Ուօշիկնթընի հայկ. դեսպանատունը մեզ կը հաղորդէ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.–
Երեւան, Մարտ 7, 1921
Հայաստանի ժողովուրդին միահամուռ կամքով Սօվիտէական իշխանութիւնը տապալեցաւ Հայաստանի մէջ Փետր. 18-ին: Ժողովուրդը այլեւս չէր կրնար հանդուրժել պօլշեւիկ կարգերուն երբ բանտերը լեցուած էին հարիւրաւոր հայ մտաւորականներով, բոլոր հայ զինուորականները՝ մօտաւորապէս 1500 հոգի՝ աքսորուած Պաքու, հայ գիւղերը եւ քաղաքները ենթարկուած թալանի, բնակչութեան պաշարեղէնը եւ հագուստեղէնը փոխադրուած Ռուսիա:
Հայ ժողովուրդը վճռած է անտեղիտալի կերպով արգիլել պօլշեւիկներու մուտքը Հայաստան: Պօլշեւիկները վտարուած են Ղարաբաղէն, Զանգեզուրէն, Դարալագեազէն, Նօվօ-Պայազիտէն, Երեւանէն եւ Էջմիածինէն, ինչպէս եւ Ախլքացի շրջակայքէն. Կը մնան Դիլիջանն ու Ղարաքիլիսէն, ուր մեր ուժերը տակաւին չեն հասած: Հայաստանի իշխանութիւնը ամբողջովին կը գտնուի Հայրենիքի Ապահովութեան Կօմիտէին ձեռքը որ կազմուած է քօալիսիօն հիմունքներու վրայ: Կառավարութիւնը պիտի կազմուի մօտ ատենէն: Հայրենիքի Ապահովութեան Կօմիտէն միջոցներ եռք կ'առնէ երկիրը պօլշեւիկներէն մաքրելու համար: Պօլշեւիզմը Հայաստանի մէջ հող չի կրնար գտնել: Ամէն ոք կ'անիծէ այդ րէժիմը որ աւերած է մեր երկիրը եւ բնակչութիւնը ենթարկած անասելի թշուառութեան: Պօլշեւիզմը միայն դուրսէն կրնայ գալ. ան միայն սուիններու ծայրով եւ հայ ժողովուրդի դիակին վրայ կրնայ հաստատուիլ:
Մեր ժողովուրդը ջարդի վտանգէն ազատելու եւ մեր երկրին մէջ ժողովրդապետական կարգերը ամրապնդելու համար մենք կը դիմենք քաղաքակիրթ մարդկութեան խղճին եւ աջակցութեան, եւ ուժեղօրէն կը բողոքենք Ռուսաստանի նուաճողական քայլերուն դէմ: Մենք կը բաղձանք խաղաղ ապրիլ ամենուն հետ: Մենք չենք ուզեր ոչ ոքի իրաւունքը կապտել, բայց երբէք չենք կրնայ թոյլ տալ որ ուրիշները մեր իրաւունքները բռնաբարեն: