19 January, 2023

Սամովարի Խորհրդաւոր Վաճառականը

1895 սեպտեմբերի սկիզբի օրերէն մէկն էր: Տրապիզոնի մէջ թէլլալ Ալեքսան իր զոռ ձայնով շուկայի մասերը կը թնդացնէր՝ աւետելով թէյասէր հասարակութեան, որ առաջին անգամ ըլլալով Ռուսիայէն ժամանած է Թուլա քաղաքի սամովարի գործարաններու ներկայացուցիչ այսինչ այսինչեան, սամովարներու ճոխ մթերքով մը եւ շատ աժան գներով, ուստի ո՛վ որ կը փափաքէր չզրկւիլ պատեհ առիթէն, պէտք է փութար Եէնի խանի թիւ այս ինչ սենեակը:

Շատեր փութացին եւ գեղեցիկ սամովարներ գրկած դուրս ելան: Ես ալ կը փափաքէի ունենալ գեղեցիկ սամովար մը, բայց իմ մէջ աւելի բուռն էր ցանկութիւնը, վայրկեան մը առաջ, տեսնել սամովարի մեծ վաճառականը, որը բացի սամովարներէն, բերած պիտի ըլլար նաեւ շատ թանկագին եւ հետաքրքիր տեղեկութիւններ Կովկասէն եւ պիտի հարթէր շատ մը տարակարծութիւններ, որ մէկ կողմէն ծագած էին Արեւելեան Բիւրօի եւ Տրապիզոնի կոմիտէին միջեւ, եւ միւս կողմէն մեր մէջ հետեւելիք թաֆթիֆի շուրջ: Բայց ի՜նչպէս կրնայի հակառակ երթալ մեր իսկ դրած արգելքին. ու երանի կու տայի մեր ընկեր Վրէնին, որ իր յարմարութիւններով առաջին օրէն իսկ ելեւմուտ ունէր սամովարի մեծ վաճառականին մօտ, որ ուրիշ մէկը չէր, բայց եթէ մեր մեծ ընկեր Ռոստոմը, որ պարսկական անցագրով եւ սամովարի մթերքով Տրապիզոնի գծով Կարին կը մեկնէր:


Տրապիզոնի Կոմիտէի հետ նախապէս թղթակցելով՝ յարմար տեսնւած էր այդ ձեւը, կասկածի տեղի չտալու համար: Կոմիտէի որոշումով, ընկեր Վրէն, իբրեւ յանձնակատար՝ կը պահէր կապը Ռոստոմի հետ, մինչեւ յարմարութիւն առնէր տեղ մը հաւաքւիլը:

Ընկեր Վրէն ինձ համար ալ գնեց սամովար մը, զոր առանձին գուրգուրանքով տարի տուն՝ զարմանք պատճառելով մերիններուն:

Սամովարի թէյը յայտնի է, որ ախորժելի է, բայց ինձ կը թւէր թէ այս սամովարի թէյը առանձին համ պիտի ունենայ. չէ՞ որ Ռոստոմի բերածն էր եւ դաւադրական ապրանք: Ատկէ զատ, իմ պատանեկան հոգու մէջ հպարտութիւն մը առաջ բերած էր այն հանգամանքը, որ այդ սամովարը սովորական ապրանք չէր, ինչպէս եւ զայն ծախող վաճառականը, եւ ես ծանօթ էի գաղտնիքին, ամբողջ քաղաքին մէջ միայն քանի մը ընկերներով: Որոշած էի սամովարը առաջին անգամ վառել որեւէ նշանակալից օր մը եւ ընկերներու հետ լաւ ժամանց մը ունենալ:

Ռոստոմ իր դերը լաւ տարաւ: Պարզ կեցւածքը, թաթարական աղքատ լեզուն եւ, մանաւանդ, դիմագծերը կը փարատէին ամէն կասկած: Բայց ոստիկանութիւնը անտարբեր չէր դէպի նա: Չէ՞ որ Տրապիզոն եղած էր ռուսահայ գործիչներու յաճախած վայրը: Ռուբէն Խանազատեան, Ս. Զաւարեան, Յ. Արղութեան, Լ. Թադէոսեան, օր. Ժէնիա եւ ուրիշներ հոն բռնւած եւ կամ անկէ արտաքւած էին (Յ. Եուսուֆեան աննկատ գործեց եւ անցաւ Պոլիս): Դեռ նոր արտաքսւած էր յայտնի մանկավարժ եւ Տրապիզոնի հայ դպրոցներու տեսուչ Յ. Տէր Միրաքեան: Բայց ատոնք ամենքը եկած էին իբրեւ տեսուչ կամ ուսուցիչ եւ շփում ունեցած տեղական յայտնի հայերու հետ, ուստի սամովարի վաճառականին դէմ հետապնդումը խիստ չէր, մանաւանդ որ ոչ մի յայտնի հայի հետ յարաբերութիւն ունէր եւ յանձնակատարներու հետ կանցնէր իր ժամանակը:

Ռոստոմ, սակայն, կաճապարէր. պէտք էր օր առաջ հաւաքւիլ: Մեր աւագ եւ զգուշութեան մասնագէտ ընկեր Արսէն (Մանուկ Թադէոսեան) վճռեց, որ առաջին ժողովը կայացնելու ամենայարմար վայրը ...... բաղնիքն է: Քաղաքին կեդրոնը, մէյտանի բաղնիքը ժամադրութիւն տրւեցաւ կիրակի օրւայ համար:

Որոշւած ժամին գացի բաղնիք: Ներկայ էին Արսէն (Մանուկ Թադէոսեան), Տաշրացի (Վրէն Գասպարեան նահատակւած 1915-ին), Զաւէն (Յակոբ Գարակէօզեան, 1897 Պոլսոյ մէջ ձերբակալւելու ատեն անձնասպան եղած), Սուրէն (Օննիկ Թումանեան) քաշւած էին բաղնիքի խուռնաներէն մէկուն մէջ: Անոնց մօտ թասը ձեռքին նստած էր լայն ու թուխ դէմքով, խոշոր ճակատով, տափակ քիթով եւ արտայայտիչ աչքերով անծանօթ մը. խօսք չկար, որ Ռոստոմն էր ան: Ծանօթութիւնը կարճ տեւեց. ժողովը սկսաւ խիստ ծիծաղելի պայմաններու մէջ. թէեւ բաղնիքին մէջ բազմութիւն չկար, բայց զգուշութեան համար, ջուրն ու սապոնը եւ թասերու ձայնը կը խառնւէին մեր օրակարգի հարցերուն, որոնք, սակայն, շատ լուրջ էին:

Կարծիքներու փոխանակութենէ յետոյ տեսնւեցաւ, որ այդ հարցերը, յամենայն դէպս, բաղնիքի մէջ լուծւելիք բաներ չէին, մանաւանդ որ տարակարծութիւններ կային մեր մէջ ալ: Ընկեր Արսէնի գիւտը հանճարեղ էր՝ զգուշութեան տեսակէտով, բայց գործի համար անպէտք: Ռոստոմ իր քաղցր քմծիծաղով միացաւ ընկերներէն մէկուն առաջարկին՝ անպայման տուն մը հաւաքւիլ եւ լրջօրէն զբաղւիլ: Ընկեր Արսէն, ի վրէժ իր բաղնիքի ծրագրի անյաջողութեան, առաջարկեց իր տունը գումարել ժողովները. բոլորը համաձայնեցան եւ ալ սկսաւ սովորական լոգանքը: Ռոստոմին հետ երկար խօսեցայ: Իր պարզ, անպաճոյճ խօսւածքին մէջ զգացի հոգու մեծ ճարտասանը եւ բարձր մարդը:

Անկէ յետոյ շատ տեղ եւ բազմաթիւ գործերու մէջ մենք իրար պատահեցանք, բայց առաջին՝ բաղնիքի մէջ ստացած տպաւորութիւնս մնաց ամենէն ուժեղն ու քաղցրը:

Այս տողերը գրած ատենս, 35 տարիներէ յետոյ, դեռ իմ առջեւ կենդանի գոյներով կը ներկայանայ բաղնիք խուռնային մէջ թասը ձեռքին բռնած սամովարի մեծ վաճառարական Ռոստոմը, շրջապատւած գաղափարի մտերիմներով:

Կարէն
«Դրօշակ» - Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1930
Թիւ 11-12 (305)