13 June, 2023

Մարզպետի մասին

 

Մարզպետ, որուն մահուան լուրը Միջագետքի աւազուտ տափաստաններէն կը հասնի:

Օր մը «Հայրենիք»ի խմբագրութեան միջոցաւ բաց նամակ մը կը հասնի Օրիորդ Սէվն Պէննէթեանի ուղղուած: Նամակը կուգար Միջագետքէն, սիրային բովանդակութիւն ունէր ան եւ գրուած էր մաքուր գերմաներէնով: Կը զարմանանք բոլորս ալ, ո՞վ է, կը հարցնենք իրարու, Օրիորդ Սէվն Պէննէթեանը, որ մեր միջոցաւ, Միջագետքի խորերէն սիրային նամակ կ'ստանայ: Կսակածը կ'արթննայ մեր մէջ եւ մենք անմիջապէս հեղուկ մը կը քսենք նամակին երկու էջերուն վրայ, հասկնալու համար թէ գաղտնի թանաքով գրուած բան մը կա՞յ այնտեղ: 

09 June, 2023

Վահան Գարտաշեան

Ամերիկայի մէջ Հայ Դատի պաշտպանութեան մոլեռանդ մարտիկներէն եղաւ Վահան Գարտաշեան, որ մեռաւ շատ կանուխ, սրտի հիւանդութեամբ, 1934 Յունիս 9ին, Նիւ Եորքի իր բնակարանին մէջ: Գարտաշեանի մահով ամերիկահայ գաղութը եւ բովանդակ հայութիւնը կորսնցուցին արի, անկաշառ, յանդուգն ու հայրենասէր զաւակ մը, որուն կեանքը եղած էր համակ նուիրում մեր ժողովուրդին, մասնաւորապէս վերջին 15-20 տարիներու ընթաքին:

08 June, 2023

Մարտիրոս Բապուճեան


Ժամանակը անցաւ, սակայն չմարեցաւ այն օրերու յիշատակը: Անհամար ձերբակալութիւններէ, բանտերէ ու աքսորներէ վերջ կառավարութիւնն ու հարուստներ մեռած կը կարծէին յեղափոխական ոյժը Պոլսոյ մէջ եւ կը պատրաստուէին ազատ շունչ քաշել: Շահբազը, այդ ստոր արարածը, յանդգնեցաւ յեղափոխութեան դէմ դաւաճանել. սողացող հայ լրտեսներ ամեն կողմ կը վախտային. հարկ էր սարսափեցնել անոնց, հարկ էր ապացուցանել, որ «Դաշնակցութիւնը» թեւատարած կը հսկէ եւ արծւի աչքեորվ կը դիտէ իր շուրջ անցած դարձածները:

Տէրրօրիստական Գործողութիններ Կ. Պոլսում

Դաշնակցական ահաբեկիչներէն մէկը, Գումգաբու սրճարանի մը մէջ դաշունահար սպանեց վաղեմի լրտես Մայր եկեղեցիի լուսարար վանեցի Յովհաննէսը, որ 1890-էն ի վեր մատնիչի ստոր դերը կը կատարէր: Ոստիկաննեըր վրայ կը հասնին, կսկսի կատաղի կռիւ, ահաբեկիչը հերոսաբար կը մեռնի՝ նախապէս քանի մը լկտի ոստիկաններու կեանքը վերցնելէ յետոյ:

«Դրօշակ» - 15 Յունիս 1896
Թիւ 15

05 June, 2023

Սամսոնը՝ Բժ. Ռուբէնի Մասին

Իր մէկ բարեկամին ուղղած նամակի մէջ Սամսոնը հետևեալն է գրում բժ. Ռուբէնի մասին

«... Այո, սիրելիս, պիտի գրեմ կատարեալ մարդու, բարոյական տիպարի, անձնազոհ ու ընկերական բարձր յատկութիւններով օժտւած մեր թանկագին բժ. Ռուբէնի մասին. նա նմանում էր այն բուրումնաւէտ եւ գեղեցիկ ծաղկին, որ զարդարում է պարտէզը եւ ներս մտնողի առաջին հայեացքը իր վրայ է սեւեռում: Կանգնած ենք դառն իրականութեան առաջ. նա այլեւս չկայ, թաղեցինք նրան սեւ, անհրապոյր փոսի մէջ. սա երազ չէ, այլ՝ իրականութիւն իր մրմուռով եւ կսկիծով: Արցունքը սփոփանք չէ նման կորուստների հանդէպ, կեանքը անգութ է, անիծեալ մահը՝ կոյր:

Բժ. Ռուբէն Տէր Ստեփանեան (1887-1937)

Կենսագրութիւնը, Մահը եւ Թաղումը

Թաւրիզի բնակչութեան լաւածանօթ եւ սիրւած բժ. Ռուբէնը մայիս 15ին հիւանդանում է բծաւոր տիֆով, որ գնալով ծանրանում է. Թաւրիզի բոլոր բժիշկների ջանքը ու նաեւ Թեհրանի մի քանի բժիշկների խորհրդակցութիւնը ապարդիւն են անցնում, եւ բժ. Ռուբէն մեռնում է յունիս 5ի երեկոյեան ժամի 9ին:

01 June, 2023

Ցեղակրօն Ուխտերու Առաջին Պատգամաւորական Ժողովը

Յունիս 1, Ուրբաթ երեկոյին բացուած է Ցեղակրօն ուխտերու առաջին պատգմ. Ժողովը Պոստոն, «Հայրենիք»ի սրահին մէջ: Պատգամաւորներ գացած են Միջին Արեւմուտքի եւ Նիւ Ինկլէնտի բոլոր հայաշատ կեդրոններէն: Հեռաւորութեն պատճառաւ պատգամաւոր ղրկած չէ Քալիֆորնիան: