20 June, 2023

Դէպքերը Մուշի Դաշտին Մէջ. Փեթառի Կռիւը

Մուշ, 3 յուլիսի

Կացութիւնը փոխւած չէ. կառավարական խստութիւնները կը շարունակւին ըստ առաջնոյն, նոյն չափով եւ հարստահարութիւնները անպակաս են:

Այս անգամ եւս դժբախտ ընդհարման լուրը հաղորդել վիճակւած է ինձ: Յունիս 20ին, երեքշաբթի, իշխանութիւնները լուռ առած ըլլալով, թէ Ռուբէնը ընկերներով կը գտնւի Փէթար գիւղը, գիշերւայ ժամը 3ին յանկարծակի կը պաշարէ գիւղը: 

Յարձակումը տեղի ունեցեր է լուսաբացին եւ շարունակւեր է բաւական երկար: Ֆէդայիները, որոնց թիւը 6 էր, սպաղանքցի համբաւաւոր Մակարի առաջնորդութեամբ, կռւելով կը բարձրանան լեռը: Երեք ընկեր կը յաջողին ազատիլ, իսկ միւս երեքը՝ Մակար, Շէնքցի Մանուկ, Փէթարցի Պետիկ, չորս հինգ ժամ կռւելով կը հասնին Շէնըքի մօտերը, ուր զօրքի եւ քիւրդերու գնդակներու տարափին տակ կ'իյնան...: Անոնց յոշոտած մարմինները յունիս 21ին բերին Մուշ...:

Թշնամին անվնաս ելած է այդ կռւէն: Փէթարէն վիրաւորւած է միայն Օհան անուն երիտասարդ մը, ձերբակալւած են գիւղապետ Պետօյի հետ ուրիշ չորս հոգի եւս: Թշնամին Փէթարէն տարած է 120 ոչխար, 80 տաւար եւ մօտ 2500 րուբլու տնական գոյքեր: Մայիս 27ին Սուլուխէն տարած էին 300 գառ, 30 ոչխար, 50 տաւար, 100 հորթ եւ մօտ 10,000 րուբլու տնական գոյք եւ հացահատիկ: Իսկ յունիս 14-15 Պաղլու գիւղէն յափշտակած են 450 ոչխար, 350 տաւար եւ 8000 րուբլի գոյքեր: Այս երեք եւ անոնց մօտակայ գիւղերու վնասը կը հասնի 50,000էն աւելի գումարի մը:

Փէթարի կռւի նմէջ սպանւած սպաղանքցի Մակարի մահը անդարմանելի կորուստ պէտք է համարել յեղափոխական գործին համար: Մակար ամենէն վաղեմի, քաջարի եւ փորձւած մարտիկներէն էր: Իբր Սպաղանքի գիւղապետ մեծ համբաւ ունէր Սասունի բոլոր քիւրդ աշիրէթներուն մէջ: Գիւղապետ Խալիլը Մակարի տունն ու տեղը այրեց, քարուքանդ ըրաւ Սպաղանքը 1900ին, բայց անկարող եղաւ ընկճելու հպարտ սասունցին: Մակար փախստական ինկաւ հրացանը ձեռքը, միացաւ Անդրանիկի խումբին եւ լուծեց վրէժը Խալիլէն. պատմութիւնը ծանօթ է արդէն: Սասունի վերջի ձախորդութիւններն էլ չկրցան յուսահատեցնել Մակարը: Անխոնջ զինւորը կարողացաւ մնալ իր հայրենի լեռներում, միշտ փախստական միշտ հալածական եւ միայն անոր աներեւոյթ ներկայութիւնը բաւական եղաւ, որ աւազակներն ու յափշտակիչները յարգելի հեռաւորութեան վրայ պահել են իրենք զիրենք Մակարի հայրենիքէն...: Բայց սասունցի ճետը չէ կորսւեր. ո՞վ գիտէ վաղը ո՛ր քարի տակէն նոր «դև» մը երեւան պիտի գայ, Սերոբի ուրւականը պտտցնելու Սասունի խրոխտ լեռներուն վրայ:

«Հայրենիք», Պոսթոն
Իններորդ Տարի, Թիւ 36 (426)
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 1907