28 February, 2024

Կայծակ եւ Առաքեալ

Հեռագիրը Երզնկայէն, զինակից Մուրատի հեծեծանքով, գուժեց Կայծակի մահը:

Հոն, ուր առաջին անգամ, յեղափոխական կայծաքներով զինուած պատանի Կայծակը որոտագին շանթեց բռնութեան գլխուն, այսօր իր սրտի կայծակներով՝ կ'իյնայ խորտակեալ:

Դեռ պատանի ու մինչեւ իր հոգիի պայծառ երիտասարդութիւնը՝ ճերմակ մազերով, անիկա իրօք կայծակ եղաւ:

Թռաւ հայկական միգապատ երկինքներուն վրայ, կայծակեց ու լուսեղէն շերտեր գծեց մթին խաւարներուն մէջ:

Որոտաց Երկրի լեռնաբարձունքներուն վերերը ու Սասունէն մինչեւ Կովկաս ու Վասպուրական, վառեց երիտասարդ հոգիները կաղնի:

Իջաւ ամբոխեալ քաղաքներն ու գիւղերը, հրդեհեց բռնութեան դղեակներն ամբողջ, շանթեց դաւաճանները, ու ճարճատուն խարոյկներու վրայ այրեց հայ ստրկութեան բոլոր աղտոտ հանդերձանքը:

Իրոք կայծակ եղաւ, իրօք առաքեալ:

Ռուբէն Տէր Մինասեանի եւ Սեբաստացի Մուրատ Խրիմեանի հեռագիրը՝ Կայծակ Առաքելի մահուան մասին

Եղաւ լուսաստղը՝ հայկական լուսապայծառ ընդվզումին:

Մարտական ոգի մը եղաւ մարմնացեալ, վասնզի իր կեանքն ու պատմութիւնն ամբողջ մարտ եղաւ ու զոհ:

Սերոբ Աղբիւրի հետ, Գէորգ Չաւուշի, Հրայրի, Անդրանիկի իբր քաջ աղեղնաւոր՝ Սասունի, Նեբրովթի, Գրգուռի կատարներուն.- Սեպուհի, Մուրադի, Դրօի հետ՝ իբր խանդավառ մարտիկ՝ Կովկասի 905-եան ընդհարումներուն.- եւ Իշխանի, Արամի, Լեւոնի եւ իր կորիւններուն հետ՝ իբր առաջնորդ եւ իբր զինակից՝ Վասպուրականի գոյամարտին.- Կայծակը եղաւ առաքեալ եւ Առաքեալը եղաւ կայծակ ե՛ւ զինակից, ե՛ւ առաջնորդ ե՛ւ ուժ անփոխարինելի...

Իր դէմքը պայծառ էր, ինչպէս իր հոգին. աշխոյժ ու ոստոստուն էր ինք, ինչպէս իր անունը կը թելադրէր. պարզ ու անխարդախ՝ նման իր ժողովորւդին, զոր կը պաշտէր:

Զուարթ՝ մանուկի անմեղհայեաց ժպիտով. Անխռով ու անյուսահատ – փոթորկումներու վարկեաններուն. Հաւատացեալ քուրմ՝ իր գործին ու գաղափարին:

Զրկանք մարմնացեալ. 23 տարիներու մոմ, որ ինքնակամ կը ծիւրի ու կը հատնի ստրուկ ժողովուրդի մը ազատութեան զոհասեղանին վրայ:

Անդադար ու անհաստատ՝ իբր հոսանք ջրվէժուող, որ կը փրփրայ, կը շառաչէ ու կը խորտակէ ամէն խոչ ու խոչնդոտ, գարնայնի ազատ հովիտներուն մէջ սփռուելու համար:

Յուշարարող զանգ՝ որ աղէտը կ'ազդարարէ. ժամհար՝ որ աւանդութիւններ կը կոչնակէ, եւ պատարագիչ՝ որ կը հաղորդէ ու կը հաղորդուի, կ'աստուածանայ ու կ'աստուածացնէ:

Կայծակ եւ առաքեալ՝ ինչպէս իր կեանքին, նոյնպէս նաեւ իր ժողովուրդի պատմութեան մէջ, իր ժողովուրդի երգերուն ու աւանդութեանց մէջ:

Կայծակ՝ որ ահա կը խորտակուի, ու Առաքեալ՝ որ կ'իյնայ կայծակնահար:

Բայց չէ՞ որ կայծակը անխորտակ ոգին է բնութեան եւ առաքեալը անմահ՝ մարդկութեան համար:

Յովհ. Մխիթարեան
«Աշխատանք», Երեւան
Ա. Տարի, Թիւ 86
Չորեքշաբթի, 8 Մարտ, 1917