Միսաք Թորլաքեան, քաջարի հայ երիտասարդը, որ անցեալ Մարտ 15-ին Պօլսոյ մէջ գնդակահար անշնչացուց հայ ժողովուրդի գլխաւոր դահիճներէն մէկը, Պէհպուտ խան Ճիւանշիր, Պաքուի քսան հազար հայերու կոտորածին գլխաւոր պատասխանատուն, և որուն դատավարութիւնը տեղի կ'ունենար ամիսներէ ի վեր Պօլսոյ անգիլական զինուորական ատեանին առջև, անպարտ արձակուած է:
Դատավարութիւնը վաղուց լրացած էր, բայց վճիռը ցարդ գաղտնի կը պահուէր անգլիական զինուորական իշխանութեանց միայն ծանօթ պատճառներով: Այս պարագան թշնամիներու կողմէ չարամիտ տարաձայնութեանց և իւրաքանչիւր հայու համար մտահոգիչ անձկութեան առիթ տուաւ: Այժմ, երբ վճիռը պաշտօնապէս հրատարակուած է և հերոս Թորլագեան արդէն ազատ արձակուած, մենք մեր խնդակցութիւնն ու գհունակութիւնը կ'արտայայտենք արդարութեան յաղթանակին համար:
Արդարեւ վճիռին կցուած պատճաբանութիւնը լման արդարութիւն չընէր Թորլագեանի անձնապէս և անոր ներկայացուցած դատին ընդհանրապէս, բայց նկատի ունենալով անգլիական ոճրագործական օրէնքներու խստութիւնը և այն հանգամանքը որ դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ պատերազմական ատեանի առջև, գուցէ կարելի ալ չէր տարբեր արդիւն ակնկալել:
Թորլագեանի երկար դատավարութեան ընթացքին Պ. Խոսրովեանի, պերճախօս պաշտպան փաստաբանին ճարպիկութեան շնորհիւ անգամ մը ևս աշխարհի առջև փռուեցաւ հայկական նահատակութեան դրուագներէն մէկը իր ահաւոր մանրամասնութիւններուն մէջ: Աւելորդ անգամ մը ևս Պօլսոյ զինուորական իշխանութիւնները մօտէն ծանօթացան հայկական սարսափներու գուցէ դեռ մէկ փոքր դրուագին մանրամասնութիւններուն:
Ոևէ ատեան չէր կրնար դատապարտել ամբաստանեալը այդպիսի փաստերու առջև և անգլիական զինուորական ատեանը Թորլագեանն ազատ արձակելով արդարութեան շատ տարրական պարտականութիւն մը կատարեց: