08 June, 2022

Պանք Օթօմանէն-Պուէնոս Այրէս. Վարդան Շահպազ

(Դաշնակցութեան Դիւցազնամարտէն Էջ Մը)

Տաճկաստանի մէջ քիչ մը ամէն տեղ, սովորութիւն է որ չափահաս տղան օր առաջ կարգեն, տունը հարս մը բերեն, որպէսզի աշխատող ձեռք մը աւելնայ, որմէ մէկ երկու տարի յետոյ ալ տղան կ'ուղարկեն Պոլիս, որպէսզի երթայ փարա վաստկի, կառավարութեան տուրքը տալու համար: Պէտք է ըսել որ հայ գիւղացին բացի պետական տուրքէն ուրիշ դրամի պէտք չունի:

Այս պայմաններուն մէջ եղաւ իմ ալ մեկնումս՝ Պոլիս, 1890ին: Մեր գիւղացիներէն շատեր կային այնտեղ: Հոն նաեւ իմ ամենամտերիմ ընկերս՝ Սարգիս Չոփուրեանը, որ ինձմէ աւելի կանուխ եկած ըլլալով Պոլիս, ծանօթացեր էր Ազգասէրներու հետ: Անցաւ բաւական ատեն, անիկա օր մը իմ մօտ գալով ըսաւ թէ կ'ուզէ զիս մէկու... մը ծանօթացնել: Կիրակի օր մ'էր, երբ միասին գացինք Սամաթիա տուն մը: Տանտէրը մեզ առաջնորդեց սենեակ մը, ու քիչ յետոյ ներս մտաւ պեխերը սրած գեղեցիկ մարդ մը, Զարմայրը (Յովհաննէս Սէրէնկիւլեան): Բաւական քարոզ մտիկ ընելէ յետոյ, «մնաս բարով»ով մը մեկնեցանկ:

Անցաւ երկար ատեն: Օր մ'ալ, 1896-ին Զարմայր կանչեց զիս եւ ըսաւ թէ՝ կազմակերպութիւնը եթէ մարդու պէտք ունենայ կ'երթա՞ս:

–Կ'երթամ պատասխանեցի

–Լաւ մտածեէ յետոյ չզղջաս, յարեց անիկա:

–Ո՛չ, աւելցուցի ես:

–Քանի՞ ընկեր կարող ես բերել հետդ, աւելցուց Զարմայր:

–Այդ մասին ոեւէ խօսք չեմ կրնար տալ, ըսի:

Զարմայր ինձ մէկ շաբաթ ժամանակ տուաւ: Ես տեսնուեցայ ընկերներուս հետ. բայց ինձ որոշ բան չէր ըսուած գործի բնոյթի մասին, միայն գիտէինք թէ յեղափոխական նպատակի մը ծառայելու է որ կը կոչուինք: Ով որ ինքզինքը պիտի տրամադրէր, պատրաստ պիտի ըլլար կանչուած ժամանակը ներկայանալու:

Պատրաստակամութիւն յայտնեցին երեք հոգի, Յակոբ Խոզիկեան, Սարգիս Եղիկեան եւ Առաքել Գզերեան: Կրակի օր Զարմայրը կրկին եկաւ. իրեն յայտնեցի չորս հոգու պատրաստ ըլլալը: Օր մ'ալ եկաւ ըսելու թէ Սեւ Աշոտը պիտի գայ զիս տեսնելու: Աշոտը եկաւ: Խրատական մ'ալ կարդաց, յետոյ ժամադրուեցանք Գուլէի տակը սրճարան մը: Ըսի որ տեղեկութիւն տայ մեր ընելիքի մասին: –Ես ձեզ պիտի առաջնորդեմ ըսաւ, ուր որ երթամ ինծի կը հետեւիք: Ժամադրութեան գացի: Յետոյ այդ տեղի նեղ փողոցներէն մէկուն մէջ ինծի յանձնեց ծրար մը:

–Այս զէնքերը կը բաժնես տղաներուն եւ վաղը կուգաք Պանք Օթօմանի մօտ այսինչ սրճարանը, յանձնարարեց ինձ՝ ու բաժնուեցանք:

Հինգ ատրճանակներ էին 200ական փամփուշտներով: Բաժնեցի զանոնք տղոցը եւ որոշուած ատեն ուղղուեցանք, իրարմէ անջատ, բայց իրարու հետեւելով, որոշուած սրճարանը: Նշանակուած ժամը կ'անցնէր եւ սակայն Սեւ Աշոտը չեկաւ: Ես սրճարանն էի ու տղաքը դուրս կը սպասէին: Ժամը վեցն էր, մէկ մ'ալ լսուեցաւ զէնքի մը պայթիւնը, դուրս թռայ սրճարանէն, ատրճանակս ձեռքիս, տղաները ինծի հետեւեցան: Նկատեցինք որ զէնքը ձեռքը բռնողը կը վազէ դէպի Պանք Օթօման, մենք ալ մտանք ներս ու բարձրացանք սանդուխներէն վեր: Այլեւս եկող չկար դուռը բաց էր սակայն: Դուրսէն կը կրակէին, մենք ալ կը պատասխանէինք ներսէն: Թշնամի նգդակէ մը կ'իյնայ մեր ընկերներէն մին, որուն քով գտնուած ռումբը կը պայթի ու տղուն աղիքները դուրս կը թափին: Կը վիրաւորուին չորս հոգի, մէկը շատ ծանր միւսները թեթեւ: Ծանր վիրաւորը կը պաղատի իր ընկերներուն որ վերջ տան իր կեանքին, բայց ոչ մէկ ընկեր սիրտ չըներ զէնք քաշելու ընկերոջ մը վրայ...

Դուռը դեռ կը շարունակէ բաց մնալ: Պատուհանէն դէպի դուրս արձակուած ռումբերէն, այլեւս դուրսէն թշնամին չի կրակեր: Արմէն Կարօ եւ Հրաչ (Հր. Թիրեաքեան), դուռը Գոցեցէ՛ք կը պոռան: Ենովք Անուշեան (Մուշեղ) եւ ուրիշ տղայ մը վար կ'իջնեն դուռը գոցելու: Դրան մէջ ինկած է երկու դիակ, ինչպէս նաեւ կտորուած ապակիները դիզուած են այնտեղ: Առանց սպանուածները անկէ հեռացնելու եւ ապակիները մաքրելու հանարաւոր չէ դուռը փակել: Վերջապէս այդ բոլորը կատարուելով դուռը կը փակուի: Դրան ետեւ կը զետեղուին նաեւ դեռ այդ օր Պանքա բերուած, կամ պանքայէն ելնելու սահմանուած արծաթ մէճիտներով լեցուն տոպրակներ:

Դուռը փակուած է այլեւս: Պէտք է ստուգել թէ որո՞նք են սպաննուածները: Կը պարզուի ամէն ինչ: Նահատակուողներէն մին Բաբկէն Սիւնին է... Կարօն ու Հրաչը հարց կուտան ընկերներուն ճշտելու համար թէ ի՞նչ պայմաններու տակ ինկած են անոնք: Ու կարելի չըլլար ճշտել թէ ներսէն արձակուած գնդակներէ են ինկած՝ է թշնամու հարուածներէն...

Կարօն ու Հրաչը մասնաւորապէս խոր տպաւորուեցան Բաբկէնի մահէն:

–Սպասելու ատեն չէ, յայտնեց Հրաչ, պէտք է պաշտպանել շէնքը, ու ինք սկսաւ բաժնել տղաքը շէնքերու մէջ, մինչ Կարօն մէկ տեղի մէջ կը հաւաքէր Պանքային պաշտօնեաները:

Հրաչի հետ կը բարձրանանք վերի յարկը: Խոհանոցն ու ճաշարանը այդ մասին մէջ են: Կերակուրները եփուած պատրաստ են. շատերը չեն ճաշած, ոմանք ալ կէս թողած են ու փախած: Մեր յարձակումը եղած էր ճիշտ կէսօրին: Կը քննենք շէնքին այս մասը, կը տեսնենք որ անցք մը կը միացնէ Պանքան՝ կողքի շէնքին հետ: Հրաչը կը յանձնարարէ ինձ լաւ հսկել այս անցքին վրայ ու ինք կ'իջնէ վար: Շուտով կուգայ կրկին, ամէն ինչ կարգին է կ'ըսէ, գործը շատ յաջող անցաւ, միայն թէ Բաբկէնն ալ ողջ ըլլար...

Հրաչ յետոյ ելաւ տանիքը, տուաւ պայմանադրական նշանը, դուրսը սպասող մեր ընկերոջ ու իջաւ ցած: Մենք կը սպասէինք:Զէնքը ձայները դադրած էին: Դուրսէն լսուեցաւ խուժանի ոռնոցը: Ղալաթիայէն իսլամ ամբոխը կը յառաջանար դէպի Պանքա, շէնքին ետեւի նեղ փողոցներէն: Մեկ մ'ալ պատուհանէն դուրս մեր ռումբերը պայթեցան ու խուժանը խելակորոյս սկսաւ փախչիլ, հակառակ ուղղութեամբ:

Ամբոխը գազազած սկսաւ թալնել Ղալաթիա, իր ճամբուն վրայ գտնուող խանութները, կոտրելով ու թափելով ամէն ինչ...

Հրացանաձգութիւնը դադրած էր, երբեմն հատ հատ կը կրակէին դիմացի տներէն:

Մէկ մ'ալ կը նշմարեմ Րէմիի տանիքին կղմինտրներուն վրայ երկու հոգի պառկած. կ'ուզեմ կրակել, ձայն կուտամ, կը պատասխանեն թէ Պանքի պաշտօնեաներ են, իրենց վախէն այնտեղ ապաստանած: Լուր կու տամ Հրաչին: Կը խօսի անոնց հե: Կը պարզուի մին յոյն է միւսը անգլիացի: Ստուգելով իրենց պաշտօնեայ ըլլալու հանգամանքը կ'առնենք ներս:

–Տղաքը քաղցած են. ուտելու բան մը կա'յ, կը հարցնէ Հրաչ: Դրական կերպով կը պատասխանեմ: Բոլորն ալ կուգան կը ճաշեն ու կերթան իրենց դիրքերը:

Ագնգլիացի պաշտօնեայ մը կ'առաջարկէ մեզ բանալ քանի մը շիշ ըմպելի, կերակուրի հետ ճաշակելու համար: Մենք կը մերժենք խմել կասկածելով անոր նպատակներուն մասին: Տղաները կ'ուտէին եւ կը կատակէին միաժամանակ:

–Տղաք, կուշտ կերէք, կարծէք թէ անդիի աշխարհն է մեր երթալիք տեղը: Կերէ՛ք, որովհետեւ ճամբանից երկար է... պէտք է երթանք ու հասնինք մեր գացող ընկերներուն...

Մինչ վերը տղաքը ճաշած էին ու բաւական ալ ժամանակ անցեր էր երբ վարը արդէն սկսած էին բանակցութեան: Պատուհանէն դուրս ճերմակ դրօշակ պարզելով, Կարօն ու Հրաչը գացեր էին դեսպաններուն հետ բանակցելու, սպառնալով իր եթէ իրենց պահանջները չընդունուին, Պանքան իր պաշտօնեաներով միասին օդը պիտի հանեն:

Բանագնացները վերադարձեր էին, տղաքը հաւաքուած էին սանդուխին գլուխը եւ կը լսէին Հրաչի ու Կարօի բացատրութիւնները եւ ստացուած պատասխանը: Կ'ըսէին թէ պէտք է դուրս գանք: Տղաքը կը մերժէին, ըսելով թէ եթէ մեր պահանջները իրագործելու գրաւոր խոստում չի տրուի, պիտի իրագործենք Բաբկէնի ծրագիրը եւ Պանքան օդը հանենք...

Մաքսիմով կը խնդրէր որ ընդունինք իրենց առաջարկը եւ դուրս գանք: Երկար բանակցութիւններէ յետոյ Կարօն եւ Հրաչը ի վերջոյ յաջողեցան համոզել մեզ շէնքէն դւորս ելնելու համար:

Թուրք փաշան պահանջեց որ առանց զէնքի դուրս գանք. մենք մերժեցինք, ի վերջոյ այնտեղ ձգելով ռումբերը միայն, համաձայնեցանք դուրս գալ միայն ատրճանակներով:

Դուրս ելնելէ առաջ, խոստում առինք որ մեր վիրաւոր ընկերները պիտի փոխադրուին հիւանդանոց եւ առողջանալէ յետոյ պիտի ուղարկւին արտասահման: Համբուրեցինք մեր վիրաւոր եւ նահատակ ընկերները ու ելանք փողոց: Այնտեղ կեցած էին Մաքսիմով եւ պալատականներ, փողոցի երկու կողմերը շարուած էին սուինաւոր զինւորներ: Մենք ալ կեցանք Մաքսիմովի ու պալատականներու հետ: Թուրք փաշան մեզ աչքէ անցուց, տղաքներէն մէկուն քովի զէնքը տեսաւ եւ հարցուփորձել սկսաւ: Մաքսիմով զգուշացուց զայնեւ իր մօտ կանչեց: Շրջապատուած զինւորներով մենք ալ մեր հերթին շրջապատելով Մաքսիմովը եւ պալատականները՝ սկսանք քալել Պանքայի քովի նեղ փողոցէն: Հազիւ փողոցը դարձանք, զօրքերու շղթայէն ներս ուզեցին մտնել փայտերով զինուած մարդիկ: Փաշան հրամայեց որ քաշուին:

Հասանք քարափը: Կամուրջին մօտ կը սապսէին երկու փոքր նաւեր: Նստանք անոնց մէկուն մէջ, անիկա ճամբայ ելաւ, միւսը հետեւեցաւ անոր: Նաւը կանգ առաւ Քըզ Գուլէսիի առջեւ ուր խարսխած էր անգլիական դեսպանատան պահականաւը:

Մեզ յանձնեցին նաւապետին, երկու փոքր նաւերը այնտեղ կեցան իբրեւ պահապան: Վաղը Մաքսիմով պիտի գար միւս դեսպաններուն հետ, պէտք եղածը պիտի կարգադրէին ու մեզ ապահով ճամբայ հանէին:

Մաքսիմովի եւ թուրք ներկայացուցիչներու մեկնելէն յետոյ նաւապետը մեզի փառաւոր սեղան մը տուաւ: Լաւ մը ճաշեցինք ու քնացանք:

Առտուն երբ ելանք ու իրարու երես նայեցանք, տեսանք որ ոչ ոք զիրար կը ճանչնայ եւ ոչ իսկ իրարու անուն գիտէինք: Ամէն կողմէ մարդիկ, առանց իրարու ծանօթ ըլլալու, միացեր էին յեղափոխական գործին շուրջ: Պոլսեցի, Պրուսացի, Մշեցի, Պիթլիսցի, Բաբերդցի, Սվազցի, Տիվրիկցի մէկ տան մարդ էինք դարձեր: Տխուր էինք. կ'ուզէինք ժամ առաջ հեռանալ Պոլսէն:

Դեսպանները գալով խօսեցան Հրաչի եւ Կարօի հետ: Պահանջեցին որ զէնքերնիս յանձնենք: Յանձնեցինք բոլորը: Փոխարէն մեզ վճարեցինք երկուական ոսկի եւ փոխադրուեցանք Մէսաժէրի ընկերութեան նաւերէն մէկուն մէջ: Այնտեղ, կամրջակին վրայ մեզ կեցուցին թեթեւ մը խուզարկելէ յետոյ, տարին առանձին սենեակի մէջ եւ ամենախիստ խուզարկութեան ենթարկեցին:

Առաջնորդեցինք մեզ նաւին առաջամասը, ուր նստանք կէս բանտարկեալի վիճակին մէջ:

Նաւը արդէն հեռացեր էր Սթամպօլի արիւնոտ ափերէն եւ ազատ ծովն ու երկինքը կը տարածուէին մեր գլխուն վերեւ եւ ոտներուն տակ...: 

***

Հեռու ենք այլեւս Սթամպոլէն: Հրաչը եւ Գարօն տակաւ մօտիկութիւն կը ստեղծեն նաւապետին հետ եւ մեր դիրքը նաւուն պաշտօնէութեան առջեւ կը բարւոքի, աւելի ազատ կը զգանք ինքզինքնիս:

Կը հասնինք Փիրէ: Մենէ շատերը գլխարկ ժաքէթ չունին, ուստի քաղքէն կը հայթայթենք: Գիշեր մըն ալ արդէն մեր նաւը կը խարսխէ Մարսէյլի առջեւ: Քարափը լեցուած են Հայեր: Նշաններ կ'ընեն ու կը կանչեն մեզ, կը սպասեն որ դուրս ելլենք: Ճամբորդները բոլորն ալ կը մեկնին, միայն մենք ենք որ կը մնանք դեռ: Քիչ վերջ մենք ալ նաւակ կը նստինք քաղաքացիական տարազով ոստիկանական պաշտօնեաներու հետ ու դուրս կ'ելլենք: Կը փոխադրուինք թրամվէյ, անկէ ալ կանգ կ'առնենք բարձր պարիսպներով շէնքի մը մեծ դրան առջեւ:

Բանտարկուած ենք: Տասնեւութը օր կը մաննք այնտեղ: Մենէ մէկ մասը կը փոխադրեն շէնքին վերի յարկը: Օր մ'ալ Գարօն ու Հրաչը կը յայտնեն, թէ որոշուած է որ իրենք երթան Ժընեւ, իսկ մնացեալներս՝ Ամերիկա: Յաջորդ օրը Գարօն ու Հրաչը մեկնեցան:

Մնացածներս 15 հոգի էինք եւ մենէ ոչ ոք ֆրանսերէն գիտէր: Մեզի յայտնեցին, թէ շուտով պիտի մեկնինք, ստիպեցին որ հագուստ գնենք մեզ համար, կառավարութեան մօտ մեզի յատկացուած դրամ կար, զգեստի փոխարժէքը վար դրին, նաւի տոմսակի գիներն ալ կէս արժէքով հաշուելով մնացած գումարը մեզի յանձնեցին:

Յայտնի եղաւ որ նաւը պիտի մեկնի հարաւային Ամերիկա: Այսպէս 28 օրէն հասանք Պուէնոս-Այրէս: Նաւը խարսխեց, մենք ալ դուրս ելանք ճամբորդներու հետ եւ պատի մը տակ նստանք շւարած:

Կառապան մը մօտեցաւ մեզի, չը հասկցանք բայց պարզ էր, որ մեզ կ'ուզէր ոեւէ պանդոկ կամ քաղաքին կեդրոնը տանիլ: Հայկական վէճը ծայր տուաւ. մենէ մաս մը կառք նստաւ, միւսները հակառակ ուղղութեամբ իրենց ճամբան շարունակեցին ոտով: Կառքը շուկայի մը փողոցնի մէջ կանգ առաւ: Կառապանը դրամ կը պահանջէր: Դեռ չէինք վճարած՝ երբ մարդ մը մօտեցաւ մեզ եւ թւորքերէն լեզուով բարեւեց: Կարծէք լոյս աշխարհ տեսանք, վերջապէս մեր լեզուէն հասկցող մը կար: Վճարեցինք կառքին հաշիւը: Մարդը առաջնորդեց մեզ իր խանութը: Լրագիրներէն իմացած էր թէ մենք Պուէնոս-Այրէս պիտի գանք եւ ուզած էր մեզ դիմաւորել, բայց մեր նաւը ուշացած ըլլալով չէր կրցած որոշել նաւին ժամանած ճիշդ թուականը՝ մեզ քարափին վրայ դիմաւորելու համար:

Անծանօթ այդ մարդը մեզ առաջնորդեց ճաշարան մը եւ լաւ մը կերակրեց: Հանդիպեցանք մեր միւս ընկերներուն, վճարեց անոնց կառքին դրամն ալ եւ յետոյ բոլորս մէկ տարաւ Արաբի մը պանդոկ ճաշարանը: Ճաշարանապետին ներկայացուց մեզ, ըսելով որ, ասոնք այստեղ 15 օր իշ հաշուիս պիտի ճաշեն ու գիշերեն: Այս կարգադրութենէն յետոյ, մէկ երկու շաբաթուայ ընթացքին բոլորիս ալ գործ ճարեց, արհեստաւորները տեղաւորելով արհեստանոցներու մէջ,ի սկ ոեւէ արհեստ չունեցողներուն ալ իր սեփական խանութէն մանր մունր ապրանքներ տուաւ ծախելու: Երբ 15 օրը լրացաւ, վճարեց պանդոկին ու ճաշարանին ծախքերը եւ մեզ փոխադրեց Արաբներու թաղը, այնտեղ վարձելով մեզի սենեակ մը:

Այս մարդը նախախնամութեան մէկ աչքը եղաւ մեզի համար, եւ ըրաւ այն բոլորը, ինչ որ մարդկօրէն հնարաւոր էր, մեզ օգնելու համար:

Այս անծանօթը Թուրքիայէն եկած հաստատուած Սուրիացի քրիստոնեայ Արաբ մ'էր...

Մեր նոր թաղին մէջ ծանօթացանք նաեւ երկու Հայերու, մին Խարբերդցի՝ որ ծխախոտի գործ կ'ընէր, իսկ միւսը Մշեցի՝ որ գետը մաքրող նաւու մը մէջ մեքենագործ էր:

Օր մը երբ տուն դարձայ, մեր ընկերները ըսին թէ՝ Լոնտոն գացող նաւ մը կայ, որ աշխատաւորներ կ'ուզէ եւ երկուական ոսկի ալ ամսական կը վճարէ: Նոյն լուրը հաղորեց նաեւ մեր արաբ բարեկամը:

Որոշեցինք երթալ: Ամբողջ յիսուն օր մնացեր էինք Պուէնոս-Այրէս: Այս նաւը որ արջառ կը փոխադրէր, 40 օրէն մեզ հասցուց Լոնտոն:

Նաւը երբ քարափին մօտեցաւ, պաշտօնական համազգեստով մէկը եկաւ ու մեզ պահանջեց: Մտածեցինք թէ բաներնիս բուրդ է. երեւի նորէն պիտի բանտարկեն մեզի: Անգլերէն չգիտնալով չէինք կրնար ոեւէ լուսաբանութիւն տալ: Մեր ընկերները Դաւիթը քիչ մը անգլերէն գիտէր, որով կարելի եղաւ հասկցնել թէ նաւէն առնելիք ունինք, մարդը մեզ առաջնորդեց նաւային ընկերութեան գրասենեակը եւ մեր պահանջքը գանձեցինք:

Բաւական երկար քալելէ յետոյ մտանք շէնքի մը նրբանցքներէն ներս:

Շէնքը մեզի յիշեցուց Մարսիլիոյ Ֆրանսական բանտը: Մտանք սենեակ մը, ուր տեսանք որ բազմաթիւ մարդիկ խճողուած են այնտեղ: Հայեր էին: Զարմացանք թէ ի՞նչ կը փնտռեն այդքան Հայեր՝ Լոնտոնի մէջ: Քիչ յետոյ իրողութիւնը պարզուեցաւ: Փախստականներ էին: Կը խօսէին բարձրաձայն, կը հայհոյէին անոնց, որ Պանքան կոխեր էին ու պատճառ եղեր կոտորածի ու գաղթի: Այս տխուր լուրը առաջին անգամ լսելով շատ գէշ տպաւորուեցանք:

Այդ երեկոյ քնեցինք նոյն շէնքին մէջ, սեւ ներկուած, դագաղի նման փայտէ մահճակալներու մէջ:

Առաւօտուն ելանք, թէյերնիս խմեցինք ու աննապտակ կը սպասէինք՝ երբ մէկը ներս մտաւ ու «Պանքայի տղաքը» հարցուց:

Մենք ենք ըսինք: Բոլորը զարմացան:

Նորեկը յայտարարեց, թէ յատկապէս մեզ համար է եկած Փարիզէն, եւ թէ ինք կը կոչուի Տոքթ. Զարիֆեան: Խնդրեցինք որ, ոեւէ կերպով հաստատէ, թէ յատկապէս մեզ համար է եկած: Յայտնեց, թէ այդ մտօք ոեւէ փաստաթուղթ չունի, բայց կրնայ ցոյց տալ Հրաչի նամակը:

Տեսանք գրութիւնը, իսկապէս Հրաչին գիրն էր: Առաւ մեր անունները, ցուցակագրեց մեր կարիքները եւ մեր մօտ գտնուած դրամը առայժմ բաւարար սեպելով մեկնեցաւ, յայտնելով թէ յետոյ դրամ պիտի ուղարկէ: Իսկապէս անցաւ քիչ ժամանակ ու մեզի գումար մը ուղարկեց:

Ամբողջ երեք ամիս մնացինք Լոնտոն: «Փրկութեան Բանակ»ի կազմակերպութիւնը շաբաթ եւ կիրակի օրերը մեզ կը ցուցադրէր հրապարակային ժողովներու մէջ, կը խօսէր մարդկութեան թշուառութեան մասին ու դրամ կը հաւաքէր: Նոյնպէս կիրակի օրերը նուագով կը պտտցնէինք մեզի, ու իրենց գործին փրոփականտը կ'ընէին:

Ժողովուրդը մեծ բազմութեամբ կու գար ու կը դիտէր մեզ, իբր մարդկային թշուառութեան կենդանի վկաները:

Լոնտոն երեք ամիս մնալէ յետոյ, ամբողջ հայ փախստակնները ցրուեցին Ամերիկա եւ Յունաստան:

Մենք ուզեցինք երթալ Պուլկարիա, բայց մերժեցին ու յայտնեցին, թէ Ամերիկա պէտք է երթանք: Մենք յամառեցանք մեր Ամերիկա չերթալու որոշումին վրայ, ու նամակով խնդիրը տեղեկացուցինք Տոքթ. Զարիֆեանին, որ յաջողեցաւ մաս առ մաս ուղարկել մեզ Պուլկարիա, ուրկէ ժամանակի ընթացքին ամէն մարդ ընտրեց իր ճամբան:

«Հայաստան», Սոֆիա
Է. Տարի, Թիւ 106 (Բացառիկ Թիւ ՀՅԴ Օրւայ Առթիւ)
Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 1925
Է. Տարի, Թիւ 107
Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 1925