Արդա՛ր էր որ Դաշնակցութիւնն ալ ունենար, վերջապէս, իր Օրը, իր փառքը երգելու ինքն
իրմով հպարտանալու համար:
Նոյն իսկ շատ ուշ ենք մնացած:
Տարեդարձներ շատ ունինք.- կռւի յիշատակներ, սուգի օրեր թուականներ որոնք ընդունակ
են ամբողջ սերունդներ ներշնչելու: Բայց անոնք բոլորը իրենց տեղն ունին եւ պիտի յիշուին
ու պահուին առանձին, իբրեւ թանկագին աւանդներ: Մնաց որ, անոնք անգամ պատահաբար կը տօնուին,
եւ կիսկատար, կապուած ըլլալով ժամանակի պահանջներուն եւ տեղական պայմաններուն: Ուժերու
յարաճուն, յարատեւ լարումը, մեր պատմութեան թաւագլոր ընթացքը թոյլ չեն տուած կանոնադրել
հաստատուն, պարտաւորիչ ձեւեր:
Տքնաջան պրպտումներ, հերոսական սլացք, պուտ մը ժպիտ, յետոյ անասելի ցնցումներ.
Կարճ դադար մը՝ վերակազմուելու համար եւ նորէն նշչասպառ, աննկուն վազք մը դէպի նպատակը.-
ահա, քանի մը բառով, այն կեանքը որ կը յատկանշէ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը: Այսպիսի կացութեան
մը մէջ, ի հարկէ դժուար է հետեւիլ ո՛ր եւ է կանոնի:
Եւ ճիշդ ատոր համար, Դաշնակցութիւնը չկրցաւ լրիւ տօնել ոչ իր քսանըհինգամեակը,
ոչ ալ երեսնամեակը, հակառակ հանդիսաւոր որոշումներու:
Եւ դեռ աւելին,- չկրցաւ նոյն իսկ ամփոփ ձեռնարկ մը հրատարակել իր գործունէութեան
մասին, իբրեւ համառօտ գիտելիք, «ի պէտս զարգացելոց»: Այս տեսակէտով, Դաշնակցութեան
պատմութիւնը շատ կը նմանի հայ ժողովուրդի պատմութեան: Ինչպէս ինքը, ժողովուրդը, անդուլ
կը տքնէր ու կը հեւար օրուան պահանջներու եւ տանջանքներու ծանրութեան տակ, սպասելով
որոշ հանգրուանի մը, որ միշտ կը խուսափէր, Դաշնակցութիւնն ալ, իբրեւ անոր սրտէն բխած
մասնիկ մը, յորձանքին ափը կանգնած, կը թաւալէր անոր ելեւէջներով:
Նորութիւն մըն է այս մէկը. «Դաշնակցութեան Օր»ը, որ տօնուեցաւ ամէն տեղ, եւ միեւնոյն
զգացումներով, իբրեւ համադրական խորհրդանշանը՝ մեր մաքառումներուն եւ առաջադրութեանց:
Պարագաները աւելի նպաստաւո՞ր են այսօր: Ոչ: Այսօր աւելի քան երբեք մռայլ է հորիզոնը
եւ դժնդակ՝ իրականութիւնը: Իր նախընթացը չունի հայ ժողովուրդին այսօրուան պատմութիւնը:
Բազմածալ, բայց քրքրուած, բզքտուած գիրքի մը էջերուն պէս, այդ պատմութիւնը փռուեր է
մեր աչքերուն առջեւ, իր ամբողջ ողբերգութեամբ: Էջեր կան որ կոխոտուեր, այլանդակուեր
են, ուրիշներ-մեծ մասը-փոթորիկէն քշուեր տաղտղնուեր են եօթը ծովերու վրայ: Շատերուն՝
աշնան տերեւներու ճակատագիրը կը սպառնայ: Բայց, ընդհանրապէս, անվթար կը մնայ գիրքը.
կը բաւէ որ մենք ունենանք համապատասխան կորովն ու աշխատանքը, զայն հաւաքելու եւ վերակազմելու,
ուրիշ խօսքով, անոր վերջնական կորուստը կանխելու:
Արդ, անոնք որ Դաշնակցութեան Օրը տօնեցին այս տարի, եւ պիտի տօնեն ամէն տարի, Հոկտեմբեր
1ին, առաւելապէս ա՛յդ մտահոգութեամբ առաջնորդուած էին: Որովհետեւ, ի՞նչ կը նշանակէ
ինքն իր մէջ հպարտանալ, երգել ու պանծացնել իր երէկը, եթէ այդ տօնակատարութիւնը չպիտի
ծառայէ թափ տալու վաղուան գործունէութեան, կրկնելու իր ուխտը՝ մեռելներուն եւ ողջերուն
անունով: Տեսակ մը հոգեկան հաղորդութիւն էր այս տօնը,- առանց պաշտօնական ձեւերու, բոլորովին
ինքնաբեր եւ համադաշնակցական: Եւ իբր այդ, արծարծեց միեւնոյն ոգին, Փարիզի թէ Երեւանի
մէջ, Պերլինէն մինչեւ Պաղտատ կամ Պուէնոս Այրէս, ամէն ո՛ւր որ բոյն դրած է հայկական
համախմբում մը, եւ անոր կողքին, անոր ծոցին մէջ դաշնակցական կորիզ մը:
Ուրիշներ, աւելի նորեր, իրենց պետական-վարչական բովանդակ ուժը շարժման մէջ դրած
են, զանազան «Օր»եր հռչակելու եւ պարտադրելու համար: Դաշնակցութիւնը, իր իշխանութեան
օրովն իսկ չփորձեց այդպիսի ձեւ: Ու եթէ այսօր, իր շունչով կը վարակէ այնքան բազմութիւններ,
ու խանդավառութիւն կը յարուցանէ այս հանդիսաւոր վայրկեանին, այդ կը պարտի ոչ երէկուան
իշխանութեան, ոչ արհեստական փողահարութեանց: Այդ հմայքին ամբողջ գաղտնիքը՝ կը բխի իր
իսկ էութենէն, ու իր պատմութենէն, անհաս եւ անիմանալի: Ամբողջ Խորհուրդ մը կը ծփայ
այդ պատմութեան մէջ, սկզբնական օրերէն մինչեւ մեր ժամանակները, եւ այնքան հարազատ է
այդ խորհուրդը, ու այնքան մարդկային, որ կրցե՛ր է դիմանալ վիթխարի վերիվայրումներու,
ինչպէս եւ բոլոր սարսափներուն եւ անակնկալներուն:
Դաշնակցութիւնը ասպարէզ իջաւ արթնցնելու կարգ մը առաքինութիւններ որ թմրած էին
դարաւոր ստրկութեան հետեւանքով, ու միեւնոյն ատեն ներարկեց ոգի մը որ ամենէն ամուր
երաշխիքն է որ եւ է ժողովուրդի վերածնութեան համար: Ան չգոհացաւ «միտքերը բանալով»,
այլեւ, գիտցաւ շարժման մէջ դնել բազուկները, ոչ թէ արիւն թափելու, այլ հարուածին հարուածով
պատասխանելու: Եւ այս ճամբուն վրայ, դարձաւ ամէնէն հզօր ազդակը, երիտասարդացնելու համար
հայ ժողովուրդը: Գունդագունդ ողջակէզ գնաց ամբողջ սերունդ մը, արտերու վրայ եւ դաշտերու
մէջ, յաճախ եղունգներն ու ակռաները գործածելով սուրի եւ փամփուշտի տեղ: Մարդկային գրիչը
անզօր է պատկերացնելու այն զարհուրելի մենամարտը զոր մղեցին մեր հերոսները, ուրիշ նոյնքան
արի ռազմիկներու հետ, ապահովելու համար մեր ապրելու իրաւունքը:
Եւ այսօր, երբ յուզումով կը խոնարհինք անոնց նխարներուն առջեւ, յափշտակութեամբ
պատմելով անոնց գործերը, խորապէս կը զգանք թէ բարեկամ եւ թշնամի, հայ ժողովուրդը հաշուի
առնել սկսան շնորհիւ անոնց դիւցազնամարտին, անոնց մտքի լոյսին եւ բազուկի ուժին: Մինչեւ
ազատագրական շարժումները, աշխարհը մեր վրայ կը նայէր իբրեւ «բանաւոր հօտ»ի մը, որ կը
չարչարուէր իբրեւ բարի քրիստոնեայ, որուն կը մեղքնային ինչպէս հասարակ թշուառի մը:
Այսօր քաղաքական, իրաւական արժէք մըն է րայաներու բազմութիւնը,– ինչպէս կը կոչէին արհամարհանքով
– ու թէեւ պարտուած, ունի կռուան մը – իր իսկ ստեղծագործութիւնը,– եւ կամք ու հաւաք՝
լեռներ գլորելու: Այլեւս ո՛չ մէկ ուժ կրնայ կասեցնել ընթացքը մեր նորագոյն, արիւնազանգ
պատմութեան, որ ուշ-կանուխ պիտի յանգի իր ճակատագրական վախճանին,– հայ ժողովրդի վերջնական
ազատութեան, իր սեփական հայրենիքին մէջ:
Հոկտեմբերի Մէկը խտացումն է այն բոլոր նշանախօսքներուն, որ շարժման մէջ դրին հայ
ժողովուրդին մտաւոր եւ մարտական ուժերը եւ ստեղծագործ առաքինութիւնները, թօթուելու
համար ամէն լուծ: Այդ այն օրն է երբ ճակատ-ճակատի անողորմ եւ աննահանջ կռիւ յայտարարուեցաւ
«ազատ կամքի բռնութեան» դէմ: Եւ իբրեւ այդ, պիտի տեւէ եւ պիտի ներշնչէ, գօտեպնդէ եւ
ապրեցնէ, քանի կը տիրէ բռնութիւնը մեր կապոյտ երկնքին տակ, մեր մինուճար ժողովուրդի
գլխուն, օտարներու թէ հարազատներու կողմէ:
«Դրօշակ» - Հոկտեմբեր 1925
Թիւ 4 (246)
Համաձայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ժ. Ընդհ. Ժողովի որոշման, Հոկտեմբեր Մէկը հռչակուած է Դաշնակցութեան Օր:
Հ.Յ.Դ. Բիւրօի հրահանգով, այդ օրը կամ Հոկտեմբերի առաջին կիրակին պիտի կազմակերպուին հանդէսներ բոլոր շրջաններու մէջ: Համապատասխան շրջաբերականը հաղորդուած է բոլոր մարմիններուն:
«Դրօշակ» - Հոկտեմբեր 1925
Թիւ 3 (245)