-Հայ Ժողովուրդ եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւն Նոր Ու Ծանր Հարուածի Մը Կենթարկուին
-«Հայրենիք»ի Ներհուն Խմբագրին, Խորաթափանց Գրագէտ-Հրապարակագրին եւ Կուսակցութեան Կորովի ու Անձնուէր Գործիչին Յեղակարծ Կորուստով
Չենք գիտեր, թէ ո՞ր «սգաւոր կարապը» եկած է յուզելու մեր ջուրերը՝ յատկապէս վերջին տասը տարիներուն:
Չարաշուք ի՜նչ ճակատագիր է, որ մէկիկ-մէկիկ կը խլէ մեզմէ՝ մեր ամէնէն տոկուն, ամէնէն «ոստալից» կաղնիները, հանրային թէ մտաւորական ճակատներու վրայ:
Գիտե՛նք սակայն՝ թէ անդարձ մեկնողներուն հետ մեզմէ՛ ալ բան մը կայ թաղուի. կը քանդուի կամ կը չքանայ ա՛ռնուազն «ոսկեղէն կամուրջը»՝ որ հինը կը կապէր նորին, աւանդութիւնը կը խառնէր առօրեային, ու մանաւանդ՝ շօշափելի իրականութեան մը կը վերածէր, մեզի համար, Հայոց ժողովուրդի ամէնէն շքեղ ժամանակաշրջաններէն մէկը՝ 1900-1920ական թուականներու ազգային, յեղափոխական, մշակութային եւ քաղաքական մեր փառքը:
Անձեր չէին անոնք՝ որոնք խորշակահար ինկան հաստարմատ Ծառէն, Հ. Յ. Դաշնակցութեան բունէն, վերջին 10-15 տարիներու ընթացքին:
Օհանջանեան, Աղբալեան, Շանթ, Իփէկեան, Միսաքեան, Դրօ, Նաւասարդեան, Լազեան, Հրաչ Փափազեան, Արամ Սահակեան եւ, ահաւասիկ, Գուրգէն Մխիթարեան...
Ազգային մեր նկարագրին, մեր ժողովուրդի պատմութեան ու բարոյական հիմնական արժանիքներուն ցոլքն էին անոնք՝ մերօրերայ հայ կեանքին վրայ. ճառագայթն էին Հայոց հի՜ն արեւուն՝ որուն վրայ օտարութեան բիծը չկար. երկարաձգումն էին հին բարքերուն, հին ու տոկուն բարոյականութեան՝ Սփիւռքէն ու դարավերջիկ «քաղաքակրթութենէ» այլայլած, աժգունած մեր հոգիներուն վրայ. եւ վեջրապէս՝ Եղեռնով գոյացած ահաւոր պարապին վրայ, Անապատի Սերունդին համար լաստ էին ու փաորս, որոնց ուզենշող հայեացքին եւ շունչին մինչեւ այսօ՛ր ալ պէտք է ունի մեր սերունդը...
Հրապարակուած «Հայրենիք» Օրաթերթի Թիւ 15,379 թիւին մէջ. Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 1962 |
*
Կենսուրախ, արթուն, պատրաստաբան, եւ՝ առո՛ղջ էր մինչեւ վերջին վայրկեան:
Անշուշտ գիտէր, գիտէինք բոլորս ալ, որ դաւադիր հիւանդութիւնը իր կուրծքին տակ էր, սրտին մէջ:
Երկու տարի առաջ, 1960ի սկիզբ, «այցելած էր» մահը՝ իրեն. ու վերջին երկու տարիներու ընթացքին ալ, յաճախ, ընտանեկան իր երկու բժիշկները՝ սրտի մասնագէտ տոքթ. Փոյնթ, եւ գուրգուրոտ ու եղբայրական սիրով հետեւողականօրէն իր առողջութեան հսկող տոքթ. Ա. Աբէլեան՝ զգացուցած էին իրեն, թէ վտանգը կը մնայ միշտ, եւ թէ յուզում ու յոգնութիւն կրնային ամէն րոպէ սպառնալ իր կեանքին:
Առանց արհամարհելու բժիշկներու զգուշաւորութեան թելադրանքները, ու մեր ալ ամէնօրեայ միջամտութիւնները՝ իր ըրածին ու ընելիքին, Գուրգէն, կ'անսար սակայն իր ՀԱՒԱՏՔԻ ՁԱՅՆԻՆ:
Իրեն համար կարեւորը այն չէր, կարծես, ինչ որ գիտութիւնը եւ գուրգուրանքը ըսել կուտային մէկուն ու միւսին: Կարեւորը՝ ի՛ր իսկ ներքին ձայնն էր, որ ո՛չ տրամաբանութեան կ ըհաւատար, ո՛չ գիտութեան հրահանգին եւ ո՛չ ալ մտերիմներու թախանձանքին: Կը հաւատար բացառապէս ԿՈՉՈՒՄԻՆ:
–«Սեղանիս առջեւ պիտի մեռնիմ»...
Իր վերջին ու վճռական պատասխանը ա՛յս էր, բոլոր անոնց, որոնք չափաւորութիւն ու հանգիստ կը յանձնարարէին իրեն: Իր արժանապատւութեան դէմ վիրաւորանք կը նկատէր ընկերներու յարգանքէն ու խանդաղատանքէն թելադրուած ամէն հրաւէր՝ չյոգնելու, խորապէս համոզուած ըլլալով հանդերձ, թէ անոնք իրմէ շա՜տ աւելի կը գուրգուրային իր առողջութեան վրայ:
–«Սեղանիս առջեւ պիտի մեռնիմ»...
Այսպէս ըսած, այսպէս ապրած են մեր բոլոր մեծերը:
Սակայն պիտի ըսենք, նկարագիր մը բնորոշած ըլլալու համար, թէ մեր անմոռանալի ԳՈւրգէնը՝ ամէ՛ն վայրկեան մահուան աչքերուն մէջ նայելով, ու մահուան մէկ ժանիքը սրտին մէջ՝ ասպարէզ կարդալու յամառ, անտեղիտալի շեշտով մը կ'ըսէր այս բառերը...
Չմեռա՜ւ «սեղանին առջեւ».– իր խմբագրական սեղանին առջեւ: Սակայն՝ մեռաւ սրբազան այն միւս «Սեղան»ին,– այն Խորանի՛ն առջեւ՝ ուր Դաշնակցութիւնը զոհ տուած է եւ զոհ կուտայ իր ամէնէն խոնարհ ու ամէնէն մեծ զաւակները: Ճակատագրի հեգնա՞նք թէ պերճախօս զուգադիպութիւն՝ որ ծննդեան իր թուականով (1890), յիսունէ աւելի տարիներու իր շունչով եւ հրայրքով, իսկ Հուսկ Բանքով, ու պատնէշի վրայ իր վերջին շշունջո՛վ ալ՝ ընկեր Գուրգէն անբաժան ու անտարանջատ մնաց Հ. Յ. Դաշնակցութենա կեանքէն, աւիւնէն, մեծ խիզախումներէն եւ խոր հիասթափութիւններէն, ու այնքա՜ն հպարտ եղաւ իր դաւանանքով ու համոզումներով՝ որ չընկրկեցաւ նոյնիսկ ակներեւս ու վերահաս մահուան սպառնալիքին առջեւ:
Չմեռաւ խմբագրատան իր սենեակին մէջ. մեռաւ իր ժողովուրդի, իր ընկերներու թեւերուն մէջ՝ երբ հազիւ եօթը վայրկեանէ ի վեր խօսելու էր սկսած, Հ. Յ. Դ. Ուստրի կոմիտէութեան տօնակատարական հաւաքոյթին:
Շաբաթ գիշեր ներկայ եղաւ Հ. Յ. Դ. Պոթընի ութ կոմիտէներու ընկերական ընդհ. ժողովին: Դաւադիր հիւանդութեան մշտակայ սպառնալիքը – ինչպէս միշտ՝ վերջին տարիներուն – այդ գիշեր ալ կ'երեւէր իր դէմքին վրայ: Տժգունած, ուժաթափ մարդու մը մոյնքը ունէր: Հոն էր եկած՝ հակառակ զգուշաւորութեան թելադրանքներու, եւ մնաց մինչեւ վերջին րոպէ:
Կիրակի, կէսօրէ անմիջապէս ետք, մեկնեցաւ Ուստր՝ ընկերներու հետ: Զուարթախոհ, կորովի, առողջ: Մինչեւ այն րոպէն, երբ բեմ բարձրացաւ խօսք առնելու, ո՛չ մէկ անհանգստութիւն, ո՛չ մէկ անտրամադրութիւն: Ընդհակառակն: Գացած էր ի՛ր ցանկութեամբ, չըսելու համար՝ իր պնդումով. գացած էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան Միացեալ Նահանգներու կազմակերպութեան այդ առաջին «օրրան»ներէն մէկը՝ հաւատաւոր ու խանդավառ ընկերներու մթնոլորտին մէջ վերանորոգուելու:
Օրուան պատգամը մտքին ու հոգիին մէջ՝ յարգանքի եւ սիրոյ ընդհանուր արտայայտութեանց ընդմէջէն, կը բարձրանայ բեմ. ու հազիւ իր մտածումները բառի ու խօսքի վերածած՝ շրթունքներուն վրայ, կ'իյնայ շանթահար: Կ'իյնայ թեւերուն մէջ ընկերներու, գրեթէ անշունչ...
Հակառակ տեղւոյն վրայ ու վայրկենապէս տարուած բժշկական խնամքներուն ու անմիջականօրէն հւիանդանոց փոխադրութեան, մեր անմոռանալի Գուրգէնը կը փակէ իր աչքերը յաւիտենութեան, խոր վշտի եւ հասկնլի խռովքի մատնելով ամբողջ գաղութը:
*
Ընկ. Գուրգէն Մխիթարեանի մահով, կ'անհետի ասպետական դէմք մը՝ մեր կազմակերպական, գրական, հրապարակագրային եւ հանրային կեանքէն:
«Տարբե՜ր» շրջանի մը ծնունդ էր ան, կարծես. աւելի գաղափարական եւ «հինաւուրց» ժամանակրշրջանի մը ծնունդը՝ քան մեր օրերու: Իր կազմակերպական ըմբռնումներն ու համոզումները 1890ական, 1900ական թուականներու մեր ընդհանուր մթնոլորտին մէջ էին թրծուած, գրեթէ ժայռացած:
1910-1920ական թուականներու խռովքին ու եռուզեռին մէջ մկրտուած, Խաժակներու, Ակնունիներու, Զարդարեաններու եւ յատկապէս Սահմանադրական Սերունդի ոգեշունչ միջավայրին մէջ հասունցած, ուղղափառ յեղափոխականութեան մը ջատագովն էր: Աններող՝ թէ ներելը զիջում, շեղում կամ տկարացում կ'ենթադրէր հիմնական սկզբունքներու շաւղէն, իսկ անհունապէս ներողամիտ՝ եթէ միայն սրտի, հոգիի ու զգացումի հարց պիտի ըլլար ներելը: Անձնականութիւն չունէր, սակայն ունէր զօրեղ անհատականութիւն մը: «Ես» չունէր, սակայն ունէր պայծառ դէմք մը՝ իբրեւ արտայայտութիւնը իր յստակ ու վճռական համոզումներուն:
Եղաւ ու մնաց, նաեւ, մեր վերջին յիսնամեակի գրականութեան ամէնէն տիրական դէմքերէն մէկը, յատկապէս վերլուծական ու քննադատական սեռերու մէջ: Փայլուն ու ներհուն հրապարակագիր մը՝ որուն վաստակը յարգանք կը պարտադրէ ապրողներուն, որուն ոգին ու շունչը սահմանուած են երկարաձգուելու յետնորդներուն մէջ՝ իբրեւ հաւատք ու նուիրում:
Իր բազմակողմանի արժէքին եւ արժանիքներուն մէկ վկայարանը պիտի մնայ սրտի ու մտքի ստեղծագործութիւններու այն գումարը, այն անչափելի հարստութիւնը՝ զոր կը թողու մեզի, հայ ժողովուրդին:
*
Ծանր հարուածին տակ՝ որ շշմեցուցած է մեզ այսօր, ասկէ աւելին պիտի չկարենայինք ըսել...
Իր կեանքին ու գործին ի՛նչը ըսինք ու ի՛նչը չըսինք, շատ ալ հիմանական չէ, սա վայրկեանիս:
Եթէ կրցանք կորուստին մեծութիւնը զգալ՝ ապահովար կարենանք զգալ նաեւ այն գերագո՛յն դասը, այն նուիրական հրահա՛նգը՝ զոր մեզի, ապրողներուս կ'ուղղեն մեր մեծ մեռելները.– Չընել որեւէ բան, չառնել որեւէ քայլ՝ որ զիրենք կրնայ անհանգիստ ընել հողին տակ. ընել ամէ՛ն ինչ. առնել ամէ՛ն քայլ՝ որպէսզի խորշակահար մեր ժողովուրդը զոհ ու կեր չդառնայ օտարութեան, ձուլումին, նահանջականութեան եւ բոլո՛ր տեսակի դասալքութիւններուն:
Շա՜տ պիտի խօսինք, տակաւին, իր մասին: