22 June, 2023

Ռուբէն Շիշմանեան (Քեռի)

Քեռին Հայդուկապետ

Հայաստանի երկինքը կը մթագնէր հետզհետէ: Սասունի ապստամբութեան եւ կոտորածի տարիներն էին ու արիւնսիւռ փոթորիկներ իրենց երկունքի վաղորդայնը կը թեւակոխէին: Յեղափոխական քարոզչութիւնը նոր եւ ուժեղ թռիչ մը ստացած էր գաւառներու մէջ, ու անոր կը զինւորագրւէին միշտ երիտասարդներ եւ երբեք տարիքոտներ: Այդ հոսանքը աւելի կը զօրանար երբ Սասունը սպանդանոցի կը վերածւէր, երբ թրքական կախաղանները օրւան իրականութիւնները կը դառնային, երբ, վերջապէս, Պօլիսը յեղափոխական ահեբկիչին անվրիպելի գնդակին որոտը կ'արձագանգէր:

Այդ թւականներուն էր որ Երզնկայի մէջ կը բացւէր նոր զինւորագորութիւն մը, հայդուկային խումբով մը տեղական կօմիտէն ուժովցնելու համար: Այդ թւականներուն էր որ Քեռի (Ռուբէն Շիշմանեան) կը թողուր Գալւոստ Արխանեանի հրոսակային խումբը՝ նոր կազմակերպութեան գլուխն անցնելու համար: Երզնկայի ամէնէն քաջ եւ ընդունակ երիտասարդներու անձնւէր ու ինքնաբեր աջակցութեամբը կը կազմւի ընդհուպ հայդուկային խումբը որ օրքանօր կ'ստւարանար նոր շրջանաւարտներու թեկնածութեամբ: Եղաւ վայրկեան մը, որ Քեռի ստիպւեցաւ մերժել, հակառակ իր կամքին, բազմաթիւ խումբ մը առաջնորդելու դժւարութիւնները աչքին առջեւ ունենալով, զինւորագրւելու համար եղած տասնեակներով առաջարկները:

Երզնկայի մէջ ալ յեղափոխական ոգեւորութիւնը, իր կարգին, իր գագաթնակէտին հասած էր՝ երբ Պոլսի մէջ Մաքսուտ Սիմոն պէյը կը վիրաւորւէր յեղափոխականի մը գնդակով, ու սուլթանը, իմիջի այլոց, Երզնկայի հայ հասարակութեան ներկայացուցիչներէն ալ շնորհակալութեան ուղերձ մը կը պահանջէր բռնութեամբ: Միեւնոյն դէպքերուն կը զուգադիպէին Երզնկայի գաւառին Բթառիճ գիւղին մէջ հայ կոյս աղջկան մը առեւանգումն ու բռնաբարումը Վայիտ պէէյ կոչւած ճիմինցի թիւրք սրիկայի մը, եւ վեջրիվերջոյ հայոց եկեղեցու հրապարակին վրայ օր ցերեկով կացինի հարւածով սպանութիւնը հայ երիտասարդի մը, փայտավաճառ քիւրտի մը ձեռքով, ինչպէս նաեւ թէ պէին եւ թէ քիւրտին անպատժի մնալը: Սպանութեան այս դէպքը կը կատարւէր 1895 յունիս 31 (հ.ին տ.ոմարով) կիրակի օր մը:

Սեպուհի Կռիւը

Յաջորդ օրը, 1/13 Օգոստոս, մինչ Քեռի իր խումբով կը տնւէր Սեպուհ լեռան ձորերուն մէջ,- որ կը գտնւի Երզնկայի արեւմտեան կողմը, 8-10 ժամ հեռաւորութեամբ եւ Կամախի յարակից – կ'իմանայ որ գայմագամ մը՝ հայ անասնաբոյժ Պօղոս Տատեանի (Քօլ-աղասի) եւ չորս զինւորներու ընկերակցութեամբ, Կամախէն Երզնկա պիտի երթայ: Կը մտածէ որ յարամր առիթն էր յարձակիլ այդ զինւորներուն վրայ, առնել անոնց զէնքերը եւ միեւնոյն ատեն վրէժխնդրութեան ցոյց մը ընել Երզնկայի բարբարոս կառավարութեան դէմ, որ իր անգթութիւններու չափն ու սահմանը անցուցած էր: Ու երբ ճամբորդները Կամախի կիրճը կը մտնեն, Քեռին հեռուէն ձայն կուտայ ու կը հրաւիրէ անոնք անձնատուր ըլլալ: Զինւորները նախապէս կարծելով թէ իրենց գործը մէկ-երկու հասարակ աւազակներուհ ետ է՝ զէնքով կը պատասխանեն հայդուկապետի հրաւէրին: Քեռին կը հրամայէ կրակել, ու 1-2 վայրկենի հրացանաձգութենէ մը ետք, սուլթանին հաւատարիմ ծառաները՝ իրենց փափուկ դրութիւնը ըմբռնելով, մէկ չավուշ զոհ տալէ ետք, աւանդական սովորթւեան համաձայն կ'ուզեն վատաբար ետ փախչիլ, բայց հակառակ կողմէն ալ ճամբանին փակւած գտնելով՝ անձնատուր կ'ըլլան: Խմբապետը կը հրամայէ կեանքի չդպչիլ, ու անոնց զէնքերն ու իրենց պիտանի գոյքերը առնելէ ետք, իր խումբով Սեպուհի ժայռերը կը բարձրանայ, ամուր դիրք գրաւելու համար:

Յաջորդ օրը, օգոստ. 2/14ին, Երզնկայի չորրորդ զօրաբանակէն պինպաշի Եավէր Ահմէտ պէյը, բազմաթիւ զօրքերով, մօտ 1500, հայդուկային խումբը բռնելու եւ պատժելու կը փութայ: Զինւորները կը պաշարեն Սեպուհի կողերուն վրայ կառուցւած Ս. Մեծ Լուսաւորիչ վանքը, որուն վանապետութիւնը կը վարէին Քեռռին եղբայրը Գրիգոր եւ մայրը Մարթա: Այդ պաշարումը պատճառ կ'ըլլայ որ խումբը առանց հացի մնայ ամբողջ հինգ օրեր ու ստիպւի թողուլ իր ամուր դիրքը: Դաւաճաններ նախօրօք ալ արդէն մօտաւորապէս մատնած ըլլալով խումբին տեղը, այդ ելքը աւելի վտանգաւոր կը դարձնէ անոր դրութիւնը: Հազիւ քիչ մը կը հեռանան ու հեղհեղատի մը մօտ ջուր խմել կ'ուզեն, ահա զինւորական փողերը կ'սկսին ճնչւիլ եւ հազարաւոր գնդակներ թափւիլ հայդուկներու գլխուն: Քեռի կը հրամայէ դիմացի լեռան լանջերը բարձրանալ: Երբ գնդակներու սուլսուլոցի մէջէն խումբը կը մագլցէր անդադար, յանկարծ «վրէ՜ժ, եղբա՛յր» ճչոց մըն է որ կը լսէ Քեռին: Քեռիին անձնւէր քոյրը որ խումբին մէկ զօրաւոր ուժն ու քաջալերիչ հրեշտակը կը ներկայացնէր՝ վիրաւորւած էր: Առանց իր պաղարիւնութիւնը կորսնցնելու Քեռին ետ կը դառնայ, դիմագրաւելով խիզախաբար թշնամու գնդակները, կ'առնէ իր ուսերուն վրայ վիրաւոր քոյրը, կը բարձրանայ զառիվերը ու կը պատսպարէ ան ժայռի մը ետին: Այս յանդուգն եւ դիւցազնական գործը զօրք ու զօրավար կ'ապշեցնէ.

–«Ա՜հ, եթէ այդքան քաջ մէկ զինւոր միայն ունենայի...» կը գոչէ պինպաշին:

–«Ա՜հ, եթէ այդքան քաջ մէկ պինպաշի ունենայի միայն...» կը գոչեն զինւորները յուսահատ՝ որոնք արդէն գլորւիլ սկսած էին Մահմէտի ազատարար ճէննէթը, ամուր դիրքի հասած հայդուկներու մահացու գնդակներէն:

Քեռիին խումբը իր կռիւը հերոսաբար առաջ կը վարէ ետ նահանջելով ու զօրքերու զգալի ջարդ մը տալով: Իր ընկերները, որոնք ցրւած էին աջ ու ձախ, Քեռիի հրամանին համաձայն՝ զիրենք հետապնդող բանակին ծրագիրը իդերեւ հանելու նպատակով ու միեւնոյն ատեն հաց ճարելու համար, յաջորդ օրը իրար կը գտնեն, պակաս ունենալով հինգ ընկեր, որոնցմէ երկուքը սպաննւած էին ու երեքը ողջ բռնւած:

Բանակը 15 օրի չափ եւս Սեպուհի ձորերուն մէջ թափառելէ ետք, ձեռնունայն ետ կը վերադառնայ 60 զինւորի կորուստով մը:

Այդ կռւին մէջ մեռնող երկու հերոսներն էին Արմենակ Պօյաճեան եւ Սեպուճ Գալայճեան:

Արմենակ Պօյաճեան Երզնկայի Ազգ. Կեդրոնական վարժարանը նոր աւարտած էր, երբ կը մտնէր Քեռիի խումբին մէջ: Իր աներկիւղ եւ յանդուգն բնաւորութեամբ՝ արդէն աչքի կ'իյնար դպրոցէն իսկ: Իր կտրիճութեամբ ահ ու սարսափ ձգած էր թիւրք թաղի լակոտներուն մէջ, որոնք իրենց մօնկօլական կատաղութիւնը յաճախ կը թափէին հայ դպրոցականներուն վրայ:

Արմենակ Պօյաճեան 18 տարեկան էր իր մեռած թւականին:

* * *

Քեռիին Ուրիշ Քաջագործութիւնները

Շատ երկար պիտի ըլլայ մանրամասնել Քեռռին քաջագործութիւնները: Պատմենք անոնցմէ մէկ-երկուքը միայն:

Քեռիին խումբը կազմւած էր արդէն: Թրքական Ք*** գիւղին շէյխը պատուհասը դարձած էր Կամախի եւ անոր շրջակայ հայ գիւղերուն, յաջողած էր ու խոշոր գումար մը ոսկի դիզել իր հարստահարութիւններու շնորհիւ: Քեռի վրէժխնդրութեան դաս մը տալ կ'ուզէ այդ բարբարոս թիւրքին ու, օր ցերեկով՝ մէկ քանի ընկեր հետը առած կը դիմէ Ք*** գիւղը: Շէյխը տունէն բացակայ՝ հոն կը գտնւէր միայն անոր պառաւ մայրը: Քեռի չ'ուզեր ձեռնունայն վերադառնալ ու կը մտածէ աւարի տալ տունը: Այդ պահուն շէյխին մէկ հարճը որ աննկատելի մնացած էր խմբապետէն՝ կտուր կը բարձրանայ ու «հաւա՜ր» կը կանչէ: Դաշտերուն մէջ աշխատող բոլոր թիւրք մշակները իրենց ձեռքը ունեցած մանգաղներով ու «մասսաներով» զինւած գիւղ կը թափին ու կը պաշարեն մօտէն շէյխին տունը: Այդ միջոցին, նոյնպէս, ուրիշ դժբախտ զուգադիպութեամբ մըն ալ, գիւղին ջրհորին մօտ կ'իջնեն 50 ձիաւոր զօրք, հանգստանալու համար:

Քեռին կ'իմանայ դրսի ընկերներէն իրենց դրութեան բոլոր փափկութիւնը ու կը խոյանայ դէպի դուրս: Ձիաւոր զօրքն ալ մօտեցած էր գիւղին: Քեռի ռազմագիտական հնարագիտութեամբ մը կ'ազատի սակայն՝ այդ տագնապալից վիճակէն՝ իր խմբով: Կը հրամայէ կրակել թէ զօրքը եւ թէ խուժանը՝ ճիշդ այն կողմէն, որ դէպի մօտակայ բլուրը տանող տարածութեան վրայ շարւած էին: Հրացանի առաջին պայթումներն այդ նպատակը կ'իրագործեն: ՄԱբոխը խոյս կուտայ հրացանաձգութեան այդ կէտէն ու ազատ ճամբայ կը բանայ դէպի բլուրը: Երեք ընկերներ կը յառաջանան այդ ուղղութեամբ, աջ ու ձախ պաշտպանւած՝ իրենց ընկերներու դէպի ամբոխը արձակած գնդակներով որոնք հետզհետէ կ'ընդլայնէին անցքի միջոցը: Բլուր հասնող ընկերներ միեւնոյն սիստէմով կը պաշտպանեն Քեռիի ու մնացորդ ընկերներու անցքը, որոնք կը գտնեն այս վերջինները ապահով, ու կը հեռանան խմբովին, մէկ զինւոր մեռած ու քանի մը պաշի-պօզուք վիրաւոր ձգելէ ետք՝ այդ դէպքին մէջ:

–Իրիկունը ուշ ատեն Քեռին իր խմբով կը մօտենայ հայ Ա*** գիւղին, յոգնած ու քաղցած: ԳԻւղապետը խմբապետին ոտքը կ'իյնայ ու պաղատագին կը խնդրէ ազատել զինքը ու իր ընտանիքը այդ պահուն իրենց տունը գտնւող քիւրտ աւազակախմբէ մը: Քիւրտ հռչակաւոր աւազակապետ մը իր չորս ընկերներով, իրօք, հայ գիւղապետին տանը մտած կ'ուտէր ու կը խմէր, եւ անոր նոր հարսն ալբ բարեւ բռնած կանգնած էր դողդողագին ու կ'սպասէր իր առեւանգութեան եղերկաան րոպէին: Քեռի առանց վարանելու մէկ-երկու ընկերով ներս կը մտնէ ու, յանկարծակի եկողի մը երեւոյթը կեղծելով, քրդական լեզւով կը բարւէ աւազակախումբը: Կը յայտնէ միեւնոյն ատեն իր ուրախութիւնը՝ անոր հանդիպած ըլլալուն, պարզելով ծրագրւած խոշոր ու փայլուն աւազկութիւն մը միասին յաջողօրէն իրագործելու գեղեցիկ առաջարկը, ինչ որ աւաակախմբէն կ'ընդունւի մեծ հաճոյքով:

Քեռի եւս իր կարգին կը ճաշէ իր ընկերներով ու կը հեռանայ աւազակախմբին հետ՝ որ կը թողու գիւղապետին իր հարսը ու գիւղէն առած աւարը՝ աւելի ուոտ պատառներու յոյսով:

Քեռի կ'առաջնորդէն վայրագ աւազակները ձորերու մէջ ու անոնք հրացանի կը բռնէ, ազատելով այսպէս, միանգամ ընդմիշտ, Ա*** գիւղը ու շրջակայ հայ ազգաբնակութիւնները այդ մարասպաններու պատուհասներէն:

Հայաստանի լեռներն ու ձորերը միայն հանդիսատեսը կ'ըլլան այդ անողոք դատաստանին, ու իրենց լռութիւնը պահ մը խզած կը ձայնակցին իրաւարար վառօդին հնգեակ բամբիւններուն, որոնք կ'արձանագրէին իրենց ծոցին մէջ, խօլական խորհրդաւորութեամբ մը, հայ հարստահարւած գիւղացու բաղձացած վրէժխնդրութիւնը:

Հերոսներու Ընտանիք Մը

Ընթերցողը վերը տեսաւ պատկերը Քեռիի դեռատի քրոջ, որ չնայած իր կանացի փափուկ կազմին՝ կը գործակցէր խիզախօրէն իր եղբօր խմբին ու կը վիրաւորւէր ծանրապէս:

Քեռիի փոքր Եղբայր ԽՈՐԷՆ եւս, արդէն կազմւած յեղափոխական մըն էր՝ իր 15 տարեկան հասակէն: Կարելի չէ չյիշել այն յեղափոխական քարոզչութիւնը, որ Խորէն կ'ընէր իր բոլոր հասակակիցներուն մէջ, իր պատանեկան խանդավառ հոգու բոլոր հրապուրիչ թելադրանքովը, յաճախ պարզամիտ, բայց միշտ համոզւած: Սեպուհը հայ պատմութեան կենդանի վկան դարձած՝ խօսած էր անոր ալ մատաղ սրտին, ու սնուցանելով ան իր ծոցերէն ոռոգւած եւ ուռճացած դաշտերու ցորեններով, կազմած էր անով իր փառքի հին թւականները հռչակող հսկաներու յաղթանդամ ու իտէալ տիպարը: Խորէն 16 տարեկան կը մտնէ Գալուստ Արխանեանի հրոսակային խումբին մէջ կը փայլի հոն իր կտրճութեամբ:

Ծանօթ է թէ ի՛նչպէս յանձնւեցաւ տաճիկին Արխանեան խումբը: Խորէն կը յամառի սակայն թշնամու ճանկերուն մէջ բռնւիլ ու, նախամեծար համարելով դիւցազնական մահը քան թէ անարգ կեանքը եւ իրեն սպասող նկուղային շղթայակապ դառն ճակատագիրը, կը խոյանայ ժայռի մը վրայ ու կ'սկսի գնդակահարել թշնամու բանակն ու խուժանը, որոնք քանի մը օրէ ի վեր պաշարած՝ խումբին պատասպարանն եղող քարայրը՝ կը նեղէին ան անօթութեամբ անձնատուր ըլլալու համար: Մինչ իր ընկերները կը յանձնւէին՝ Խորէն տասնեակ զինւորներ սպաննելէ ետք կը վիրաւորւէր բազմաթիւ գնդակներով, ու անկարող կ'ըլլար գործածել իր հրացանը: Թշնամին կը մօտենայ վիրաւոր առիւծին ու կը յօշօտէ վատաբար ինքզինք պաշտպանելու կարողութենէն զրկւած հայ հերոսը:

Քեռիի Կենսագրութիւնը

Բնիկ երզնկացի էր Քեռին: Կը պատկանէր բարեկեցիկ ընտանիքի մը, որ ծանօթ էր Շիշմանեան մականունով: Իր բուն անունն էր Ռուբէն: Ուսում ստացած էր Երզնկայի կեդրոնական վարժարանին մէջ: Դպրոցը ձգելէ ետք՝ կը արէր իր եղբօր Գրիգորի հետ վանապետութիւնը Ս. Մեծ-Լուսաւորիչ վանքի, կառուցւած Սեպուհ լեռան կողքերուն վրայ: Եղած էր յեղափոխական գաղափարի քարոզչութեան կարապետներէն, իր քաջ ու անվախ բնաւորութեամբ սիրւած էր ամէնքէն ու վստահութիւնը շահած էր ամէնուն: Նախ կը մտնէ Արխանեան հրոսախումբին մէջ, բայց կանխատեսելով Գ. Արխանեանի թոյլ բնաւորութեան վտանգաւորութիւնը, կը ձգէ ան ու կ'անցնի գլուխը այն խումբին, որուն կազմակերպութեան ձեռնարկած էր Երզնկայի յեղափոխական կօմիտէն:

Կոտորածի տարիներուն իր հովանին կը տարածէ հայ գիւղերու վրայ ու կը մասնակցի Հ. Յ. Դաշնակ. 1898-ի Ընդհանուր Ժողովին: Երզնկա վերադարձին Քեռի կը ձերբակալւի Տրապիզոնի մէջ, բայց շնորհիւ իր ճարպիկութեան, քիւրտ ձեւացնելով ինքզինքը, կ'ազատի այդ վտանգաւոր դիպւածէն:

Երեք-չորս տարի առաջ սակայն, Քեռի Երզնկայի կառավարութեան ձեռքը կ'իյնայ, իր եղբօր Գրիգորի յիմարութեամբը, որ խաղալիկ դարձած էր Իւրֆէթ պէյ կոչւած սրիկայ զինւորականի ձեռքին մէջ: Այդ զինւորականը Զէքի փաշային առաջին եավէրն է: Քեռի կը ձգւի բանտ ու ու կախաղան կը բարձրանայ յունիս 10/23ին 1903, մինչ իրաւունք ունէր իբր քաղաքական յանցաւոր մը ազատ արձակւելու, ըստ սուլթանի ստայօդ իրատէի մը, որ հռչակւած էր մեծ կոտորածներէն ետք, Եւրօպայի աչքին փոշի փչելու համար:

Քեռին հազիւ 38 տարեկան էր:

Իր կորուստը շատ դառն է ու մեծ հայ յեղափոխութեան համար, ու իր դառնութեամբ ու մեծութեամբ իսկ աւելի շեշտող ու խոշոր դաս մը կուգայ տալ հայ յեղափոխութեան ախոյեաններուն, որոնք այլ եւս չպիտի խաբւին թրքական վատ ու նենգամիտ խոստումներէն եւ թանկ պիտի ծախեն իրենց արիւնին ամէնավերջին կաթիլն իսկ:

Սեպուհի հովանիին տակ, Եկեղեաց գաւառին, Թորդան ու Թիլ աւաններու յիաշտակներով փթթած ու աճած հայ ազգաբնակութիւնը պիտի ծնի անկասկած կտրիճ ուրիշ զաւակներ որոնք վրէժխնդրութեան ու յարգանքի պսակը պիտի դնեն Սեպուհի առիւծին գերեզմանին վրայ

Վահագն Բ.
«Հայրենիք», Պոսթոն
Ե. Տարի, Թիւ 220, 221