Ապստամբութիւնը Թուրքիոյ մէջ կ'աճի, կ'անցնի մէկ գաւառէ միւսը: Հազիւ թւորքերը ահագին ուժեր կը շարժեն շրջանի մը դէմ, եւ ահա ապստամբութիւնը կը պայթի մէկ ուրիշի մէջ:
Վանի դէմ ղրկեցին կանոնաւոր հետեւազօրքի եւ հրետանիի խոշոր ուժեր, մեծ քանակութեամբ ասկէրներ կեդրոնացուցին Մուշի շրջակաները. ու ահա ապստամբութիւնը ընդգրկեց ամբողջ հարաւային Վասպուրականը, Բաղէշի, Տիգրանակերտի եւ Խարբերդի մէկ մասը:
Սկիզբը թուրքերը առանձին կարեւորութիւն չտւին դէպքերուն: Կը կարծէին թէ քուրդերը պիտի կարենան գլուխ հանել: Այդպէս չեղաւ սակայն. անպաշտպան հայ գիւղացիները անոնք կրնային մորթել, ու այդ գործին համար աւելի լաւ վարպետներ պէտք չէին: Բայց երբ հարկ եղաւ ոչ թէ անպաշտպանները մորթելու, այլ ճակատելու սպառազէն մարտիկներու խումբերուն դէմ, զորս կազմած էր յուսահատութեան հասցւած հայ ազգաբնակութիւնը, այն ատեն քուրդերը իրենց անկարողութիւնը ցոյց առին:
Ապստամբներու դէմ կանոնաւոր զօրքերու բազմութիւն մը շարժեցին, ու հակառակ ատոր ապստամբները կը դիմանան: Ինչպէ՛ս կընեն անոնք ատիկա, ո՛ւր տեղի կ'ունենան կռիւները, որո՛նք են կենանգած ապստամբներու գլուխը – ցարդ հաստատապէս յայտնի չէ...
Մէկ բան միայն յայտնի է. Վանի շրջանի ապստամբներուն գլուխը կանգնած է Արամը եւ բուռն կերպով կը պայքարի ամէն կողմէ արշաւող թուրքերու դէմ:
Արամի կեանքը – հայ յեղափոխականի տիպիք կեանք մըն է:
Պրօպագանդիստ էր: Հայաստան կը տանէր Րաֆֆիի գրքերը եւ թարգմանական բրօշիւրներ բուլգար եւ սերպ յեղափոխութեան շրջանին վերաբերող: Կրակոտ խօսով կը ջանար արթնցնել ճնշւած հայ ռայան,, վիզը հնազանդօրէն դահիճ քուրդի կամ ասկէրի դանակին երկնցնող այդ ստրուկը դարձնել քաղաքացի, որ իր կեանքն ու պատիւը կը պաշտպանէ զէնքը ձեռքին:
Կազմակերպող էր: Թերթերու, գրքերու եւ զէնքի պահեստներ կը հիմնէր, խումբեր կը կազմէր ու կը խրատէր անոնց՝ զէնքով հաստատել Դաշնակցականներու այն խօսքը թէ՝ անհրաժեշտ է դիմադրել դահիճներուն:
Եւ, վերջապէս, ինքն ալ կ'երթար այդ խումբերու հետ, խմբապետ էր:
Թուրքերը գիտէին Արամի ով լինելը, կը վախնային անկէ ու իբրեւ գազան մը կը հալածէին...
Արամի գլուխը գնահատւած էր 500 ոսկիի: Ցերեկները ան կը անցնէր տուներու նկուղներուն, լեռներու ծերպերուն, երբեմն ալ ջրհորներու մէջ, իսկ գիշերը գործի կ'ելլէր: Այսպիսի կեանքով Արամը ապրած է քանի մը տարի: Ու ան բացառութիւն չէ. հայ յեղափոխութեան ծանօթ «մեծ հայրը», Վարդանը, որ այսօր կամաւորներու ամենամեծ խումբին ղեկավարն է, կը պատմէր թէ ինք քանի մը անգամ վան եղած է, բայց չի ճանչնար այդ քաղաքը, որովհետեւ ցերեկով երբէք փողոց ելած չէ:
Վերջապէս թուրքերը յաջողեցան բռնել Արամը, սահամանդրութենէն քիչ ատեն առաջ: Արամը ենթարկեցին ոչ միայն բանտային խիստ ռէժիմի, այլեւ տանջանքներու. կը խոշտանգէին, անօթի եւ ծարաւ կը պահէն, հատ հատ կը փետտէին մորուքի եւ եխերու մազերը, պահանջելով որ ցոյց տայ պահեստներու եւ ընկերներու տեղը: Արամը համբերութեամբ տարաւ այս ամէնը, ոչ մէկ ցուցում տւաւ եւ քանի մը ընկերներու հետ մահւան դատապարտւեցաւ:
Կախաղաններ կառուցին... Հաստատ քայլերով, խումբ մը ընկերներու գլուխը անցած, դիմեց դէպի կառափնատ այդ հիւծւած, բայց տակաւին հպարտ ու աննկուն մարդը: Ու երբ այդ կորովի, միջակէն բարձր, սեւ կրակոտ աչքերով, թաւ յօնքերով եւ պեխերով դէմքը մօտեցաւ կախաղանին, յանկարած խուլ աղմուկ մը անցաւ քաղաքին վրայով: Ամբոխը փշրեց կախաղանը. Չքացան դահիճները եւ պահապանները: Արամը դատապարտեալէ յաղթանակող դարձաւ: Այդ փոփոխութիւնը սահմանադրութեան հռչակման լուրն էր որ յառաջ բերաւ:
«Անլեգալ» կեանքը, ըստ երեւոյթին, արդէն ընդ միշտ վերջացած էր: Ու Արամը ուրիշ դաշնակցականներու հետ խաղաղ գործունէութեան սկսաւ. կը հիմնէր դպրոցներ, գրադարաններ,ը նթերցարաններ: Սակայն ծանր զրկանքներէ աւրւած առողջութիւնը ստիպեց զինքը երթալ Սեւ-Ծովի ափը, ու հոն Օրտուի մէջ կը հոգար իր ապրուստը ուսուցիչի համեստ ամսականով: Երկու տարի ետք ան նորէն Վան է, ու նորէն նոյն անդուլ աշխատանքը...
Վերջին ատենները կացութիւնը հետզհետէ աւելի կը լարւէր. անցաւ այն ժամանակը, երբ երիտասարդ թուրքերը ազատամտութիւն կընէին եւ մօտիկութիւն ցոյց կուտային մանր ազգերու ներկայացուցիչներուն: Դաշնակցականներուն կը սպառնար միշտ բանտը, եթէ չըսենք վարձկան մարդասպանի մը դանակը: Արամը մինչեւ վերջ մնաց իր դիրքին վրայ:
Կորովի, իր ամբողջ կեանքը ժողովուրդին նւիրած՝ ան հասկցւեցաւ ու սիրւեցաւ ժողովուրդին կողմէ ու ինքն ալ հաւատքով լեցւեցաւ դէպի ժողովուրդը:
Ու փորձութեան օրերուն, երբ հայ ժողովուրդը զէնքի դիմեց, դէպքերու ալիքը բարձրացուց այդ 36-37 տարեկան, բայց արդէն փորձւած խմբապետը, եւ ան անցաւ Վանի ապստամբներուն գլուխը:
Խմբ. Յօդւածը, նոյն խորագրով, թարգմանաբար կ'արտատպենք Մօսկվայի «Ռուսկօյէ Սլօվօ» թերթէն
Ֆ. Սիբիրսկի