Օր մը լսեցինք, թէ Ատրպէյճանի յայտնի Ազայեւը Պոլիս եկած է: Այս մարդը հետապնդելու վրայ էինք, երբ Պոլիս եկաւ նաեւ Պէյպուտ խան Ճիվանշիրը, Ատրպէյճանի ներքին նախարարը, ջարդերու յայտնի կազմակերպիչ ու հայակեր, Ատրպէյճանի Թալէաթը: Եկած էր իբրեւ բոլշեւիկեան առեւտրական ներկայաացուցիչ, թերեւս այս պատրուակի տակ դուրս էր ելած Պաքուէն եւ իր հարստութիւնը դուրս հանած: Անոր գալով Ազայեւը մոռցանք:
Զինքը առաջին անգամ տեսնողը եղաւ Աբրահամ Գիւլխանդանեանը, որ Պաքուէն անձամբ կը ճանչնար: Աբրահամը լուրը բերելուն պէս՝ հետապնդումը սկսաւ: Այս գործը յանձնուեցաւ Երուանդ Ֆունտուքեանին, Յարութիւն Յարութիւնեանին եւ ինծի: Առաջին երկուքը պիտի մասնակցէին միայն հետապնդումին. ահաբեկումի գործը պիտի կատարէի ես: Հետապնդումի մեր աշխատանքներուն սկզբնական շրջանին, մեզի օգնեց նաեւ Հրաչ Փափազեան:
Հետապնդողներս Բերա Բալասի մուտքին նայող, հրապարակի սրճարաններու պատուհաններուն մօտ կը նստէինք առաւօտ կանուխ: Նարտ եւայլն կը խաղայինք եւ մինչեւ երեկոյ կը դիտէինք, յաճախ փոխնիփոխ, որ տեսնէինք իր երթալը կամ գալը: Այսպէս անցաւ շաբաթ մը: Որեւէ դրական արդիւնքի չկրցանք հասնիլ:
1921 Յուլիս 18ին, երեկոյեան երկու ինքնաշարժներ եկան եւ կանգ առին հիւրանոցի դրան առջեւ: Բարձրահասակ, փափախը գլխուն՝ Ճիվանշիրը դուրս եկաւ 4-5 հոգիի հետ միասին ու բարձրացան հիւրանոց: Ուշադիր կը նայէինք: Քիչ ետք դուրս եկան հիւրանոցէն բոլորը միասին եւ մտան մօտիկ Փըթի Շանի պարտէզը, յառաջացան դէպի ամենածայրը, ուր բացօթեայ թատրոն կար, նստեցան պուֆէին մօտ:
Որոշեցինք, որ յարմար վայրկեանը եկած է: Յարութիւնեան, որուն գործը աւարտած էր, մեկնեցաւ, Երուանդ Ֆունտուքեանի հետ մտանք պարտէզ, բազմութիւնը խռնուած էր, դժուար էր շարժիլը, կարելի չեղաւ յառաջանալ ու իր նստած տեղը զարնել: Ստիպուած նստանք մուտքի դրան մօտ զետեղուած նստարանի մը վրայ եւ որոշեցինք որ գործի անցնիմ դուրս գալէն ետք, հիւրանոցի մուտքին:
Երկար սպասելէ ետք, ժողովուրդը խուռներամ սկսաւ դուրս գալ: Ճիվանշիր արդէն անցեր էր մեր առջեւէն: Ամբոխի խռնուածութեան պատճառով չկրցայ հասնիլ մօտը, շատ որոշ կը տեսնէի զինք: Դէպի հիւրանոցի մուտքը կը մօտենար, որուն 50-60 մեթր արդէն մօտեցեր էր: Դժուար էր ժողովուրդը եւ ճամբուն երկու եզերքներուն շարուած բազմաթիւ ինքնաշարժները ճեղքել ու անցնիլ: Մտածեցի որ այս արգելքներով պիտի չկրնամ հասնի լիրեն: Ուստի, ինքնաշարժներու մէջտեղերէն արագ արագ մօտեցայ:
Այժմ արդէն հազիւ երեսուն քայլ հեռու էի իրմէ, նկատեցի որ գլուխը ետ դարձուց ու սկսաւ շուրջը նայիլ, ապա նորէն շարունակեց ճամբան: Կասկած արթնցաւ մէջս թէ թերեւս կասկածած է ու պիտի խուսափի: Ուստի, ամէն կերպով պարաստ զգացի ինքզինքս, հոգեպէս ու մարմնապէս պինդ ու անխռով: Եւ հազիւ գլուխը դարձուցած պիտի քալէր, յաջողեցայ հասնիլ քովը: Քաշեցի ատրճանակս: Շատ երկարահասակ մարդ էր, մնացի ցած, պարտաւորուած զարկի կողքէն, փոխանակ գլխէն, ատրճանակիս փողը գրեթէ հագուստին կպած: Ուրիշ կերպ չէր կրնար ըլլալ, ինքն ալ դիմացս: Ազատ շարժելու հնարաւորութիւն չունէի:
Առաջին գնդակին չինկաւ, միայն ժողովուրդը քիչ մը բացուեցաւ: Ընդհակառակն, շտկուեցաւ եւ երկու ձեռքերս կրցաւ ամուր բռնել, քանի որ ետ քաշուելու կարելիութիւն չունէի: Ձեռքերս բռնելը շատ լաւ եղաւ, որովհետեւ, դարձաւ դէպի ինծի ու կուրծքը առաջս եկաւ: Այս անգամ երկու գնդակ եւս տեղաւորեցի ուղղակի կուրծքին: Ինկաւ:
...Երբ ուզեցի փողոցի անկիւնը դառնալ, ականջիս հասաւ Ճիվանշիրի ձայնը, որ իմտատ (օգնութիւն) կը պոռար: Կէս գիշերուան ժամը մէկի ատեններն էր: Կասկած արթնցաւ մէջս, թէ մեռած չէ: Յանկարծ միտքս ինկաւ երազս, որ տեսեր էի քանի մը օր առաջ եւ ընկերներուս պատմած:
Երազս հետեւեալն էր: Ճիվանշիրին յանկարծ կը հանդիպիմ գիշերը փողոցին մէջ: Կը քաշեմ ատրճանակս կրակելու, բայց կրակ չ'առներ: Ճիվանշիր նստած է ճերմակ ձիու մը վրայ եւ զիս կը հալածէ: Ձին առջեւի ոտքերով կը յարձակի վրաս, ետ կը քաշուիմ: 80-100 քայլ ետ քաշուելէ ետք տեսայ որ չեմ կրնար ազատիլ, սկսայ բարձրանալ տունի մը սանդուխներէն վեր ու մտայ ներս, Ճիվանշիրն ալ ձիով բարձրացաւ ու մտաւ ետեւէս: Այս անգամ սկսայ ատրճանակիս փողով ձիուն զարնել ու ետ ընկրկիլ: Այսպէս հասաւ մինչեւ պատը եւ այլեւս ետ երթալիք տեղ չմնաց: Ճիվանշիր մօտեցաւ, ձին երկու ոտքերը վերցուց որ իջեցնէ գլխուս, ես ալ ատրճանակի փողը վերցուցի որ զարնեմ, փողը վերածուեցաւ խարազանի եւ տակաւին հարուածը չիջեցուցած՝ քրտինք ջուրի մէջ արթնցայ:
Այս երազը տղոց կողմէ մեկնուեցաւ իբրեւ գործիս անյաջողութիւն:
Ահա այս երազի վերյիշումով, անկիւնը չդարձած, երբ ձայնը ականջիս հասաւ, մտքովս ըսի. «մեռած չէ, վերադառնամ ու վերջացնեմ»:
Ետ դարձայ դէպի դիակը: Երբ մօտեցայ, գլուխը հաւաքուած էին 20-30 հոգի: Բոլորն ալ քաշուեցան ատրճանակը ձեռքս տեսնելով: Մօտեցայ եւ գետինը փռուած Ճիվանշիրի գլխուն վրայ կեցայ: Կուրծքին գնդակ մըն ալ պարպեցի: Ապա շուրջս նայեցայ եւ տեսայ որ 4-5 ոստիկաններ, ատրճանակներ ձեռքերնին, բռնած էին այն անկիւնը, ուրկէ կրնայի փախուստ տալ:
Մտածեցի թէ ասոնց մէջէն այդ ճամբով ողջ ազատիլ անկարելի էր: Որոշեցի կտրել փողոցը, դիմացը անցնիլ ու բարձրանալ Բերա: Բայց ինքնաշարժները շատ էին, խիտ առ խիտ շարուած՝ Բերա Բալասի վարի անկիւնէն մինչեւ Փոթի Շան: Ասոնց մէջտեղերէն ալ անցնիլ անկարելի էր: Նկատեցի վրան բաց ինքնաշարժ մը: Ժողովուրդէն շատեր կծկուեր կամ պառկեր էին ինքնաշարժներու կողքին:
Կեդրոնը՝ Թորլաքեան, իր ձախին՝ թարգման Պ. Վարժապետեան, աջ կողմը անգլիացի ոստիկան մը, երկու ծայրերը թուրք ոստիկաններ: «Ճակատամարտ», 1921, Թիւ 581-2672 |
Երբ անցայ միւս կողմ, պառկած մարդոց վրայ ինկայ եւ տակաւին ոտքերս գետին չհասած, չորս հոգի բռնեցին զիս: