13 September, 2019

Յովսէփ Աստուրեան (Թոփալ Տէրտէր)


Հայ կաթօլիկ տարրը, մանաւանդ երիտասարդութիւնը ընդհանուր առմամբ, եթէ ոչ հակառակութեամբ, բայց մեղադրելի անտարբերութեամբ վերաբերւեցաւ հայկական վերածնութեան այս ճգնաժամին: Մեծամասնութեամբ սնած ու կեանքի մէջ մտած կրօնական խաւարակուռ Միաբանութիւններու առաջնորդութեան տակ, նւիրւած անձնական գծուծ շահերու, յառաջդիմելու ասպարէզ ընտրած պաշտօնէութիւնը,- հայ կաթօլիկ երիտասարդութիւնը, հայկական խնդիրը կարծես Լուսաւորչական հարցը ըմբռնելով, հեռո՜ւ հեռու՝ փախած է մարդկային պարտականութիւններու ամէնէն սուրբն ու նւիրականը կատարելէն: 

Մխիթարական է սակայն տեսնել, որ ասդիէն անդիէն անզուսպ հոգիներ, անկարող ըլլալով այդ փակ ու նեխած մթնոլորտի մէջ սնունդ գտնել, ուռճանալ, եւ արհամարհելով անասնացած դաւանակիցներու երեխայական նկատումներն ու հեգնութիւնները, իրենց ամբողջ ուժն ու կարողութիւնը բերեր միացուցեր են այն լծակին, որ կոչւած է հայ ժողովուրդը խեղդող կապանքները փշրել խորտակելու:

Եւ Յովսէփը, բնիկ տրապիզօնցի, այդ յարգելի բացառութիւններու շարքէն էր:

Յովսէփը մինչեւ 1895 սեպտեմբեր 26-ի կոտորածը մօտիկ համակրող մը կարելի էր համարել, բայց այդ օրէն սկսած դուրս եկաւ իբրեւ անվախ գործող մը: Այդ շրջանին մէջ տեղական գործերուն մատուցած ծառայութիւնը անգնահատելի է: 1896-ի ամառը՝ սիրով յանձն առաւ ցամաքային ճամբորդութիւն մը՝ գործի մը ուսումնասիրութեան համար, եւ անվտանգ կատարելիվ իր դժւար պաշտօնը, բերաւ նոյնպէս թարմ տեղեկութիւններ աւերւած խուլ վայրերու վիճակի մասին եւ այն տրամադրութեան՝ թէ ինչպէս զէնքի հակառակորդ ծերունիներ իսկ, այժմ սրբութեան պէս կը պաշտէին այդ գործիքը, որ ամէնէն թանկագին նեցուկը եղած էր այն դաժա՜ն օրերուն:

Յովսէփ ա՛լ անկէ վերջը նւիրւեցաւ զէնք, միմիայն զէնք հասցնելու գաղափարին. Ամէն օր ծրագրեր կը ներկայացնէր կօմիտէին: Վերջապէս 896 դեկտեմբերին նաւ նստաւ՝ ծովափնեայ վայր մը հանդիպելով շարունակելու իր ճամբան: Նաւը հազիւ Ռիզէ հասած էր, երբ ոստիկանութիւնը ձերբակալեց զինքը եւ խրկեց Տրապիզօնի բանտը.- մատնւած էր. իր դաւանակիցներէն մէկը, որ պաշտօնեայ էր թիւրք հիւպատոսարանին մէջ, իր Յուդայի մատը խաղցուցած էր, անցագրին մէջ իբրեւ «վտանգաւոր» նշան մը դնելով: Տրապիզօնի մէջ Յովսէփ հարցաքննութեան ենթարկւեցաւ, բայց այնպիսի ծաղրաշարժ պատասխաններ եւաւ, որ տեղական վարչութիւնը անկարող ըլլալով բան մը հասկնալու անոր ցուցմունքներէն, Պօլիս ճամբեց զինքը:

Քանի մը ամիս ետքը ներման հետեւանքով Տրապիզօն խրկւեցաւ եւ ազատ ձգւեցաւ: Արդէն նիհար եւ վատառողջ, բանտային կեանքն ու ցուրտ ձմրան թիւրք շոգենաւերով ճամբորդութիւնը անհետեւանք չմնացին. Յովսէփ թոքախտաւոր էր: Թոքախտա՜ւոր, ի՜նչ սոսճակի վիճակ յեղափոխականի մը համար... Կրել միշտ առողջ միտք, ունենալ գործելու անշեջ եռանդ, բայց մարմնի տկարութեան պատճառով չկրնալ իրական դեր կատարել. Ամէն վայրկեան խո՜ր, շա՜տ խոր զգալ, որ ինքը այնքն չի տար, որքան կը պահանջւի,- թրքական բանտային տանջանքներէն շա՜տ աւելի մաշող ու անտանելո դրութիւնն է ատ:

Ընկերները ինչ որ կրնային՝ ըրին իր առողջութիւնը վերականգնելու համար թէեւ ապարդիւն. բայց ինքը չէր կարող անգործ մնալ. կ'արհամարէր այն կեանքը, որ քաշնիքաշ պիտի վարէր լոկ իր անձի գոյութիւնը երկարելու համար: Աս ժամանակ Խ. գիւղը, ծնողներուն մօտ գնաց, բայց հոն ալ հանգստութիւն չկրցաւ գտնել: Ո՛չ ընտանեկան գուրգուրանքն ու խնամքը եւ ոչ ընկերներու սփոփիչ գրերը չկրցին մեղմել իր վիճակը. «գործ կ'ուզեմ»- այսպէս կը սկսէր իր նամակները.- «գործ կ'ուզեմ, մի թողուք որ շան պէս սատկիմ»- այսպէս կը վերջանային իր նամակները: Անգործութիւնը կը սպաննէր զինքը:

Անցեալ տարի, 1898-ի ձմրան, Յովսէփ անգամ մըն ալ դուրս ինկաւ մասնակցելու իր սիրած գործին, բայց այս անգամ ալ ջախջախւած վերադարձաւ տուն: Մահը ժամանակի խնդիր էր այլեւս. Օգոստոս 31-ին (հ.տ.) խաղաղ տրամադրութեամբ, միշտ երազուն ու անխռով սրտով, փակեց իր աչքերը միանգամ ընդմիշտ, եւ գնաց միացաւ իր պաշտած Եգիպտացիին, աւելցնելով երկու աչք ալ այն լուսաւոր աստղերուն, որոնք միշտ սեւեռուն հայեացքով անյագօրէն կը գիտեն թէ մնացողներն արդեօք ի՞նչպէս պիտի լուծեն անթիւ, անհամար զոհերուն վրէժը...

«Դրօշակ» - Օգոստոս 1899
Թիւ 7 (98)