13 June, 2023

Մարզպետի մասին

 

Մարզպետ, որուն մահուան լուրը Միջագետքի աւազուտ տափաստաններէն կը հասնի:

Օր մը «Հայրենիք»ի խմբագրութեան միջոցաւ բաց նամակ մը կը հասնի Օրիորդ Սէվն Պէննէթեանի ուղղուած: Նամակը կուգար Միջագետքէն, սիրային բովանդակութիւն ունէր ան եւ գրուած էր մաքուր գերմաներէնով: Կը զարմանանք բոլորս ալ, ո՞վ է, կը հարցնենք իրարու, Օրիորդ Սէվն Պէննէթեանը, որ մեր միջոցաւ, Միջագետքի խորերէն սիրային նամակ կ'ստանայ: Կսակածը կ'արթննայ մեր մէջ եւ մենք անմիջապէս հեղուկ մը կը քսենք նամակին երկու էջերուն վրայ, հասկնալու համար թէ գաղտնի թանաքով գրուած բան մը կա՞յ այնտեղ: 

Կ'ապշինք բոլորս ալ, երբ կը տեսնենք որ Միջագետքէն մեր ընկեր Մարզպաետը, առանց իր անունը տալու նամակ կը գրէ մեզ, իր եւ իր ընկերներու մասին տեղեկութիւններ տալով: Ընկերը բոլորովին ծածկուած կը թափառի եղեր հոս-հոն, չկարենալով փախուստի ճամբայ մը գտնել: Այդ նամակի շնորհիւ միայն մենք հասկցանք որ Մարզպետ ողջ է եղեր եւ Միջագետք կը գտնուի:

Մարզպետ բնիկ Կեսարացի էր: Իր բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Գերմանիոյ մէջ՝ սովորելով մանկավարժական եւ հոգեբանական գիտութիւններ: Յայտնի գործունէութիւն ունեցած է ան Պալքաններու շրջանը, ուր մնացած է իբրեւ դաշնակցական գործիչ: Անցած է այնուհետեւ Պարսկաստան, յարաբերութեան մէջ մտած է սահմանագլխի պարսիկ խաներուն հետ եւ դիւրացուցած է Պարսկաստանէն դէպի Վասպուրական ահագին քանակութեամբ զէնքերու եւ ազմամթերքներու փոխադրութեան դժուարին գործը:

Երկար ժամանակ ան գտնուած է Կովկաս եւ հայ-թաթարական կռիւներու ընթացքին կատարած է ղեկավարողի աչքառու դեր:

1908 Յուլիսին երբ Օսմ. Սահմանադրութեան լուրը կը հասնի Կ. Պօլիս, անկէ ալ դէպի գաւառ: Մուրատի, Սեպուհի հետ ան կ'զբաղի կազմակերպական գործերով: Մօտ մէկ տարի կը մնայ Բաղէշի շրջանը, այնուհետեւ դարձեալ կ'անցնի Պօլիս, ուր Եէնի-Գաբուի Ազգ. Վարժարաններու տնօրէնութիւնը կ'ստանձնէ՝ շարունակելով միաժամանակ իր կազմակերպչական աշխատանքը: Կանոնաւոր կերպով աշխատակցած է ան մեր կուսակցութեան օրկաններուն – «Դրօշակ»ին, «Ազատամարտ»ին, «Յառաջ»ին, «Գործ»ին, աշխատելով մեր գաղափարները տարածել ամէն հեռաւոր շրջաններ, գիւղեր ու քաղաքներ:

Երբ համեւրոպական պատերազմի փոթորիկը պայթեցաւ եւ Թուրքիան ալ գահավէժ արագութեամբ մը ինքզինքը նետեց անդունդին մէջ, Էնվերի եւ Թալիաթի հրահանգով, մէկ օրուան մէջ, մեր բոլոր մտաւորական ընկերները բռնուելով աքսորուեցան հեռաւոր անկիւններ: Այդ ընկերներուն մէջ էր նաեւ Մարզպետ, որ բոլորովին ծպտուած, երկար ժամանակ յաջողած էր ինքզինք պահել Հալէպի եւ Միջագետքի շրջանը, թափառական ապրելով: Մեզի հասած հեռագիր մը կը հաղորդէ թէ վերջին անգամ Մարզպետ, ձիարշաւի մը մասնակցած ատեն, կը փորձէ փախչիլ: Սակայն անակնկալ կերպով վար կ'իյնայ ձիէն եւ կը մեռնի անմիջապէս: Թուրքեր զայն հողին կը յանձնեն՝ կարծելով թէ մահմետական մըն էր ինկողը:

«Սսպարէզ», Ֆրէզնօ
ԺԱ. Տարի, Թիւ 546
Ուրբաթ, Յունուար 24, 1919

Մարզպետ երբ Կեսարիա կ'աքսորուի՝ այն տեղի պատերազմական ատեանէն մահուան կը դատապարտուի, սակայն հնարքի մը կը դիմէ կեանքը ազատելու համար, ըսելով որ երբ զինքը Պոլիս ղրկեն յօգուտ կառավարութեան շահերուն կարեւոր յայտնութիւններ ունի ընելիք: Սակայն այստեղ չեն խաբուիր եւ չեն ուզեր լսել իր ըսելիքները, եւ 48 ժամ միայն պահելով ետ կը ղրկեն այս անգամ Գոնիա, ամենախիստ հսկողութեամբ եւ մահուան բացարձակ հրամանով: Մարզպետ կը կաշառէ իր հսկիչները եւ կը փախչի, ժամանակ մը պահուելէ վերջ՝ կը յաջողի կեղծ անուան տակ իբր թարգման գերմանացիի մը քով մտնել. սակայն հոտ ալ հանգիստ ու դադար չունենար, կառավարութիւնը կարծես հոտ էր առեր եւ խստիւ կը փնտռէր զինքը: Մարզպետ կը ստիպուի այնտեղէն ալ հեռանալ եւ դարձեալ թափառիլ մինչեւ որ թրքական դիմակին տակ պարտկուած եւ շէյխ ձեւանալով կ'անցնի Նիսիպին (Մծբին), ուր միանալով հարուստ եւ ազդեցիկ Թուրքի մը՝ կտաւի գործարան մը կը հիմնէ, հոն աշխատացնելով երկու սեռէ հարիւրաւոր տարագիր Հայեր, զորս ազատեր էր գազաններու ճիրաններէն: Բայց շրջակայ ազդեցիկ շէյխերէն մէկը կասկածելով Մարզպետի ծայրայեղ հայասրիւոեթէնէն՝ հետամուտ կ'ըլլայ ինքնութիւնը իմանալու: Մարզպաետ բարեկամի մը շնորհիւ վտանգը կռահելով, սուտ հիւանդ կը ձեւանայ եւ ատեն մը հիւանդանոցին մէջ ժամանակ կ'անցընէ, հոնկէ կ'ըլլէ դուրս դարձեալ իր ծրագրին նւորուելու համար, մինեչեւ որ օր մըձիարշաւի միջոցին, կատղած ձին բլուրէն վար կը գլորէ զինքը ջարդուփշուր ընելով, ու կը թաղուի թրքական ծէսերով եւ իսլամներու գերեզմանոցը...:

Ըսէ՛ ինծի, անգին ընկե՛ր, երբ ձին սանձակած քեզ կը գահավիժէր սեպ ժայռերէն վար, գիտէի՞ր թէ ազատութեան լոյսը պիտի ծագի շուտով, դարերով խաւարի մէջ կորած հայրենիքէն՝ ուր մեր վաղուան ամտաղ սերունդը ի զո՝ւր պիտի սպասէ քուկիններուդ վառած լոյսին:

Նարկիզ Քիբրիթճեան
«Ճակատամարտ», Կ. Պոլիս
Հինգշաբթի, 1 Մայիս 1919
Նոր Շրջան, Թիւ 143 (1964)