Ահաւասիկ մօրդ արցունքն
իմ ճակտիս,
Եւ իր աղերսն ու հեծեծանքը աչքերուս մէջ.
Ահաւասի՛կ զաւկիդ զարմանքն ու զարհուրանքը հոգիիս հետ՝
Եւ քե՛զ կուգամ քու մաքուր մահդ ողջունելո՜ւ...
Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
Ահաւասիկ մօրդ արցունքն
իմ ճակտիս,
Եւ իր աղերսն ու հեծեծանքը աչքերուս մէջ.
Ահաւասի՛կ զաւկիդ զարմանքն ու զարհուրանքը հոգիիս հետ՝
Եւ քե՛զ կուգամ քու մաքուր մահդ ողջունելո՜ւ...
Դժուար, գոնէ ինծի համար դժուար, թերեւս նաեւ անկարելի է «դիմանկարելօ այս կաղոտն գիւղացին, որ հիմա դարձած եղած է «ՄԵՐ ՔՐԻՍՏԱՓՈՐԸ», բայց զոր իր ժամանակակիցները կոչեցին կախարդ, մարդակերտ, ցեղակերտ եւ հայրենակերտ:
Երէկ՝ Հինգշաբթի, 18 Օգոստոս, առաւօտեան ժամը 9ին, Ս. Նշան Մայր Եկեղեցիին մէջ հանդիսաւոր շուքով տեղի ունեցաւ հանրային վաստակաւոր գործիչ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան անձնուէր ղեկավարներէն ընկ. Հրաչ Փափազեանի յուղարկաւորութիւնը, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Զարեհ Ա.ի:
Ընկերնե՛ր,
Ազատագրական շարժման առաջին յաղթանակը, արդիւնք տարիների չարքաշ աշխատանքի, անբաւ զոհերի եւ յեղափոխական արիւնոտ կռիւների, տարւած է.– Օսմանեան կայսրութեան մի ծայրից միւսը հնչում է Ազատութեան, Հաւասարութեան, Եղբայրութեան կոչը: Երէկեան Հանրաբանտը վերածւած է ազատաշունչ երկրի: Մռայլ, երկչոտ դէմքերի տեղ երեւում են բերկրալից աչքեր. լռութեան փոխարէն թագաւորում է շարում. ատելութեան ու քէնի աւերակների վրայ փչում է սիրոյ շունչը: Եւ ժողովրդական ամենադժբախտ խաւերն անգամ, սովոր ստրկի համակերպութեան, անտեղեակ ազատութեան՝ վայելքի, շարժւում, ծփում են ինչպէս փոթորկւած ալիքներ, նախանշանը քաղաքական աւելի երջանիկ օրերի:
Լեռնէն իջնելէն քանի մ'օր առաջ, մեր ընկեր Քեռին իր ընկերներով դաւադրութեամբ մը սպանւած էր Կուրավու գիւղին մօտ: Անդրանիկը լսելով այդ, իսկոյն խումբը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ դրաւ եւ յուլիս 16-ին, 35 ընկերներով իջանք Կուրավու գիւղ՝ գտնելու այդ ստոր դաւադրութեան հեղինակներին եւ զանոնք պատժելու: Գիւղին մէջ խումբը բաժանւած չորս դիրքերու վրայ՝ կը սպասէինք իրիկւան: Ամբողջ գիշեր ճամբայ էինք քալել եւ քնատ էինք: Ցորեկ ժամը 5 ½-ին լուր եկաւ, որ 80 հետեւակ զօրքեր գիւղ մտան: Գիւղի ռէս ատոնց համար պատրաստել կուտայ եկեղեցւոյ քովի տեղեր եւ հաց ու մածուն ղրկելով կը շտապէ հեռացնել զանոնք, որպէս զի տղայք չմատնւին: