Փոթորիկը տեղահան ըրաւ հսկայ կաղնին, եւ տապալեցաւ ա՛ն ալ:
Գուժկան հեռագիրը բերաւ անոր մահուան լուրը, լուր մը՝ որ ցնծութիւն եւ ճրհուանք պիտի պատճառէ միայն մեր թշնամիներուն:
Սակայն, հսկան՝ որ ինկաւ, մեր մարտական սերունդի ռահիվրաներէն ամենամեծը եւ յանդուգն էր: Եւ անոր մահը Փարիզի մէջ, հեռու հայրենիքէն, հեռու իր սիրած ու փայփայած Հայաստանէն՝ կրկին ցաւով եւ սուգով կը համակէ մեզ:
Այս ազնուատոհմ մարտիկը եղաւ մեր բոլոր խմբապետներու աւագն ու ամենազարգացածը: Նախ քան զէնքի փարիլը, հայդուկ դառնալը, անմահ Սիմէօն Զաւարեանի հետ անցաւ Տրապիզոն, ուր վարեցուսուցչական գործ: Երկուքը միասին աշխատեցան պատրաստել մարտական սերունդ մը:
Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ Հատիկի, Եգիպտացիի, Խաչիկի եւ ասոնց նմաններուն ահաբեկող եւ կռուող շարքը, ՍիւրմէնէցիՃանիկի ու Շանացի քաջերու վարած կռիւները՝ կը պարտինք Իշխանին:
Արդարեւ մեծ ռազմիկ մըն էր ան: Եւ դժուար է ոեւէ մէկուն համար՝ գաղափար կազմել անոր մասին: առանց տեսած ըլլալու զինքը:
Ուսուցի՞չ էր ան, թէ ռազմիկ:
Խօսքի ասպարէզը եւ ուսուցչական գործը չէին կրնար գոհացում տալ իր անսպառ եռանդին, հակումներուն եւ ընդունակութեանց:
1895-ական թուականներուն, երբ հայու երդիքին վրայ սեւ կաչաղակը թառած կը կանչէր, Իշխան Արղութեան կը թողուր խօսքի գործը եւ կը սլանար դէպի Ատրպատական, ուրկէ կ'անցնէր Վասպուրական:
Խումբով էր Իշխան Արղութեան: Սահմանագլխին մօտերը, Գարահիսար լերան վրայ Իշխանն իր խումբով կը մնայ օր մը եւ գիշերով կը շարունակէ իր ճանապարհը:
Յանկարծ քիւրտերը կը նկատեն զիրենք եւ կռիւը ծայր կուտայ: Իշխանի խումբը լերան կատարին վրայ կը դնէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան այն դրօշակը կը դնէ զոր նուիրած էր Թիֆլիսցի հաայ օրիորդ մը:
Իշխան իր մօտ կը հաւաքէ ռազմիկները եւ կ'ըսէ.
«Հաւաքուեցէք այս դրօշակի տակ, եւ պաշտպանեցէք զայն սրբութեամբ, որով պաշտպանած պիտի ըլլաք հայրենիքը եւ անոր ազատութեան գաղափարը:»
Սար ու ձոր կը թնդան այնուհետեւ ֆէտայական հրացաններու արձագանգով:
Իշխան՝ զոհ մը միայն տալով՝ կ'անցնի դէպի Վան:
Այսպէս կը սկսի անոր ռազմական գործունէութիւնը, եւ որքա՜ն երկար է այդ շղթան մեր 35 տարուան պատմութեան էջերուն մէջ: Բարձր ու աննման էր ան իր հերոսական գործերով, որքան բարձր ու վսէմ էր իր իտէալներով:
Հասարակ մահկանացու մը չէր ան:
Առաջին առթիւ բարեհամբոյր մարդու մը տպաւորութիւնը կը թողուր ան, բայց քանի ծանօթանայիք իրեն, ա՛յնքան աւելի կը տեսնէիք ռազմիկ եւ ղեկավար մարդու անոր յատկութիւնները:
Շատ անգամ զրկանքն ու նեղութիւնը բաժին եղան իր կեանքին, բայց այս ամէնը տարաւ ան՝ յանուն այն ժողովուրդին՝ զոր սիրեց եւ որուն ազատագրութեան նուիրուեցաւ մինչեւ վերջը:
Վասպուրականի խրճիթները ընդունած են այս մեծ ռազմիկին այցելութիւնները: Եւ ան, այդ համեստ յարկերուն ներքեւ, բաժնած է արեւակէզ հայ շինականին ցաւերն ու վիշտերը:
Եւ որո՞ւ ծանօթ չէր Իշխանը. դաշնակցականներո՞ւն, որոնք իր ընկերներն էին, եւ միւսներո՞ւն՝ որոնք հակառակորդներ էին եւ կամ չէզքոներ:
Աջից Վարդանը, ձախից Իշխանը
Ահա մէկ տողը Խանասորի արշաւանքին նուիրուած հայ ժողովրդական ռազմաշունչ երգին:
Իր ծերացած հասակին մէջ՝ կ'աւանդէ իր հոգին մեր տարաբախտ ընկերն ալ:
Երեսուն եւ հինգ տարի իր ամբողջ երիտասարդական աւիւնը գաղափարական գործին նուիրաբերելէ ետք, դժբախտութիւն է մեռնիլ օտար երկինքի տակ: Եւ որո՞նք բերին այս դժբախտութիւնը մեր գլխուն, եթէ ոչ այն քանի մը խելագարները, որ օտարոտի մեթոտներ ու ձեւեր ուզեցին փաթաթել մեր հայրենիքին ու ժողովրդին:
Սակայն կուգայ ժամանակը, երբ Հայաստան դարձեալ կը մաքրուի ամէն տեսակ թշնամիներէ, եւ մենք սրբութեամբ կը տանինք մեզ հետ Իշխանի աճիւնները՝ ամփոփելու համար հայրենի ու հարազատ դամբարանի մը մէջ:
Թո՛ղ ծանր չճնշէ օտար հողը քու վրայ, իմ զէնքի ընկեր: Դու միայն գերեզման կը մտնես, այլ չես մեռնիր, որովհետեւ կ'ապրիս մեր սրտերուն մէջ:
Իշխանը |
Մօհիկաններից Վերջինը. Օհանջանեան |
Մեծ Յեղափոխականի Մը Գերեզմանին Առջեւ |