1-ՀԵՂԻՆԻ ԿՌԻՒԸ
1904 թ. Յունւար 10-ին Տավրներ (Կէլիէկուզանի շրջանի
մէջ մի ագարական է, Կէլիէկուզանէն 1 ½ ժամ հեռու դէպի արեւելեան հարաւ) հաւար եկաւ
Իշխնձորէն՝ թէ միւտիր Քօռ Սլօն 15 սուարիներով եւ իր աշիրէթով եկեր է՝ Հեղին, Արտկոնք,
Ընկուզնակ եւ Իշխնձորը թալանելու: Վահանի եւ Անդրանիկի կարգադրութեամբ, խմբի անդամներէն
մի քանիսը՝ Գէորգ Չավուշի եւ Մուրատի ղեկավարութեան տակ՝ հոն օգնութեան կ'ուղարկւին:
Տղայք կը հասնին Իշխնձոր, ուր փախեր եկեր էր հեղնցի հարուստ հայ մը, Վարդան անունով,
եւ օգնութիւն կ'ուզէր հայ զինւորներէն իր պատիւը եւ կայքը ազատելու համար:
Այս Վարդան առաջ ոչ մի հաւատ չ'ունէր յեղափոխութեան վրայ
եւ կը մտաղէր սուլթանի հաւատարիմ հպատակ ձեւանալով՝ ապահովել զինքը: Դա մի ժամանակ
նոյնիսկ մատնիչ ճանչցւեցաւ յեղափոխականներու կողմէն, որոնք պիտի սպաննէին զինքը: Անգամ
մը Քօռ Սլօ յայտնի աւազակը Հեղին գնալով կը յափշտակէ յիշեալ Վարդանի 60 ոչխարը, 3 ձին
եւ 20 ոսկի դրամը: Այդ ժամանակ միայն կը համոզւի սուլթանի հաւատարիմ հպատակը, որ խաբւեր
էր իր հաւատքին մէջ եւ որ հաստն ու բարակը մէկ գին ունին: Եւ միակ միջոցը կը գտնէ յեղափոխականներուն դիմել եւ անոնց պաշտպանութիւնը խնդրել: Ասոր համար էր որ նա Իշխնձոր
եկած էր: Տղայք, առանց ի նկատի ունենալու Վարդանի հակայեղափոխական անցեալը, վեր կը
կենան գնալու Հեղին՝ աւազակը պատժելու համար: Երբ տղայք ճանապարհ կ'իյնանան քրդերը կ'իմանան
անոնց շարժումը եւ անմիջապէս կ'իմացնեն Քօռ Սլօյին: Սա Փուսուր կը փախչի՝ կառավարութենէն
ուժ ստանալու համար, որովհետեւ այդ ատեններ Տիգրանակերտէն Փուսուր էր եկեր 400 հոգիէ
բաղկացած մի գունդ զօրք:
Տղայք Հեղին հասնելուն՝ կը գրեն Քօռ Սլօյին, որ տարած
թալանը ետ դարձնէ: Նա կը մերժէ թալանը դարձնել եւ բագրանցի աշիրէթն ալ օգնութեան կըկանչէ
միեւնոյն ժամանակ նամակ մը կը գրէ տղայոց՝ թէ ինքն նպատակ չունի հայերու հետ թշնամանալու,
այլ կառավարութիւնն է որ այդ ընել կուտայ:
Ճիշդ այս ժամանակներ Հեղին կերթան նաեւ մի քանի ահարոնքցիներ,
որոնք նոյնպէս օգնութիւն կ'ուզէին տղաքներէն: Մի քանի օր առաջ քրդերը Ահարոնքի վրայ
էին յարձակւեր եւ սպաներ էին ինն հոգի հայերէն եւ փախցուցեր եօթ տարեկան մի աղջիկ:
Չարագործները բոլորովին ազատ էին բայց կառավարութիւնը համիդիական արդարադատութեամբ՝
եղած ոճրագործութեան համար իբր յանցաւոր ձերբակալած էր հայերէն 8 հոգի:
Երբ Սլօն զօրքեր ու քիւրդեր հաւաքած Հեղինի վրայ կուգար՝
տղայոց ոգեւորութիւնը սահման չունէր. կռիւը սկսաւ բայց յեղափոխականներու մօսինները
թոյլ չտւին թշնամիներուն առաջանալ. վերջինները պարտաւորւեցան շուտով ցրւիլ եւ քաշւիլ:
Այդ տեղի ունեցաւ յունւարի 17-ին:
Երբ թշնամիները քաշւեցան, տղայքն ալ չմնացին գիւղի մէջ.
իրենց հետ վերցնելով գիւղացիներուն եւ անոնց շարժական կայքը, անցան Անտկունք: Զինւորներէն
Պօղոս քանի մը ընկերներով մնաց Մեզրէ՝ Հեղինի գիւղը պաշտպանելու քրդերի յանկարծակի յարձակման
պարագային: Մի օր Մեզրէի մօտեր կ'երեւին մի քանի քրդեր, լրտեսելու համար այդ կողմերը.
ատոնցմէ մէկն էր Սալէհ անուն յայտնի ոճրագործը, որ սպաներ էր չորս հայեր եւ Սերոբի
մատնիչներուն միացած՝ մեծ դեր էր խաղացեր մատնութեան գործին մէջ. Պօղոս կ'իմանայ այդ
քրդերու ներկայութիւնը եւ յանկարծակիի բերելով՝ կը բռնէ երեքն ալ. կը սպաննէ Սալէհը,
իսկ միւսները ազատ կ'արձակէ: Այդտեղէն Պօղոս կ'անցնի Ընկուզնակ, ուր եկեր էին նաեւ
Մուրատ եւ Գէորգ Չավուշ:
2-ՅՈՒՆԱՆԻ ԿՌԻՒԸ
Յունւար ամսին Հրայր եւ Առաքել հինգ զինւորներով դաշտն
էին իջել՝ գործերը կարգադրելու եւ զինւորական խորհուրդ կազմելու համար: Կառավարութիւնը
իմանալով անոնց ներկայութիւնը՝ կը սկսի հետամուտ լինել զիրենք բռնելու: Սուրբ Սարգսի
պահոց առաջին օրերը՝ Առաքելը կը բաժանւի Հրայրէն եւ Յունան կ'երթայ չորս ընկերներով
այնտեղ մէկ-մէկ, երկու-երկու կ'ապրին հայոց տուները մի քանի օր: Փետրւարի սկզբին լուր
կը բերեն Առաքելին, թէ զինւորները պաշարեր են զինւոր Գրիգորը եւ Ջնտօն: Իսօն դուրս
կու գայ իմանալու համար թէ ինչ կ'անցնի կը դառնայ: Դուրսը նա կը նկատէ, որ զինւորներ
խոտեր վերցուցած կը տանեն տղայոց գտնւած տունը այրելու: Իսօն կը կրակէ հրացանը, որու
ձայնէն Առաքել եւ ընկերներն ալ դուրս կը նետւին տուներէն եւ կը յարձակին զինւորներուն
վրայ: Զինւորները փախչելով կը մտնեն Մեղրագետի թմբերուն տակ: Առաքել երկու հոգու դիրք
պահել կու տայ գիւղի աղայի տունը (քէօշկ), որ գիւղի մէջ ամենաբարձր շինութիւնն է, իսկ
ինքն միւս ընկերներու հետ թիւրք զինւորնեու ձիերը կը բերէ եւ քէօշկի տակ պատրաստ կը
պահէ: Թիւրք զօրքերը արդէն հաւարը ձգեր են ամէն կողմ, շուտով օգնութեան կը հասնի Նորշէնի
զօրքը: Կռիւը բաւական սաստիկ կերպարանք կը ստանայ: Կռւի ժամանակ մի զինւոր նեղ մնալով
տղայոց արձակած գնդակներէն՝ կը փախչի եւ կը մտնէ տուն մը. Իսօն կը նկատէ զայն եւ խոտ
կը բերէ այրելու զանիկայ տան մէջ: Տանտէրը, որ կնիկմարդ մըն էր, կը միջնորդէ եւ չուզեր
թոյլ տալ, որ Իսօն իր դիտաւորոթիւնը կատարէ, ճիշդ այն ժամանակ, երբ Առաքելի ձայնն ալ,
միւս կողմէն կը կանչէր Իսօյին, որ զինւորի մը համար ժամավաճառ չլինի, այլ կարգին դիրք
մը պահպանի, բայց կինը չի մոռնար զինւորին հրացան ու փամփուշտները առնելէն յետոյ միայն
արձակել:
Հրացաններու բերնէն արձակւող կրակը եւ վառօրդի հոտը՝ կ'արծարծէ
տղայոց կռւի եռանդը: Առաքելը հեգնելով թշնամիներու ուժը պոռալով կ'ըսէր. «Այդպէս
100-ով 200-ո՞վ կ'ուզէք մեզի հետ գլուխ ելնել, անիծածնե՜ր, լաւ գիտցէք, որ խաբւած էք»:
Իսկ կտրիճ Իսօն արծւի պէս կտուրէ կտուր կը թռչէր կռւելու
ժամանակ՝ դիրքերը պահելու համար: Երեկոյեան ժամը 5-ին կռիւը կը վերջանայ, տղաներուն
ոչ մէկ վնաս. թիւրքերէն կը սպաննւի մէկը եւ մէկ ալ կը վիրաւորւի: Երբ մշուշը կը թանձրանայ
դաշտին վրայ եւ մութը կամաց-կամաց կը տիրէ, մեր քաջերը կը նստին զօրքերէն խլած ձիերուն
վրայ եւ կը հեռանան գիւղէն: Կռւի ձայնէն շրջակայ գիւղացիներ եւ Հրայր՝ կը պատրատւին
օգնութեան հասնիլ, բայց տղայք արդէն հեռացած էին:
3-ՏԱՓԸՔԻ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Երբ Յունանի կռւի լուրը Տավրներ կը հասնի, Սեպուh, Սմբատ
եւ Ասատուր՝ զինւորները վերցնելով կ'ուզեն օգնութեան գնալ եւ կը հասնին մինչեւ Հաւատորիկ:
Անդրանիկն ալ մի ուրիշ խմբով մինչեւ Քոփ կու գայ նոյն նպատակով: Քոփի մէջ Անդրանիկ
կ'իմանայ, որ մի քանի տափըքցի քիւրդեր, որոնց գիւղն էր եղեր նախորդ գիշեր, մտադրւած
են եղեր սպանել զինքը: Ետ կը կանչէ Սեպուհը եւ անոր հետ միասին կը վերադառնայ Տափըք:
Այնտեղ կը հաւաքէ քրդերը եւ կը պահանջէ, որ անպատճառ իրեն յանձնեն իր դէմ դաւադրութիւն
սարքողը. քրդերը կը յանձնեն դաւաճանը որ կը սպաննւի անմիջապէս Անդրանիկի հրամանով:
Այնուհետեւ կը գրաւեն քիւրդերու քէօշկերը, 24 զէնք, 400 ոչխար եւ 100-ի չափ տաւար:
Իրենց սիրելի հերոսի կեանքի դէմ եղած դաւադրութեան լուրը առնլելով՝ Սէմալի, Շէնըքի,
Կէլիէկուզանի, Շուշնամերկի, Քօփի Կարմավի, Աղբիի, Իրիցունքի, Ալիանցիքի եւ ուրիշ գիւղերու
իշխանները իրենց զինւորներով, մօտ 300 հոգի, անմիջապէս Տափըք կ'իջնեն՝ յանցաւորները պատժելու. Բայց մինչեւ անոնց
հասնելը, պէտք եղած կարգադրութիւնը արեր էր Անդրանիկը: Կը կարգադրւի նաեւ, որ քիւրդերը
բոլորովին հեռանան Տափըքէն: Այստեղ հայերը քիւրդերու մօտ գտան իրենցմէ թալանւած եւ
տարւած շատ մը գոյքեր:
Տափըքի դաւադրութենէն մի քանի օր յետոյ, Տիգրանակերտէն
Սասուն կու գայ գունդ մը նոր զօրք: Գէորգ Չաւուշ նամակ կը գրէ Տավրներ եւ օգնութիւն
կ'ուզէ: Ատոր համար ալ Սմբատ մի քանի զինւորներով կ'երթայ կը միանայ անոր: Սմբատ երկար
չի մնար Ընկուզնակ, այլ կ'անցնի Տալւորիկ, որ շարունակ Բուսանաց քիւրդերու սարսափին
ենթակայ էր: Քիչ վերջ Գէորգ Չաւուշ ինքն ալ կ'երթայ Արտկոնք, ուր նոր զօրքեր էին եկեր.
իսկ իր տեղը Ընկուզակի մէջ կը թողնէ Մխիթարը: Գէորգ Չաւուշ այդ երեք դիրքերի վրայ կը
հսկէր շատ արթուն կերպով:
«Դրօշակ» - Յունւար 1905
Թիւ 1 (154)
4. ԼԱՃԸԿԱՆՑԻՔԻ ԿՌԻՒԸ
Դաշտին մէջ կազմւեր էին ջան-բէզարներու խմբեր, որոնք կը մտնէին հայերու գիւղեր եւ ամէն տեսակ նեղութիւններ կուտային բնակիչներուն: Այս անգամ լուր կը հասնի, որ անոնք մտեր են Քիւրդմէյտան (ասոր կողքին կը գտնւին հին Օղական ամրոցի աւերակները), Շէխլան, Ղըզըլաղաճ (Հրայր այս գիւղէն էր) գիւղերը եւ կաւերեն: Անդրանիկի, Վահանի եւ Հրայրի կարգադրութեամբ՝ Մուրատ երկու զինւորներով դաշտ կ'իջնէ մօտէն իմանալու այնտեղ կատարւածները, վերցնելու կամաւորներ եւ Տավրներ խորհրդի կանչելու պատասխանատու մարմինը: Մուրատ իր շրջանը կատարելէ յետոյ, Սասուն կը վերադառնայ, հետը բերելով քսան կամաւոր զինւորներ. զանոնք կ'ուղարկէ Տավրներ, իսկ ինքն կերթայ Շէնըք: Այդ ատեններ կառավարութիւնը եռանդով պրօպագանդ կ'ընէր թիւրքերու եւ քրդերու մէջ՝ յանուն իսլամութեան զէնք վերցնելու հայերու դէմ:
Մեծ պահքի վերջին օրերը, Տլավակեաժի հայեր իրենց բարեկամ քիւրդերէն կ'իմանան, որ թիւրքեր եւ քիւրդեր մտադրած են իրենց վրայ յարձակւելու. ատոր համար լուր կ'ուղարկեն Շէնըք եւ Տավրներ ու օգնութիւն կ'ուզեն: Կը կարգադրւի, որ Շէնըքէն, Սէմալէն եւ Ալիանցիքէն 15-ական զինւոր եւ շալակաւորներ վերցուցած (վտանգի կամ կռւի րոպէներուն գիւղի շարժական կայքը փոխադրողներ կը կոչւին շալակաւոր) Մուրատ երթայ Տլավակեաժցիները փոխադրէ. բայց մինչեւ որ Մուրատ կը հասնի, ուղիղ զատկի շաբաթ օր քիւրդերը ամբողջապէս կը սրբեն գիւղը, իսկ բնակիչները իրենց հետ տանելով կը բանտարկեն: Մուրատ օգնութիւն հասցնելու յոյս չունենալով, կը վերադառնայ Կէլիէկընման եւ այնտեղէն զինւորներ ու շալակաւորներ կը ճամբէ Կէլիէմսուրը դատարկելու, որ նոյնպէս թալանւելու վտանգի մէջ էր:
Կէլիէկընմանէն քիչ հեռու կը գտնւի քրդական փոքր գիւղ մը, ուր կը գտնւէր քիւրդ լաճըկանցի կոչւած աշիրէթի պետ Գալօ: Միեւնոյն օրն էր, որ հայերը Կէլիէմսուրը կը դատարկէին. Գալօն իր մօտը կը կանչէ լաճըկանցիներու, պատըկանցիներու եւ ուրիշ քիւրդ աշիրէթներու երիտասարդները, մօտ 500 հոգի, եւ պատրաստութիւններ կը տեսնէ յարձակւելու հայ գիւղերու վրայ:
Կէլիէմսուրէն հայերը իրենց հետ էին բերել նաեւ մի քրդացած հայ, Սէլիմ անունով, որ մի ժամանակ Տամատեանի զինւորներէն էր եղեր: Գալօն լուր կ'ուղարկէ Կէլիկընման հայ խմբապետներուն՝ վերադարձնելու յիշեալ քրդացած Սէլիմը. մերոնք կը մերժեն: Գալօն երկրորդ անգամ կը դնէ իր պահանջը եւ միեւնոյն ժամանակ կըսպառնայ բնաջինջ ընել Կէլիէկընման՝ եթէ Սէլիմը չվերադարձւի իրեն: Հայերը կ'ուղարկեն միեւնոյն մերժողական պատասխանը նաեւ կաւելացնեն, որ «եթէ կ'ուզէք կռւել, յիմարութիւն է ձեզ համար րոպէ կորցնել, մենք ձեզ կ'ընդունինք, ինչպէս որ պէտքն է»...
Մարտ 30-ին իրիկւան, ժամը 6-ին, Կէլիէկընման կը հասնի պատըկանցի Արթինի եղբօր տղայ Մանօ, որոնց ընտանիքը, տունն ու տեղը կը գտնւէր քիւրդերու մէջ: Քիւրդերը սրէ էին անցուցեր ամբողջ ընտանիքը եւ կողոպտեր տունն ու տեղը. Մանօն միայն կրցեր էր մի կերպ ազատւիլ. քիւրդերը անոր ետեւէն եկեր էին մինչեւ Կէլիէկընման: Մերոնք Մանօյի պատմութիւնը լսելէ յետոյ, կը վազեն գիւղէն դուրս, դէպի դիրքերը. քիւրդերու հրացաններու ձայնը գնալով կը շատնայ, դիրքերէն կը լսէր մերոնց պատասխանը: Մութը կամաց-կամաց կը կոխէր, ցուրտն ալ կը սաստկանար, երկու կողմէն բաւական հրացանաձգութիւնէն յետոյ, քիւրդերը կը քաշւին:
Առաւօտը բացւեցաւ, բերելով իր հետ արեան եւ վրէժի օրը: Լուսաբացին սէմալցի զինւորներու մէջէն քրդացած Սէլիմը կը յաջողի մի կերպ փախչիլ: Իսրօն մի քանի զինւորներու հետ վեր կը կանգնի զայն փնտռելու. երբ գիւղէն դուրս կուգայ, կը նկատէ, որ քիւրդերը արդէն եկեր եւ գիւղին մօտ, թփերի ետեւ, դիրք են բռներ. անմիջապէս կը կրակէ հրացանքը, եւ կռիւը կըսկսւի երկու կողմէն: Հրացաններու ձայնէն՝ Մուրատը գիւղի մէջ թողնելով Շէնըքի իշխանը, ինքը զինւորներով կռւի վայր կը թռչի. անոր նպատակն էր առաջին անգամ մի կերպ կռւի առաջն առնել: Բայց երբ կը տեսնէ, որ քիւրդերը արդէն գիշերանց պատրաստւած են եղեր յարձակւելու, Գալօն ալ թուրը ձեռք բռնած՝ սալավաթ տալով քրդերուն սիրտ կուտար եւ յառաջ կը քշէր, եւ մանաւանդ երբ կը տեսնէ Իսրօյի մարմինը արեան մէջ շաղախւած եւ անկենդան գետին ընկած, ալ կրակ կը կտրի. «Վրէ՜ժ ընկերներ, Վրէ՜ժ», կանչելով առաջ կ'իյնայ: Ընկերները տեսնելով անոր ինքնամոռացութինը, կ'ուզեն ետ կեցնել զայն եւ անոր փոխարէն իրենք կռւիլ. բայց անոր հոգու մէջ սկսւած փոթորիկը, նահատակ Իսրօյի վրէժը՝ անոր թեւեր էին տւած: Այդ ինքնամոռացութեան եւ արիութեան օրինակը շուտով կը վարակէ բոլոր ընկերները, եւ կըսկսի կատաղի կռիւը: Չնայած որ քիւրդերու բռնած դիրքերը աւելի լաւ էին քան մերոնցը, այսուհանդերձ քիւրդերը մէկիկ մէկիկ գետին կը գլորւէրին: Գալօ աղան ալ, որ հայերը ջնջելու երազներ կը տեսնէր, մուրազին չհասած զոհ գնաց ֆէդայու վրիժառու գնդակին: Շէնի քիւրդերը աճապարած էին Գալօյին օգնութեան հասնիլ: Շուտով կռւի տեղը կը հասնին նաեւ Իսօն, որ Սէմալէն կուգար եւ շէնըքցի Ղազար:
Տղայք նոր թափով մը կը յարձակին, կը քշեն քիւրդերը իրենց դիրքերէն եւ գնդակներու կարկուտի տակ կը փախցնեն. Քիւրդերը գիւղը կ'ապաստանին: Տղայք դէպի Գալօյի գիւղը կը յառաջանան. Կռիւը այժմ փոխադրւած էր մի ձորի մէջ. Սէմալի իշխան Մանուկ եւ պատըկանցի Արթին կը բռնեն երկու կողմի կաժերը (կաժ սասունցոց բարբառով կը նշանակէ գագաթ՝ բլուրի կամ լերան), որպէս զի քիւրդերու այդ կողմէն յարձակումը արգիլեն. իսկ Մուրատ կռւելով դէպի գիւղը կը յառաջանար. երբ նա արդէն գիւղն էր, կտուրներու վրայ ձայն տւեց ընկերներուն խոտ բերելու եւ գիւղը բնակիչներով հրդեհելու համար: Քրդերը տներու մէջ փակւած կը պոռային, կ'աղաչէին, որ իրենք անձնատուր կը լինին, իրենց խնայեն: Ատոր վրայ հայ զինւորները կ'ուզեն գիւղը մտնել զինաթափ ընելու զանոնք. բայց քրդերը ստելով, իրենց խոստման հակառակ, կրակ կ'ընեն, որմէ կ'ընկնի երկու տղայ: Այն ատեն Մուրատ առանց ժամանակ տալու քրդերուն՝ զինւորներով տներէն ներս կը մտնէ եւ կը կոտորէ, իսկ Կօտօյի Հաջին միւս կողմէն կ'այրէ գիւղը: Այս կռւի մէջ քիւրդերէն կը կոտորւի 41 մարդ, իսկ մերիններէ անոնք, որոնց մասին յիշւեցաւ արդէն: Քիւրդերէն վերցւեցաւ 17 հրացան:
Պէտք էր տեսնել այս կռւի ժամանակ Սասունցի կիներու ոգեւորութիւնը, որոնք հաց, ուտելիք, ռազմամթերք եւլն շալկած՝ կռւի տեղը կը տանէին եւ իրենց քաջալերական խօսքերով կը խրախուսէին կռւողները: Կռւից յետոյ Կէլիէկընման պարպելով, բնակչութիւնն ալ իր շարժական կայքով զինւորներու հետ կը քաշւի Շէնըք:
Այս կռւէն երկու օր վերջ, քրդերը յարձակեցան Ծովասարի Արդխու եւ Քորախու գիւղերու հայերու վրայ, տները այրեցին եւ կողոպտեցին. Տալւորիկէն Սմբատ օգնութեան հասաւ, բայց թալանի մի մասը միայն կարողացաւ վերադարձնել:
5. ՇԷՆԸՔԻ ԿՌԻՒԸ
Ապրիլ 6-ին (1904) Շէնըք-Սէմալի մէջ նամակ մը ստացւեցաւ Անդրանիկէն. նամակի մէջ ըսւած էր «Մուշէն երկու գունդ զօրք կուգայ. մէկը կը քալէ դէպի Հաւատորիկ, իսկ միւս մասը պիտի գայ Շէնըք-Սէմալի վրայ, պատրաստ կեցէ՛ք»: Շէնըք գտնւող ժողովուրդը ապահովութեան համար տեղափոխուեցաւ Սէմալ. գիւղը դատարկւեցաւ, բայց մերոնք դիրք դրած կըսպասէին: Առաջին փորձէն կառավարական զօրքը չկարողացաւ գալ Շէնըք, որովհետեւ բաւական շատ ձիւն եկած էր եւ գոցած ճամբաները. բայց ապրիլ 11-ին սուարիները (հեծեալ զինւոր), թւով 700 հոգի, մտան Շէնըք: Սեպուհ եւ Աւետիսն ալ Ալիանցիքի կողմէն Շէնըք հասան. մերոնք դիրքերից, իսկ զօրքերը գիւղի մէջէն սկսեցին կռիւը, որ տւեց 4 ժամ: Թիւրքերը տղայոց կրակի առջեւէն պարտաւորւեցան քաշւիլ կամաց-կամաց. մերոնք վրայ յարձակւելով քշեցին զանոնք մինչեւ Գալօյի գիւղը, նախորդ կռւի տեղը: Այս կռւի մէջ սպաննուեցաւ Ալիանցի կտրիճ Կիրօն. իսկ թշնամու կորուստը եղաւ 4 սուարի եւ քիւրդ սպաննւած, 13 հոգի վիրաւորւած եւ 7 հրացան կողոպուտ տրւած: Այսքան կորուստներ տալէն յետոյ, բնականաբար կառավարութիւնը ետ չպիտի մնար իր ծրագրէն, որով նա որոշել էր հայ տարրը ջնջել Սասունէն, ապագայ բարդութիւններու առաջն առնելու համար: Ատոր համար նա անշուշտ պէտք էր Սասուն ուղարկէր նոր եւ աւելի մեծ ուժեր: Մերոնք կը գուշակէին այդ, ուստի կռւէն յետոյ Սէմալ վերադարձան, կռւի նոր պատրաստութիւն տեսնելու եւ նոր ծրագիր կազմելու համար:
6. ՍԷՄԱԼԻ ԿՌԻՒԸ
Սէմալի ճանապարհներու վրայ նշանակւեցան զինւորներ՝ թշնամուն շարժումները դիտելու համար: Ապրիլ 12-ին, ցորեկւան ժամը 6-ին Սէմալ եկաւ Ս. Յովհաննու վանքի Առաքել վարդապետը, հետը բերելով պատրիարքական կոնդակը եւ սուլթանի իրատէն: Կոնդակը կը հրաւիրէր սասունցիները հնազանդ ու խաղաղ լինել եւ լսել սուլթանի հայրական (՞՜) կարգադրութիւններուն. իսկ սուլթանի իրատէն ներում կը շնորհէր բոլոր ըմբոստացող տեղացիներուն եւ ազատ ճանապարհ կուտար Սասուն գտնւող օտարական յեղափոխականներուն ետ դառնալու իրենց երկրները: Այդ օր Սէմալ եկաւ նաև Անդրանիկ: Վարդապետը վերադարձաւ առանց դրական պատասխան ստանալու: 94-ի դէպքերը բաւական ապացոյցներ էին հաստատելու, որ չի կարելի բնաւ թշնամու խոստումներուն հաւատալ եւ միշտ յիշեցնելու յեղափոխականներուն, որ այդ տեսակ բոլոր պաշտօնական բանակցութիւնները լոկ «պատրւակներ» են ժամանակ շահելու եւ պատասխանատւութիւնը վրայէն նետելու: Ատոր համար մերժւեցան կոնդակն ալ, իրատէն ալ:
Շէնըք ու Սէմալ Սասնոյ Շատախ գաւառի ամենամեծ գիւղերն են եւ կը գտնւին փոքրիկ սարահարթի մը վրայ, Շէնըք դէպի արեւմուտք, իսկ Սէմալ դէպի արեւելք: Սէմալի առջեւէն արեւելքէն արեւմուտք կտրելով կ'անցնի ջուր մը, ուրուն տեղացիներ Չայ կ'անւանեն: Չայի հարաւային կողմ անմիջապէս կը բարձրանայ շարք մը բլուրներ, որոնք Շատախը կը բաժնեն Սասնոյ միջին մասէն եւ որոնք կ'որոշւին Չայի գլուխ անունով: Շէնըքի կողմէն գետնի տափարակութիւնը աւելի կ'երկարաձգւի դէպի հարաւ. այդ տափարակի հարաւի վերջաւորութեան վրայ կը գտնւի ուրիշ գիւղ մը, Ալիանք կամ Ալիանցիք անունով:
Երբ Առաքել վարդապետ Սէմալի մէջ յեղափոխականներու հետ բանակցութեան մէջ էր, միւս կողմէն կառավարութիւնը ութ վաշտ զօրք բերած, բանակեցուցած էր Շէնըքի մօտ, ուր հաւաքւած էին նաեւ 3-4000 քիւրդ: Թշնամու միտքն էր բանակցութեան վերջանալուն պէս վրայ տալ. երկու մասի բաժնած էր իր ուժերը. մեծ մասը պիտի յառաջանար դէպի հարաւ, Ալիանքի վրայով անցնելու Բէրբէրի հովիտով եւ մտնել Կէլիէկուզանի հովիտը. իսկ միւս մասը պիտի յառաջանար դէպի արեւելք՝ Սէմալ, Չայն ու Չայի գլուխները անցնելով նորէն պիտի մտնէր Կէլիի հովիտը: Ատոր համաձայն ալ մերոնք բաժնեցին իրենց ուժերը: Անդրանիկը գնաց Տափըկի գիծը, Հրայր, Մարտիրոս, Սեպուհ, Աւետիս եւ Իսօն գնացին Ալիանքի գիծը պաշտպանելու, իսկ Մուրատ, Հաճին եւ Տօնօյի Մակար պէտք է պաշտպանէին Չայը եւ Չայի գլուխները (Մելներոս լեռ): Սէմալի ժողովուրդը կամաց-կամաց քաշւեց Կէլիէկուզան: Մենք պէտք է պատմենք նախ Ալիանքի կողմը անցած-դարձածները, ապա կը դառնանք դէպի Չայը:
«Դրօշակ» - Փետրուար 1905
Թիւ 2 (155)
Առաւօտը բացւելուն պէս՝ թնդանօթները սկսեցին որոտալ եւ ռումբերը պայթեցին Ալիանքի
շուրջը. շատերն ալ խրւեցան ձիւնի հաստ կեղեւի մէջ եւ մնացին առանց պայթելու: Ձիւնապատ
եւ սառած դիրքերէն ֆէդայու մօսինը իր բերանը թշնամիներուն դարձուց: Դիմացի ձիւնապատ,
սպիտակ տարածութիւնը սեւցած կ'երեւէր թշնամու անհամար շարքերէն: Թնդանօթներու բերնէն
թռչող առաջին ռումբերու հետ սկսաւ շարժւիլ դաշտի այդ սեւ ֆօնը: Երկարաձգւեցաւ, երբեմն
ամփոփւեցաւ եւ երբեմն բաժան-բաժան եղաւ, բայց զօրքերու կարգերը միշտ առաջացան, սուիններու
անտառը փայլեց եւ հրացանները միահամուռ կրակւեցին: Քրդերու բազմութիւնը ոչ կարգ կը
ճանաչէր եւ ոչ կանոն. թրերը մերկացուցած, հարայ-հուրայ տալով կ'առաջնորդէր բանակը:
Հայ ֆէդային չոքած ձիւնի եւ սառույցի վրայ, մօսինը կուրծքին սեղմած, թափեց գնդակներ
թշնամու վրայ. հրացանի բերնէն թռչող ամէն մի գնդակ իր սրտէն պոկւող մի-մի վրիժառու
սլաք լինէր կարծես, որ կ'երթար թշնամիներու կուրծքին մէջ մխւելու. իսկ վերեւ փողփողացող
դրօշակը մահ կամ ազատութիւն կը կանչէր: Սոսկալի էր կռիւը. թշնամու գնդակները կարկուտի
նման կը թափւէին եւ ջարդ ու փշուր կ'ընէին քար, հող, թումբ եւ կը սարսեցնէին լեռ ու
ձոր. բայց անսասան էր ազատութեան տենդով բռնւած ֆէդային, որ արագ-արագ գնդակներ կը
տեղաւորէր թշնամիներու սրտին մէջ, առանց ուշադրութիւն դարձնելու չորս կողմ վժվժացող
գնդակներուն եւ դէս ու դէն փշրւող, թափւող քարերուն ու հողերուն: Թշնամու կարգերու
մէջ հազիւ ժամանակ կը գտնւէր փոխադրելու դիակները: Թշնամին շատ յամառ կ'երեւէր. ոչ
մի զոհի առաջ նա միտք չունէր կանգ առնելու, միայն կը սեղմէր իր կարգերը եւ յառաջ կը
քալէր: «Մենք այսօր Կէլիէկուզան պէտք է առնենք, Անդրանիկ փաշան Տափըկն է, Գէորգ Չաւուշ
Իշխնձորն է», կը պոռային: Թշնամու անդադար առաջ խաղացող կարգերէն մերոնք պարտաւորւած
էին փոխել իրենց դիրքերը: Աւետիս, Իսօն, Մարտիրոս եւ Մոկացի Քեռին կը կռւէին Անտոքի
կողին վրայ. Հրայր, Սեպուհ, սէմալցի Կրպէն, Գէվօն եւ Մուշեղ որոշել էին անպայման կերպով
կտրել թշնամիներու առաջ եւ մեռնել կամ ետ քշել զանոնք: Անհաւասար ու կատաղի կռւին մէջ
կը վիրաւորի Սեպուհը, կը սպաննւի աղբեցի խոհեմ ու ճարտար Գէորգը: Հրայր տեսնելով Սեպուհի
վիրաւորւիլը, կ'երթայ ետեւէն զայն հետը վերցնելու. Սեպուհ կը կանչէ, կ'աղաչէ Հրայրին
թողնել զինք, չգնալ իր ետեւէն, իրենց պաշտպանութեան համար աւելի բարձր, ամուր դիրքեր
բռնել. բայց Հրայր չ'ուզեր անոր լսել ու կը պատասխանէ. «Կամ կը սպաննւիմ, կամ քեզ ալ
ազատելով հետս կը տանեմ»: Թշնամիէն եկած գնդակները աւելի ու աւելի կը հետեւին Հրայրին,
մինչեւ որ նա կ'ընկնի անոնց տարափին տակ: Վիրաւոր Սեպուհը կը համբուրէ անձնազոհ ընկերոջ
դիակը եւ կը հեռանայ սող տալով. քիչ վերջ նկատելով որ բաւական ծանր է իր ստացած վէրքը,
դաշույնը կը հանէ ու կը փորձէ սիրտը խրել, բայց ընկերները նկատելով այդ, կ'առնեն դաշոյնը
ձեռքէն եւ զինք ալ վերցնելով հետերնին կը տանեն: Մերոնք իրենց ուժերը կ'ամփոփեն Բէրբէրի
կիրճի բերանը, ուր թիւրք զօրքը կը կռւէր ամենամեծ թափով անցքը գրաւելու համար, որ իրենց
պէտք է տանէր դէպի Կէլիէկուզան: Աւետիս, Իսօն, Համզօն պինդ կերպով գոցեր էին կիրճի
բերանը. կռւի միջոցին մի սասունցի կին բարձր դիրքի մը վրայ կանգնած, կը կանչէ, կը խրախուսէ
կռւողներուն ասելով. «Հեթէ՜, տղէ՜ք, մալավա խպըտէ՛ք, Անթուան փաշէն Մճելնու դէն էկաւ,
Գէորգ Չաւուշ էկաւ Իշխնձորի կողմէ, տէ խըպըտէ՛ք, ձեր հոգուն մատա՜ղ, ըռօմ կոտրվաւ,
պավէմըն ժի խըպըտէք, ազգի հաց հալալ ըլնի ձի, հայ զինւորնե՛ր, որն որ պաշ չխըպըտի,
կնկտուս սաւան էնոր գլխուն թալենք, հալա դէ հալա, դէ հալա, ասկարէ ռօմ կոտրվաւ, հայոց
իմտատ շատացաւ»:
Երկար չանցնի. տղայոց անսխալ հարւածներէն կիրճի բերան զօրքը կանգ կ'առնի, գլուխը
կը կորսնցնէ եւ կը սկսի ետ քաշւիլ: Փողը յառաջանալու, յարձակւելու նշան կու տայ բայց
զինւորները ջարդւած ետ ու ետ կը նահանջեն. այն ատեն մերոնք վրայ կու տան, ահագին զօրքը
նախիրի նման առջեւնին առած կը հալածեն եւ շատերը ողջ-ողջ բռնած կը կոտորեն: Փախչող
զինւորներէն 41 հոգի չկարողանալով փախչել՝ աննկատելի կերպով կը պահւըտին ձեան հիւսի
մը տակ եւ կը սպասեն հայերու քաշւելուն, որպեսզի գնան եւ միանան բանակին: Կիրճի կռւին
մէջ ծնկներէն ծանր կերպով կը վիրաւորւի ախլցխացի Մատօն (Մարտիրոս). երբ որ ընկերներէն
մէկը կը մօտենայ անոր, թեւը կը մտնէ եւ կ'ուզէ դուրս տանել կռւէն, նա կը պատասխանէ.
«Դուք ինձնով մի զբաղւիք, յաղթութեանը նայեցէք դուք, յաղթութեանը. եթէ թշնամիներ գան,
ես կարող եմ զիս քարէ մը վար նետել»:
Այժմ տեսնենք, թէ ինչ վիճակի մէջ էին Չայի գիծը պահպանող մեր ընկերները: Հաճին
եւ Մակար Չայի գլուխներ դիրքեր էին բռնած, իսկ Մուրատ մի քանի ընկերներով մնացեր էր
ջրի ափերը՝ չթողնելու համար որ թշնամին ջրէն անցնի: Բայց զօրքը յանկարծակի կը յարձակի,
այնպէս որ Մուրատ ընկերներով ետ կը քաշւի յարմար դիրք բռնելու, երբ կը տեսնէ որ յարմար
դիրք չկայ, ձայն կու տայ ընկերներուն ետ դառնալ եւ անմիջապէս կը չոքեն ձիւնի մէջ եւ
կը սկսին կռւիլ: Թշնամու եւ անոնց մէջ տեղի տարածութիւնը կը լինէր մօտաւորապէս 60 քայլ:
Մօսիններէն արձակւած առաջին գնդակները գետին կը գլորեն թշնամիներէն մի քանիսը: Հաճին
ալ բլրի գագաթէն կրակ կը թափէ թշնամու վրայ. այսպէս թիւրքերու թափը կը կոտրւի եւ անոնք
չեն համարձակիր աւելի առաջ գնալ: Իրենց փոքր ուժի դէմ թշնամիների գնդի այդպէս անսպասելի
կերպով կասիլը՝ մեծ ոգեւորութիւն կը ներշնչէ տղայոց եւ Մուրատ ընկերներու հետ պար կը
բռնէ, ապա երգերով եւ կեցցէներով կը շարունակեն կռիւը մինչեւ ժամի 6-ը: Ժամը 7-ին Տափըկի
կողմէն Անդրանիկն ալ կը հասնի: Ինչպէս սկզբին թիւրքերն էին յանկարծակի բերած եւ ետ
քշած Մուրատն ու ընկերները, այժմ ալ կարգը մերոնց կու գայ փոխադարձաբար թիւրքերուն
ընել: Միացած ուժերով հայերը կը յարձակին թիւրք զինւորներու վրայ եւ կոտորելով կը հալածեն
մինչեւ Շէնըք, ուր տակաւին կ'որոտային թնդանօթները: Վալին, որ բանակի հետ եկած էր անձամբ
հրամայելու, տեսնելով որ զօրքը յաղթւած կը նահանջէ, ինքն ալ կը քանդէ վրանները եւ զօրքերը
հաւաքելով Մուշ կը վերադառնայ:
Յաղթութիւնը հայերու կողմն էր: Հայ զինւորներէն մի քանիսի ոգեւորութիւնը այն աստիճան
էր, որ հակառակ թանձրացող մութին, կ'ուզէին էլի յառաջ արշաւել՝ բանակի ետ մնացած մասերու
վրայ: Անդրանիկի կարգադրութեամբ բոլորը միասին հաւաքւեցան, վերցուցին Հրայրի եւ միւս
նահատակ ընկերներու մարմինները եւ եկան Կէլիէկուզան: Հանդիսաւ կերպով Հրայր թաղւեցաւ
Սերոբ-Աղբիւրի մօտ:
Այդ իրիկուն հայ զինւորները առհասարակ վերին աստիճանի աննախանձելի դրութեան մէջ
էին: Ամբողջ կռւի ընթացքի մէջ վերջին աստիճանի ջղային լարւած դրութիւնը, տեղացող կարկուտն
ու անձրեւը, քաղցածութիւնը՝ յոգնեցուցած էին բոլորը: Այդ կռւին մէջ մերոնցմէ ինկան
Հրայր, Մարտիրոս, Կրպէն, Աղբեցի Գէորգ, Կէլիցի երկու երեխաներ 10-11 տարեկան եւ պառաւ կին մը: Թշնամիէն սպաննւեցան 800-1000 հոգի, այնպէս որ, կռիւներու տեղերը եւ զօրքի
նահանջի ճամբան ամբողջապէս արիւնով ողողւեցան: Մերոնք գրաւեցին 53 մավզէր 3,000 փամփուշտով:
Կռւին մասնակցող ութ վաշտ զօրքը այսպէս էր բաժանւած.– երկու վաշտը կը կռւէր Չայի մօտ,
իսկ վեց վաշտը 3-4,000 քրդերու հետ կը յարձակէր Ալիանքի կողմէն: Կռիւը տեւեց արշալոյսին՝
ժամ 11-էն սկսած մինչեւ երեկոյեան ժամը 1-ը (ը. թ.): Թշնամին նոյն օր այրեց Շէնըք եւ
Սէմալ գիւղերը:
7. ՄԵՐԿԵՐԻ ԿՌԻՒԸ
Ապրիլ 14-ի առաւօտեան, ժամը 10-ին, 6-700 քրդեր եւ 2-300 զօրքեր յարձակւեցան Կէլիէկուզանէն
երկու ժամ հեռու գտնւող Մերկեր գիւղի վրայ: Մերոնք այդ օրը զբաղւած էին դատարկ փամփուշտները
լեցնելով: Մուրատ իր հետ վերցուցած մի քանի զինւորներ գնաց Մերկեր. բաւական կռւելէ յետոյ՝ թշնամին թողուց աւարը ու փախաւ: Այդ
օր կռիւը շատ թեթեւ անցաւ:
Ապրիլ 15-ի առաւօտեան, Գէորգ Չաւուշ իր ընկերներով եկան Իշխնձորէն: Գէորգը եւ Խաս
գիւղի Փոթորիկ քահանան, երբ նոր կը բացւէր արշալոյս, բարձրացան Բէրբէրի հովիտի վերեւ
եւ դիրք բռնեցին՝ ճիշտ այնտեղ, ուր նախորդ օր դիրք էին բռներ թիւրք զինւորները: Քիւրդերը
կառավարութենէն նոր ուժ ստանալով՝ երկրորդ անգամ փորձեցին Մերկերի վրայ գնալ, մերոնց
տեսնելով եւ թիւրք պահապանների տեղ ընդունելով
անոնց՝ կը բարեւեն, անոնց բարեւի պատասխանը կը լինի Գէորգ Չաւուշի գնդակը: Թշնամիներ
յանկարծակիի գալով կը կրակեն հրացանները. կռիւը կը տեւէ երկու ժամ. շուտով կը հեռանան
քրդերը՝ իրենց հետ տանելով մէկ սպանւած եւ մէկ վիրաւորւած:
8. ԻՇԽՆՁՈՐԻ ԿՌԻՒԸ
Ապրիլ 16-ին Խիանքի եւ Փուսուրի կողմէն եկած էր երկու վաշտ զօրք գոցելու համար
Իշխնձորի ճամբան, որպէսզի ժողովրդէն ոչ ոք չգայ գիւղէն գաւառ գնալու համար: Կռիւներու
սկիզբը դրւելէն իվեր՝ վտանգի եւ յարձակման ենթակայ գիւղերը կամաց-կամաց պարտաւորւած
էին քաշւիլ դէպի Սասնոյ կեդրոնական մասը՝ գաւառը: Այժմ կարգը եկած էր իշխնձորցիները
տեղափոխելու: Իշխնձորի մէջ, իբրեւ քաջ կռւողներ կը գտնւէին Մուշեղ, Ապրօն, Լեւոն, Մուկուչ
եւ Տէրտէրի տղանքերը. ասոնք մէկ կողմէն կը կռւէին եւ միւս կողմէն ժողովուրդը կը տեղափոխէին:
Թիւրք զօրքին միացած էր նաեւ Խուլբի բոլոր աշիրէթները: Կռիւը սկսելուն՝ հաւարը հասած
էր Տալւորիկ: Սմբատ, որ այդ ժամանակ Տալւորիկ կը գտնւէր, չկրնալով իր դիրքերը թողնել,
օգնութիւն կ'ուղարկէ Հլողինքի իշխաններին, Պալօյի Գէվօյին եւ Օսմանին: Ասոնք մի քանի
զինւորներով Իշխնձոր կը հասնին, կը բարձրանան Կապլորաքար եւ կը կռւին զօրքի հետ ճակատ
առ ճակատ. իսկ վերեւէն ալ ձիւնը առատ կերպով կը թափւի: Երբ Իշխնձորի ժողովուրդը կը
փոխադրւի եւ թշնամիները մութի պատճառով կը քաշւին, մեր կտրիճներն ալ կը վերադառնան
Տալւորիկ: Թշնամիներէն այդ օրը կը սպանւին 5 հոգի:
Ապրիլ 17-ին՝ Վահան նամակ էր գրած Տալւորիկ, Սմբատին, որպէսզի սա ժողովուրդը Կէլիէկուզան
փոխադրէ: Միեւնոյն ժամանակ թշնամուն դաշտի մէջ զբաղեցնելու եւ չթողնելու համար որ իր
ամբողջ ուժերը կեդրոնացնէ Սասնոյ վրայ՝ կը կարգադրէ որ Առաքել եւ Պօղոս հինգ ընկերներով
դաշտ գնան այնտեղ ալ կռիւներ սարքելու: Ասոնք երբ Կոփ կը հասնին, կը հանդիպին պալաքցի
քրդերու, որոնց հետ 1½ ժամ կռւելէն յետոյ, կ'անցնին դէպի դաշտ: Ապրիլ 10-ին պալաքցիներ,
Խութի քրդեր ու Մուսաբէգի եղբայր Ղասըմ իր աշիրէթով, ընդամէնը 2,000 հոգի, կը յարձակին
Կէլիէկուզանի մի թաղի վրայ, ուր կը կռւէր Մխիթար: Կռիւը կը տեւէ 3 ժամ: Քրդերը կը կորսնցնեն
8 հոգի եւ 8 հրացան: Այս անգամ կռւողներն էին մասնաւորապէս Ավօյի Կարապետ, Եղօ, Չաթօ-
շուշնամերկցի Առաքել, Գրգօ, քոփեցի Փուրթօ եւ մի քանի աղբեցիներ ու Կէլիէկուզանցիներ:
9. ԿԷԼԻԻ ԿՌԻՒԸ
Կառավարութիւնը իր ուժերը աւելի կը կեդրոնացնէր Սասնոյ մէջ. մինչեւ ապրիլի 18-ը՝
40 հազար զօրք հաւաքեց Սասնոյ շուրջը: Կառավարութիւնը որոշած էր մի վճռական յարձակումով
ջնջել սասունցիներու ուժը եւ լռեցնել բողոքի ամէն ձայն: Վտանգը անխուսափելի էր:
Անդրանիկ իր մօտ կը կանչէ բոլոր զինւորները եւ կը պատրաստէ ապագայ դիմադրութեան
ծրագիրը. Կէլիէկուզանի շուրջը կը նշանակէ դիրքեր, կ'որոշէ խմբապետներ ու անոնց օգնականներ
եւ ցոյց կու տայ թէ ո՛վ ի՛նչ դիրքի վրայ պէտք է լինի:
Չաթօն, Փուրթօն, Սրապիօն եւ մի քանի աղբեցի կտրիճներ կը բռնեն Տավրների վերեւ մի
աւերակ վանքի տեղը: Մխիթարի խոռը (կէտիկ) կը բռնեն՝ Մակար, Կարապետ, Եղօն: Մճելնի
(աղբիւր) գլուխը՝ Հաճին, զինւոր Գրիգոր, Օսէյի Ավէն եւ Կիրակոս: Կարմիր քարերը՝ Սարգիս
եւ Ղազար: Տալազարայ գլուխը՝ Մոկացին, Քեաթիպ Մանուկ եւ Ռէս Մանուկ: Բողնոցներ՝ Մխիթար,
Ջօռէ Օհան եւ մի քանի շէնըքցի, սէմալցի ու կէլիէկուզնցի կտրիճներ: Քէփրիշէրիֆ խան եւ
Աղլէզի քարերը՝ Գէորգ Չաւուշ եւ Անդրանիկ:
Բէրբէրի հովիտի բերանը՝ Աւետիս եւ Արամ: Ռաջալներ՝ Տիրացու Օհանէսի գոմը՝ Մուրատ եւ
կուրավցի Քեռին:
Ապրիլ 20.ին պէտք եղաւ ամրացնել նաեւ հետեւեալ դիրքերը.–
Ամպրների գլուխէն մինչեւ Շաշկայ-Մուշէն պաշտպանեցին՝ մուշեցի Սմբատ եւ փարկացի
Սարգիս: Շիրինակու արտերը՝ Անդրանիկ, Մուրատ եւ Աւետիս: Խտանայ կողմէն մինչեւ Փուշփուշի
տակը՝ Գէորգ Չաւուշ, Արամ, Սմբատ եւ մոկացի Գրիգոր:
Իւրաքանչիւր խմբի մէջ կը գտնւէր 10 կանոնաւոր հրացան, որոնցմէ 3-4-ը մօսին, մնացածները
բերդանկ. կանոնաւոր հրացաններուն կը միանար եւ չախմախլիով զինւածներ:
Թշնամին իր թնդանօթները աւելի կը մօտեցնէր եւ կը զետեղեր մերոնց բռնած դիրքերու
դիմաց: Թնդանօթաձգութիւնը երկու օր շարունակւեցաւ: Կռւի միջոցին Հաջին եւ զինւոր Գրիգոր
իրենց համար նշանակւած դիրքէն աւելի առաջ անցան եւ սկսաւ կուրծք կուրծքի կռիւը. մերոնցմէ
11 հոգի կը վիրաւորւին ու ետ կը քաշւին նշանակւած դիրքին մէջ: Թշնամու հրացանները քիչ
անգամ կը գործէին, բայց թնդանօթները երբէք չլռեցին, մեր դիրքերէն յայտնի չէ ո՞ր մէկի
վրայ 32 ռումբ արձակւեցաւ. Սէմալի եւ այս կռիւներուն 15 թնդանօթներ ընդամէնը 1,500
ռումբ թափեցին հայերու դիրքերու վրայ:
Կռիւն ու դիմադրութիւնը տեւեց մինչեւ ապրիլի 22-ը: Մերոնց փամփուշտը սպառւելու
կը մօտենար, ատոր համար չուզեցին երկար դիմադրութեան մէջ իրենց ամբողջ պաշարը սպառել,
մտածելով որ մնացածը աւելի նեղ օրւան համար հարկաւոր պիտի լինի: Ալուճակի մէջ որոշեցին
պարպել Կէլիէկուզանը, ուր հաւաքւած էր գիւղի բնակչութիւնը եւ դաշտ իջեցնել ժողովուրդը:
Զինւորներէն 100 հոգի, ժողովուրդը հետը վերցուցած, ուղեւորւեց դէպի դաշտ: Կէլիէկուզանի
շուրջը, դիրքերէն դիմադրութիւնը շարունակւեց, մինչեւ որ ժողովուրդը պարպւեցաւ:
Անդրանիկ, Վահան եւ Գէորգ Չաւուշ բարձրացան Կըռըշէկ այնտեղ շարունակելու կռիւը:
Իսկ Մուրատ, Սմբատ, Ֆարհատ, Աւետիս եւ անոնց հետ եղող զինւորները, ընդամէնը 115 հոգի,
ժողովուրդը անցկացնելէ եւ դէպի դաշտը ճամբելէ յետոյ, կ'ուղեւորւին ուրիշ ճանապարհով
մը դէպի դաշտ: Անոնց միացեր էին նաեւ թիւրք զինւորներէն 4 հոգի, որոնցմէ մէկը մասնաւորապէս
լաւ կը կռւէր քիւրդերու եւ զօրքերու դէմ:
«Դրօշակ» - Մարտ 1905
Թիւ 3 (156)
10. ՔՈՓԻ ԿՌԻՒԸ
Խումբը կը հասնի Ծովասարի տակ Բարձր-Աստուածածնայ աւերակ վանքը, ուղիղ կէսօրին:
Սմբատ, դրան վրայ պահպանութիւն ըրած ատեն՝ յանկարծ կը նկատէ, որ Տափըկի կողմէն մեծ
բազմութիւն մը կը յառաջանայ, հեռադիտակը պարզ ցոյց կու տայ, որ ատոնք թշնամու զօրքերն
էին. իսկ Քոփիի կողմէն ալ կը սկսի արշաւել քրդերու խումբը: Մեր տղերք երեք կէտերէ դիրքեր
կը բռնեն.– Սմբատ եւ Գրիգոր կը բռնեն Ծովասարի մօտ գտնւող մի գոմ. Ֆարհատ եւ Արամ կը
յարձակին Քոփիի կողմէն եկող թշնամու վրայ, իսկ Մուրատ եւ Աւետիս կը բռնեն Տափըկի կողմը:
Կռիւը շատ սաստիկ կը լինի: Մերոնցմէ կը սպաննւին կուրավցի Մխիթար եւ Համբօն, որոնք
մէկ հատիկ էին իրենց եռանդով եւ քաջութեամբ. կը վիրաւորւին Համզօ, մշեցի Արամ եւ խլաթցի
Համբարձում: Մերոնց դիրքերը անբաւական կը լինին պաշտպանւելու եւ թշնամիներուն ետ քշելու,
հարկաւոր կը լինի անպատճառ ջուրը անցնիլ եւ յարձակւիլ անոնց վրայ: Վերջապէս հազիւ յարմար
տեղ մը գտնելով – այնքան յորդառատ էր ջուրը – Աւետիս եւ Հաճի Գէվօրգ կը յաջողին անցնիլ
միւս ափը: Անոնց կը հետեւին եւ ուրիշներ: Ջուրը անցնողները դիմացի ափէն իսկ մնացողները
այս ափէն, թշնամուն առջեւը ձգած՝ կը սկսին խփել: Յանկարծ ետեւի կողմէն կը լսւին հրացաններու
ձայներ. Ծովասարի կողմէն եկող խումբ մը սասունցիներ էին ատոնք, որոնք իրենց հետ ունենալով
Կէլիէկուզանի Տէրտէրը, օգնութեան կու գային. մերոնք առաջին անգամ չեն կրնար զանոնք
ճանչնալ եւ թշնամիներու տեղ ընդունելով՝ հրացանները կը դարձնեն անոնց վրայ: Կերպով
մը կ'իմացւի, որ ատոնք օգնութեան եկողներ են եւ երբ կը հասնին՝ միացած ուժով կը սկսին
յառաջ քալել: Տղերք կը վերցնեն Մխիթարի եւ Համբօյի հրացաններն ու զէնքերը, Տէրտէրը
կը հաղորդէ զանոնք եւ բոլորը միասին ջուրը կը մտնեն դիմացը ափը անցնելու: Մութը կը
կոխէ. թշնամին թէեւ կը քաշւի բայց մերոնք ալ իրարմէ բաժնւած լինելով՝ չեն կարողանար
նորէն իրար գտնել: Աւետիս, որ մի քանի զինւորներով բռնած կը լինի Տափըկի ճանապարհը՝
անգամ մ'ալ չ'երեւնար. ուրիշ փոքրիկ խումբ մ'ալ անգիտակցաբար կը բռնէ տարբեր ուղղութիւն
մը. խմբի երրորդ եւ ամենամեծ մասը, որ բաղկացած կը լինի 70 հոգիէ, կ'որոշէ բարձրանալ
Կուռթըք լեռը եւ այնտեղէն իջնել դաշտ: Սմբատ կը պահէ խմբի ետեւի մասը:
Սպիտակ Կուռթըքը իր ձիւնապատ եւ սառցապատ փէշերը կը փռէր խմբի ոտքերուն տակ, իսկ
լերան կատարներէն փչող կատաղի հիւսիսը իր սարսուռը կը տարածէր խմբի մէջ: Մէկ կողմէն
երեք օրւան քաղցը, միւս կողմէն ցուրտ քամին, որ միայն ախնայ կերպով կը ծեծէր իր առջեւ
գտնւող մարմիններուն, կամաց-կամաց կը քաշէր խմբի վերջին ուժերը: Վերջապէս երկու հոգի,
սառած ու դադրած, ցած կ'ընկնին ճանապարհի վրայ. ընկերները կը վերցնեն հրացանները ու
կը շարունակեն քալել: Ամբողջ տաս ժամ լերան վրայ թափառելէն յետոյ, առաւօտեան, արշալույսին,
խումբը կը հասնի Սիմ լերան գագաթը՝ Ծիրնկատար: Անոր առջեւ կը տարածւէր նօսր մշուշով
պատած Մշոյ դաշտի ընդարձակ տարածութիւնը: Ցերեկով ցած իջնել՝ կը նշանակէր յայտնապէս
վտանգւիլ, որովհետեւ լերան սպիտակ ֆօնի վրայ կատարւող շարժումը դիմացէն դիտողի ուշադրութիւնը
պիտի հրաւիրէր: Այդ պատճառով, հակառակ լերան կատարի ծայրայեղ սառնամանիքին՝ խումբը
կ'որոշէ ցերեկը այնտեղ անցնել, մինչեւ մթնալը: Սմբատ եւ Կէլիէկուզանի Տէրտէրը կ'ուղարկւին
Հաւատորիկ հաց բերելու: Ճանապարհին անոնք կը հանդիպին երկու հաւատրիկցիներու, որոնք
անոնց մի քիչ ուտելիք տալէ յետոյ, կը յայտնեն, որ գիւղին մէջ կան 30 թիւրք զինւորներ:
Գիւղացիները տեղեկութիւններ ստանալով խմբի կացութեան մասին՝ անմիջապէս գիւղը կը վերադառնան
եւ իմաց կու տան խմբի գալը: Կը պատրաստեն բաւական մեծ պաշար ու կ'ուղարկեն խմբին: Մինչ
այս, մինչ այն սառնամանիքէն անկարելի կը լինի խմբին լերան կատարը մնալ ուստի նա կամաց-կամաց,
աննկատելի կերպով ցած կ'իջնէ, ձորի մը մէջ կրակ կը վառէ եւ կը սպասէ: Սմբատ ու Տէրտէր
հեռուէն նկատելով բարձրացող ծուխը՝ կը գուշակեն որ ընկերներն են եւ փոխանակ լեռը բարձրանալու,
ուր ժամադիր եղած էին եւ ուր բարձրանալը բոլորովին անկարելի էր դարձեր իրենց համար
իրենց քայլերը կ'ուղղեն դէպի ծուխը: Երբ որ ընկերները կը նկատեն զանոնք հա՜ց-հա՜ց պօռալով
յառաջ կը վազեն. անոնք կերպով մը կը հանդարտեցնեն իրարանցումի մէջ ընկած ընկերները
եւ յոյս կու տան որ շուտով կը ստանան իրենց ուզածը:
Վերջապէս քիչ ժամանակ անցնելէ յետոյ, հեռուէն, գիւղի կողմէն, կ'երեւին երկու շալակաւորներ:
Ատոնք հաց ու ուտելիք բերողներ էին: Տղայոց ուրախութիւնը անպատմելի էր... Կը բաժանւի
հացը եւ խումբը չորս օրւայ քաղցածութենէն յետոյ, ցամաք հացով փառաւոր ճաշ մը կ'ընէ:
Բայց սովածները մինակ իրենք չէին... ետեւը կային ուրիշ խմբեր, անոնք ալ հաց չունէին...
պէտք էր բաժիններէն մաս մը հաւաքել եւ անոնց ղրկել, որպէսզի քիչ մը ուժ առնեն, գան
իրենց հասնին, եւ տղերքը տւին... Մի քանի ժամւան մէջ պաշարը արդէն պատրաստ՝ կ'ուղարկւի:
Ետեւը մնացող տղերքը կը հասնին, բայց ի՜նչ... միօրւայ ճամբու տանջանքէն եւ ցրտէն գրեթէ
անճանաչելի եւ կմախք դարձած:
Խումբը այժմ կը գտնւէր Դաշտին մէջ:
Քոփի կռւին քրդերէն սպանւեցաւ 17 եւ վիրաւորւեցաւ 14 հոգի. Իսկ հայերէն գտնւեցաւ
մէկ սպանւած, մէկը ծանր վիրաւորւած, որ քանի մը օրէն մեռաւ, եւ երկու հոգի սառած:
11. ԿԸՌԸՇԻԿԻ, ԾՈՎԱՍԱՐԻ ԵՒ ԲԵՐԴԱԿԻ ԿՌԻՒՆԵՐԸ
Երբ կռւողներու մէկ մեծ մասը ժողովուրդի հետ կ'ուղեւորւի դէպի Դաշտ, Անդրանիկ,
Վահան եւ Գէորգ Չաւուշ Սասուն կը մնան, աննւաճելի լեռները, շարունակելու անհաւասար
կռիւը: Անդրանիկ եւ Մակար կ'ամրանան Խիպու քարի վրայ. իսկ Գէորգ, Իսօն կը բռնեն Սխտոր
քարի տակը: Ապրիլ 22-էն մինչեւ մայիս 1-ը՝ մեր խմբապետները լերան արծիւներու նման մի-մի
քարի վրայ թառած, իրենց տալւորիկցի եւ իշխնձորցի քաջարի զինւորներու հետ՝ կը շարունակեն
կռիւը փոխադարձ յաջողութիւններով:
Մայիս 2-ի կռիւը կը փոխադրւի Ծովասարի կողմը. թշնամին անգամ մ'ալ կը բերէ թնդանօթները
եւ կը փորձէ ըմբոստ լեռներուն դէմ: Բայց անյաջող:
Երբ որ մեր զինւորներնու խումբը Դաշտ կը հասնի արդէն, Առաքել, Պօղոս եւ մի քանի
ընկերներ կը զետեղւին Բերդակ գիւղին մէջ: Կառավարութիւնը թշնամուն յատուկ հոտառութեամբ,
կ'իմանայ անոնց ներկայութիւնը եւ 300 զօրքով կը պաշարէ գիւղը: Կը սկսի խուզարկութիւն
եւ թալան: Մերոնք դուրս կը նետւին տներէն եւ կռիւը կը սկսի: Բերդակցի հայ զինւոր մը,
Անդրիկ անունով, երբ կը լսէ կռւի ձայնը՝ դուրս կը նետւի իր տնէն եւ ճակատ առ ճակատ
կը պատահի մի զինւորի. Երկուսն ալ կ'ուղղեն հրացանները միմեանց կուրծքին, բայց նոյն
վայրկեանին վրայ կը հասնի Անդրիկի կինը, կը յարձակի զինւորի վրայ եւ բռունցքի հարւածներով
կը ծածկէ անոր գլուխը, ակնթարթի մը մէջ կը խլէ հրացանը ձեռքէն եւ կը սկսի կոթով հարւածներ
իջեցնել անոր կուրծքին: Թիւրքը գլուխը կորսնցուցած, չի կարող հաշիւ տալ իր հետ կատարւածի
մասին, եւ տղացող հարւածներու առջեւէն կրնկի վրայ յետ-յետ կը քաշւի ու կը ծիծաղի իր
անսահման քաջութեան վրայ, որ ազատւեց մի կնոջ ձեռքէն: Երբ կը տեսնէ որ հրացան ալ կորսւած
է իր համար, կը կանչէ հեռուէն եւ կ'ըսէ. «Եիտի թանէ ֆիշէնկ վար իչինտէ» (եօթ հատ փամփուշտ
կայ մէջը):
Հրացանաձգութեան ձայները լսելով՝ Արաղէն, Առաքելոց վանքէն եւ Հաւատորիկէն զօրքեր
կու գան օգնութեան: Կռիւը կը տեւէ մինչեւ մութ կոխելը: Մերոնք կը վերցնեն զօրքերէն
խլած փամփուշտ, դիտակ եւլն ու լեռը կը բարձրանան: Որովհետեւ խումբը բաւական մեծ էր
գիւղերու մէջ աննկատելի լինելու համար, կը բաժանւի երկու մասի: Մէկ մասը կ'երթայ Մկրագոմ՝
Տէրտէրի, Սմբատի, Պօղոսի եւ Արամի առաջնորդութեամբ:
«Դրօշակ» - Ապրիլ 1905
Թիւ 4 (157)
12. ՄԿՐԱԳՈՄԻ ԿՌԻՒԸ
Օր մը գիւղին կը մօտնան խումբ մը թիւրք զօրքեր: Ռէսը անոնց դիմացը կ'ելնէ իմանալու
համար, թէ ի՞նչ նպատակով է իրենց այցելութիւնը: Նպատա՞կ... մի խումբ թիւրք զօրք հայ
գիւղ մը մտնէ ի՞նչ հարկաւոր է նպատակը հարցնել, պէտք է ուտէ, խմէ, թալնէ, թափէ, ընտանիքի
սրբութիւնը ոտնակոխ ընէ եւ անցնի գնայ:
Խումբէն կը բաժնւին քանի մը զօրք՝ գիւղը գնալու եւ իրիկւան քէֆի համար պատրաստութիւններ
տեսնելու: Յանկարծ գիւղին մէջ հրացաններ կը պայթին եւ գնդակները կը թռչին դէպի մօտեցողները:
Թշնամին անմիջապէս դիրքեր կը բռնէ ու կը սկսի պատասխանել: Խմբի ձիերը հրացաններու ձայնէն
խրտչելով բոլորն ալ կը փախչին եւ գիւղը կը թափւին: Սմբատ կը վերցնէ ձիերէն երկուսը
եւ երկու ընկերի տալով կ'ուղարկէ Կարս՝ կռւի լուրը Մուրատին հաղորդելու: Կռիւը կը տեւէ
մինչեւ իրիկուն: Երեկոյեան հեռուէն կը նկատեն առաջացող մեծ բազմութիւն մը. երբ բազմութիւնը
բաւական կը մօտենայ, անոնց մէջէն որոշ կերպով կը լսւի ձայներ՝ «կռւեցէ՛ք տղերք, կռւեցէ՛ք,
հա՛ հասանք»: Ասոնք պալաքցի քրդերն էին, որոնք հայերէն խօսելով կ'ուզէին սխալեցնել
մերոնք, իրենց օգնութեան եկողներ կարծել տալով եւ յանկարծակի կերպով պաշարելով: Բայց
շուտով կը պարզւի անոնց կեղծիքը: Տղայք կը սկսին անխնայ կրակ թափել մօտեցողներուն վրայ:
Միւս կողմէն ալ գիւղէն դուրս կու գայ տղաներէն մաս մը եւ դիրք կը բռնէ գիւղին շրջակաները:
Երբ մութը բոլորովին կը կոխէ, գիւղի մէջ մնացողներն ալ դուրս կ'ելնեն եւ բոլորը միասին
կը հեռանան գիւղէն: Խումբը կ'որոշէ Յունան գնալ, որովհետեւ յարմարութիւն չկար Մեղրագետի
հարաւային ափը անցնելու, ուր աւելի ապահով կը լինէին: Այդ դիտաւորութեամբ, երբ Յունանի
ճամբան բռնած ուղիղ արեւմուտք կ'երթան՝ յանկարծ գետի ափին մօտ աղմուկ մը կը լսեն. դա
նորշէնցի հայ մ'էր որ տոփով (լաստ) միւս ափը կ'անցնէր իր արտերը աչքէ անցնելու: Տղերք
ձայն կու տան գիւղացուն, որ կու գայ եւ իր տոփը սիրով կը դնէ տղայից տրամադրութեան
տակ: Քիչ վերջ խումբը դիմացի ափը կ'անցնի եւ կը բռնէ Ալվառինճի ճամբան:
Մկրագոմի կռւին մէջ թիւրքերէն կը սպանւին մէկ յիսնապետ եւ 11 զինւոր. իսկ մերոնցմէ
ոչ մէկ կորուստ:
Այդ միեւնոյն օրը Խասգեղի մօտերը կը սպաննւին զօրքերէն երեք հայ հօտաղներ, որոնց
մարմինները ժողովուրդը կը վերցնէ կը դնէ եկեղեցին: Պատահաբար այդ օրը գիւղը կու գայ
անգլիական հիւպատոսը եւ անձամբ կը տեսնէ երեք անմեղ զոհերը:
13. ԴԷՐԸՔԻ (Աշտիշատ) ԵՒ ԿՈՒՐԱՎՈՒ ԿՌԻՒՆԵՐԸ
Դէրըքի մէջ կը գնտնւէին հայ զինւորներէն 4 հոգի. քրդերը կ'իմանան այդ եւ կ'երթան
գիւղացիներէն կը պահանջեն անպայման կերպով: Մերոնք պարտաւորւած կը լինին կռւելով դուրս
քշել զանոնք գիւղէն: Մութը կոխելուն երբ կը հեռանան, ճանապարհին կը հանդիպին Քեռիին,
որ կռւի ձայնն առած Կուրավույէն օգնութեան կու գար: Հետեւեալ օր քիւրդերը կը փորձեն
երէկւան կռւին վրէժը անզէն եւ անպաշտպան գիւղացիներէն լուծել, կը յարձակին գիւղին վրայ
եւ կը սկսին թալնել. կը սպաննե նաեւ 8 հայեր:
Քեռին նորէն կը վերադառնայ Կուրավու: Բայց այնտեղ նկատելով, որ չի պիտի կրնայ ապահով
լինիլ կառավարութեան եւ քիւրդերու հետապնդումներէն՝ գիւղացիների խնդրանքով իր համար
կը փնտռէ մի ուրիշ աւելի յարմար տեղ: Մուրատ գետի ափին սարքել կու տայ գետնափոր մը
եւ հոն կը մնայ ժամանակ մը իր 6 ընկերների հետ. ո՛չ ոք չէր գիտեր Քեռիի նոր թաքստավայրի
մասին՝ բացի գիւղէն հաց բերողէն: Մի օր երբ դուրս գտնուած ընկերներէն մէկը կ'ուզէ ներս
մտնել՝ կը նկատւի թիւրք զինւորներէ: Թիւրքերը կու գան գետին ափը, ուր կ'աշխատի եղեր
իր արտին մէջ գիւղացի մը. այդ արտին բոլորովին մօտիկ մի տեղ դրւած կ'ըլլայ ցաք, վեր
կը վերցնեն այդ ցաքը եւ տակը կը տեսնեն գետնափոր մը: Գետնափորի եզերքին զինւորներ կ'երեւին
թէ չէ՝ ներսէն յանկարծ կ'արձակւին միանգամէն եօթն հրացաններ. զօրքերը կը պաշարեն գետնափորի
անցքը եւ կը սկսին գնդակներ տեղալ ներս: Այնտեղ կը սպաննւի Քեռին իր 6 ընկերներով:
Թիւրքերը կը վերադառնան գիւղը, եւ կարծես սիրտ առած իրենց թափած արիւնէն՝ կը սկսին
համարձակապէս ծեծել հայհոյել եւ թալնեն գիւղացիները – խընզըր կեավուր, ֆէդայի սաֆլաեա
պիլի՞րսիզ – խոզ հայե՛ր, ֆէդայի պահել կ'իամանա՞ք, ըսելով:
14. ՍԲԱՂԱՆԱՑ ԵՒ ԳՈՄԵՐԻ ԿՌԻՒՆԵՐԸ
Վահան երեք զինւորներով քաշւեր էր Սբաղանայ սար: Անդրանիկ նամակ կը գրէ Գէորգ Չաւուշին,
որ Վահանը վերցնէ եւ դաշտ բերէ: Գէորգ Չաւուշ կ'ուղարկէ իրեններէ երկու հոգի Վահանը
իր մօտ բերելու, որպէսզի միասին ուղեւորւին դաշտ: Տղերքը կըգան եւ Վահանին կը յանձնեն
Գէորգ Չաւուշի նամակը: Վահանը կ'որոշէ տեղ մը, ուր նամակաբերներ գիշերանց կրակ պէտք
է վառէին, որպէսզի ինքը այդ նշանը տեսնելով գնար եւ անոնց միանար: Նամակաբերներ կրակը
կը վառեն, իրենց տրված հրահանգին համաձայն, բայց կրակը կը վառւի ամբողջ գիշեր զուր
տեղ, առաւօտեան մօտ միայն Վահան կը կարողանայ հասնիլ ժամադրավայրը, երբ արդէն լոյսը
բացւած էր: Դիմացի բլուրներէ զօրքերը կը նկատեն զանոնք եւ կը հետեւին. մերոնք պարտաւորւած
կը լինին կռւել. բայց կռւի մէջ կ'իյնայ Վահանը. կը սպաննւի նաեւ ընկեր մը. միւսները
վերցնելով զէնքերը եւ Վահանի պայուսակը կը փախչին:
Վահանի մահւան լուրը հասնելուն՝ Գէորգ Չաւուշ ինքը մինակ կ'երթայ Անդրանիկի մօտ:
Կառավարութիւնը որ ամենախիստ կերպով կը հետեւէր Անդրանիկի հետքը գտնելու համար, օր
մը կ'իամանայ որ նա գոմեր կը գտնւի. Անմիջապէս պաշարել կու տայ գիւղը քրդերով եւ զօրքերով:
Անդրանիկ կը դիմադրէ շատ շատ յաջող կերպով. կռւի մէջ կը սպաննւին քիւրդ եւ մի հայ: Մութը կոխելուն կը քաշւի դէպի
լեռ:
15. ՏԷՐՔԷՎԱՆՔԻ, ԱՐԱՂԻ ԵՒ ԲԵՐԴԱԿԻ ԿՌԻՒՆԵՐԸ
Կառավարութեան հետապնդումները տեղի պէտք է տային նորանոր կռիւներու: Անգամ մը մերոնցմէ
մի խումբ զինւորներ կը գտնւէին Տէրքէվանք. թիւրքերը եւ քրդերը իմանալով այդ՝ կը պաշարեն
գիւղը. նորէն կը սկսի կռիւ, նորէն կը վազէ արիւն: Առաքելոց վանքէն, Բերդակէն եւ շրջականերէն
կռւի տեղ կը թափւին զօրքեր ու քրդեր. մերոնք գիւղին մէջ բաւական կռւելէ վերջ՝ կը քաշւին
Շարան քարեր, ուր կը շարունակւի հրացանաձգութիւնը: Թշնամիներէն կը սպաննւին 14 հոգի:
Մեր տղայոց քաշւելէն վերջ, սակայն, սարսափելի կ'ըլլայ գիւղացիներու դրութիւնը. թրքական
բարբարոսութիւնը անխնայ կերպով կ'աւերէ ամբողջ գիւղը. կը սպաննւին 33 հոգի, կը վիրաւորւին
շատերը, իսկ գիւղացու կայքը ամբողջապէս կը թալանւի: Հրացանաձգութեան ձայնէն Մուշէն
կոտորածի տեղը կը հասնին ֆրանսական եւ անգլիական հիւպատոսները ու ականատես կը լինի
կոտորածին ու թալանին, որոնք սակայն կը դադրին անմիջապէս:
Մի անգամ հայ զինւորներէն մի խումբ կ'իջնէ Արաղի մօտերը եւ գիւղ կ'ուղարկէ զինւորներէն
մէկը՝ հաց բերելու. գիւղէն թիւրքերը կը նկատեն հաց փոխադրողը եւ կը հետեւին անոր մինչեւ
խումբի իջած տեղը. տեղի կ'ունենայ փոքրիկ ընդհարում մը. մերոնք կը քաշւին դէպի Բերդակ.
հրացանի ձայնէն Հաւատորիկի զօրքերը շուտով կռւի տեղը կը հասնին ու կը միանան Արաղի
թիւրքերուն: Բերդակի մօտ, երբ մերոնց կը հասնին անյաջող ընդհարումէ մը յետոյ՝ գիւղը
կը մտնեն եւ ինչ որ չեն կրցեր ընել ֆէդայիներուն կ'ընեն խաղաղ գիւղացուն. դռները կոտորելէն,
շատերը լաւ մը ծեծելէն ու թալանելէն յետոյ կը մեկնին:
«Դրօշակ» - Մայիս 1905
Թիւ 5 (158)
16. ԳՈՄՍԻ ԿՌԻՒԸ
Մուրատ՝ Դաշտ իջնելէ յետոյ՝ երկար չմնաց այնտեղ. քանի մը ընկերներով Շամ գնաց փամփուշտ
փոխադրելու, որովհետեւ փամփուշտի պաշարը սպառւած էր գրեթէ: Ճամբան տեղ մը ընդհարում
կը պատահի զօրքերու եւ իրենց միջեւ, բայց այդ արգելք չեղաւ, որ անոնք յաջողութեամբ
Դաշտ գնային եւ վերադառնային նորէն դաշտ:
Գոմս գիւղը կը գտնւէր թիւրք աղա մը, Հաճի-Ալի անունով, որ գիւղացիները կողոպտելով
կարողացեր էր մեծ հարստութիւն դիզել եւ գիւղացիներու վրայ սանձարձակ գործ կը դնէր ամէն
տեսակ բռնութիւն: Օր մը գիւղէն կին մը արտ գացեր էր հասկաքաղ ընելու եւ վերադարձեր
էր գիւղ. Աղան երբ կը նկատէ այդ՝ կնոջ վրայ կը յարձակի, կը ծեծէ եւ կը հայհոյէ, թէ
ինչո՞ւ առանց հրամանի իր արտէն հասկաքաղ ըրած էր. ապա կը վերցնէ հասկերն եւ ցորենը
կը ցրւէ ու կը փճացնէ: Ամբողջ օրը արեւի առաջ տաքութենէն տապակւիլ, ինչո՞ւ համար, հաւաքելու
այն՝ որ երկնքի թռչուններուն իսկ չէ արգելւած եւ որ իզուր պիտի փճանար արտին մէջ, բայց
արիւն քրտինքով ձեռք բերած քանի մը հատիկներու համար ծեծւիլ եւ անխնայ անպատւիլ: Անգութ
բախտ, որ ոչ մի ժամանակ չգիտես խնայել թշւառին...
Խեղճ կինը դէպի երկինքը կը տարածէ ձեռքերը եւ վշտագին կը կանչէ երկնքի երեսին.
«Ո՜վ Աստուած, եթէ դու մեր պապերի Աստուածն ես, մինչեւ իրիկուն այս անօրէնին դատը կը
տեսնես»:
Եւ պապերի Աստուածը ուղարկեց դատաւորներ անօրէնին համար. դատեց անիկա ամենաարդար
դատով:
Մի քանի օրէ ի վեր գիւղի մէջ պահւած էին մեր զինւորներէն մի քանիները: Այդ օրը,
երբ տեղի ունեցաւ տխուր միջադէպը, իրիկուան կողմ՝ զինւորներէն Պօղոս դուրս կու գայ
գիւղի մէջ ման գալու. աղան նկատելով անոր օտարոտի դէմքը կը մօտենայ եւ կը սկսի հարցուփորձել
զայն: Բայց դրանով ալ չբաւականանալով կ'ուզէ իր աղայութիւնը ցոյց տալ՝ անպատւելով ու
հայհոյելով. Պօղոս կը պատասխանէ միեւնոյն ձեւով, կը յարձակի վրան եւ կ'արձակէ իր ատրճանակը.
քաջ թիւրքը կերպով մը կ'ազատի Պօղոսի ձեռքէն եւ կը փախչի: Աղան կը զինւի անմիջապէս,
հետը կը վերցնէ նաեւ երկու ընկեր եւ կու գայ ուղիղ այն տան դիմաց դիրք բռնելու, ուր
մերոնք կը գտնւէին: Մերոնցմէ մէկ մասը կը բաժնւի եւ երբ աղան ընկերներով տղայոց դիրքի
վրայ գնդակներ արձակելով զբաղած էր, կ'երթան հակառակ կողմէն եւ կ'ուղղեն հրացանները
ուղիղ անոնց մէջքին, երեք հրացաններ կը պարպւին եւ երեք թշնամիներն ալ իրարու վրայ
կը գլորւին: Այդ օր գիւղին մէջ թշնամիներէն կը սպաննւին ընդամէնը 5 հոգի: Տղայք 1½ ժամւան կռիւէն յետոյ՝ կը վերցնեն սպանւածներու զէնքերը, կ'այրեն անոնց տները եւ կը
հեռանան: Շրջակայ գիւղերէն քրդեր ու թիւրքեր կ'աճապարեն օգնութեան, բայց ֆէդայու մօսինները
ժամանակ չեն տար անոնց աւելի առաջանալու (յուլիս 8):
Հաջի-Ալի աղայի սպանութեան լուրը շուտով տարածւեցաւ ամբողջ Դաշտի մէջ. շատ գիւղերէ,
նման աղաներ սարսափահար Մուշ թափւեցան, թողնելով իրենց քէօշքերը, կառավարութենէն պաշտպանութիւն
խնդրելու համար:
17. ԿՈՒՐԱՎԱՅԻ ԿՌԻՒՆԵՐԸ
Դատարկ է Սասուն, լերան գազանները կ'այցելեն այն բնակութիւնները, ուր մի ժամանակ
սասունցի խաղաղ ընտանիքն կը ծւարէր. Տուներու փոխարէն աւերակներու կոյտեր միայն կ'երեւին:
Ժիր եւ առոյգ սասունցու փոխարէն քաղցած ու մերկանդամ կմախքներ կը շրջին Մշոյ փողոցները:
Իրաւունքի ձայնը չարաչար խեղդւած, բռնութիւնը անզգամօրէն քթի տակէն կը ծիծաղէր, միայն
մի հոգս է մնացած, որ կը ծանրանայ անոր սրտի վրայ, այդ հոգսէն ալ կ'ազատւի, եթէ Անդրանիկի
գլուխը ձեռք բերէ: Հրէ՜շ, որ մի կողմէն գիտէ արեան մէջ խեղդել մարդկային իրաւունքի
եւ ազատութեան ձայնը եւ միւս կողմէ ստրկութեան, ամենազազրելի գերութեան շղթաներով կաշկանդել
իր ճակտի քրտինքով ապրող խաղաղ ժողովրդի մը աշխատող ձեռները: Ե՞րբ կ'ընկնին շղթաները
այդ ձեռներէ, ե՞րբ կը ծլի ազատութեան բողբոջը արիւնով ողողւած հողի մէջ:
Այդպիսի մտքեր կ'անցնէին գլխով, այսպիսի հարցեր կը ծագէին այնտեղ, երբ հայ ֆէդային
հրացանի փողին կռթնած՝ երէկւան անցքերը կը յիշէր: Վրէ՜ժ կը պահանջէին մեզմէ, լուծեցի՞նք
այդ վրէժը, արդարացուցի՞նք այնքան յոյսերը: Բայց թշնամին անողորմ է, նա միշտ պարտական
կը թողնու քեզ. կ'ուզե՞ս հին վրէժը լուծւած համարել: Յիշի՛ր երէկը, դեռ տաք են Հրայրի
եւ ընկերների դիակները, դեռ արեան մէջ կը լողան Վահանի եւ բազում սասունցիների մարմինները.
եւ ատոնք բոլորը վրէ՜ժ կ'աղաղակեն. Վրէ՜ժ, այո՛. անմահ հոգիներ մենք ողջ մնացողներս
ձեզ կը միանանք շուտով... Կը սթափւի հայ ֆէդան, ձեռք կ'առնէ հրացանը, տենդոտ նայւածքով
կը քննէ պատրօնտաշը, քանի մը փամփուշտ միայն մնացեր էր այնտեղ... Ի՞նչ արած կը մրմնջէ
ինքնիրեն, աւելին չունիմ...
Անդրանիկ եւ Գէորգ Չաւուշ նորէն Սասուն էին գնացեր: Յուլիս 10-ին անոնք կը վերադառնան
անկէ եւ Բերդակ գիւղին մէջ ընկերներ կը գտնեն: Այնտեղ Անդրանիկ կ'որոշէ նախ քան զէնք
վար դնելը, գործածել վերջին փաշփուշտը՝ կառավարութեան մի անգամ ալ մի լաւ հարւած տալու
համար: Յուլիսի 16-ին Անդրանիկ մօտ 34 հոգիէ բաղկացած խմբով Կուրավա գնաց: Խմբի համար
նշանակւեցան նոր տասնապետներ եւ անոնց օգնականներ: Դեռ մէկ օր էր որ խումբը գիւղը մտեր
էր, հետեւալ օրը ժամը 5-ին լուր կու տան, որ 80-ի չափ զօրք գիւղը կու գայ: Գիւղապետը
կը դիմաւորէ անոնց, գերեզմանոցը կը տանէ, ուր բոլորն ալ կը ստանան ուտելիք: Բայց այդքանով
անոնք չեն բաւականանար, գիւղը կը մտնեն եւ կը սկսին տներէ բռնի պահաններ ընել. զօրքերէն
մէկը կ'ուզէ լրբաբար վարւիլ մի հատ կնոջ պատւի հետ. կինը ահաբեկած մի ճիչ կ'արձակէ
ու կը փախչի: Անդրանիկ լաւ կը դիտէ անցած դարձածը: Խումբը չորս մասի էր բաժնւած. զօրքերէն
մին կը մօտենայ այն դրան, ուր Առաքելի տասնեակն կը գտնւէր. կը ծեծէ դուռը, տղերք կ'ուզեն
դուրս նետւիլ, բայց Առաքել տակաւին կը սպասեցնէ. դրան արանքներէն զինւորը լաւ կերպով
կը նկատէ ներս եղողները եւ «կէլին, պուրտա ֆէդայի վար» կանչելով ձայն կու տայ միւս
ընկերներուն: Շուտով կը հաւաքւին թիւրք զինւորները եւ կը պաշարեն տունը: Անդրանիկ միւս
երեք խմբերը պատրաստ կը պահէ, բայց մի քիչ եւս կը սպասէ, որ զօրքերը աւելի հաւաքւին,
որպէսզի իրենց գնդակներն ալ առատ հունձ ընեն: Յանկարծ երեք կողմերէ կը պայթին հրացանները,
թիւրքերը կ'ընկնին դիակ դիակի վրայ. խուճապը կը սկսի. մի մասը հազիւ կը կարողանայ գիւղի
աթարներու կոյտերու ետեւ եւ գերեզմանոցին մէջ դիրք բռնել: Մերոնք Վրէ՜ժ Սեդրակի, Սարօյի,
Քեռիի, վրէ՜ժ, կանչելով կը թռչին անոնց ետեւէն: Գէորգ Չաւուշ եւ Մուրատ կ'արշաւեն դէպի
գերեզմանատունը, անոնց ետեւէն կը վազեն գիւղը գտնւող թիւրքերու մէկ մասը, երկու կողմէն
ալ կը սկսի կատաղի կռիւ մը, գրեթէ կուրծք առ կուրծք: Կը հասնին շուտով Սմբատ, Իսօն,
Պօղոս, Աստուր, զօրքերու դիակներով կը ծածկւի գերեզմանատունը, ողջ մնացողները մի կերպ
իրենց գլուխը կ'ազատեն: Իսկ զօրապետը որ մի րոպէ առաջ խրոխտ հրամաններ կ'արձակէր, այժմ
սպիտակ երես սրբիչը վիզը փաթթած այնպէս կը փախչէր, որ որսկան շունը չպիտի կրնար անշուշտ
ետեւէն հասնիլ:
Երբ գիւղը բոլորովին պարպւած էր թիւրքերէն՝ Անդրանիկ դիրքերով կ'ամրացնէ գիւղը:
Եկեղեցու շէնքը գիւղի տներէն ամենաբարձրը լինելով, անոր կտուրը դիրքեր շինել կու տայ:
Եկեղեցու զանգակները կը սկսին հնչել՝ շրջակայ գիւղերուն իմաց տալու կռւի մասին: Իսօն,
Սմբատ եւ Պօղոս բռներ էին գիւղի հարաւային կողմը, Մկրօն եւ Հասրաթ՝ արեւելեան կողմ,
Առաքել, Աւետիս, Մէշէտին՝ հիւսիսային կողմ, իսկ արեւմտեան կողմ՝ եկեղեցու կտուրի դիրքերը՝
Յովհաննէս, Արամ, Աստուր եւ ուրիշ չորս ընկերներ: Աննկարագրելի է մերոնց ոգեւորոթւինը,
մէկը կ'երգէր, միւսները պար կը բռնէին եւ այսպէս ոգեւորիչ ուրախութիւն կը տիրէր դիրքերու
վրայ: Քիչ մը յետոյ կու գայ Ալայ պէյ 60-70 ձիաւորներու գլուխ անցած: Մեր դիրքերէն
մեկնող մի չարաճճի գնդակ վար կը գլորէ առաջին ձիաւորը, ձին կը փախչի եւ գիւղը կու գայ:
Այսպէս կը կատարեն յեղափոխականները պատւի եւ ընդունելութեան պարտքը: Շուտով հաւարի
կը հասնին Ավրայէն, Սուլուխէն, Մատնավանքէն եւ ուրիշ գիւղերէ շատ մը թիւրքեր ու չէրքէզներ:
Կռիւը կը շարունակւէր, զանգակները կը հնչէին, դրօշակը կը ծածանւէր:
Անդրանիկ կ'ուղարկէ Մուրատը, բոլոր դիրքերուն իմաց տալու, որ մութը կոխելուն ժամը
կէսին, բոլորը կազմ եւ պատրաստ սպասեն սուլիչի ձայնին հաւաքւելու Մուրատ գետի ափը:
Որոշւած ժամուն խումբը կը գտնւի այնտեղ եւ գիշերւան լռութեան մէջ կ'անցնի ջրէն ու կը
հեռանայ: Գիւղի փողոցներէն անցնելու ատեն տղայք տան մը սեմին վրայ ընկած երեխայ մը
կը նկատեն, զայն հետերնին կը վերցնեն ու ճանապարհի վրայ գտնւող գիւղ մը կը յանձնեն
խնամելու համար: Տղայոց հեռանալէն յետոյ, թշնամիները բաւական կը շարունակեն հրացանաձգութիւնը.
Մշոյ կողմէն ալ ճամբայ ընկած կը լինի մի նոր գունդ երեք թնդանօթներով դէպի Կուրավա:
Հետեւալ օրը Կուրավա, Ծխավա, Ախչան գիւղերը անպաշտպան մնալով կրեցին ծանր-ծանր
վնասներ: Թիւրքերը կողոպտեցին ամբողջ կայքը եւ սպանեցին 70 անձ: Կռւի ժամանակ թիւրքերէն
սպանւեցաւ 40 հոգի եւ մէկը միայն մերոնցմէ: Զօրքերը հրդեհեցին Կուրավու եւ Ախչան
(16 ապրիլ):
Կուրավայի հրդեհման ժամանակ, երբ բնակիչները սարսափահար կը փախչէին դէպի Ախչան,
այնտեղի միւտիրը, դուրս կը վռնդէ զանոնք եւ չ'ընդունիր գիւղին մէջ. ատոր վրայ ժողովուրդը
եւ հայ զինւորներէն չորս հոգի կը յարձակին միւտիրի եւ ժանտարմների վրայ եւ լաւ կը ծեծեն
զանոնք:
«Դրօշակ» - Յունիս 1905
Թիւ 6 (159)
18. ՇԷՅԽ-ԻՒՍՈՒՖԻ ԵՒ ՇԱՄԻՐԱՄԻ ԿՌԻՒՆԵՐԸ
Յուլիս 17-ին նոր կռիւ մը կըսկսի Շէյխ-Իւսուֆ գիւղին մէջ: Երբ զօրքերը գիւղին վրայ
կ'ուզեն յարձակւիլ կողոպտելու համար, մի քանի Ախչանցի կտրիճ հայեր եւ տեղացիներ, հրացանը
ձեռք՝ դուրս կուգան գիւղը պաշտպանելու: Դիմադրութիւնը շատ յաջող կանցնի մինչեւ կէսօր:
Բայց կէսօրէն վերջ թշնամին իր ուժերը շատցնելով՝ աւելի ամուր կը պաշարէ գիւղը: Կռւողները
կը քաշւին եկեղեցու գլուխ եւ այնտեղէն կը շարունակեն կռիւը, աւելի վերջ պարտաւորւած
կը լինին եկեղեցիի մէջ պաշտպանւելով՝ շարունակել դիմադրութիւնը, որը կը տեւէ սակայն
մինչեւ ժամը 2. Փամփուշտի պաշարը վերջացած լինելով՝ կը դադարեցնեն դիմադրութիւնը: Թշնամին
խոտեր բերելով կ'այրէ եկեղեցին, ինչպէս եւ մէջը ապաստանողները, թւով 12 հոգի:
Այս կռիւներէն յետոյ Դաշտի մէջ բոլորվին կը դադրի երթեւեկութիւնը. թիւրքերը չեն
համարձակիր դուրս գալ ֆէդայու ահէն, իսկ հայերը դուրս չեն երեւար, վախենալով, որ մի
գուցէ թիւրքերու վրէժխնդրութեան ենթարկւին: Կառավարութիւնը ամենախիստ միջոցներ էր ձեռք
առեր ֆէդայիները ճանկը ձգելու: Բաղէշի կուսակալ եւ Ֆէրիկ պէյ շւարած մնացեր էին ըսելով
«եարաբ ալլահ, նէ՞րէ կէթտի շու Անդրանիկ» - Ո՜վ Աստւած, արդեօք ո՞ւր գնաց Անդրանիկ
– եւ 1000 ոսկի կը խոստանային անոր, ով գլուխը կը բերէր:
Կառավարութեան հետապնդութիւնը աւելի քան երբ եւ է խստացած, իսկ մերոնց ռազմամթերքի
պաշարը բոլորովին սպառւած էր, այլեւս անկարելի էր Անդրանիկի համար սպասել ու կռիւը
շարունակել: Ամէն անգամ կռիւը կը պատահէր, կռւելէն յետոյ կ'արձակէին զինւորներէն մի
քանիսը եւ կը վերցնէին անոնց հրացանները, որոնք այլեւս անպէտք կը դառնային փամփուշտի
պակասութեան պատճառով: Այսպէս կռւողներու թիւը կը սահմանափակւէր օրէ օր: Անդրանիկ հաւաքելով
իր վերջին զինւորները, կը հեռանայ դէպի Ախլաթ եւ օր մը կը պատսպարւի Շամիրամ գիւղին
մէջ:
Շաբաթներու եւ ամիսներու շարունակական լարւած դրութիւնը, օրերով քաղցածութիւն եւ
անքնութիւնը, սպառած էին մեր մի բուռն հերոսներու կենսական ուժերը. անհրաժեշտ էր քիչ
մը հանգստանալ, կազդուրւիլ: Հանգստանա՞լ... բայց այլ կերպ կը տնօրինէ յեղափոխականի
Աստւածը:
Կծվակի աղա՝ Ալի բէկին իմաց կուտան, որ Սերոբ Աղբիւրի մատնիչների կախող Սեպուհը
ընկերներով եկեր է Շամիրամ. Նա առանց իմանալու որ Անդրանիկն ալ եկած է, մատնիչներու
վրէժը լուծելու համար կը վերցնէ հետը 150 թիւրք զինւորներ ու կը դիմէ դէպի Շամիրամ,
Ալլահի յաջողութեամբ եւ սուլթանի շնորհիւ՝ բռնելու Սեպուհը: Երբ Ալի բէկի լուրը կը
հասնի Շամիրամ՝ անմիջապէս մերոնք կը պատրաստւին կռւի. Ասատուր, Սօղոն եւ Փոքրիկ Պետրոս
կը վազեն Ալի բէկի դիմաց եւ զայն իրեններու հետ գնդակներու առջեւ ձգած՝ կը հանեն Նեմրութ
լեռան թեւերու վրայ: Եկեղեցու կտուրին վրայ եւ գիւղի չորս կողմը կը պատրաստւին դիրքեր.
Գիւղի հիւսիսային կողմը, բլուրներու վրայ, ուր կան հին բերդի աւերակներ, դիրք կը բռնէ
Գէորգ Չավուշ 10-13 ընկերներով, Մուրատ կը բռնէ երկրորդ դիրք, Անդրանիկը՝ երրորդ, իսկ
Սեպուհն՝ չորրորդ: Եկեղեցու կտուրը կը բարձրանայ Սողօն, Օհանէս, Եղօն եւ մի քանի ընկերներ,
Սմբատ եւ Մօսօն բռնած էին ջրի վերեւ, որպէս զի թշնամիները չկարողանային օգտւիլ ջրէն:
Դրօշակը կը ծածանւէր:
Նախ քան կռիւ սկսիլը՝ Սմբատ գիւղէն կը հաւաքէ ուտելու պաշար, բոլոր կուժերը կը
հաւաքէ, ջրով կը լեցնէ եւ կանանց ու աղջիկներու ուսերով դիրքերը կը փոխադրէ. մասնաւորապէս
աչքի կիյնար այս վերջիններու ոգեւորուած տրամադրութիւնը. Մի կողմէն արագ փոխադրութիւն
կ'ընէին, միւս կողմէն ասկէ անկէ ձայն կ'ուտային. «Դէ՛, տղերք, կռւէք, ձեր հոգուն մատաղ,
մէկ էս քրդուն, Ալի բէկին լաւ խրատ տւէք, որ կեանքի մէջ չմոռնայ»: Ամէն կողմերէ օգնութեան
հասնող թիւրքերու եւ քիւրդերու բազմութիւնը գնալով կ'աճէր, սալաւաթ կարդալով առաջ կը
խաղար: Թշնամիները գլխաւորապէս իրենց ուշադրութիւնը դարձուցած էին ջրի վրայ, ուր Սմբատը
կը կռւէր ընկերներով: Կռիւը հետզհետէ տենդային կը դառնայ. Սմբատ որոշեր էր մինչեւ վերջին
շունչ ջուրը պաշտպանել, որովհետեւ եթէ թշնամիներ խլէին ջուրը, մերոնք պարտաւորւած՝
պիտի չկարողանային ամուր մնալ դիրքերու մէջ եւ գիւղը շուտով պիտի յանձնէին: Թշնամին
գրոհ կուտայ մի քանի անգամ, բայց ամէն անգամ ալ կը հանդիպի ուժեղ դիմադրութեան ու ետ
կ'ընկրկի. կատաղի կռւի միջոցին Սմբատ կը կորսնցնէ ընկերներէն երկուքը: Կռիւը ոչ նւազ
սաստիկ կը լինի նաեւ միւս դիրքերի մէջ, որոնց առջեւ շարունակ կը թափւէին թշնամիներու
դիակները: Իրիկուան ժամը մէկին մերոնք կը պայթեցնեն ռումբ մը. թշնամիները անոր ձայնը
կը լսեն եւ «Բաղեշէն օգնութիւն է եկեր, թնդանօթ է եկեր» ըսելով, իրար կը խրախուսեն
ու նորէն առաջ կը նետւին. րոպէ մը կռիւը նոր թափ կըստանայ, բայց քիչ վերջ հետզհետէ
կըսկսին մեղմանալ հրացանի ձայները ու վերջապէս կը լռեն: Թշնամիները կը քաշւին ամբողջովին՝
կռւի տեղը թողնելով 70 սպանւած: Մերոնցմէ սպանւեցաւ Փոքրիկ Պետրոսը եւ վիրաւորւեցան
ուրիշ մի քանիսը:
19. ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԵՒ ՎԱՆԻ ԿՌԻՒՆԵՐԸ
Խումբը գիշերանց կը մեկնի դէպի Դատվան, այդտեղ կը բռնէ քրդերու երկու նաւեր եւ
կ'ուղեւորւի դէպի Աղթամար. ճանապարհորդութիւնը կը տեւէ երկու օրը: Այդ երկու օրուան
ընթացքի մէջ խմբի ուտելիքն եղած է 3 պարկ սիսեռ, որ կը գտւնէր նաւի մէջ. տակաւին Աղթամար
չհասած՝ խումբը դուրս կու գայ Տէվէ-Պոյուն ու մի քիչ կը հանգստանայ: Այդտեղ կը բռնեն
նաեւ մի ուրիշ նաւ, որի մէջ կը գտնւէին մի քանի քրդեր. հետեւեալ օրը խումբը հեծած
3 նաւերու վրայ՝ կը հասնի Աղթամար: Այնտեղ կը սպասեն եօթն օր: Գէորգ Չաւուշ նորէն յետ
կը դառնայ դէպի Դաշտ (օգոստ. 6):
Երբ կառավարութիւնը կ'իմանայ, որ յեղափոխականներ կը գտնւին Աղթամարի մէջ, նաւերով
զօրքեր ու թնդանօթներ կ'ուղարկէ, կուսակալ եւ էրքիանը-հարպ մի մակույկով առաջ ընկած՝
կղզին ռմբակոծելու հրահանգներ կու տան: Ֆէդայիները մի անգամ ալ կը բարձրացնեն դրօշակը,
որ իրենց այնքան կռիւներուն վրայ էր եղած եւ
գնդակներ կը տեղան նաւերուն վրայ. կռիւը կը տեւէ երկու օր: Թշնամին կ'արձակէ
45 թնդանօթ. անոր նպատակն էր վնասել գլխաւորապէս նաւերը, որպէս զի յեղափոխականներու
ազատութեան յոյսը կտրէ. բայց մերոնք նաւերը քաշեր էին ծովեզերքի խորշերու մէջ եւ կարմիր
կուլապներով (թաղիք) ծածկեր էին, այնպէս որ անոնք ժայռերու մէջ աննկատելի կը մնային
թշնամիէն: Անդրանիկ լաւ միջոց էր գտեր թշնամու հեռաւորութիւնը չափելու եւ ատոր համաձայն
հրացաններ ուղղելու: Թնդանօթի բերնէն ծուխ բարձրանալէ մինչեւ ձայնի լսւելը կը համրէր,
եթէ ձայնը լսւէր մինչեւ 10 համրելը, կը նշանակէր, որ թշնամին կը գտնւի 1,000 քայլի
վրայ, եթէ ձայնը լսւէր մինչեւ 17 համրելը, կը նշանակէր, որ թշնամին կը գտնւէր
1,700 քայլի վրայ, եւ այպէս կղզիէն արձակւած գնդակները երբէք չէին վրիպեր նպատակէն:
Երբ կղզու մէջ ուտելու պաշար վերջացաւ – եւ պէտք է ըսել որ կաթողիկոսական տեղապահը
այնպէս էր սարքեր, որ կղզին ապաստանողները աւելի երկար մնալու համար պաշար չ'ունենային,
նախորդ օրերը դուրս տեղափոխելով վանքի մէջ գտնւած ալիւրը – խումբը կղզու մէջ թողնելով
երկու դրօշակներ՝ դուրս եկաւ: Կանգուն մնացած դրօշակները երկու օր ալ կը խաբեն թշնամիները,
որոնք ամենայն եռանդով կը շարունակեն ռմբակոծել կղզին կարծելով թէ ֆէդայիները տակաւին
ներսն են, մինչեւ որ ներսը եղող միաբանութիւնը նշաններով իմաց կը տայ դուրսը՝ ոչ ոք
չլինելուն համար: Այդ ատեն թիւրք զինւոր մը ամենայն քաջութեամբ նաւ կը մտնէ՝ առաջինը
կղզին գնալու համար. հետեւեալ օր իբրեւ վարձատրութիւն իր «անվախ անձնւիրութեան» կը
ստանայ տասնապետի աստիճան...
Վանայ մէջ խումբը երկու անգամ կը նկատւի. առաջին անգամ անփորձ կ'անցնի. երկրորդ անգամ,
երբ գիշերը կը տեղափոխւէր, գիշերապահ զինւորներու կը հանդիպի: Թիւրքերը կը հետեւին
եւ կը պահանջեն անձնատուր լինել, բայց երբ իրենցմէ մէկը կը սպանւի եւ մի ուրիշն ալ
կը վիրաւորւի՝ կը թողնեն ու կը փախչին: Հետեւեալ օրը սարսափ տիրեց ամբողջ քաղաքի մէջ.
թիւրքերը կը յարձակւին հայերու վրայ եւ տեղացիներէն կը սպանւին մօտ 60 հոգի. կ'այրեն
մի տուն: Խանութները ամբողջապէս կը փակւին ու մի քանի օր երթեւեկութիւնը կը դադրի:
20-ԿԾՎԱԿԻ ԿՌԻՒՆԵՐԸ
Գէորգ Չաւուշ Աղթամարէն դուրս գալէն յետոյ ծովի վրայ փոթորկի կը բռնւի. նաւը իր
ուղղութիւնը կորցրած՝ կ'երթայ դէպի Ախլաթի եզերքները: Երկար յոգնութենէ յետոյ՝ հազիւ
կը յաջողի նաւը դուրս բերել Կծվակի մօտերը: Գէորգ Չաւուշ խմբով դուրս կու գայ ափը եւ
քարքարուտներու մէջէն կը շարունակէ ճամբան: Մութին մէջ իրենց դիմաց յանկարծ կը ցցւին
սեւ սեւ շարժւող ստւերներ: Ատոնք կառավարական զօրքերն էին, որոնք պահպանութիւն կ'ընէին
այդ կողմերը: Երկու կողմէն ձայն կու տան իրարու եւ հրացանաձգութիւնը կը սկսի: Մերոնք
թէ կը կռւին եւ թէ կը յառաջանան, մինչեւ որ կ'անյայտանան գիշերւան մթութեան մէջ: Կռւի
տագնապի մէջ ընկերներէն ոչ ոք չի նկատեր ետ մնացող Աստուրը, որ ծանր կերպով կը վիրաւորւի
ու վար կ'իյնայ: Նկատելով ինքզինքը միայնակ եւ մահամերձ վիճակի մէջ, կը կոտրէ հրացանը
ու ծովը կը նետէ, ապա ինքն ալ անոր ետեւէն: Մեր նահատակ ընկերը նախորդ շատ մը կռիւներու
մէջ իր քաջութեամբ միշտ յայտնի եղած էր: Թիւրքերէն կը սպանւին 4 հոգի:
«Դրօշակ» - Յուլիս 1905
Թիւ 7 (160)