1895-ի աշնան, ճիշդ այն ամսուն, երբ սուլթանական դաւադրութիւնը
կազմակերպւած էր ընդհանուր կոտորած առաջ բերելու համար հայաբնակ գաւառներու մէջ, Սերոբ
բաւական զօրաւոր խմբով մը, երկինքէ իջածի պէս, ոտք կը դնէր հայրենի հողին վրայ: Անոր
Սոխորդ հասնելու երկրորդ օրը լուր կուգայ թէ Բաղէշը կոտորւեր եւ շրջակայ գաւառներուն
մէջ ալ ջարդի սարսափ կը տիրէ: Սերոբ իր խումբի 27 տղաքներէն 15-ը կը բաժնէ կոտորածի
ահը կեցող գիւղերուն մէջ, խոստանալով որ վտանգի րոպէին ուր է ուր չէ օգնութեան կը հասնի.
իսկ ինք 12 հոգով կըսպասէ Սոխորդ գիւղի մէջ: Բաղէշի կոտորածի գուժերուն երկրորդ օրը,
Սոխորդը յանկարծ սեւ ամպերու պէս կը շրջապատւի կատաղի քիւրդերով, որոնք կուզէին այդ
գիւղին առաջին հարւածը տալ եւ տկարացնել զայն, միւս մնացած գիւղերը այլեւս հեշտ էր
ջարդել, թալանել ու աւերել: Քիւրդերը սակայն երբէք մտքերնէն չէին անցներ որ այնտեղ
յեղափոխականներ կարող էին գտնւիլ. միմիայն կը մտածէին գիւղացիներու մասին, որոնք իրենց
կարծիքով, ինչքան ալ կտրիճ ըլլային, անզէն՝ բան չէին կրնար ընել 5-600 զինւած քիւրդերու
դէմ: Ատոր համար ահագին պատրաստութիւններ տեսած էին նախօրօք, էշեր, սայլեր, ձիեր բերած
էին հետերնին, որպէսզի գիւղին ճոխ աւարն ու կողոպուտը կարենան բեռնալ եւ իրենց վրաները
փոխադրել:
Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
24 October, 2019
Սերոբի Մահը (Նամակ Մուշէն)
Շատոնց է, բայց վերջերս մանաւանդ, կառավարութիւնը վճռած էր ամէն
կերպով մէջտեղէն վերցնել Սերոբը, որուն գոյութեան մէջ վտանգ կը նշմարէր: Կառավարական
բոլոր էնտրիկները, բռնի միջոցները, զուր անցած էին, մինչեւ որ ազգային սեւսիրտ դաւաճանութիւնը
միջամտեց եւ ծուղակի մէջ ձգեց լեռան առիւծը՝ որուն մռնչիւնը հերիք էր իկիտ զօրավարներու
ու վաշտերու սիրտը դող հանելու համար:
18 October, 2019
16 October, 2019
Մօհիկաններից Վերջինը
(Ընկ. Յով. Արղութեանի Մահւան Առթիւ)
Առաջիններից էր նա, այն շքեղ
փաշանգից, որ բացաւ հայ յեղափոխութեան փշոտ բայց փառաւոր ճանապարհը: Հազիւ աւարտած
միջնակարգ դպրոցը, Իշխան Յովսէփ Արղութեանը բոլորովին մատաղ հասակում, 20 տարեկան չեղած
դեռ եւս, թողնում է մայրենի հողը, եւ մոռցած ուսման ծարաւը, ամէն ինչ զոհելով գաղափարին,
անցնում է Պարսկաստան եւ այն տեղից Վասպուրական Գօլօշեանի եւ Ագրպասեանի հետքերով:
14 October, 2019
ՊԱՐՏՔԻ ԶՈՀԵՐԸ. Ինը Ընկերների Նահատակումը Սալմաստում (Մահլամի Դէպքը)
1/12/98
(Նամակ Պարսկաթիւրք Սահմանագլխից)
Շատ բան
էր կատարւած, բան էր տեսնւած Պարսկաստանում, բայց այն դէպքի նմանը, որը պիտի նկարագրեմ,
չլսւած երեւոյթ է մեզ մօտ: Մի երկիր, ուր կաշառքը միակ օրէնքն է. մի երկիր ուր իշխողների
ու դրանց ստորադրեալների տրամադրութիւնը միշտ փոխարինել է որ եւ է կարգ ու կանոն, բնականաբար,
չէր կարող զարմացնել ոչ ոքի իր ամէնօրեայ վայրենութիւններով. բայց ներկայ դէպքը, կրկնում
եմ, նոյն իսկ Պարսկաստանում անզուգական է:
Subscribe to:
Posts (Atom)






