12 September, 2019

Արշակ Ղազարոսեան (Սեպուհ)


Արժանաւոր զինւորներէն մէկն էր նա: – Վանեցի արհեստաւորի զաւակ՝ ծնած Պօլսոյ մէջ, 1880 թւականին: Կենտրոնական վարժարանը ուսումն ստանալէն վերջ՝ չորս տարի է վեր կը յաճախէր բժշկական վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալու երկու տարի մնացած էր: Յիշեալ վարժարան աւատելու գլխաւոր նոատակն էր՝ կառավարական պաշտօնով հաստատւիլ հայաբնակ գաւառի մը մէջ եւ այդ պատրւակաւ «գործի» պաշտօնեայ մ'ըլլալ: Խրոխտ նայւածքն ու քալւածքը իր կամքի ոյժը կը մատնէր, իր յաղթանդամ ու հուժկու կազմւածքը կը պարփակէր սիրտ մը բարի, սիրող ու զոհւող որով ծանօթներուն ու ընկերներուն համակրանքը գրաւած էր:

Իր ընտանիքի միակ յոյսն ու ապագայ մխիթարութիւնն ըլլալու զգացմունքը կրելուն հետ միատեղ՝ նա միշտ կ'ըսէր՝ «փոքր ընտանիքը մեծ ընտանիքին զոհաբերել պէտք է, եթէ այդ կը պահանջէ գործը»: Եւ զոհաբերութեան առիթը շուտով ներկայացաւ: 16 տարեկան հասակին մտաւ «Կամք» խումբին մէջ եւ շուտով անոր ամենալաւ գործիչներէն մին եղաւ: Մինչեւ իր եղեռնական մահը պատասխանատու գործեր ստանձնած ու երկու անգամներ ալ բանտ մտած էր: Բայց երրորդ անգամ բանտն անոր գերեզմանն եղաւ:

Սուլթանի մահափորձէն ետք, Պօլսոյ կազմակերպական գործերը վարող տեղական կօմիտէի անդամակցութեան կոչւեցաւ եւ 1905 սեպտեմբեր 4-ին, երբ կարեւոր գաղտնիքներ ու կեղծանուններ պարունակող նամակ մը կը փոխադրէր, Գարագէօյի կամուրջին վրայ, բազմաթիւ ոստիկաններ յանկարծակի յարձակւելով՝ կը բռնեն Սեպուհը եւ կ'առաջնորդեն բանտ: Կարեւոր թուղթ էր բռնածնին. հրճւեցաւ կառավարոթիւնը, կարծելով թէ Պօլսոյ կազմակերպութեան բանալին գտած էր: Եօթ օրւան բանտարկութեան մէջ, անլուր տառապանքներ, դժոխային չարչարանքներ – թրքական յայտնի տանջանքները չկրցան Սեպուհի յամառ կամքն ու կորովը տկարացնել: Ու գիշեր մը, բանտի խոնաւ նկուղներուն անկիւնը, խոր լռութեան ու խաւարի մէջ՝ երբ պաշտօնեաներ իրենց սադայէլական ու դժոխային հնարքներով անոր՝ յեղափոխական կնիքով կողպւած բերանէն բառ մը կորզել կ'ուզէին, Սեպուհ կատղած, փրփրած՝ յարձակեցաւ զինքը տանջող դահիճներու վրայ, որոնք սւինի հարւածներու տակ անողորմ կերպով նահատակեցին բանտարկեալը...
Հետեւեալ առաւօտ երիտասարդ զոհի սառած դիակը, այլանդակւած ու վէրքերով ծածկւած՝ մայր եկեղեցին յանձնւած էր: Եւ հէգ մայրն ու քոյրը, եւ անոնց հետ ընկերները կը համբուրէին գաղափարի զոհի նշխաները: Պարգեւ նրա երկաթեայ կամքին:

«Դրօշակ» - Սեպտեմբեր 1906
Թիւ 9 (175)