02 June, 2025

Պօլիս-Կօմիսէր Հաճի Տիգրանի Սպանումը

Սօֆիայից մեզ հեռագրում են.–

Յունիսի 2-ին (ն. տ.) երեկոյեան ժամը 8ին Կ. Պօլսում դաշնակցական մի ահաբեկչի ձեռքով սպանւեցաւ նշանաւոր պօլիս-կօմիսէր ՀԱՃԻ ՏԻԳՐԱՆԸ: Զարնողը ազատ եւ ապահով է: Ընդհանուր սարսափ կառավարչական շրջաններում եւ մեծ ուրախութիւն ու խանդավառութիւն ժողովրդի մէջ: Մանրամասնութիւնը նամակով:

«ԴՐՕՇԱԿ»
Յունիս 1895, Թիւ 7

Ոստիկան Հաճի Տիգրանի Դատապարտութեան Տեղեկագիրը

Կեդրոնական Կօմիտէի մայիս 7-ի, 61-դ նստին մէջ՝ քննութեան ենթարկւելով այն մանրամասն տեղեկագրերը, որոնք կամւազծ էին նշանաւոր հայ ոստիկան կօմիսէր հաճի Տիգրանի ամենագձուձ գործունէութեան մասին, տեսնւեցաւ, որ

Հաճի Տիգրանը, որդի Ղալաթիոյ ս. Լուսաւորիչ եկեղեցիի նախկին լուսարարի մը, բաւական ատեն ծառայած է նոյն տեղ հօրը պաշտօնով, ժամանակ մը սպասաւորած է նոյն եկեղեցիին քարոզչին Յովսէփ վարդ. Այվազեանի քով, եւ ապա ընդունած է սարկաւագութեան կարգը:

Ուսումով մը, որ այնքա՜ն սովորական է մեր մէջ, եկեղեցական կոչման պատրաստւող այդ գարշելին, իր ընդունակութիւններուն աւելի յարմար կը գտնէ՝ ինքզինքը նւիրել զզւելի գործի մը, որ շատ աւելի շահաւոր կրնայ ըլլալ իրեն, այն է լրտսութեան:

Եւ հաշիւը սխալ ըրած էր:

Տիգրանն՝ ի բնէ արդէն խօսու, սրամիտ, ճարպիկ, առաջին օրէն յաջողութիւն գտաւ իր նոր ընդգրկած ասպարէզին մէջ, ու այնքան պէտք պիտի ունենար հիմա իր ընդարձակ ծանօթութիւններուն, Ղալաթիոյ եւ Բերայի հայերուն, մանաւանդ կրթւած դասակարգին, որոնց հանդիպելու եւ ճանչնալու շատ առիթներ ունեցած էր Ղալաթիոյ եկեղեցիին ու խորհրդարանին մէջ, ուր կը գումարւէին Ազգային Ժողովի նստերը, ուր տեղի կունենային այլ եւ այլ խորհուրդներու գումարումները, ուր կը գտնւէր Ազգային Մատենադարանը, ու վերջապէս, իր վարդապետի սենեակին մէջ, յաճախ տեսած էր այդ դէմքերը:

Իր գործունէութիւնը թէեւ բանուկ, բայց աչքի չէր զարկած տակաւին, երբ վրայ հասաւ տէր Սուքեասի սպանութեան փորձը Մայր եկեղեցիին մէջ: Այդ օրը հաճի Տիգրան հոն կը գտնւէր իր պաշտօնին բերմամբ. ճանչցաւ երեք ահաբեկիչները եւ կառավարութեան մատնեց անոնք:

Այնուհետեւ ա՛լ բացւած էր իր ճամբան. ոստիկանութեան նախարարի մասնաւոր ուշադրութեան արժանացաւ հիմա, ո՛չ միայն իր մասնաւոր յատկութիւններով, որոնք գնահատելի էին լրտեսութեան գործին համար, այլ եւ իր կատարած այդ նողկալի արարքով, որ իր գործունէութեան առաջին շրջանին գլուխ գործոցն եղաւ:

Ժողովրդին համար պատուհաս մը եւ ոստիկանութեան համար գիւտ մը եղաւ հաճի Տիգրան. առաջին անգամն ըլլալով՝ Նազըմ փաշա անոր անձին մէջ գտաւ գործին մարդը. եւ Հաճի Տիգրան շուտով ոստիկան եւ ապա ոստիկան-կօմիսէրի աստիճանը բարձրացաւ:

Ալ անկէ ետքը հաճի Տիգրանի մատը ոստիկանութեան ամէն գործի մէջ կարելի էր տեսնել:

Խուզարկութի՞ւն մը հարկ էր ընել հայու մը տան մէջ, Պօլսի ո՛ր եւ է թաղ մը, անոր ցուցմունքներով, առաջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ կը կատարւէր: Յամառ բանտարկեա՞լ մը պէտք էր խոստովանցնել, հաճի Տիգրանի ճարտարութեանն էր, որ դիմում կընէին: Յեղափոխականներ որսալու կամ պատահմամբ գտնւած հետքեր բանալու եւ գաղտնի հետապնդելու գո՞րծ մը կար, սարկաւագութենէ վիժած հաճի Տիգրնան էր, որուն կը յանձնւէր այդ դժւարին ու փափուկ գործը: Կը ծպտէր, ինչպէս ոչ ոք փորձած էր իրմէ առաջ. կեղծ ծամերով, կեղծ մօրուքով, մուրացկանի հագուստով, կառապանի տարազով, ջրհանկիրի նման, վերջապէս այն ամեն կերպով, որով կրնար մուտք ունենալ ժողովրդի այլ եւ այլ խաւերուն մէջ: Տիգրան յոգնել չէր գիտեր. իր ամբողջ մտաւոր կարողութւինները լարած՝ անձնատուր էր եղած իր գործին, ուր թուրք ոստիկաններու համբաւեալ իշային տխմարութիւնը կատարեալ ասպարէզ մը կը բանար իրեն, առանց մրցորդի:

Թուրք ոստիկանութիւնը մինչեւ հիմա ունեցած էր հաճի Տիգրանին նման հետախոյզ մը:

–Ուստի Կեդրոնական Կօմիտէն իր վերոյիշեալ մայիս 7-ի 61-դ նստին մէջ՝

Ի նկատ առնելով, որ ոստիկան-կօմիսէր հաճի Տիգրանին վերագրւած բոլոր յանցանքները՝ իբրեւ լրտեսի, իբրեւ մատնըչի, իբրեւ կառավարութեան գործիք-պաշտօնեայի, անոր հնգամեայ (1890-1895) զազրելի գործունէութեան շրջանին մէջ, կատարելապէս կը հաստատւին տեղական կօմիտներու ներկայացուցած տեղեկագրերով եւ մատնիչ հաճի Տիգրանի զոհերուն անձնական վկայութիւններով,

Ոստիկան-կօմիսէր հաճի Տիգրանը մահւան դատապարտեց

Եւ վճռին գործադրութիւնը յանձնեց Ռումբ կօմիտէին Թ-եան խմբի ահաբեկիչներուն:

–Մինչդեռ ահաբեկիչները կը հետեւին հաճի Տիգրնաին, պատեհ առիթ մը որոնելով վճիռն ի գործ դնելու, դատապարտեալը նոր յանցանք մըն ալ աւելցուց իր բազմաթիւ ոճիրներուն: Համբարձման տօնին (մայիս 11) ժողովրդային ինքնաբուխ ցոյցին մասնակցողներէն 70 հոգիի ձերբակալումը, էպք մը, որ կրնար շատ ծանր հետեւանքներ ունենալ, եթէ միայն ոստիկանութիւնը չփութար օր առաջ արձակելու այդ մարդիկը, նոր խռովութեան եւ աւելի մեծ դժգոհութեան առիթ չտալու համար:

–Վերջապէս մայիս 21 (յունիս 2)-ին երեկոյեան ժամը 8-ին ահաբեկիչները կը հասնին Տիգրանին ետեւէն Բերայի մէջ, իր տան մօտերը: Ահաբեկիչներէն մէկը երեք անգամ կը պարպէ ռէվօլվէրը մատնչին վրան. երրորդ հարւածին Տիգրան, որ սարսափած էր, ինքզինքը կը գտնէ եւ ինքն ալ իր րէվօլվէրը կը քաշէ ու կարձակէ: Գնդակը կը վրիպէ. ահաբեկիչներու չորրորդ գնդակը կը ջախջախէ հաճի Տիգրանի կզակը, ու լեզուն կը կտրէ. մատնիչը գետին կը տապալի, ցաւի սոսկալի ճիչ մը արձակելով:

Ոստիկանները, որոնց պահակը վճռին գործադրութեան վայրէն քանի մը քայլ միայն հեռու կը գտնուէր, լսելով ռէվօլվէրի պայթոցները, խոհեմութիւն կը համարին երեւան չելլալ եւ սպասել քիչ մը, մինչեւ որ ահաբեկիչները կանհետին եւ մինչ ամբոխը իրենցմէ առաջ խուժած էր մատնչին հոգեւարքին վկայ գտնւելու:

Ամենքն ալ կը կարծէին, թէ մեռած է հաճի Տիգրան, ինչպէս նոյն օրը գրւեցաւ Սօֆիայի մեր թղթակցին: Տիգրան մեռած չէ տակաւին, սակայն բժիշկները չեն յուսար թէ կապրի:

Եթէ առողջանայ իսկ՝ իր ջախջախւած ծնօտով, իր թլւատ լեզւով, իր խեղւած, սոսկում դէմքով յաւիտենական դատապարտութիւն մը պիտի ըլլայ բոլոր իր նմաններուն եւ մարմնացեալ պատժի մը սարսափը, որ Դամոկլէսի սուրին պէս պիտի կախւած մնայ անոնց գլխուն վերեւ:

–Հաճի Տիգրան՝ անկարող խօսելուն, դողդողուն ձեռքով այնչափ միայն կրցաւ գրեթ թղթի մը վրան, որ Համբարձման տօնին օրը իր մատնութեամբ բանտարկւածներուն մէջ, որոնք ազատ արձակւած էին, պէտք է որոնել ահաբեկիչները:

Բայց ի զո՜ւր. Անմեղ մարդիկ միայն կրցան ձերբակալել. Մինչ ահաբեկիչները, որոնք վճիռը գործ դրին, ազատ եւ ապահով են, շնորհիւ վեհափառ Սուլթանին, եւ նոր նմանօրինակ վճիռներ գործադրելու հրամաններուն կը սպասին:

–Մատնիչը դեռ չմեռաւ, բայց սոսկալի վիճակի մէջ է. քանիցս խնդրած է, որ զինքը թունաւորեն: Կոկորդը ծակած եւ սնունդը անկէ կը լեցնին. սնունդն է կաթ եւ ապուր: Սոսկալի կը տանջւի:

Կ. Պոլսի Կեդրոնական Կօմիտէ

«ԴՐՕՇԱԿ»
Յուլիս 1895, Թիւ 8