Խլաթի գաւառ,
Սոխորդ գեղ
ըսւած,
Իրեն բնակիչ՝
Աղբիւր ջան
Բարիքով լցւած:
Պօղոս, Գրիգոր՝
Թիւրքին սիրական
Կ'ուզեն վերջացնել,
Աղբիւր ջան,
Ամբողջ Հայաստան:
Պօղոս, Գիրգոր
Խորհուրդ
կազմեցին,
Թիւրք ոստիկաններ,
Աղբիւր ջան,
Ամբողջ կանչեցին:
Սանաթ տըւեցին
Նորէն խրկեցին,
Թեղուտ ու
Սոխորդ,
Աղբիւր ջան
Անիծած Դաւիթ
«Աղա-ջան»
կանչեց.
-Կեղծութեամբ
ըսաց-
Աղբիւր ջան,
Թէ զօրք մեզ
պատեց:
Անիծեալ ըլլայ
Դաւիթ ծնած
տեղ.
Աւերակ դառնար,
Աղբիւր ջան,
Կոշտեան ըսւած
գեղ:
Սոխորդայ
վերեւ՝
Նումրուտ
մեծ սարէն
Ցուցակ տւաւ
մեզ,
Աղբիւր ջան,
Զէն մօսիններէն:
Բաղէշ վիլայէթ
Անուն Սալվի-Ձոր
Սօսի կը կանչէ.
«Հոգիս ջան,
Կեանքդ ազգին
տուր»:
Կեցցէ՜ քաջ
Աղբիւր
Եւ իր մօսինին.
Յիսուն եւ
հինգ զօրք
Աղբիւր ջան,
Ըրաւ ցան
ու ցիր:
Անունդ էր
Աղբիւր
«Մինչեւ Ռուսաց
Դուռ
-Աշոտ կը
գրէր-
Աղբիւր ջան
Կտրա՛, վճիռ
տուր»:
«Դրօշակ» - Դեկտեմբեր 1899
Թիւ 10 (101)
Սերոբի Մահը (Նամակ Մուշէն) |