24 April, 2022

Այն Գիշերը...

Ա՛հ, այն գիշերը:

Ընդհանուր ջարդը վերջ գտած էր:

Լեռներու խորչերուն, պուրակներուն ապաստանած էին հազար հազարներ՝ Մշոյ դաշտի բեկորներէն՝ կին, մանուկ ու ծերեր, որոնք ահաւոր ուրուականներու նման՝ անտարբեր կեանքի եւ մահուան հանդէպ՝ կը պտտցնէին իրենց ստուերները յամրօրէն ու դաժան:

Բոցերու ու արիւնի մէջ անոնք թաղած էին թանկագին կեանքեր հարազատներու ու ամէն ինչ...: Այժմ, կմախքացած իրենց ոսկորները զազրելի քուրջերու մէջ ամփոփած՝ կը քալէին աննպատակ:

Մարդկային ողջակէզ մարմիններու ճարպին գարշելի հոտը, չոքած էր դաշտին վրայ՝ աղտոտ ու սեւ ամպի մը պէս:

Մե՛նք ալ հոն էինք: Անկարող փրկելու մեր ժողովուրդը՝ անոր հետ ապաստանած էինք լեռնային ծերպերուն եւ քարայրներուն: Զինուած էինք քանի մը տասնեակ յուսալքուած մարդկանց հետ: Հեգնանք մըն էր սակայն այդ բոլորը ու չնչին՝ զարհուրելի նախճիրի այդ օրերուն:

Ի՞նչ կրնայինք ընել – ոչինչ. մեռնիլ միայն հազարաւորներու հետ. այդ ուժն ալ պակսած էր մեր մէջ:

Պուրակներու ու թփուտներու մէջէն, կ'ելլէինք գիշերները միայն, երբ քաղցէն ու ցաւէն ոռնացող գայլերու պէս շրջմոլիկ՝ կ'երթայինք փնտռելու պուտ մը ջուր, փունջ մը խոտ՝ մեր քաղցն ու ծարաւը մեղմելու:

Արշալոյսին, քիւրտերու վոհմակները կը պաշարէին լեռները, ձորակները ու պուրակները եւ համազարկերով կը ոչնչացնէին մնացորդը մեր ժողովրդի:

Մինակ էինք մենք բուերու նման անհուն այդ ամայութեան մէջ, ուր սակայն կը վխտային բազմահազար թշնամիներ՝ իրենք եւս ճողոպրած ռուսական բանակներու ներարշաւէն: Չէինք գիտեր երբ եւ ուր պիտի հանգչէին մեր ոսկորները: Կորսնցուցած էինք կեանքի ու ժամանակի գաղափարը...:

***

Սեւ-խաւար գիշեր մըն էր, մէկը աշնան օրերէն. կ'իջնայինք Մառնիկայ սարէն: Նիհար ու խանձուած արտերու բացուտներ կային վարը ու անտէր ու չորցած քանի մը խաղողի այգիներ:

Երբ գրեթէ իջած էինք ձորին խորքը եւ կը քալէինք խաղողի խեղճուկ թփուտներու քովերէն, մանկական խեղդուկ ձայն մը զարկաւ ականջներուս: Բեւեռուեցանք տեղերնիս: Շատ մօտէն էր: Թոթովանք մըն էր ցաւագին:

Դանդաղ ու անաղմուկ մօտեցանք թփուտներուն: Գետնին գամուած սեւ ստուեր մըն էր, որ յաճախ թեւերը վար-վեր կը շարժէր: Լարեցինք մեր տեսողութիւնը, յառաջացանք դանդաղօրէն: Մանկական ձայնը դարձած էր պաղատագին, աղեկտուր:

–Խմէ՛ Գուլօ լաօ՛, ղուրպան քըզի, խմէ ղուվաթ (ուժ) առնիս երթանք մըր մէրիկ գտնինք...:

Մօտեցանք, շրջապատեցինք եւ ծունկի եկանք քովիկը: Զարմացական հայեացք, «ա՜խ» մը եւ խոշոր բացած յուսահատ աչուկները մեզի ուղղեց:

Հազիւ 6-7 տարեկան աղջիկ մըն էր կմախքացած, բոսորային աչքերով: Քովը երկնցած էր իրմէ շատ փոքր, կիսամերկ մանկիկ մը անշարժ, մարած, կիսախուփ աչքերը երկնքին ուղղած:

–Ի՞նչ կ'ընէք այստեղ, ո՞ւր է ձեր մայրիկը.

Փղձկաց փոքրիկը եւ կից կտուր հեկեկանքով պատմեց: Շատ օրեր էին հոն մնացեր իրենց «մէրիկ»ը բերած հոն պահած էր տիւշմընու աչքէն. պատւիրեր էր չը շարժիլ. գացած էր ուտելիք բերելու...

–Գուլօն լէ քնուկ է, քընո՜ւկ է, չի՛ զարթէ.– գլուխը, պառկած քրոջը վրայ հակելով աւելցուց – հիւանդ է, հա՛ (միշտ) քնուկ է... ես լէ էսա խաղողի ջրէն բերանը կը լեցնում – չի՛ խմէ:

Աղջկան սեղմած ձեռքին մատերու մէջէն, իրաւ, խաղողի հիւթը կաթ-կաթ կը թափէր «հիւանդ» իր քոյրիկի դէմքին:

Շօշափեցինք պզտիկին ձեռքերը, գլուխը – շատո՜նց մեռած էր քոյրիկը...:

Մեծ քոյրը երեւի կորսնցուցած էր մահուան գիտակցութիւնը:

Մեր խումբը, յանցաւորի մեղապարտութեամբ, շրջապատած էր դիակը մանկիկ Գուլոյի: Տառապանք էր տեսնել կենդանի իր քոյրիկը – կմախք մը զարհուրելի, որ դեռ բռունցքին մէջ կը պահէր մզած խաղողի չանչը...:

Հազիւ շշնչացի անոր թէ պէտք է հանգիստ թողու Գուլոյին որ քնանայ, իսկ ինքը պէտք է մեզի հետ գայ մէրիկը փնտռելու: Ելաւ անխօս՝ վերջին հայեացք մը նետելով Գուլոյին վրայ: Ու հետեւեցաւ մեզ:

«Աստուած է մըզի խրկեր. թող ի գայ մըզի հետի...» ըսին խումբին տղաքը:

Այնուհետեւ օրերով ընկերացաւ մեզ իր դողդոջուն քայլերով: Իրեն զոհեցինք մեր հանգստութիւնը – կը քալէինք իր քայլերով, անմատչելի ապաստաններ կը որոնէինք անոր համար, դաշտ կ'իջնէինք գիշերները, կը յարձակէինք քիւրտ խումբերու վրայ.– հաց, իւղ կը խլէինք կերակրելու համար անոր, կռիւներու մէջ ապահով ժայռերու տակ կը պատսպարէինք...:

Մեր ժողովրդի կսկիծն էր որ կ'այրէր մեր հոգիները: Այդ վտիտ մարմինը խորհրդանիշ էր դարձած մեր խիղճերուն համար. թեթեւնալ կ'ուզէինք...:

Օր մը սակայն կքեցաւ փոքրիկը: Ծանր էր անոր տաժանակիր այդ վազքը կեանքի: Չկրցաւ շարժուիլ: Մեր թեւերուն վրայ պահեցինք օրերով, մարմինը կ'այրուէր կարծես. աչքերը սուզուած էին խոր կոպիճներու մէջ. կը զառանցէր – «մէրիկը», «Գուլօն» կը փնտռէր:

Արշալոյսին մեռաւ:

Բոլորուեցանք մեր որբուկի մարմնոյն շուրջ ու հսկեցինք:

Իսկ գիշերը...: Թողինք լերան գլուխ, սեւ ժայռի մը տակ՝ թաթիկները կուրծքին ծալլած:

Ինչպէ՜ս թաղէինք. ո՞ր մէկը թաղէինք...:

Կոմս
«Յեղափոխական Ալպոմ» 1964
Դ. Շարք, Թիւ 11-12 (47-48)
Բացառիկ թիւ