«Վա՜յ քեզ քաղաք, որ թագաւորդ մանուկ է» – մեր մամիկներուն սիրած ու գործածած խօսքերը՝ ամէն ժամանակէ աւելի այսօր է որ միտքերու յամառ զուգակցութեամբ մը կուգան շրթներուս վրայ:
«Վա՜յ քեզ քաղաք, որ թագաւորդ մանուկ է» փոխեցէք «վայ քեզ գործ որ վարիչներդ մանուկ են» – եւ կ'ըստանաք հարազատ պատկերը, տխուր պատկերը հրապարակին վրայ վխտացող կարգ մը մօրուքւոր բայց խելքով մանուկ խեղկատակներու, որոնք իրենք զիրենք «հայութեան սիւնը», «աջ բազուկը», «անդրանիկ դրօշակակիրը» սնամէջ բառերով խաբելէ ետք, տակաւին «այբ»ը անգամ չգիտեն այն գործին, որուն «ֆ»էն սորվեցնելու յաւակնոտութիւնը ունին հայ ժողովուրդին:
Վերջերս Վիէննայի մէջ հնարիչ մը փաթենթել տւած է օդազու նաւ մը, որ 48 ժամէն երկրի շրջանը պիտի ընէ եղեր: Բայց մարդը տակաւին շինել անգամ սկսած չէ նաւը... խնդցին ու խնդացինք այդ խենթին վրայ, որ հաշիւ չէր ըրած որ եթէ յաջողէր իսկ այդպիսի արագութիւն մը ձեռք բերել, իր նաւը՝ առաջին քանի մը րոպէները իսկ չանցած պիտի մրկէր այդպիսի ահաւոր արագութեան մը մէջ...
Մարդը այդ ամէնատարրական բանը մոռցած էր հաշւի առնելու, այդ պլըֆը փչելէն առաջ:
Չէ՞ք կարծեր որ այս հնարիչին կը նմանին եւ մեր ակնարկած շառլաթանները, որոնք իրենք իրենց ստանձնած գործին էութեանը անտեղեակ, ցաւագարութիւնն ալ ունին դեռ պահանջելու, որ հայ ժողովուրդը՝ աստւածային պատգամի տեղ ընդունի իրենց բանդագուշանքներն ու շաղակրատութիւննրեը, որ քրմական վարդապետութեամբ մը խորհրդաւոր քօղի տակ կը հրամցւին իրեն:
Գործի մը աշխատելու համար, անոր ջատագովը հանդիսանալու, ուրիշներ ալ այդ գործին լծել կարենալու համար – մարդ մը ամէնէն առաջ ինքը ճանչնալու է այդ գործը եւ ինքը լծւելու է անոր:
Ատոր համար է որ մենք թելադրեցինք ու կը թելադրենք ալ միշտ ոչ-կուսակցականներուն օգտւիլ առիթէն ինքնապաշտպանութեան յանձնախմբերու կազմութենէն, երկրի Գործին հետ կապւիլ կարենալու համար:
Մեր հաւատքն էր որ գործէն մեկուսացումը, արտասահմանի մէջ կծկւիլը եւ աթոռի կռիւներով զբաղիլն էր պատճառը որ «յեղափոխական» կոչւած կարգ մը անգործներ այնքա՜ն հակազգային ու հակամարդկային դիրք մը բռնեցին Սասունի հանդէպ:
Ատենէ մը ի վեր նոր եղանակ մը սկսեր են փչել նոյն մարդիկը, եղանակ մը որ նոր ու փայլուն հաստատութիւն մը կը բերէ մեր այն համոզումին, թէ այդ մարդիկը չեն գիտեր այն գործը, որու մասին բերաննին կը յոգնեցնեն:
– «Ցոյ տւէք մեզի – կ'ըսեն ատոնք – ձեռնարկ մը որ իրապէս կը ծառայէ հայկական դատին եւ մենք բոլոր ուժով կը կառչինք ձեռնարկին: Բայց նախ յաղթանակի հաւատքը տւէք մեզի: Մեր դրամը տալէն առաջ գիտնալու ենք թէ մեր դրամի գործածութեան տղանակէն չարի՞ք թէ բարիք կրնայ ծնիլ...»:
Իմաստո՜ւն խօսքեր անշուշտ, երբ խնդիրը խօսելուն վրայ մնայ միայն: Բայց այդ խօսքերուն բոլոր իմաստութիւնը՝ իմաստականութեան կը փոխւի, առաջին վայրկենին իսկ, երբ հարցնենք մենք մեզի թէ ի՞նչ գործի մասին է որ կը խօսւի, ի՞նչ բան է հայկական դատ ըսւածը:
–«Ճանըմ, տահա՛ բանակներ չունինք, ճէնէրալներ չունինք, նախարարներ պատրաստ չեն, իշխան ըլլալիքը յայտնի չէ: Քիչ մըն ալ սպասենք, սանկ 50 տարի մըն ալ տ՛ւ, պատրաստւինք, անկէ ետք Աստւած ողորմած է»...
Այսպէս կը խորհէին տարիներ առաջ «ազգասէրներ»ը եւ իրաւունք ունէինք անոնք. անոնց բոլոր տենչը ազգային իշխանութիւն մը, ազգային թագաւորութիւն մը ունենալն էր, որ իրենց քաղաքական սնափառութեանը յագուրդ տար...
Տնտեսական խնդիրը բացայայտ չէր իրենց համար, մահու եւ կեանքի կռիւը յայտարարւած չէր տակաւին թիւրք ռէժիմին եւ հայ տարրին միջեւ... եւ անոնք կրնային արդարանալ աստիճանով մը:
Ի՞նչ ընենք սակայն մեր շառլաթան «յեղափոխականներուն», որոնք Զէյթունի եւ Սասունի դէմ թիւրքին մղած սիսթէմաթիք կռիւներէն ետք, 1878ի ռուս-թրքական պատերազմի ատեն սկսած ջարդիկներէն ետք՝ մինչեւ 1895-96-ի ահաւոր սարսափները, մինչեւ 1902-ի մասնակի եւ հետեւողական կոտորածները – այդ ամէնէն ետքն ալ՝ աչքերնին չբացին դեռ. Չհասկցան դեռ որ հայ ժողովուրդը ազգային ունայնասիրութեան մը համար չէ որ քաղաքական ինքնավառութիւն մը կը պահանջէ, այլ ամէնաանհրաժեշտ բանի մը համար որ չկոտորւի, չանպատւըւի, անօթի չչորնայ...
Չհասկցան ու չհասկցան ատ, եւ հասկնալիք ալ չունին, կ'երեւի:
Իրենք՝ այդ շառլաթանները, որ դատարաններու դռները կը մաշեցնեն, եթէ մէկէ մը քանի մը տօլար առնելիք ունենան – կը սրամտին ու «անխոհեմութիւն» կը պոռան, երբ հայ գեղջուկը քիրւտի մը կամ թիւրքի մը դէմ կ'ուզէ պաշտպանել իր կալը, առանց որուն ինքն ու իր ընտանիքը սովամահ պիտի մեռնէին:
Իրենք՝ այդ շառլաթան «անձնւէրներ»ը, որ կ'ամուսնանան հոս (Ամերիկա), յաճախ օտարուհիներու հետ, եւ խաղաղ երջանիկ բուն մը կ'ուզեն ստեղծել իրենց – արդար զայրոյթով մը կը բորբոքին սակայն, «անհեռատեսութիւն» կը ճղան երբ հայ գեղջուկը կ'ուզէ պահպանել իր աղջիկը, որը կուգան առեւանգելու, կամ կը փորձէ պաշտպանել իր կինը որը կուգան իր աչքին առջեւ լլկելու, զինքն ալ դեռ, իբր վկայ մը սիւնին կապելով:
Իրենք՝ այդ շառլաթանները, որ իրենց գաղափարական հակառակորդներու, իրենց ազգակիցներու գլուխը ջարդելը «ազգօգուտ» գործ մը կ'ընդունին, եւ անոնց ոչնչացումը կը բաղձան բոլոր սրտէ – իրենք չեն ամչնար «դաւաճան» անւանելու այն գիւղացին որ բահ մը, բրիչ մը, տապար մը կամ զէնքի կտոր մմը ճարելով, կը պաշտպանէ իր եւ իրեններու կեանքը թւիրք կամ քիւրտ կոտորիչներու դէմ...
Այդ յեղափոխական շառլաթանները իրաւունք կը համարեն իրենք իրենց՝ իրենց անահտական շահերը պաշտպանելու համար ո՛չ մէկ միջոցէ խոյս տալու – բայց կը զլանան ըմբոստումի տարրական իրաւոնքը երբ հայաստանցի գիւղացին է որ համբերութեան բաժակը լցւած գտնելով, գերագոյն ճիգ մը կ'ընէ պաշտպանելու իր անբռնաբարելի իրաւունքները, իր կեանքը, իր պատիւը, իր հացը...
Այսքա՜ն այլանդակ, վրդովիչ, հակամարդկային փարիսեցութիւն մը, մէկ բանով մը միայն կրնանք բացատրել – սրտերու ապականութենէն զատ – գլխաւորապէս Գործին անգիտակցութեամբը:
Այդ մարդիկը չեն ճանչնար այն ցաւը, որուն բժիշկը կ'ուզեն հանդիսանալ... փողոցի շառլաթան «պէրպէր»ներու պէս «հեռատեսութիւն, խոհեմութիւն, պատրաստութիւն» բառերը համբաւաւոր «Փանասէ»ին պէս կը պտտցնեն – միամիտներու քսակները շահագործելու համար:
Եթէ ատոնց գործիչները, Եգիպտոսէն Լօնտօն ու Ամերիկա չափչփելու փոխարէն երկիր մտած ըլլային, երկրի պէտքերուն ծանօթացած ըլլային, ոչ յեղափոխականի մը համար տարօրինակ սա հարցը կուտային:
–«Ի՞նչ է Սասունի ճգրիտ կացութիւնը իր բոլոր մանրամասնութիւններով»:
Եւ ոչ ալ Սասունի մէջ կռւողները դաւաճաններ եւ «ըմբոստներ» կ'անւանէին:
Ֆրանսայի արտ. Գործոց նախարարը պն. Տէլքասէ այս տարի յունւար 20-ին, ակնարկելով Անդրնաիկին եւ նման շարժումենրուն Հայաստանի մէջ, կը յայտարարէր.
Թէ ճակատագրական է, անխուսափելի է որ ժողովուրդ մը – այսինք հայը – կոտորւելու վտանգին տակ ապրած կեանքէ մը գերադաս սեպէ ամէն բան, ամէն ըմբոստում:
Տելաքսէ մը, օտար մը, օտար պետութեան մը արտաքին գործերու նախարար մը կ'արդարացնէ սասունցիին ընդիմադրութիւնը, կը համակրի անոր, օգնութիւն կը խրկէ անոր իր գործակատարներէն մէկը,– իսկ մեր ողորմելի շառլաթանները իրենք բան մը չընելէ զատ, ուրիշին ձեռքն ալ կ'ուզեն դեռ բռնել...
Այս խաղքութեան վերջ մը դնելու է ալ:
Գործի տգէտներուն, իմաստակներուն դդմային բոլոր պարապութիւնը նշաւակելու ատենն է ալ, ամէն ատենէ աւելի:
Ականջնին բռնելու եւ նստեցնելու է աշակերտներու գրասեղանը, հոն է իրենց տեղը վարժապետ ըլլալէ առաջ:
Իրենց համրակութիւնը թող չփորձեն մեր գլխուն վրայ: