01 June, 2023

Ցեղակրօն Ուխտերու Առաջին Պատգամաւորական Ժողովը

Յունիս 1, Ուրբաթ երեկոյին բացուած է Ցեղակրօն ուխտերու առաջին պատգմ. Ժողովը Պոստոն, «Հայրենիք»ի սրահին մէջ: Պատգամաւորներ գացած են Միջին Արեւմուտքի եւ Նիւ Ինկլէնտի բոլոր հայաշատ կեդրոններէն: Հեռաւորութեն պատճառաւ պատգամաւոր ղրկած չէ Քալիֆորնիան:

Բացումի առթիւ ուղերձներ ըրած են մեծ թիւով ընկերներ եւ համակիրներ:

Ժողովի նախագահութեան պաշտօնը տրուած է ընկ. Գ. Նժդեհի:

Պատգմ. ժողովը տեւեր է երեք օր: Երրորդ օրը նուիրուած է թեքնիք աշխատանքներուն:

Իրաւասութիւններ ճշդող յանձնախումբի տեղեկագիրը ցոյց կուտայ թէ 24 Ցեղակրօն ուխտեր, 4 Հայորդիք մասնաճիւղեր եւ Ապրիլեան սաներ իրենց ներկայացուցիչներով կը մասնակցէին այս անդրանիկ համագումարին: 28 միաւորներ՝ 48 ձայներով: Իսկ մնացեալ 14 ուխտեր նշանակած են փոխանորդներ:

Այնուհետեւ հարց դրուած է Ցեղակրօնները պէտք է գործեն չեզո՞ք հողի վրայ, թէ պէտք է ընդունին Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը:

Մտքերու փոխանակութենէ յետոյ համագումարը ընդունեց որ յետ այսու մեր նորահաս երիտասարդներու կազմակերպութիւնը պիտի կոչուի Հ. Յ. Դ. Ցեղակրօն Ուխտեր: Ըստ այնմ ալ փոփոխութեան ենթարկուած է նախկին կանոնագիրը:

Համագումարը որոշեց հեռագրել Հ. Յ. Դ. Բիւրոյին՝ խոստանալով որ Ցեղակրօն Ուխտերը եւս պիտի քալեն Հ. Յ. Դաշնակցութեան գծած ճանապարհով՝ միշտ բարձր բռնելով մեր ազատագրական պայքարի դրօշակը:

«Ասպարէզ», Ֆրէզնօ
ԻԴ. Տարի, Թիւ 1619
Ուրբաթ, Յունիս 15, 1934

Ցեղակրօն Ուխտերու Համաժողովը

Խանդավառ մթնոլորտ եւ երիտասարդական եռուզեռ կը յատկանշէին Ամերիկայի Ցեղակրօն Ուխտերու առաջին համագումարը, որուն բացումը կատարուեցաւ ուրբաթ երեկոյ, յունիս 1, «Հայրենիք»ի ակումբին մէջ, ամէն կողմէ հասած եկսեռ պատգամաւորներու եւ բազմաթիւ ընկերներու եւ բարեկամներու ներկայութեան:

Սրահը զարդարուած էր հայկական գոյներով եւ վերտառութիւններով, որոնք Ցեղակրօն Ուխտերու հաւատամքը կը կազմեն – Յարգա՜նք Եռագոյնին, Ցեղին Արիւնը, Հայաստանի Անկախութիւնը: Քրիստափորի, Ռոսոտմի, Զաւարեանի, Արամի եւ ուրիշ մեծ ընկերներու նկարները դրուած էին պատշաճօրէն բեմին վերեւ եւ երկու կողմերը:

«Յառաջ Նահատակ» քայլերգը կը թնդացնէ սրահը եւ ժամը 9էն առաջ Հ. Կ. Խաչի Կեդր. Վարչութեան կողմէ Տիկին Ս. Տէստէկիւլ կը բանայ ժողովը, բարի գալուստի խօսքեր ուղղելով եւ աւելցնելով՝ «նոր սերունդը կ'ըսէ թէ մեր ցեղը մեռած չէ»:

Այնուհետեւ յաջորդաբար կ'երգեն, կ'արտասանեն եւ կը նուագեն հետեւեալները.- Պոսթընէն օր. Պերճուհի Փամպուքճեան (երկու երգ), ընկ. Վ. Տէր Բարսեղեան՝ «Մենակի յիշատակին» եւ «Մեզ պէս չապրիք» արտասանութիւնները, օր. Մէրի Թէրզեան՝ Հօյ նազանըմ, Ուոթրթաունէն, Ճօ Մարգարեան, Գեղամ Մարգարեան՝ կրտսեր, Սուրէն Սարաֆեան, Համազասպ Հերօեան, Վարդգէս Տէր Պօղոսեան խումբը դաշնակի եւ ջութակի վրայ՝ «Անդրանիկ» եւ «Զէյթունցիներ»: Տիթրոյթէն Գեղամ Գէորգեան՝ կտոր մը Քուչակէն, Նիւ Պրիթընէն Աշոտ Շահվերտեան՝ «Դէ տուր ինձ ձեռքդ»: Պրուքլինէն Վիգէն Պապաեան՝ «Բարձր սարերին» եւ «Զընկը զընկը ջան»: Նիւ Եորքէն Տիգրան Վարժապետեան՝ «Յարգանք գաղափարը հերոսներուն»: Տիթրոյթէն Յակոբ Մուրատեան՝ «Ես հայ տղայ մըն եմ»:

Կ. Կ.-ի ներկայացուցչին Խօսքերը

Ապա Հ. Յ. Դ. Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէին կողմէ ընկեր Ասատուր Խարեան բարի գալուստի խօսքեր ուղղելով, ի միջի այլոց ըսաւ թէ «1934 Յունիս 1-ը յիշատակելի օր մը պիտի մնայ: Հայ ցեղի առաքինութեան շարժումն է այս, որուն ամենամեծ կերտողն եղաւ ընկ. Նժդեհ»: (Ներկաները յարգանքի ցոյց կ'ընեն ի պատիւ Նժդեհի): Ընկ. Ասատուր յանուն Կեդր. Կոմիտէին պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց ժողովը:

Ընկեր Նժդեհի Ճառը

Իրեն յատուկ ոճով, առոգանութեամբ եւ գրաւիչ շեշտով ընկեր Նժդեհ կանգ առաւ մեր ազատական շարժման վրայ եւ ի միջի այլոց ըսաւ.

«Շատ յաճախ ներքին թշնամին աւելի վնասակար եղած է քան արտաքինը: Մեր ազատագրական թափը թուլացեր է, երբ ներքին եղեր է թշնամին: Եւ կէս դար է որ ներքին թշնամին մեղսակից կը դառնայ թուրքին: Անցեղաշունչ, աչքը դուրս ադ տարրը կարեւորութիւն չէ տուեր ներքին կապին: Հեռո՜ւ անոնցմէ: Թուրք մը գիրք մը գրեր է ֆրանսերէն լեզուով թէ հայը չունի ցեղային արժանապատուութիւն: Ես կը հասկնամ այդ:

«Ինծի համար անհասկանալի է ներքին թշնամին, որ խեղաթիւրելով ազգի մը պատմութիւնը, կը վտանգէ ազգին ապագան: Պատմութիւնը անարգող, մեր պատմական արժէքները ստորագնահատող տարր մը կայ այսօր: Այդ տարրը պարել կուտայ նոր սերունդին՝ երբ պէտք է պատարագել: Մինչ Դաշնակցութիւնը կ'ուզէ յաւերժացնել հայ տիպարը: Հայերն անկախութեան ցաւ ունին:

«Եթէ բռունցքի բարոյական չունիս՝ անբարոյական ես կենսաբանօրէն:

«Այսօր նորահաս սերունդն եկեր է իր մեծ խօսքը ըսելու: Երբ առիւծի կորիւնը հոգեւարքի մէջ է, առիւծը կը մռնչայ որ ան ապրի... Առիւծ դարձանք օտար հայրենիքներու համար... Սամսոն էինք, կոյր էինք եւ հիմա կը տեսնենք:

«Ինչո՞ւ ցեղակրօն: Ցեղակրօնութիւն ըսել է կրօնները, յարանուանութիւնները ձգել երկրորդ գծի վրայ: Ցեղը ամէն բանէ վեր: Ցեղը նախագոյ է Աստուծոյ նման: Եւ ցեղն է որ պիտի հաշտեցնէ երեք եղբայրները:

«Թուրքը շնագայլ է: Ա՛ն է մեր թշնամին: Այս սերունդը մինչեւ չպաշտէ ցեղը՝ չի կրնար սիրել մեր ժողովուրդը:

«Ամերիկայի մէջ ցեղակրօն շարժումը գտաւ իր հունը»:

Դրօշ եւ Հողային Նուէր

Ապա ողջունելով պատգ. Ժողովը, ընկեր Նժդեհ յայտարարեց թէ Հ. Յ. Դ. Ամերիկայի Կ. Կոմիտէն Ցեղակրօն Ուխտերուն կը նուիրէ Հայկական Եռագոյնը: Այս առթիւ աւելցուց. «Դրօշամարտի մէջ յաղթողը դրօշակիրն է»: (Բուռն ծափեր): Դարձեալ Սիրաքիւսէն տէր եւ տիկին Թոփուզեաններ ցեղակրօն ուխտերուն կը նուիրեն 25 էյքըր հող: (Բուռն ծափեր):

Ընկ. Ռ. Դարբինեանի Խօսքերը

«Հայրենիք»ներու խմբագիր ընկեր Ռ. Դարբինեան խօսք առնելով ըսաւ թէ ներ սերունդի շարժումի փուլերը երեք շրջանի կը բաժնուին. Ա. շրջան.– ջանքեր նոր սերունդը հայ պահելու. Բ. շրջան.– պայքար մեր ազգ. Արժէքներուն դէմ: Գ. շրջան.– Ցեղակրօն շարժումը, որուն փայլուն եւ շնորհալի կազմակերիչը եղաւ ընկ. Նժդեհ:

«Այս պատգ. Ժողովին կը մնայ կազմակերպել Ցեղակրօն մարմինները»:

Օր. Սիւզան Էլմասեանի «Անոյշ Գարուն» եւ «Հայաստան» երգերէն ետք ընկեր Նժդեհ յաջորդաբար խօսք տւոաւ հետեւեալներուն. Ընկ. Ճան Նարկիզ (անգլիերէն) Ահարոնեան Ակումբին կողմէ: Ընկ. Ս. Չթճեան՝ Նիւ Ինկլէնտի Շրջ. Գործադիրին կողմէ: Տոքթորներ Բարսեղեան, Թաշճեան, Թուզճեան, Պաղտոյեան անդրադարձան այս շարժման: Պր. Արշաճ Ֆէթվաճեան շեշտեց որ պէտք է «պանծացնել ցեղին հանճարը»:

Պր. Սաչաքլեան (Սիրաքիւս) քանի մը խօսք, եւ օր. Օզկասեան՝ (Փրովիտենս) երգ մը: Խօսեցան նաեւ Աշոտ Շահվերտեան (Նիւ Պրիթըն) եւ Խ. Յովհաննէսեան (Տիթրոյթ):

Խօսք տրուեցաւ նաեւ ընկերներ Օզանեանի, Համաստեղի, Վերածինի, Յովհ. Տէր Յովհաննէսեանի, Յ. Մանտալեանի (անգլիերէն), Գալ. Էյնաթեանի, Գար. Գաբրիէլեանի: Խօսեցան նմանապէս Շիքակոյէն Նազենի Իսպիրեան, Լօվէլէն օր. Արփինէ Տէր Մանուէլեան, Վօքէկընէն 12 տարեկան օր. Անահիտ Չատրճեան:

Տիթրոյթէն Տիգրան Մուրատեանի յատկանշական խօսքերը զուարթութիւն ստեղծեցին:

Ուոթրթաունէն Յակոբ Տէր Յակոբեան գողտրիկ երգեր երգեց:

Ընկեր Նժդեհի վերջաբանով ժողովը փակուեցաւ կէս գիշերէն ետք ուրախ եւ խանդավառ տրամադրութեամբ:

«Հայրենիք», Պոսթոն
26-րդ Տարի, Թիւ 6713
Չորեքշաբթի, Յունիս 6, 1934