910-911 ուսումնական տարին էր: Զաւարեան
թողած Կովկասը՝ եկած էր կիսաւեր Տարօնը կենդանութեան ոգի եւ մտաւոր լոյս բերելու:
Նոյն տարուան դեկտեմբերին էր որ
Զաւարեանի հրաւէրով Մուշ պաշտօնավարութեան կ'երթար Բաբերդէն, Կովկասէն, Վանէն ուսուցիչներու
շարք մը: Վանէն գացողներու թիւը հինգ էր: Մեծ ոգեւորութեամբ ճանապարհ ընկանք դէպի Մուշ,
տեսնելու Հայոց հին Աստուածներու, Մամիկոնեաններու, Տարօնի առիւծներու հայրենիքը, պաշտօնավարելու
Դաշնակցութեան պատկառելի գործիչ Զաւարեանի ղեկավարութեան ներքեւ:
Ճանապարհի ցուրտն ու բուքը հաճոյքով
տանելով հասանք Մուշի Առաջնորդարանը, ուր Զաւարեանի շնորհիւ մեծ եռ ու զեռ կը տիրէր:
Անհամբեր կը սպասէինք տեսնել Դաշնակցութեան սիւներէն մէկը, Էջմիածնի Կեդրոնական Ժողովի
հռչակաւոր նախագահը: Առաջնորդարանի մէկ անշուք սենեակը գիրքերու մէջ կորած, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներով,
գիւղացիներով շրջապատուած, կը զբաղուէր ուսուցիչներու քննութեամբ գիւղացիներուն հրահանգ
տալով:
Անոր ամուր կամքի եւ տոկուն ջանքի
շնորհիւ, կիսաւեր Մշոյ ամբողջ դաշտը եւ մասամբ Սասուն, դպրոցներու ցանցով մը ծածկուեցան:
Դպրոցներու թիւը 70-ի կը հասնէր 420 աւելի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներով:
Երբ գիւղական ուսուցիչները, իրենց
գիւղական անտանելի պայմաններու մասին գանգատելու կը պատրաստուէին, տեսնելով անոր իրենցմէ
ոչ աւելի նախանձելի պայմանները, չէին համարձակեր գանգատել: Գանգատողներուն նա ունէր
պատրաստ խօսքեր, որոնք կ'ամոքէին ուսուցիչներու ամէն տառապանքը եւ նոր ոգի, նոր եռանդ
տալով գործի կը մղէին զանոնք:
Զաւարեան շատ անգամ իր համեստ ճաշասեղանին
եւ թէյասեղանին մասնակից կ'ընէր ուսուցիչները: Պէտք էր տեսնել այն ոգեւորութիւնը, զոր
կը ստեղծէր անիկա, սեղանին շուրջը. մերթ իր սուր եւ մտերմական կատակներով, մերթ իր
կրթական գործի վայրերուն ապագային պատկերացումովը: Հացի իւրաքանչիւր պատառի կամ թէյի
գաւաթի հետ ծրագիրներ էր որ կը յղանար: Շաբաթ չէր անցներ որ 2-3 շրջաբերական չըստանայինք
մանկավարժական, գիւղատնտեսական հարցերու մասին: Եւ գիւղերու հոգաբարձութիւնները, շնորհիւ
անոր ոգեշունչ գործունէութեան եւ հրահանգներուն, ուսուցիչներէ աւելի գործի կորած էին:
Իտէալիստ տեսուչ, քուն ու դադար
չունէր, մերթ ձի նստած, երբեմն նոյնիսկ մէն մինակ, Սասունի բարձրունքները կը մագլցէր.
Մշոյ դաշտ կը վազէր: Տեղ մը դպրոց կոչուած ախոռներու պատուհանները կը շինէր ինք իր
ձեռքով: Մէկ ուրիշ տեղ դպրոցի համար նոր շէնքի մը ծրագիր կը կազմէր: Անոր ննջարանը
ախոռներու սաքուն էր, անկողինը՝ իր եափունջին կամ թաղիքն էր: Իր ջանքով եւ ազդեցութեամբ
Կովկասէն, Պոլսէն եւ ուրիշ տեղերէ ամէն շաբթուն դասագրքեր, ընթերցանութեան գրքեր, քարտէսներ
կը տեղային Մուշ:
Այդ ուսումնական տարուան վերջը բաղդ
ունեցանք, վերջին անգամ ըլլալով – Զաւարեանի շուրջ հաւաքուիլ Առաքելոց վանքի մէջ, ուր
յաջորդ տարիներու համար ընդարձակ ծրագիր մը պիտի պատրաստուէր: Բայց զանազան պատճառներով
չիրագործուեցաւ:
Վստահօրէն կարելի է ըսել որ եթէ
Մուշի կրթական գործը իր հսկայ ծաւալով 5 տարի միայն շարունակուէր, Մուշ պիտի դառնար
Տաճկաստանի տիպար կրթական կեդրոն մը: Բայց հայ դժբախղդ իրականութիւնը խոչնդոտներ յարուցեց
Զաւարեանի դէմ:
Մուշի քաղաքական ժողովին եւ Խարախանեան
Սրբազանին շատ ալ հանդուրժելի չէին Զաւարեանի ուղղամտութիւնը, հաշուեպահանջական ոգին,
անոր մտրակող լեզուն: Բայց Զաւարեան երկար ատեն պայքարեցաւ բոլոր արտաքին ու ներքին
խոչնդոտներու դէմ: Սակայն յաջորդ տարին գործը այնքան բարդացուցին որ այլ եւս անկարելի
էր շարունակել: Գաղափարի մարդը դառնացած սիրտով թողուց իր այնքան ոգեւորութեամբ սկսած
գործը եւ հեռացաւ:
Յարգանք աճիւններուդ, ո՛վ իտէալապաշտ
մարդ: Ընկերդ եւ գաղափարակիցդ Քրիստափոր Միքայէլեան ինկաւ կարմիր, մարդասպան հրէշ մը
ջախջախելու ճանապարհին: Դուն ալ ինկար հսկայ հրէշ մը, տգիտութիւնը փշրելու ճանապարհին:
Դուք ինկաք բայց ձեր երկուքիդ դրօշակն ալ պիտի շարունակեն ծածանիլ ու ձեր սկսած գործը
պիտի բարգաւաճի:
Մռայլ
«Աշխատանք», Վան
Կիրակի 20 Հոկտեմբեր 1913, Թիւ
49