհետէ
ստւարացած էր, աւելի ու աւելի կը մօտենայ ահաբեկիչներուն: Բազմաթիւ ոստիկաններ եւ գիշերապահներ,
բազմութենէ քաջալերւած, կը ջոկւին հալածող խմբէն, եւ հայհոյանքներով կը դիմեն ահաբեկիչներու
վրայ, ա՛լ վերջապէս ձերբակալելու յուսով: Վճռական վայրկեանը հասած էր. «Մարբուճիներէն»
անդին իրենց դրութիւնն աւելի պիտի դժւարանար եւ ահա երկու քաջերը յանդուգն փորձ մը
փորձեցին. ետ դարձան եւ «Սապոնճի» խանին փողոցին մէջ կրակ տւին հալածողներուն վրան:
Փորձը սքանչելի արդիւնք ունեցաւ, առաջին գնդակն արդէն բաւեց ցիրուցան ընել այդ վախկոտ
խլէզներու խումբը:
Երկու վայրկեան ետքը փողոցը պարպւած էր եւ երկու ահաբեկիչները «Հասիրճիլարի» կողմէն հանդարտ ու անվախ իրենց ճամբան շարունակեցին:
Թիւթիւնճիէվ ծանրապէս վիրաւորւած էր. գնդակներէն մէկ մխւած էր ստորին որովայնի մէջ, ուրկէ անհնարին եղաւ հանել, իսկ միւսը ազդր ծակած անցած էր:
Վճռին գործադրութեան գիշերն իսկ ոստիկանութեան նախարարի օգնական Հիւսի պէյը անձամբ եկաւ հարցաքննելու վիրաւորեալը. իսկ Նազըմ փաշա խորապէս յուզւած իր հաւատարիմ ու կարող պաշտօնեային գլուխն եկած դժբախտութեան վրայ, ծանօթ վիրաբոյժ Գամպուր օղլուն խրկեց վիրաւորեալը դարմանելու եւ մահւան ճանկէն ազատելու:
Ոստիկանութեան համար անգնահատելի ստացում մըն էր այդ դաւաճանը, եւ զարմանալի չէ, որ անոր զարնւիլը երկու յեղափոխականի ձեռքով մեծ յուզում առաջ բերաւ բոլոր շրջանակներուն մէջ եւ անմիջապէս հեռագրւեցաւ եւրոպական թերթերուն:
Սօֆիայի վրայով մեր խրկած հեռագրին մէջ ըսւած էր թէ մահամերձ է Թիւթիւնճիէվ, եւ իրօք երկու շաբաթ չարաչար տանջւել եւ մահւան դէմ մաքառելէ ետքը, վերջապէս սատկեցաւ յունիս 27-ին:
Սուլթանը սաստիկ կատաղած Թիւթիւնճիէվի անձին դէմ կատարւած այս փորձի,ն որ երրորդն էր իր տեսակին մէջ (Արտաշէս, Հաճի Տիգրան), քանի մը ամիսներու միջոցին, խիստ հրամաններ տւաւ Նազըմ փաշային վճռին գործարիչներն որոնելու եւ պատժելու: Անթիւ ձերբակալութիւններ ամեն թաղերու մէջ:
Ոստիկանութիւնը բան մը ըրած ըլլալու համար ձերբակալեց խեղճ ջրհանկիր մը, որ ո՛չ Թիւթիւնճիէվ կրցաւ ճանչնալ եւ ո՛չ ալ գինեպանը, որուն խանութին մէջ վճռին գործադրութեան նախընթաց գիշերը երկու ահաբեկիչները երեւցած էին: Բայց ոստիկանութեան համար պատւի խնդիր մըն էր ձերբակալել գոնէ անոնցմէ մէկը, եւ ահա այլ եւ այլ սպառնալիքներով ստորագրել տւին գինեպանին թուղթ մը, որով ինքը կը վկայէր թէ ձերբակալւած ջրհանկիրը երկու ահաբեկիչներէն մէկն էր: Այդ խայտառակ գործն անամօթաբար պաշտօնապէս ծանուցւեցաւ, թէեւ առաջուց գիտէին թէ ո՛չ ոք պիտի հաւատար:
Ջրհանկիրի հագուստով ծպտած երկու ահաբեկիչներն ալ ապահով ու ազատ են իրենց նախկին տարազին մէջ:
Կ. Պոլսի Կեդրոնական Կօմիտէ