09 June, 2023

Վահան Գարտաշեան

Ամերիկայի մէջ Հայ Դատի պաշտպանութեան մոլեռանդ մարտիկներէն եղաւ Վահան Գարտաշեան, որ մեռաւ շատ կանուխ, սրտի հիւանդութեամբ, 1934 Յունիս 9ին, Նիւ Եորքի իր բնակարանին մէջ: Գարտաշեանի մահով ամերիկահայ գաղութը եւ բովանդակ հայութիւնը կորսնցուցին արի, անկաշառ, յանդուգն ու հայրենասէր զաւակ մը, որուն կեանքը եղած էր համակ նուիրում մեր ժողովուրդին, մասնաւորապէս վերջին 15-20 տարիներու ընթաքին:

Ծնած էր Կեսարիա՝ 1883 Դեկտեմբեր 1ին: Զաւակն էր նիւթական համեստ միջոցներու տէր ընտանիքի մը: Հայրը շատ կանուխէն կը մեռնի: Մայրը եւ քոյրը կ'իյնան 1915 թուի տարագրութեան ճամբաներուն վրայ, իսկ մեծ եղբայրը՝ Կարապետ, կը մեռնի 1927ին, Ռումանիոյ մէջ: Գարտաշեան ընտանիքէն այսօր ոչ ոք մնացած է, բացի թերեւս, հոս-հոն, մօտաւոր մէկ-երկու ազգականներէ:

Վահան Գարտաշեան մօտ քսան տարի ապրեցաւ իր ծննդավայրին մէջ: Յաճախեց տեղական դպրոցները: 1890-1900, սորվեցաւ Ս. Պազիլ Ժէզուիդ ուսումնարանին, իսկ երկու տարի ալ ամերիկեան դպրոցի մը մէջ: Թուրքիան չէր գրաւեր զինքը: Ուստի, 1902ին անցաւ Ամերիկա եւ հաստատուեցաւ Նիւ Եորք: Երբ Ամերիկա եկաւ, ան արդէն ստացած էր միջնակարգ հիմնաւոր կրթութիւն: Բացի իր մայրենի լեզուէն, շատ լաւ գիտէր թուրքերէն եւ ֆրանսերէն: Բաւարար չափով ձեռք բերած էր նաեւ անգլիերէն: Բայց ատով չէր գոհանար: Կ'ուզէր ստանալ բարձրագոյն կրթութիւն:

Նիւ Եորքի մէջ կ'ամուսնանայ այրի ամերիկուհիի մը հետ եւ, իր աշխատութեամբ, մասամբ նաեւ իր կնոջ նիւթական աջակցութեամբ կը մտնի Նիւ Հէվընի (Քըն.) Եէյլի համալսարանը, ուր կը հետեւի իրաւաբանութեան: 1908ին յաջողութեամբ աւարտելով համալսարանի ընթացքը, կրկին կը փոխադրուի Ն. Եորք, կ'անցնէ նահանգային քննութիւն եւ, 1909ին, ընկերոջ մը հետ կ'ունենայ իր գրասենեակը: Շուտով ան աչքի կ'իյնայ ամերիկեան եւ միջազգային իրաւագիտութեան մէջ իր խոր հմտութեամբ: Դեռ ուսանող, գրած էր անգլ. լեզուով աչքառու հատոր մը՝ «Օսմանեան Կասրութիւնը 20րդ Դարուն» եւ գրքոյկ մը՝ «Համառօտ Մեկնաբանութիւնը Արեւելեան Հարցին» խորագրերով:

Իր գործակցութիւնը թուրք Դեսպանատան հետ.- Ամերիկայի թրքական Դեսպանատունը պէտք ունէր ձեռնհաս խորհրդականի մը: Գնահատելով Գարտաշեանի կարողութիւնները, Դեսպանատունը կը պայմանւորուի անոր հետ, որ մինչեւ 1914, կը դառնայ Ուաշինկթընի թուրք դեսպանատան եւ Նիւ Եորքի հիւպատոսարանի իրաւագէտ խորհրդականը: Թուրքիա անոր կը յանձնէ նաեւ Ամերիկայի Թրքական Առեւտրական Գրասենեակի նախագահութիւնը: Այս կերպով Գարտաշեան ստանձնած էր նաեւ Թուրքիոյ տնտեսական եւ ելեւմտական շահերու պաշտպանութեան ու զարգացման գործը:

1913ին այս պաշտօնով կ'անցնի Պոլիս, կը բանակցի Պոլսոյ Թուրք կառավարութեան հետ Ամերիկայէն կատարուելիք մեծ փոխառութեան մը եւ անոր յարակից խնդիրներու շուրջ: Խորհուրդ կուտայ Թալէաթին եւ ընկերներուն, յանուն երկրի շահերուն, բարեկամաբար գործակցիլ Օսմանեան կայսրութեան բաղկացուցիչ բոլոր տարրերուն հետ: Իր ճիգերը ի զուր կ'անցնին: Թուրքիոյ կողմէ Գարտաշեանի յանձնւած էր նաեւ Սան Ֆրանսիսկոյի համաշխարհային ցուցահանդէսին մէջ թրքական բաժինին կազմակերպումը, զոր յաջողութեամբ գլուխ կը հանէ:

Սկսած էր արդէն առաջին մեծ պատերազմը, որուն մէջ Թուրքիա եւս նետուած էր: Հետզհետէ լուրեր կը հասնին հայկական կոտորածներու եւ տեղահանութեանց մասին, որոնցմէ ազատ չէր մնացած Կեսարիան եւս: Գարտաշեան խորապէս յուզուած, կ'անցնի Ուաշինկթըն, կը ներկայանայ թուրք դեսպանին եւ, իբրեւ դեսպանատան խորհրդական եւ Թուրքիոյ բարձրաստիճան յանձնակատար մը, կը պահանջէ որ իր ընտանիքը ազատ ըլլայ տեղահանութենէ, մանաւանդ որ, Թուրքիա նախապէս յայտարարած էր որ, բանակին եւ կառավարութեան հայ պաշտօնեաներու ընտանիքները ազատ պիտի ըլլային ամէն կաշկանդումէ: Դեսպանը անտարբերութեամբ կը լսէ Գարտաշեանը եւ չուզեր որեւէ քայլ առնել զայն գոհացնելու համար: Համբերութիւնը սպառած, Գարտաշեան դեսպանին կը յայտարարէ որ, Թուրքերը բարբարոսներ են՝ զուրկ արդարութեան տարրական զգացումներէ: Եւ անոր երեսին կը նետէ Թուրքիոյ կողմէ իրեն տրուած բոլոր շքանշանները եւ վկայաթուղթերը: Այնուհետեւ թուրք դեսպանատունը Գարտաշեանի ռոճիկներուն մէկ մասը չի վճարեր, որուն համար ան կը ստիպուի դեսպանատան դէմ դատ բանալ:

Հայ Դատի պաշտպանութեան խնդիր.- Թուրք դեսպանատան հետ ամէն կապ խզելէ յետոյ, Գարտաշեան ամբողջապէս կը նուիրուի Հայ Դատի պաշտպանութեան գործին: Այլեւս ան ինկած էր իր բնական տարերքին մէջ: 1915-17, միս-մինակը կուտայ դասախօսութիւնենր ամերիկեան ակումբներուն մէջ Հայ Դատի մասին, որուն բոլոր ծալքերուն արդէն շատ լաւ ծանօթ էր: Յաջորդաբար կը հրատարակէ նաեւ տետրակներ հայկական հարցին նուիրուած: Երբ 1917ին Ամերիկա եկաւ Արմէն Գարօ, դարձաւ անոր անդաւաճան բարեկամը, խորհրդականը եւ երկար տարիներու գործակիցը:

Հայ Դատի պաշտպանութեան գործը ամուր հիմերու վրայ դնելու համար, Արմէն Գարոյի եւ Դաշնակցութեան հետ խորհրդակցաբար, Գարտաշեան, Նիւ Եորքէն ուրիշ հարենասէր Հայու մը՝ Աշոտ Թիրեաքեանի գլխաւորութեամբ, 1918ին հիմնեց Հայկական Փրէս Բիւրօն: Ինք դարձաւ անոր վարիչ-քարտուղարը եւ անդամակցութեան հրաւիրեց նաեւ խումբ մը ծանօթ Հայեր: Փրէս Բիւրօն դարձաւ Հայ Դատի պաշտպանութեան ծանր հրետանին, որ առաջին իսկ օրէն գործեց մեծ արդիւնաւորութեամբ: Անոր գլխաւոր մղիչ ուժը դարձաւ Գարտաշեանը: Եւ այնքան տարուեցաւ այս գործով, որ ոչ միայն լքեց իր այնքան շահաբեր մասնագիտութիւնը, նուիրեց իր ամբողջ ժամանակը անոր, այլեւ տարիներու իր խնայողութիւնը, աւելի քան 40,000 տոլար, տրամադրեց ընդհ. գործին: Հետագային Փրէս Բիւրոյին ընծայեցին նաեւ Աշոտ Թիրեաքեան, քանի մը բարեկեցիկ ազգայիններ, Դաշնակցութիւնը եւ վերջինիս համակիր զանգուածները:

Դեռ 1917ին, Գարտաշեան եւ իր գործակիցները մեծ յոյս ունէին, որ ամերիկեան կառավարութիւնը պատերազմ պիտի յայտարարէր Թուրքիոյ դէմ: Այդ յոյսը ի զուր չէր: Հաւաստի տեղեկութեանց համաձայն Պատերազմական Քարտուղարութիւնը ծրագրած էր, պատերազմ յայտարարուելու պարագային, անմիջապէս զինուորական կարեւոր ուժ մը փոխադրել Կիլիկիա: Բայց ամերիկեան կառավարութիւնը անուղղակիօրէն ծանր հարուած մը տուաւ հայկական հարցին, երբ չյայտարարեց պատերազմ Թիւրքոյ դէմ: Եւ ասոր բուն պատասխանատուները եղան Ճէյմս Պարթընը եւ իր գլխաւորած միսիոնարութիւնը, որոնք ամէն միջոցի դիմեցին՝ արգիլելու Նախագահը նման քայլ մը առնելէ: Եւ անոնք յաջողեցան իրենց նպատակին մէջ:

Կառավարութեան այս մեղկ եւ անհեռատես քաղաքականութեան դէմ շատեր արտայայտուեցան, եւ ամենէն առաջ նախկին նախագահ Թէոտոր Ռոզվէլթ: Վերջինս ոչ միայն ջերմ կողմնակից էր Թուրքիոյ դէմ պատերազմ յայտարարելու միտքին, այլեւ կ'ուզէր ինքը ամերիկեան կամաւորներու գունդ մը կազմել եւ զայն առաջնորդել Թուրքիոյ դէմ, յօգուտ Հայաստանի փրկութեան, ինչպէս ըրած էր 1898ին, Քուպայի մէջ, ընդդէմ Սպանացիներու: Պարթըն եւ ընկերները իրենց մեղքը քաւելու համար ստեղծեցին Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցը, որ գլխաւորաբար հայկական ջարդերը օգտագործելով դրամ հաւաքեց եւ զայն բաժնեց Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր ժողովուրդներուն, որոնց կարգին՝ նաեւ Հայերուն:

Գարտաշեան եւ իր գործակիցները զգացին որ Ամերիկա Թուրքիոյ դէմ պատերազմ չյայտարարելով, ոչ միայն կ'ազատէր Թուրքիան իր գործած ոճիրներուն փոխարէն արժանի պատիժը ստանալէ, այլեւ կարեւոր չափով կը պակսէր յոյսը Ամերիկայի կողմէ Հայկական Հարցի լուծման ընծայուելիք իրական աջակցութեան: Այս ծանր հարուածը գէթ մասամբ դարմանելու համար, Գարտաշեան ունեցաւ բազմաթիւ տեսակցութիւններ ականաւոր ամերիկացիներու հետ եւ, Գերմանիոյ նախկին դեսպան Ճէյմս Ճէրարտի նախագահութեամբ յաջողեցաւ կազմել Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Կոմիտէն (The American Committee for the Independence of Armenia):

Այս կոմիտէին կազմութիւնը եղաւ Գարտաշեանի մեծագոյն գործերէն մէկը: Կոմիտէի փոխ-Նախագահը եղաւ միջազգային համբաւով ծանօթ Չարլզ Սթիւըրտ Տէյվիսըն, իսկ ընդհ. քարտուղարը՝ Հէնրի Րոպըրթս: Ասոնցմէ զատ Կոմիտէին անդամակցելու իրենց հաւանութիւնը տուին 73 յայտնի ամերիկացիներ – Չարլզ Իվէնս Հիւգ, Ուիլտըմ Ճէնինկս Պրայն, Էլթըն Փարքըր, Էլիհու Րութ, Մէտիսըն Կրէնթ, Քլիվլէնտ Տաճ, Րապպի Սիթֆըն Ուայզ եւ բազմաթիւ նահանգներու կառավարիչներ: Համատեղութիւն մը ամերիկեան անուանի դէմքերու: Բայց վարագոյրի ետին Կոմիտէի իրական ոգին եւ շարժիչ ուժը եղաւ ինքը՝ Վահան Գարտաշեան:

Երբ պարտուեցան Կեդրոնական պետութիւնները եւ Թուրքիոյ անձնատուութեամբ կնքուեցաւ Մուտրոսի զինադադարը, Կոմիտէն հետամուտ եղաւ Հայաստանի վերաբերմամբ քանի մը հիմնական խնդիրներու լուծման.- ստիպելու ամերիկեան կառավարութիւնը պահանջելու Հայաստանի անկախութիւնը, համոզելու զայն՝ ստանձնելու անոր հոգատարութիւնը՝ գէթ մինչեւ 25 տարի, վերջապէս հասցնելու անմիջական օգնութիւն նորակազմ Հայաստանի կառավարութեան:

Դժբախտաբար Կոմիտէն իր այս ճիգերու ընթացքին հանդիպեցաւ լուրջ դժուարութիւններու: Նորէն ամերիկեան միսիոնարութիւնը, Պարթընի եւ ընկերներու գլխաւորութեամբ, դաւեր լարեց Հայաստանի դէմ: Պարթըն եւ ընկերները կ'ուզէին որ Թուրքիա պահէ իր հողային ամբողջութիւնը եւ Ամերիկա ստանձնէ ամբողջ Թուրքիոյ հոգատարութիւնը: Ծերակոյտին մէջ ամերիկեան երկու մեծ կուսակցութիւններն ալ դէմ էին որ Ամերիկա ստանձնէր Հայաստանի հոգատարութիւնը, թէեւ կողմնակից՝ Հայաստանի կատարեալ անկախութեան, ինչպէս նաեւ անոր ընծայելու ամէն աջակցութիւն՝ զօրացնելու համար նորակազմ Հայաստանը: Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Կոմիտէն զգալով դժուարութիւնները, առաջին իսկ օրէն հրաժարեցաւ Հայաստանի վրայ ամերիկեան հոգատարութեան իր առաջարկէն: Հակառակ իր ջերմ նուիրումին Հայաստանի Դատին, ինքը՝ Նախագահ Ուիլսըն, ակամայ գործեց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի վերաբերմամբ ծանր սխալներ, որոնք ճակատագրական հարուած տուին Հայ Դատին:

Գարտաշեան, Արմէն Գարոյի հետ գործակցաբար, աշխատեցաւ որ Հայաստանի կառավարութիւնը ճանչցուի Ամերիկայի կողմէ: Եւ ատիկա տեղի ունեցաւ 1920 Ապրիլ 23ին: Ամերիկեան կառավարութիւնը ընէ քսան միլիոն տոլարի փոխատուութիւն մը Հայաստանի կառավարութեան, ինչ որ գլուխ ելաւ երբ Քաջազնունիի պատուիրակութիւնն ալ այստեղ կը գտնուէր: Աշխատեցաւ որ Մերձ. Արեւելքի Նպաստամատոյցը լուրջ ուշադրութիւն դարձնէ Հայաստանի, որ Մերձ. Արեւելքի մէջ ամէնէն կարօտն էր անմիջական օգնութեան: Եւ եթէ վերջ ի վերջոյ չյաջողեցաւ լուծումը Հայաստանի Դատի, ատոր պատասխանատուն Գարտաշեան եւ ընկերները չէին, այլ մէկ կողմէն այս երկրի միսիոնարութեան ներքին խաղերը, Հայկական Հարցի քննութեան գործին մէջ ամերիկեան կառավարութեան ակներեւ դանդաղկոտութիւնը, ամերիկեան խումբ մը շահադէտներու ծուռ հաշիւներն ու գործունէութիւնը, եւ միւս կողմէն ու մանաւանդ Ռուսաստանի եւ դաշնակից պետութեանց դաւերը՝ սիրաշահելու Թուրքիան՝ յօգուտ իրենց շահերուն եւ ի վնաս հայ ժողովուրդին:

Լոզանի Դաշնագրէն մինչեւ իր մահը.- Գարտաշեանի գործունէութեան մէկ ուրիշ փայլուն էջը եղաւ այն հերոսական պայքարը, զոր ան մղեց Ամերիկայի մէջ՝ թոյլ չտալու համար, որ ամերիկեան Ծերակոյտը վաւերացնէ Լոզանի մէջ, 1923 Օգոստոս 6ին Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած Բարեկամութեան եւ Առեւտուրի Դաշնագիրը, որուն գլխաւոր պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ նախկին հայասէր Չարլզ Հիւզին վրայ: Այդ պայքարը տեւեց աւելի քան երեք տարի:

1923 Օգոստոսէն սկսած Գարտաշեան ամէն դուռ զարկաւ, ամենրիկեան եկեղեցիներէն մինչեւ ակումբները, դիմումներ ըրաւ Ծերակոյտի եւ Քանկրէսի բազմաթիւ ականաւոր անդամներուն, Համալսարաններու ուսուցչապետներուն եւ այլն, հանրային կարծիք ստեղծելու եւ զայն ուղղելու ընդդէմ Լոզանի դաշնագրին: Ինքը հրատարակեց կարեւոր գիրք մը եւ պարսաւագրեր ընդդէմ դաշնագրին՝ զայն ներկայացնելով անբարոյական գործ մը եւ ընդդէմ ամերիկեան ժողովուրդին լաւագոյն զգացումներուն: Եւ յաջողեցաւ իր ճիգերուն մէջ: Ծերակոյտը մերժեց վաւերացնել Դաշնագիրը: Բայց ինչ օգուտ: Ամերիկա արդէն ճանչցած էր Քէմալի կառավարութիւնը եւ ընդունած նաեւ արատաւոր անցեալի տէր անոր դեսպանը (Ահմէտ Մուխթար): Հայկական ջարդերուն առթած յուզումը շատոնց անցած էր եւ հայասիրական զգացումները վերջ գտած: Այլեւս օրուան խնդիրը դարձած էր Քէմալի կառավարութիւնը եւ անոր առաջ բերած յեղափոխական շարժումը:

Իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան Ամերիկայի ներկայացուցիչ, 1927 Օգոստոս 27ին Վահան Գարտաշեան ուղղեց յիշատակագրեր Դաշնակից պետութիւններու կառավարութիւններուն եւ Ազգերու Լիկայի Քարտուղարութեան՝ յայտնելով անոնց որ Հայաստան պահանջատէր է եւ իրաւացի սեփականատէրը այն հինգ նահանգներուն, որոնք ծանօթ են Ուիլսընեան Հայաստան անունով: Այդ քայլին նպատակն էր արգիլել Թուրքիան, որ Հայաստանի այդ մասին բնական հարստութիւններու շահագործման մենաշնորհը տայ որեւէ ընկերութեան: Ազգերու Լիկայի Քարտուղարութիւնը եւ Դաշնակից պետութեանց արտաքին գործերու նախարարութիւնները պատասխանեցին Գարտաշեանի գրութեան՝ առանց սակայն գործնական քայլեր առնելու:

1933 Սեպտեմբերին ալ, դարձեալ իբրեւ ներկայացուցիչը Հ. Հ. Պատուիրակութեան, Գարտաշեան ընդարձակ յուշագիր մը ներկայացուց Ուաշինկթընի Պետական Քարտուղարութեան՝ անգամ մը եւս անոր ուշադրութեան յանձնելով Հայկական Հարցի ամբողջ պատմութիւնը եւ պահանջելով որ Խորհրդային Միութեան հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ սկսելու պարագային, Ամերիկան դառնալով միջնորդը, Թուրքիոյ եւ Խորհրդային կառավարութիւններուն ընդունել տայ Հայաստանի անկախութիւնը, քանի որ դաշնակից պետութեանց ներկայացուցիչներու առաջարկով Միաց. Նահանգներու Նախագահ Ուիլսըն գծեց Հայաստանի սահմանները եւ Ուիլսընի յաջորդներն ալ որոշ պարտաւորութիւններ ստանձնեցին Հայաստանի հանդէպ: Այս յուշագիրը եւ այդ առթիւ իր ըրած բազմաթիւ դիմումները եւս ի զուր անցան:

Մօտ 18 տարիներու սրամաշ աշխատանքի, յուզումներու եւ յուսախաբութեանց հետեւանքով հիմնովին քայքայուեցաւ Գարտաշեանի առոջութիւնը: Ի զուր անցած էին իր հերքիւլեան ճիգերը, կորովի ու եռանդի անխնայ սպառումը: Հետզհետէ անսահման ատելութեամբ լեցուեցաւ ան ամերիկեան միսիոնարութեան եւ կարգ մը պետական գործիչներու հանդէպ, որոնք յայտնապէս մահացու հարուած տուած էին մեր դատին:

Իր գործի տարիներու ընթացքին երկու անգամ Գարտաշեան ստացած էր սրտի լուրջ տագնապ: Երրորդ հարուածը ստացաւ իր մահուանէն մօտ երկու շաբաթ առաջ: Դաշնակցութեան Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէի բոլոր ճիգերը ի զուր անցան փրկելու թանկագին կեանք մը: Եւ ան մեռաւ՝ շրջապատուած Դաշնակցական ընկերներէ, քանի մը մօտիկ գործակիցներէ եւ թաղուեցաւ Լոնկ Այլընտի (Ն. Ե.) Սիտըր Կրով գերեզմանատան մէջ:

Հաւատքի մարդ մը եւ աշխատանքի հերոս մըն էր Գարտաշեան: Իրաւունք ունէր դեսպան Ճ. Ճէրարտ, որ Լոզանի չարաշուք դաշնագիրը պարտութեան մատնելու առթիւ անոր կատարած ապշեցուցիչ աշխատանքին ի տես զայն նմանցուցած էր մէկ մարդէ կազմուած բանակի մը, որ շատ աւելին ըրած էր քան որ պիտի կրնար ընել բազմաթիւ ամերիկացիներէ կազմուած խումբ մը:

Հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամներէն Ծեր. Քինկի գնահատութեամբ, Գարտաշեան կրանիթեայ կամքով Հայ մըն էր, խորհրդանիշը հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ արդարութեան դատին: Ճիշդ է, չիրականացան անոր յոյսերը, բայց ի վերջոյ կը յաղթանակէ: Գարտաշեան արժանի է իր անմահ հայրերու յաւիտենական օրհնութեան:

Ամերիկեան կարեւոր թերթեր եւս – Նիւ Եորք Թայմզ եւ ուրիշներ – ջերմօրէն գնահատեցին Գարտաշեանի հայկական հարցին մատուցած ծառայութիւնները:

Բարձրօրէն զարգացած քաղաքական միտք մըն էր Վահան Գարտաշեան: Շատ լաւ ուսումնասիրած էր Մերձ. Արեւելքի եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը: Ըստ իրեն հայկական հարցի լուծումը հնարաւոր էր միմիայն Հայաստանի անկախութեամբ: Եւ ատիկա կրնար իրականանալ մեր ճիգերով եւ արտաքին ազդակներու աջակցութեամբ միայն: Եւ ատոր համար էր որ յամառօրէն կառչած մնաց անկախութեան տեսակէտին վրայ:

Գրաւիչ անհատակութիւն մըն էր եւ վարչական-կազմակերպչական փայլուն կարողութիւն մը: Եւ ասիկա կը խոստովանէին իր հակառակորդներն իսկ: Երբ Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Կոմիտէն կազմուեցաւ, Ամերիկայի Ազգային Միութիւնը անհրաժեշտ դատեց Կոմիտէին անդամակցութեան հրաւիրել նաեւ Չարլզ Հիւզը, որ այդ օրերուն նախագահն էր Ամերիկեան Բարձրագոյն Դատարանին: Յատկապէս այդ գործը գլուխ հանելու համար Միութիւնը Պոսթընէն Ուաշինկթըն ուղարկեց իր նախագահը՝ Միհրան Սվազլի: Վերջինս երկու շաբաթ Ուաշինկթըն մնալէ յետոյ Հիւզի երեսն իսկ չի յաջողիր տեսնել: Եւ ձեռնունայն կը վերադառնայ: Ի վերջոյ այդ պարտականութիւնը կը յանձնուի Գարտաշեանին, որ ոչ միայն ամիջապէս կը տեսնէ Հիւզը, այլեւ կը համոզէ զայն որ անդամակցի Հայաստանի Անկախութեան Կոմիտէին:

Լոզանի Դաշնագրին դէմ իր մղած պայքարի օրերուն, նամակի մը մէջ (1926 Օգոստոս 12), Գարտաշեան կը գրէր իր գործակից Ռ. Դարբինեանին, զոր մեծապէս կը գնահատէր.- «Մենք պէտք է գործենք, նորէն գործենք, նորէն գործենք: Ոչ մէկ պետութիւն ստեղծուած է դիպուածով: Խելացի ու յարատեւ ճիգեր անհրաժեշտ են տեղ մը հասնելու համար: Ցաւալի է որ մենք Հայերս իրողութիւնները կը տեսնենք տեղի ունենալէն ետք: Մենք չենք տեսներ զանոնք քիչ մը հեռուէն»: Եւ Գարտաշեան ի՛նքը եղաւ իր տարփողած գործի, աշխատանքի եւ նուիրումի փայլուն օրինակը: Ան ունեցաւ երեսունէ աւելի հրատարակութիւններ՝ Հայ Դատին նուիրած: Ամերիկեան կառավարութեան ներկայացուցած իր յուշագիրները, որոնք Հայ Դատի պատշպանութեան կոթողային աշխատանքներ են, մեծ մասամբ մտած են Ծերակոտյի եւ Քանկրէսի արձանագրութեանց մէջ:

Գարտաշեանի մահէն յետոյ անցած են աւելի քան երեսուն տարիներ ու դեռ չունեցանք անոր արժանաւոր յաջորդ մը:

Մերուժան Օզանեան
«Հայրենիք», Պոսթոն
66-րդ Տարի, Թիւ 15,903, 15,904