01 October, 2022

ԿՈՄՍ. Վահան Փափազեան

Նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Մահուան տարելիցն է Անձնուրացներու փաղանգէն յաւերժ յիշատակելի սերմնցաանի մը՝ յեղափոխականի մկրտութեամբ հայ կեանքի 1895-1950ական թուականներու վաթսունամեայ շրջանին զէնքով թէ գրչով Հայոց ազատագրութեան դատին սպասարկու մտաւորականին, հանրային գործիչին եւ կազմակերպական ղեկավարին՝ Վահան Փափազեանի, որ, 1 Հոկտեմբեր 1973ին փակեց մահկանացու կեանքի իր գիրքը Պէյրութի մէջ (Լիբանան), «լի ամօք» խոր ծերութեան մէջ:

Վերջին հարիւրամեակի մեր պատմութեան մէջ, հայրենական թէ սփիւռքեան ծագերու վրայ, իր անունն ու գործը շաղկապուած կը մնայ համահայկական եւ գաղութային մեր բոլոր ոգորումներուն:

Ծնած էր Թաւրիզի մէջ, 1876ի Յունիսին,– կրտսեր եղբայրը արեւելահայ յայտնի գրագէտ Վրթանէս Փափազեանի: Ինը տարու էր տակաւին, երբ կը կորսնցնէր հայրը Սալմաստի մէջ եւ, որբ, մինչեւ 1893 մնալէ ետք Թիֆլիզ, քրոջը մօտ, կը փոխադրուէր Նոր Նախիջեւան, 1895ի սկիզբ գործակցելու համար հնչակեան յեղափոխականներու հետ ու այդ ճամբով ալ դառնալու անշեղ ուղեւորը Հայոց Յեղափոխութեան ճանապարհին:

1895ին Ալեքսանդրապոլի մէջ, հաղորդ մնալէ ետք Հ. Յ. Դաշնակցութեան յարանուն գործունէութեան եւ ազատագրական պայքարի ծրագիրներուն, նաեւ ա՛նձնապէս ծանօթանալով Հրայրի եւ Արամ Արամեանի նման գործիչներու, կը յարի Դաշնակցութեան ու աւելի քան եօթանասունեւհինգ տարի այդ կազմակերպութեան շարքերուն մէջ կ'արժևորէ յեղափոխականի, զէնքի ու գրչի մարդու իր կարելիութիւնները՝ դառնալու համար ժամանակակից մեր կեանքի տիրական դէմքերէն մին:

1897ին կ'անցնի Պաքու, ապա Մոսկուա՝ ուսանելու: Համալսարանական կեանքի մէջ կարգ մը յուսախաբութիւններ թէեւ կը մղեն զինք վերադառնալու Ալեքսանդրապոլ, սակայն երեք տարի ետք կուգայ վերստին Մոսկուա, անկէ ալ Փեթերսպուրկ, ուր, Նիկոլ Աղբալեանի հետ, կը հետեւի համալսարանական դասընթացքներու՝ մինչեւ 1902:

Ուսանողական այս շրջանը կը զուգադիպի յեղափոխական եւ ահաբեկչական այն եռուն գործունէութեան, որուն լծուած էր Հ. Յ. Դաշնակցութինը՝ «Փոթորիկ»ի շուրջ խմբուած մարտունակ երիտասարդութեան միջոցաւ, հետեւաբար նաև ենթակայ՝ ցարական իշխանութեանց հալածանքին: Հետապնդումի առարկայ իր դառնայ նաեւ ինք եւ կը հարկադրուի անցնիլ Ժընեւ, ուր պիտի մնար մինչեւ 1903ի Յունիս, Հ. Յ. Դաշնակցութեան օրգան «Դրօշակ»ի խմբագրական կազմին մէջ: Երբ եկեղեցական կալուածներու գրաւման կը ձեռնարկուի ցարական իշխանութեան կողմէ՝ Թիֆլիզի եւ Ալեքսանդրապոլի ճամբով կը մեկնի Վասպուրական աշխարհ, Վանայ Իշխանին հետ, ստանձնելու համար յեղափոխական գործի ղեկավարութիւնը շրջանին մէջ՝ 1903էն մինչեւ 1908:

Տագնապի օրեր էին եւ կազմալոյծ վիճակ կը տիրէր Վանի մէջ: Կոմսի կը վիճակուի ոչ միայն շրջանի կազմակերպումը, այլեւ ապահովումը զինական առաքումներու՝ դէպի Երկիր: Արամի աջակից (1904) եւ գործակից Մալխասի (1905), Կոմս փրկարար առաքելութիւն մը կ'իրագործէ այս տարիներուն՝ Խոյի, Սալմաստի եւ Երեւանի շրջաններուն մէջ: 1906ին Պաքու է կազմակերպական գործով, ապա Ալեքսանդրապոլ, Երեւան ու վերստին Վասպուրական,– երկրորդ շրջանը իր գործունէութեան՝ այդ գօտիին մէջ: 1908ի Յունուարէն մինչեւ Յունիս (օսմ. սահմանադրութեան հռչակումը) կ'անցընէ տագնապալի օրեր: Դաւոյի դաւաճանութիւնը ցնցած է Վասպուրականը, Արամ ձերբակալուած է Մայիսին: Կը հարկադրուի ապաստանիլ մօտակայ գիւղերէն մէկը, մինչեւ հռչակումը Սահմանադրութեան, երբ ինք եւս կ'ընտրուի անդամ օսմ. խորհրդարանի:

1912ին, իր տեղը տալէ ետք Վռամեանի, կու գայ Պոլիս եւ կը մասնակցի Ազգ. Ժողովի պատմական այն նիստին, որ պիտի որոշէր վերարծարծել հայկ. հարցը: 1913ին Փարիզ է, բանակցելու համար Պօղոս Նուպարի հետ: 1914ին կրկին Պոլիս, բարենորոգումներու ծրագրին հետամուտ: 1914ի Օգոստոսին՝ Կովկաս, ապա Վասպուրական եւ Տարօն՝ ուր իրեն կը յանձնուի շրջանի ղեկավարութիւնը:

1915ի Մշոյ եւ Սասնոյ կոտորածներէն մազապուրծ՝ Ռուբէնի եւ այլ Տարօնցիներու հետ կը յաջողի միանալ ռուսական բանակի հայ զինուորներուն եւ կ'անցնի Թիֆլիզ: 1916ի Մայիսին կը մասնակցի Արեւմտահայ Ազգ. Ժողովին, 1919ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին՝ կը մեկնի Փարիզ, բանակցելու համար Ազգ. Պատուիրակութեան հետ (Պօղոս Նուպար): Նոյն տարուան Հոկտեմբերին կը մասնակցի Հ. Յ. Դ. իններորդ Ընդհ. Ժողովին եւ կ'ընտրուի անդամ Հայաստանի խորհրդարանին: 1920ին Ֆրանսա է, իբրեւ գործիչ Հ. Հ. Պատուիրակութեան: 1921-1923՝ քաղաք. բանակցութեանց մէջ, որոնք տեղի ունեցան նախ Խորհրդային կեդր. կառավարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ (Րիկայի մէջ), ապա նաեւ Լօզանի խորհրդաժողովին առթիւ՝ Հ. Հ. Պատուիրակութեան աշխատանքներուն մէջ:

Վերջին յիսնամեակին, սփիւռքեան հայ կեանքի հանրային, կուսակցական եւ մշակութային ճակատներուն վրայ գործած է նոյն ոգիով ու նուիրումով՝ պատասխանատու դիրքերու վրայ, գործնապէս մասնակից սփիւռքեան վերականգնումի բոլոր ճիգերուն:

Իր «Յուշեր» ու «Խոնարհ հերոսներ»ու շարքերը՝ Հայ Ազատագրական պայքարի մասին, պիտի մնան գրական եւ պատմական առումով մնայուն գործեր:

Մ.
«Հայրենիք», Պոսթոն
76-րդ Տարի, Թիւ 18804
Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 1974