07 October, 2021

Անգլիական Պատերազմական Ատեանը Իր Վճիռը Տուաւ

Անգլ. Պատերազմական Ատեանը որ երկու ամիսէ ի վեր կը դատէր Ճիվանշիրի Սպանիչ Պ. Միսաք Թորլաքեանը Երէկ Իր Վճիռը Տւուաւ

Ընդհ. Հրամանատարին Կողմէ Վաւերացուելէ Ետք Միայն Պատերազմական Ատեանը Պիտի Հաղորդէ Իր Վճիռը

Քառասունեւրկուերորդ Եւ Վերջին Նիստը

Անգլիական պատերազմականա տեանը, ինչպէս ծանուցուած էր, իր 42երորդ և վերջին նիստը պիտի գումարէր երէկ՝ արտասանելու համար իր վճիռը Պ. Միսաք Թորլաքեանի մասին, որ երկու ամիսէ ի վեր կը դատուէր նոյն ատեանին առջեւ՝ Ատրպէճանի ներքին գործերու նախկին նախարար Պէհպութ Խան Ճիվանշիրը սպաննած ըլլալուն համար:

Ստրատրոփ Սպասում

Դատավարութեան համար որոշեալ ժամէն առաջ պատերազմական ատեանին յարակից նրբանցքները լեցուն են արդէն մամուլի ներկայացուցիչներու, թղթակիցներու, հետաքրքիրներու հոծ բազմութեամբ մը, որ անհամբեր կը սպասէ դրան բացուելուն:

Քիչ առաջ բերուած է Միսաք և անկիւն մը կը սպասէ իր վրայ հսկող ոստիկաններուն հետ:

Քանի վայրկեաննքերը կ'անցնին յուզումը այնքան կ'աւելնայ ներկաներուն մէջ: Ինչո՞ւ նիստը չի բացուիր, ինչո՞ւ դեռ վերադառցաւ նախագահը որ քիչ առաջ դուրս կ'ելլէր դատասրահէն ուրիշ սենեակ մը մտնելու համար, ինչո՞ւ մտատանջ է պաշտպան փաստաբանին դէմքը, ինչո՞ւ սա միւս նրբանցքէն կ'անցնին երկու երեք սուինաւոր զինուորներ և իրենց ընկերացող ոստիկանը նախագահը կը հարցնէ, ինչո՞ւ...: Հազար հարցում ու հազար մեկնութիւն:

Բոլորը սրտատրոփ կը սպսաեն այն գերագոյն վայրկեանին՝ ուր Արդարութիւնը իր խօսքը պիտի ըսէ. Յուզմունքը կը տեսնուի ամէնուն ալ դէմքին վրայ:

Անտարբեր, անհոգ է միայն ինքը, ամբաստանեալը, որ անխռով կը խօսակցի շուրջիններուն հետ:

Դատարանը Որոշումը Կը Հաղորդէ

Ժամը 10ուկէսին դատասրահին դուռը կը բացուի. նախ ներս կը մտնէ ամբաստանեալը թուրք և անգլիացի երկու ոստիկաններու ընկերակցութեամբ, իրենց կը հետեւի Պ. Վարժապետեան՝ դատարանին պաշտօնական թարգմանը: Յետոյ ներս կը մտնեն երկու կողմի փաստաբանները՝ իրենց թարգմաններուն հետ, մամուլի ներկայացուցիչները, և ունկնդիրները, ու կը գրաւեն իրենց յատկացուած տեղը:

Բոլոր սրտերը կը բաբախին: Միսաքն է միայն որ անխռով նստած է տեղը:

Խոռ լռութեան մը մէջ խօսքկ 'առնէ նախագահը և կը յայտարարէ հետեւեալը.–

«Ամբաստանեալ Պ. Միսաք Թորլաքեանի գործով զբաղող պատերազմական ատեանը տուած է իր վճիռը. բայց մինչեւ որ ընդհանուր հրամանատարութեան չտեղեկագրուի եւ չվաւերացուի՝ կարելի չպիտի ըլլայ հրապարակել: Վաւերացուելէ անմիջապէս ետք պիտի հաղորդուի երկու կողմի փաստաբաններուն:»

Ատեանը փակուած է: Բոլորը դուրս կ'ելլեն տարօրինակ անստուգութեան մը մատնուած:

Ի՞նչ Կ'ըսէ Պաշտպան Փաստաբանը

Դատավարութիւնը աւարտած եւ դատարանը պարպուած էր արդէն, երբ պաշտպան փաստաբան Պ. Հմայեակ Խոսրովեան մասնաւոր տեսակցութիւն մը կ'ունենայ պատերազմական ատեանի նախագահին հետ:

Բոլորին աչքերը Պ. Խոսրովեանի կը յառին երբ ան դուրս կ'ելլէ նախագահին քովէն: Ամէն ոք կ'ուզէ իմաստ մը հանել անոր դէմքի արտայայտութենէն: Պ. Խոսրովեանի դէմքը շատ բան չի խօսիր: Մամուլի ներկայացուցիչներ կը շրջապատեն զինքը:

-Ի՞նչ խօսեցաք նախագահին հետ, կը հարցնեն ամէն կողմէ:

Պ. Խոսրովեան պատասխան չունի:

-Ի՞նչ գրենք վաղը, կ ըահրցնեն թերթերու լրաբերները:

Դարձեալ լուռ է Թորլաքեանի պաշտպանը. Բայց պէտք է բան մը ըսել: Պահ մը կը մտածէ և

-Գրեցէք թէ տխուր չեմ, կը յարէ՝ սանդուղներէն իջնելով:

Մեր խմբագիրներէն մէկը որ յետոյ առիթը կ'ունենայ դարձեալ տեսնելու Պ. Խոսրովեանը, կը յաջողի հետեւեալ բառերը կորզել անկէ.

«Անգլ. Արդարութեան վրայ րոպէ մը իսկ տարակուսիլ ինքզինքս չեմ ներեր»:

Պ. Խոսրովեան խորհուրդ կուտայ սպասել քանի մը օր ալ:
(Հատուած)

Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբեր 1921
Նոր Շրջան (Թիւ 879-2700)