Մշեցի էր Նազարը: Թաղի վարժարանը աւարտելէն ետքը մտաւ աշխատանքի, օրապահիկը հանելու եւ ընտանիքին օգնելու համար:
Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
29 October, 2024
28 October, 2024
Տիգրան Գ. Խարբութլեան
Տիգրան, հայ ազատագրումի զինւորներէն մէկը, ողջակիզւեցաւ հայրենիքի փրկութեան սեղանին վրայ, գրեթէ երկու տարի առաջ, Սասունի կռիւներէն քիչ ետք:
Յակոբ Ասլանեան՝ Շատախի զինուորներէն
Վասպուրականի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն մէջ (1896)՝ նշանաւոր տեղ մը կը բռնէ Շատախի ընդդիմութիւնը: Շատախցին, ու յատկապէս Թաղի եւ Փեսան դաշտի ժողովուրդը, քաջաբար կռւեցաւ, պաշտպանելով իր օճախը քիւրտերուն դէմ: Ընդդիմադրութիւնը օրեր տեւեց – եւ արիւնի այդ օրերուն, յատկապէս Փեսան դաշտի մէջ, ժողովրդի ինքնապաշտպանութեան գործը կազմակերպեց մեր ընկեր ՎԱՐԴԱՆԸ, որ ֆիտայիներու խմբով մը Վանէն գացած էր գաւառը պաշտպանելու:
27 October, 2024
Մեր Քիւրդ Բարեկամի Յիշատակին (Մստօ. Մուստաֆա Ռահիմ Օղլի)
1872ին Սալմաստի Սուլաւ գիւղը ծնած էր Մուսթաֆա Ռահիմ Օղլին, կամ ինչպէս սովորաբար կ'անւանէին նրան, Մստօն, որ երկար ատեն անզէն ու անպաշտպան հայերու ուղեցոյցը եղած էր դէպի Թիւրքիա:
Զինակիր Խմբի Կռիւը (Փոխիկի «Ճաբօն» խումբի նահատակութիւնը)
Հոկտեմբերի 13ին Սալմաստի Ս... գիւղից ճանապարհւեց դէպի երկիր մի ձիաւոր զինակիր խումբ, յայտնի Փոխիկի (Վահրամ Յովհաննիսեան-Օհանեան) խմբապետութեամբ: Խումբը բաղկացած էր 15 հոգուց: Պետօյի, Վարդանի եւ Խանասօրի արշաւանքի ժամանակներից մնացած հայդուկներ էին, որոնք երկար տարիներից ի վեր բնակւում էին Սալմաստում եւ որոնց գործունէութեան շրջանը Սալմաստն էր իր շրջապատի լեռներով:
26 October, 2024
Դաշնակցութեան Պանթէօնը. Իմ Մարգարէն (Փառապսակ Զաւարեանին)
Ecce homo/–Ահա մարդը
Զոհաբերի՛ր...
Զոհաբերիր անվերջ, առանց մնացորդի:
Սովորիր եւ սիրիր զոհաբերել ու տանջւել բաւականութեան լուսափայլ ժպիտը երեսիդ, եւ դու կմոտենաս Աստծուն, դու կդառնաս մարդ-Աստուած...
Զաւարեանի Հոգին. Սիամանթօ
Ահաւասիկ մօրդ արցունքն
իմ ճակտիս,
Եւ իր աղերսն ու հեծեծանքը աչքերուս մէջ.
Ահաւասի՛կ զաւկիդ զարմանքն ու զարհուրանքը հոգիիս հետ՝
Եւ քե՛զ կուգամ քու մաքուր մահդ ողջունելո՜ւ...




.jpg)
.%20%D5%86%D5%AA%D5%A4%D5%A5%D5%B0.jpg)
