31 July, 2020

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԻԵՆՏԱՑԻԱ - Մեր Ուղին

Իբրեւ հայ ժողովուրդի քաղաքական միակ ծաւալուն կազմակերպութիւն, մենք մեր բոլոր ուժերով կը ձգտինք գրեթէ յամենայնի իրաւազուրկ հայութիւն դարձնելու լի-իրաւ հայութիւն:

25 July, 2020

Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Խանասորի Արշաւանքը

1897-ի սկիզբները Թիֆլիզի մէջ կը կայանար Դաշնակցութեան Բ. Ընդհ. ժողովը, որը, սակայն, Երկրէն եւ արտասահմանէն չմասնակցող կարգ մը մարիններուն բողոքին վրայ, համարուեցաւ Ռուսաստանի ընդարձակուած շրջանային ժողով: 1898ին միայն կարելի եղաւ գումարել Բ. Ընդհ. ժողովը, որը երեք ամիս տեւեց եւ սահմանադիր ժողովի մը երեւոյթը առաւ, իր տուած որոշումներով, մշակած կանոնագիրներով եւ մասնակցող վայրերու եւ ընկերներու լրութեամբ:

21 July, 2020

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԻԵՆՏԱՑԻԱ - Առարկայական Մօտեցումի Մը Համար

Կը հարցնենք ուղղակի.– Ի՞նչ է հայ ժողովուրդի քաղաքական գերագոյն նպատակը:

Եւ կը պատասխանենք անվարան.– Հայ Դատի լուծումը:

Միացեալ Հայաստանի եւ անկախ ու ամբողջական հայութեան վերակերտումը: Վերահայացումը Հայկական լեռնաշխարհի եւ հայրենացումը տարասփիւռ հայութեան:

01 July, 2020

Վահան Նաւասարդեանի Քաղաքական Կտակը

Ասկէ եօթի տարի առաջ, 1949-ին, մեր անմոռանալի եւ մեծ ընկերը՝ Վ. Նաւասարդեան՝ կը հրատարակէր մեծարժէք գործ մը, «Բոլշեւիզմը եւ Դաշնակցութիւնը» խորագրին տակ:

Գրքին մէջ առանձին գլուխ մը նուիրուած է մեր առօրեայ պայքարներուն («Ինչո՞ւ կը պայքարինք»): Այդ գլուխէն կը քաղենք հետեւեալ հատուածը, զոր կրնանք նկատել մեր հանգուցեալ ընկերոջ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՏԱԿԸ, գրուած՝ յուզիչ եւ սրտագրաւ ոճով, այլ նաեւ հայրենասիրական ջերմ շունչով.


25 April, 2020

Ռուբէնի նամակը Արսէն Միքայէլեանին


Բաւական վատ վիճակի մէջ հասած նամակ, որ կը գտնուի Հ.Յ.Դ. կեդրոնական արխիւի Ամերիկայի կազմակերպութեան յատկացուած 1918 թուականի թղթածրարին մէջ. նամակին թուականը թիւրիմացաբար կարդացուած է 1918. Պէտք է ըլլայ 1915. այդպէս ալ կը հետեւցուի բովանդակութենէն: Հեղինակը, ինչպէս ձեռագիրն ալ ցոյց կու տայ, Ռուբէն Տէր Մինասեանն է, Տարօն-Սասունի հին գործիչներէն, եւ ղեկավարներէն մէկը 1915 թ. Սասնոյ ինքնապաշտպանութեան: Եօթը ամիս Սասնոյ լեռներուն մէջ թուրք ջարդարարներուն դէմ անհաւասար ու հերոսական կռիւներ մղելէ ետք, յաջողած էին ինք եւ Վահան Փափազեան (Կոմս) ճեղքել պաշարման շղթաները ու շուրջ 30 մարտիկներով անցնիլ Կովկաս: Այս նամակը, այլապէս յուզումնալի, գրուած է ուրեմն իր ապրած ոդիսականէն երեք ամիս ետք: Ուղղուած է Արսէն Միքայէլեանին, բուն անունով Տէր Յովհաննիսեան Արսէն (1885-1941), դաշնակցական երիտասարդ բայց եւ վաստակաւոր գործիչներէն, որ յիշեալ թուականին Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի գործիչներէն էր: Նախապէս, 1914 թ. Սեպտեմբերին ուսումնասիրական գործով ան եղած էր Տարօնի շրջանը. այդ տեղէն նաեւ կու գար իր մտերիմ ծանօթութիւնը Ռուբէն Տէր Միասեանի հետ:

05 April, 2020

Ծաղկազարդ. Շաւարշ Միսաքեան

Բառն իսկ բանաստեղծութիւն կը բուրէ։ Օծուն՝ գարնանային շունչով։

Կը թուի թէ Ծաղկազարդը շատ բան պիտի կորսնցնէր իր իմաստէն, եթէ ամփոփուէր միայն քրիստոնէական պատեանի մը մէջ։

Բոլոր լեզուներն ալ ունին համապատասխան բառը։

Բայց իրենց բառը կը խտացնէ՞ նոյն շնորհն ու ոգին, ինչպէս մեր Ծաղկազարդը։

18 February, 2020

Բոլշեւիկեան Իշխանութիւնը Տապալւած

Անակնկալօրէն, հայ ժողովրդի վզին ծանրացած բոլշեւիկական դաժան իշխանութիւնը տապալւած է վերջապէս:

Ամբողջ երկու եւ կէս ամիս, աննկարագրելիօրէն ճնշիչ եւ թունաւոր մի մթնոլորտում հայ ժողովրդին ստրկացնելուց, նրա սիրտը, հոգին եւ զգացումները վերջնականապէս սպանել փորձելուց յետոյ, ընկերային յեղափոխութեան նշանաբաններովը փետրաւորւած արկածախնդիր բօլշիեւկների խաբուել այսօր այլեւս չկայ, նա տեղի է տւած ամենախայտառակ նահանջի ճանապարհը բռնելով: