18 March, 2025

Վիտոշի Խորհուրդը

Մարտ 17ին (Հ.ին Տ.ոմարով 4) կը լրանայ 25 ամեակը Քրիստափոր Միքայէլեանի եղերական մահւան, Սօֆիայի մէջ, Վիտօշի մէկ սարալանջին վրա:

Չարաբաստիկ հովիտին ափը, մենաւոր, ազազուն ծառ մը միայն կը յիշեցնէ զարհուրելի աղէտին վայրը: Իսկ մէկ ժամ անդին, Պուլկարիոյ մայրաքաղաքի գլխաւոր գերեզմանատան մէջ, Քրիստափորն արդէն ունի իր դամբարանը, 1924էն ի վեր: Իր խրոխտ կիսանդրին՝ երիտասարդ Վռամի (Քէնտիրեան) նկարին հետ:

Ուրի՜շ աշխարհ, ուրի՜շ մարդիկ, ուրի՜շ հանգամանքներ...

«Դրօշակ»ի այս համարով, արտատպած ենք երկու նշխարներ, գրի առնուած՝ աղէտին անմիջական տպաւորութեան տակ: Քսանըհինգ տարի յետոյ, մարդիկ հազիւ թէ առանց սարսուռի կարդան այս էջերը: Մանաւանդ հայրենիքէն հեռու, արմատախիլ, օտար երկնքի տակ:

Քսանըհինգ տարի յետոյ, աշխարհ մը փլած է մեր մէջքին վրա: Եըլտըզն ալ միասին:

Եւ սակայն, դեռ մեր աչքերը կը վառին ցասումէն եւ անհամբերութենէն: Ու դեռ երէկւան պէս, մեր ականջին կը հնչէ «Եըլտըզի պօմպան»:

Աննախընթաց էր յղացումը, որովհետեւ կը ծնէր խորապէս յեղափոխական գլուխէ մը:

Դաշնակցական միտքն էր, որ ի սպաս կը դնէր բազուկը, իր որջին մէջ փռելու համար գազանը, սեփական կեանքի գնով: Միայն թէ յաջողէր...

Եւ յաջողութեան յետին մանրամասնութիւնենրն ապահովելու մտահոգութեամբ, Քրիստափորը կը  կատարէր արկածալի փորձը: Դէմ դիմաց՝ մակեդոնացի յեղափոխականներուն, որոնք անձկութեամբ կը սպասէին, դարձեալ ծառի մը տակ:

Նոյնիսկ այսօրւան արձակունակ աչքերով, երբ մարդիկ առաքինութիւն կը սեպեն նախ արեւուն բիծերը համրել եւ ուրանալ անոր լոյսն ու ջերմութիւնը, այս Դէպքը – ահաբեկումի յղացման եւ կազմակերպութեան այս դրւագը պիտի համարւէր եզակի: Իսկ երբ իրերը քննենք ա՛յն օրւան պայմաններով, արդէն հերակլեան պայքար մը, դիւցազնամարտ մըն է, որ կը պատկերանայ մեր առջեւ:

Ահա հրէշը՝ կծկւած բարձունքի մը խորը, գրեթէ քաղաքի շը շրջապատով, եւ ժողովուրդ մը՝ իր արիւնազանգ ոտքերուն տակ: Ճիւաղ մը, որ կրնար արեան բաղնիքներու վերածել քնատ գիշերւայ մը մղձաւանջը: Իսկ ասդին՝ հանճարեղ գլուխ մը՝ տխեղծ մարմնի մը վերեւ, որ կը ցնցւէր անճար, անզօր ժողովուրդի տառապանքէն:

Դէպի Եըլտըզ դժոխային մեքենան, եթէ յաջողէր իսկ, թերեւս այնքան զայրոյթ եւ արհաւիրք՝ չպիտի պոռթար, որքան այն ռումբը, զոր Քրիստափորը կը փորձէր զմայլելի Վռամին հետ, իր իսկ ձեռքո նետելու համար՝ կարմիր մղձաւանջը ընդմիշտ փարատելու միամտութեամբ...

Ռումբը պայթեցաւ իր տեղը չհասած, ոչնչացնելով վարպետն ու աշակերտը, եւ կուսակցութեան որոշած մահափորձը տեղի ունեցաւ ուրիշ եղանակով մը,– դժբախտաբար անյաջող:

Բայց անոր ցնցումը, տակաւին մանրամասնութիւնները չպատմւած, արդէն կատարած էր իր բարոյական, սահմռկեցուցիչ, եթէ ոչ զգաստացուցիչ դերը: Եըլտըզը դատ ու դարման կը փնտռէր անտեսանելի ուժի մը դէմ, որ ե՛ւ կար ե՛ւ չկար, որ կանհետանար ու կը ծառանար, բայց մէկ վայրկեան չէր լքեր պատնէշը:

Եւ այդպէս է որ, այս եղերական այլ հոյակապ ձեռնարկէն յետոյ, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, կորսնցնելով հանդերձ իր թանկագին զաւակը, իր «կազմակերպիչ ոգին», քսանհին տարւան ընթացքին, ինչպէս անկէ առաջ, միշտ Քրիստափորի գործը յիշեց փոթորիկի պահուն, երբ հարկ էր վճռել: Հարւածի ժամուն, երբ հարկ էր յաղթել:

Եւ դարձեալ ա՛յս է պատճառը որ, նոյն իսկ մեր ընկերները, ճանչնալով Քրիստափորը, կամ լսելով ու կարդալով անոր պատմութիւնը, անհասկնալի, անհանդուրժելի կը գտնեն ներկայ «անգործութիւնը»...

Դաշնակցութեան մեծութիւնը կը կայանայ անոր մէջ որ, գիտէ ընտրել ժամերն ու «անելիքները»: Իսկ երբ վճռեց,– հարցուցէք Թալէաթին որ միշտ կը կրկնէր, երբ զգուշութիւն կը պատւիրէին.
Եթէ վճռած են ոչնչացնել զիս, աւելորդ է ո՛րեւէ զգուշութիւն: Ազատում չկայ»...

Ուրեմն, ինչ որ տեղի ունեցաւ քսանըհինգ տարի առաջ – ինչպէս աւելի առաջ ու յետոյ – ընդունակ է տակաւին քսանըհինգ տարի զինելու մեր բազուկները:

Ռումբը կը պայթէր, երէկ, «կեանքի պատւի եւ ինչքի» պաշտպանութիւնը ապահովելու համար: Յեղափոխական միտքն ու բազուկը անվեհեր կը գործէին, սանձելու համար արիւնարբու ախորժակներ: Անշուշտ հարթելով ճամբան դէպի ազատութիւն:

Այսօր, քսանըհինգ տարի յետոյ, նոյն ոգին է, որ մղում կուտայ մեզի, աւելի բւիրեղացած եւ թանձրացեալ, ձեւ ու մարմին առած ծրագրով մը,– միացեալ եւ անկախ Հայաստան:

Քրիստափորները կէս ճամբան մնացին, Վռամներն ալ իրենց հետ, ռումբը ձեռքերուն մէջ:

Եւ ամբողջ մարտական սերունդ մը աչքերն այդ ճամբուն յառած է սեւեռաբիբ ու անսասան:

Ամբողջ ժողովուրդ մը երդիք ու արեւ կը սպասէ, կէս առ կէս մատաղ դարձած այդ ճամբուն վրայ:

Ընդունա՞կ ենք տանելու այդ ամեհի բեռը:

Պատրա՞ստ ենք հաւատարմօրէն կատարելու սրբազան եւ յեղափոխական առաքելութիւնը:

Ահա թէ ի՛նչ պիտի հարցնէ ամէն մէկ Դաշնակցական ինքն իրեն, այսօր, Քրիստափորի մահւան քսանըհինգամեակին առթիւ:

Եւ այս մէկ տարին, Հ. Յ. Դաշնակցութեան քառասնամեակը փառաբանած, անով հպարտացած պահուն:

Դարերու անազատ, գլխիկոր կեանքը թմրեցուցած, խաթարած է մեր գիտակցութիւնը՝ նոյնիսկ դէպքերն ու դէմքերը գնահատելու տեսակէտէն:

Չենք ճանչնար մեր իրական արժէքները: Կամ կը ճանչնանք հարւեանցի, բերնէ բերան լսելով: Արքայական առասպելներ, կղերական փառքեր եւ զանազան շինծու համբաւներ գրաւած, կաշկանդած են մեր միտքը: Մեր աչքերը չեն վարժւած տեսնելու իրական մեծութիւնները: Կամ կը տեսնեն միայն մեծ ազգերու պատմութեան մէջ:

Օտար դիւանագէտի մը, զօրավարի մը անունը շատ աւելի կը խանդավառէ մեզ, քան ամենէն հերոսական դէմքը մեր ժամանակակից պատմութեան:

Ունինք ուսումնականներ, վարժապետներ եւ վարդապետներ, որոնք պատրաստ են հատորներ գրելու Երուսաղէմի Միաբանութեան մասին, պանծացնելու կաթողիկոսի մը կամ փաշայի մը կեանքն ու գործը. բայց կանճըկին, եթէ երկու հարցում ուղղես Առաքելոց վանքի կռիւներու, Աղբիւր Սերոբի, Գէորգ Չավուշի կամ Անդրանիկի մասին:

Բովանդակ աշխարհ հիացումով, յափշտակուեթամբ հետեւեցաւ – ու կը հետեւի – օդանաւային յանդուգն, աննախընթաց թռիչքներուն, առանց ազգի եւ առանց տեղական, ցեղային փառասիրութեան: Եւ բոլորը երկիւղածութեամբ խոնարհեցան կէս ճամբան ինկած զոհերու յիշատակին առջեւ: Եղերաբախտ ռահվիրաներուն ամենէն համեստն ալ ունեցաւ իր յիշատակարանը, որոնց շուքին տակ սերունդներ կը դաստիարակւին:

Մենք չունինք համաշխարհային հռչակ: Եւ շատ խոնարհ ենք, իբրեւ ազգ: Բայց ունինք Դէպքեր, դրւագներ, որ ընդունակ են աշխարհ սասանեցնելու.– Այդպէս էր Եըլտըզի մահափորձը:

Եւ ունինք Դէմքեր, որոնց հզօր ձայնը չի ճանչնար անջրպետ եւ ժամանակ.– Այդպէ՜ս էր Քրիստափորը:

Մեր ազատագրական ամեհի, անօրինակ երկունքին մէջ, ոչ թռիչքն էր որ պակսեցաւ, ոչ անձնւիրութիւնը, ոչ ալ ուժգնութիւնը: Վկայ՝ Վիտօշն ու Եըլտըզը, իրենց յանդգնութեամբ եւ վճռակամութեամբ:

Մենք չունինք ոչ Պանթէոն, ոչ ալ միջազգային պողոտաներուն վրա տիրապետող յիշատակարաններ: բայց ինչ որ, ահա քառասուն տարիէ ի վեր կը տանինք մեր ուսերուն վրա, կրնայ յարգանքի հրաւիրել ամբողջ սերունդներ:

Եւ այդ պիտի ըլլայ մեծագոյն մխիթարութիւնը Քրիստափորներուն:

«Դրօշակ»
Մարտ 1930
Թիւ 3 (298)