Մեր Խօսքը
Հայ ժողովուրդը այսօր կը սպասէր արդարութեան խօսքը լսել:
Երկու ամիսէ ի վեր սրտատրոփ, հեւիհեւ հետեւեր էր ան Մեծ Դատի մը բոլոր փուլերուն: Իր մէկ զաւակն էր զոր կը դատէր Բրիտանական Արդարութիւնը, այն որ արդարութիւններուն լաւագոյնը, մեծագոյնն էր ճանչցուած: Ու հայ ժողովուրդը յոյսով ու վստահութեամբ լեցուած կը սպասէր դատաւորներու վճռին, որով հետեւ անիկա արդարութեան խօսքը պիտի ըլլար:
Միսաք Թորլաքեան այս տարուան Յուլիս 18ին սպաններ էր Ատրպէճանի ներքին գործերու նախկին նախարար Ճիվանշիրը: Ու Անգլիական Պատերազմական Ատեանը, Օգոստոս 7էն ի վեր այդ երիտասարդը կը դատէր:
Ի՞նչ խօսք որ հայ ժողովուրդը, առանց հա՛տ մը բացառութիւն ունենալու, հեւիհեւ հետեւեցաւ այդ դատին ու իր բոլոր մանրամասնութիւններուն:
Ու առանց պատճառի չէր այն անսովոր, բայց ինքնաբեր, ինքնաբուխ հետաքրքրութիւնը:
Քառասունը մէկ նիստերը, զորս ատեանը գումարեց խեղճ Միսաքը դատելու համար, ոճիրի մը ու իր հեղինակին դատավարութիւնը չէին միայն, այլ հայ տառապանքին պատմութիւնը՝ պաշտօնական սեղանի վրայ լուսաբանելու եկած: Որովհետեւ Միսաք Թորլաքեանի դատով անգամ մըն ալ հայ ժողովուրդը կը բաղխէր աշխարհի խղճմտանքը. իր չարչարանքներուն և մանաւանդ իր յուսախաբութեանց ամբողջ պատմութիւնը անգա՛մ մըն ալ կ'աղաղակէր քաղաքակիրթ աշխարհին: Հայ ժողովուրդին մարտիրոսագրութիւնն էր որ անհերքելի վկաներու բերնով կ'արձանագրուէր պատմութեան մէջ, ու անոր հին ու նոր վէրքերը կը սփռուէին դատաւորներուն առջեւ՝ պատմագիրներուն փաստ դառնալու համար:
Հայ ժողովուրդը արդարեւ ոգեւորուած էր այս դատով: Որովհետեւ Միսաք Թորլաքեանը չէր որ բազմած կը նկատէր ան ամբաստանեալի աթոռին վրայ, այլ դահիճները իր հարիւր հազարաւոր զաւակներուն, անոնք որ Հայաջինջ Եղեռնը դարբնեցին եւ իրականացուցին Պոլիսէն մինչեւ Պաքու, Ճիվանշիրը՝ ի՛նքը:
Այս ոգեւորութիւնը ցեղի մը դէմ ատելութեան, վրէժի զգացումը չէր: Ինչպէս Միսաքին պաշտպան փաստաբանն ալ առիթը ունեցաւ ընդգծելու, Մեծ Սարսափները սարքուած էին ոչ թէ թուրք և թաթար ժողովուրդներուն նախաձեռնութեամբ, այլ Սեւ Ձեռքի մը միջոցաւ, որ Պոլիսէն Պաքու իր դաւերը լարեր էր՝ ցեղերը արիւնով ներկելու համար:
Պիտի արդարանա՞ր այդ Ձեռքը:
Դատաւորները զգուշացան, առ այժմ, իրենց վճիռը արտասանելէ, գոնէ հրապարակով:
Առ այժմ մութ է մեզի համար բովանդակութիւնը այդ վճռին, և մանաւանդ նկատումները, որոնց հետեւանքով ստիպուեցան վերին հրամանատարութեան վաւերացման սպասել զայն հրապարակելէ առաջ:
Բայց հիմեր ունինք ենթադրելու որ ան չի կրնար յուսախաբութեան մատնել հայ ժողովուրդը:
Ոչ միայն անոր համար որ սպաննուղը,– ինչպէս կրցաւ ապացուցուիլ դատարանին մէջ փաստերով՝ որոնք այլեւս պատմութեան կ'անցնին,– մէկն էր այն «սեւ ձեռք»երէն որոնք ծրագրեցին և գործադրեցին հայ ժողովուրդին բնաջնջումը, և որոնք կը շարունակեն՝ անպատիժ մնացած՝ աշխարհն ու իր արդարութիւնը հեգնել, վաղը նոր աղէտներ սարքելու համար, ու նոր նախճիրներ սփռելու իրենց շուրջը:
Ոչ միայն անոր համար որ ամբաստանեալը մէկն էր այն բիւրաւոր խեղճերէն, որոնք զոհ տուին իրենց սիրելիները հայ ժողովուրդին արեանը ծարաւ հրէշքներու վայրագութեան, և մէկը՝ որ առաջին հանդիպելուն գետին կը փռրէ իր սիրելիներուն դաճիճը, այլ անո՛ր համար մանաւանդ որովհետեւ Պոլսոյ հինգ լաւագոյն բժիշկները քննեցին ու գտան այդ խեղճը՝ զոր քառասուն օր դատարան տարին-բերին ձեռնակապով կաշկանդուած՝ ոճիրը գործած պահուն տէրը չէր իր կամքին ու իր գիտակցութեան:
«Անգլիական արդարութիւնը չի կրնար հիւանդ մը մահուան դատապարտել»: Այդ հաւատաքը մենք ալ ունինք, ու ան է որ քաջութիւնը կուտայ մեզի անխռով սպասելու վճռին յայտարարութեան: