Հեռագիրը գուժեց անզուգական Իշխանի մահը, Փարիզի մէջ:
Այսպէս, կ'անհետի մէկը այն դէմքերէն, որոնք պատմութեան մէջ թուական կը բանան. պատմութի՛ւնը
կը կերտեն, իրենց սահմանուած ազգային հորիզոնին մէջ:
Յովսէփ Արղութեանի մահը այն մահերէն է, արդարեւ, որոնք, խորունկ ցաւի մը հետ, բազմութիւնները
կը տանին փառաբանութեան, սուգը մոռնալու աստիճան, նուիրական աւանդներու եւ յիշտակարաններու
առջեւ:
Որովհետեւ յիշատակարաններու առջեւ մարդիկ չեն սգար, կը զմայլին միայն, կը լեցուին
անոնց շունչովը:
Արղութեան, ազնուական, իշխանական տոհմէ, հայ կեանքի մէջ եղաւ այն խառնուածնքերէն,
որոնք աշխարհ կու գան վառելո՛ւ հաւաքականութեան բարօրութեան համար, իրենց զոհաբերութեան
լոյսովը ճամբայ ցուցնելու ազգերու ալեծուփ կեանքին մէջ, որպէս փարոսները մթին ու մշուշոտ
ջուրերու եզերքը, որպէս պահակները արթուն, տագնապի գիշերներուն մէջ:
Ան ալ կազմուած էր այն խմորէն, որ ծնունդ տուաւ հայ ազնուագոյն սերունդին, ու անոր
յառաջահ Երրորդութեան՝ Քրիստափոր, Զաւարեանի եւ Ռոստոմի, Երեք մեծ կերոնաւորներ, որոնք
մեր նոր պատմութեան հոգեկան բարձրագոյն ազնուականութիւնը ստեղծեցին:
Խանդավառ ու անձնուրաց երիտասարդ, Իշխանը դեռ 80-ական թուականներուն, իր բոլոր
տենդովը նուիրուեցաւ հայ ազատագրութեան պայքարին, առաջին ակօսները բանալով հայ յեղափոխական
շարժման: Եւ աս՝ Դաշնակցութենէ՛ն առաջ, որուն հիմնադիրներէն եղաւ, շատ չանցած, եւ դեռ
88-ին հայ ժողովուրդի կեանքը ճանչնալու համար, անցաւ Թրքահայաստան, ուր սակայն ձերբակալուեցաւ
եւ յանձնուեցաւ ռուս կառավարութեան:
Ու ահա 97-ի պատմական ու մեծ թուականը, երբ Խանասօրի անմոռանալի արշաւանքը կազմակերպուեցաւ:
Արաշաւախումբը, իր իսկ ղեկավարութեամբ ու Վարդանի աջակցութեամբ, անցաւ սահմանը՝ պատժելու
համար քիւրտ Աշիրէթապետ արիւնարբու Շարաֆ բէկը, որ աւերակ դարձուցած էր Աղբակի բովանդակ
գաւառը ու կոտորած տեղւոյն հայութիւնը, աւարի տուած՝ անոր բոլոր ինչքերը եւ առեւանգած
ու անարգած՝ հայ կիներն ու աղջիկները:
Խանասօրի արշաւանքը, Կուկունեանի 1890-ի արշաւանքէն ետք, կազմեց հայ ազատագրական
պատմութեան շքեղագոյն էջերէն մէկը, որ առաջին անգամն ըլլալով լուծեց հայ կոտորուած
ու անարգուած ժողովուրդին վրէժը, բնաջնջեց Մազրիկ բովանդակ ցեղը իր հազարաւոր բազմութեամբը,
սարսափի մատնեց նոյն շրջաներու մեծ ու փոքր
բռնակալները ու սանձ դրաւ անոնց արիւնոտ կզակներուն:
Այդ թուականին եւ անկէ ասդին, հայը դադրեցաւ կոտորուելու եւ թալլուելու համա՛ր
միայն ծնած, իրաւազուրկ ու գետնաքարշ բազմութիւն մը ըլլալէ: Եւ ասիկա՝ ոչ միայն քիւրտին
աչքին, այլ եւ օտարներու համար, որոնք զարմանքով ու ապշութեամբ տեսան հայ ֆետային,
նո՛ր հայը, ու պատմեցին անոր մասին:
Ինչ որ խանդավառեց սակայն յետագայ սերունդները եւ պիտի շարունակէ խանդավառել, ոչ
թէ միայն արդար վրիժառութեան մը շատ հասկնալի գոհունակութիւնն էր, այլ ամէնէն աւելի
եւ ամէնէն վեր այն նո՛ր ըմբռնումը, այն նո՛ր հասկացողութիւնը, որոնք եկան պատնէշ կեցնելու
հին թուականներուն ու նոր թւականին միջեւ, հայ հոգիներէն եւ ազգային կեանքէն ներս:
Հոգեկան այդ պատնեշէն անդի՛ն մնաց համակերպութեան, գետնաքարշ քծինքի եւ ստրկաշունչ
քաղաքականութեան բո՛ւթ հասկացողութիւնը, այն՝ որ այսօր «ողջմիտ» որակումով ծանօթ է
դեռ եւ գորշ զանգուածներու օրուան քարոզը կը կազմէ եւ պատնէշէն ասդին՝ ստեղծուեցաւ
այն առնական ու իրատես հոգեբանութիւնը, որ ցեղերը վեր կը բարձրացնէ իրենց առօրեայ ճակատագրէն,
կ'արգիլէ զանոնք ոչխարային խմբակներ կազմելէ, կու տայ անոնց մարդկային արժանապատուութեան
զգացումը եւ ազգային հպարտութեան գիտակցութիւնը, կը շեշտէ անհաատական ու հաւաքական
իրաւունքները, բազմութիւնները նետելով կռիւի կրակին մէջ, արիւն թափել սորվեցնելով անոնց,
իրենց սրբազան իրաւունքներուն տէ՛րը դառնալու համար:
Անհատներու պէս, ազգերն ալ, մանաւա՛նդ ազգերը, զոհաբերութիւններով, սեփական քրտինքով
ու արիւնով կրնան ձեռք բերել իրենց իրաւունքները, եւ սեփական քրտինքով ու վաստակով
շահուած հացի՛ն պէս, սեփական ճիգով ու արիւնով շահուած իրաւունքնե՛րը միայն համով են:
Մուրացիկին հացը համով չէ՛ եւ չէ եղած երբեք. ընդհակառակն, դառն է ան, անարգ եւ յաճախ
բորբոսած: Շնորհուած իրաւունքները, ազատութիւններն ու հայրենիքները – եթէ հնարաւոր
իսկ ըլլան – նոյն այդ մուրացիկին հացերն են ժողովուրդներու առջեւ նետուած, որոնց վզին
շղթան աւելի պրկելու կը ծառայեն անոնք քան արձակելու:
Այսպէս է պատմութեան հրահանգը, օրէ՛նքը, անողոք այլ սակայն գերզանցօրէն մարդկային
եւ ազնուական:
Հայ ժողովուրդի առնական բազկերակին՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն եւ անոր
օճախին մէջ թրծուած զինուորներուն հաւատոյ հանգանակը ա՛յս է եղած:
Իշխանը, Խանասօրի հերոսը, սրբազան այդ հանգանակը խմբագրողներէն, կեանքի մէջ արիւնով
ու առաջին անգամ նուիրագործողներէն մէկն եղաւ ահա:
Անիկա ոչ միայն Առաուլ լեռան կողերուն հերոսը, այլ հայ պատմութեան ստրուկ էջերուն,
մտքի ապառաժներուն վրայ գաղափարական հերոսը հանդիսացաւ:
Եւ ան՝ մեծ եղաւ ամէնէն աւելի իր այս դիմագծութեամբը, տալով այսպէս հայ յեղափոխականի
դասական տիպարը:
Նոյն այդ գաղափարաշունչ հերոսութիւնն էր դարձեալ, որ ընդհ. պատերազմի ընթացքին,
գործի մղեց Իշխանը, որ իբրեւ Է. Գունդի հրամանատար, Կովկասեան ճակատի վրայ, իր աւելի
քան 50 տարիներու բեռը շալկած, եկաւ ծառայելու իր նահատակ ժողովուրդին:
Եւ այս ժողովրդանուէր ոգին, կռիւի դաշտէն, բանտէն, աքսորէն ու հալածանքի օրերէն
ետք, չբաժնուեցաւ երբեք անկէ համեմատաբար խաղաղ ու լաւ օրերու մէջ ալ: Նոյն ա՛նձը մնաց
ան մինչեւ վերջ, իբրեւ Վրաստանի Ազգային Խորհուրդի նախագահ, իբրեւ Հայկ. Խորհրդարանի
անդամ, իբրեւ հայկ. Դեսպան Պարսիկ կառավարութեան մօտ,– միշտ համեստ, միշտ զոհաբերող,
միշտ յարգուած:
Ու այսօր, Փարիզի մէջ, չարչարագին այլ շքեղ տարիներու շարքէ մը ետք, զոհ կ'երթայ
ճակատագրական հիւանդութեան մը, եւ դժնդակ պայմաններու մէջ:
Հայ ազատագրութեան այս շքեղ կոթողին հողեղէն մասին քայքայումը՝ կասկած չկայ, արժանի
է համազգային սուգի: Բայց, այս սուգն ալ, անոնցմէ՛ է դարձեալ, որոնք հպարտութեան մը
սփոփարար ալիքը կը բերեն նաեւ իրենց հետ:
Կ'արտասուենք մարդուն ետեւէն բայց նաեւ կը հրճուինք անոր գործին առջեւ:
Արի եղաւ ան իր գաղափրաական ու մարտական կեանքի ընթացքին, արի եղած է նաեւ մահուան
դէմ: Ոչ մէկ տարակոյս, որ նոյնքան արի՛ պիտի մնան ժամանակի աւերին դէմ իր գործն ու
յիշատակը, որոնց համար օրհնութիւն միայն ունի ու պիտի ունենայ հայ ժողովուրդը:
Օրհնութի՜ւն այսօր, մեր կողմէն ալ, իր տարագիր գերեզմանին ու յարգանք իր գործին
անկորնչելի գեղեցկութեան:
Խմբագրական
«Յուսաբեր», Գահիրէ
«Յուսաբեր», Գահիրէ
1925 թիւ 87
24 Հոկտեմբեր 1925