Վարդավառ է այսօր, իսկ Վարդավառը, առանց Տարօնի, տժգոյն, աղոտ յիշատակ մը միայն:
Բառը ինքնին, – Տարօն – ամբողջ պատկեր մը կը ներկայացնէ: Թերեւս խորհուրդ մը:
Երբ կ'ըսենք Մուշ – կը հասկնանք աշխարհագրական վարչական բացատրութիւն մը:
Բոլորովին ուրի՜շ բան է Տարօնը: Գոնէ անոնց համար որ տեսեր ու ապրեր են, շնչեր ու անցեր: Ամբողջ հեթանոսութիւն՝ իր սարերովն ու դաշտերովը: Նոյնիսկ եղեկեցիներով ու վանքերով:
–«Հէ՜յ Մշու Սուլթան Սուրբ Կարապետ...»:
Եւ պէտք է տեսած ըլլալ Վարդավառը՝ Ս. Կարապետի սարին վրայ երբեմն հեթանոսական լերան մը կատարը, մինչեւ տասը հազար բազմութեամբ: Ս. Կարապետի Վարդավառը՝ իր աւանդական լարախաղացներով, բայց մանաւանդ իր իսկ եւ իսկ հայկական խանդավառութեամբ, – ծիծղուն, ծփուն եւ անարուեստ:
Անահիտի հովանին է – կ'ըսեն – փռուած այդ ամբողջ տարածութեան վրայ, հեռուն, մինչեւ Մեղրագէտն ու Արածնին, եւ ասդին, մինչեւ Իննակնեան լեռները: Այլեւ Վահագնի հոգին:
Եւ կը թուի թէ՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը այստեղ միայն պարտուած է, չկարենալով կորզել գաղտնիքը Ասուրի:
Հեթանոս քրմապետը չէ ուզած յանձնել թանկագին գաղտնիքը, յանձն առնելով ծառայել վանքին մէջ, իբրեւ պարզ մշակ:
«Կաղ Դեւ»ն է այս,– իրեն յատուկ խցիկով ու գուբով, որուն յատակը,– ո՜վ գիտէ – ապահովաբար կը պահէ մեր հեթանոսական շրջանի անծանօթ, անգնահատելի հարստութիւնները: Թոնիրները կը վառեն գիշերը, եւ առտուն կանուխ «Կաղ Դեւ»ը մաքրած կ'ըլլայ ամէն բան: Մաքրած ու իր գուբը քաշուած, առանց մոխիրի հետք մը ձգելու...:
Ուրկէ՞ այս միամիտ աւանդութիւնները՝ այս համայնակուլ ափերուն վրայ: Այն ալ օրուան այս ժամուն, երբ շատ-շատեր մոխիր ցանած իրենց գլուխներուն, կը հառաչեն ու կը յօրանջեն:
Անոր համար որ, ոչ միանյ Վարդավառ է այսօր, այլեւ տարեդարձը Տարօն աշխարհի վերջին ջղաձգութեան:
Վարդավառի կիրակի մըն էր – 1915 Յունիս 28 – երբ Տարօնն ալ արիւնլուայ փռուեցաւ գետին, դաւադիր «եաթաղան»ը կուրծքին: Կամ ամբողջ բազմութիւններով ողջակէզ՝ բոցերու մէջ: Կամ ջարդուփշուր՝ բաքով, բրիչով, կացիներով, թնդանօթով ու գնդացիրով:
Մա՜հ կ'ոռնար թշնամին, ամբողջ հայաշխարհին վրայ, գազանային մոլուցքով մը: Եւ գերանդին ձեռքը, ժանիքները ցից, դանակները սրած՝ շունչը առեր էր Տարօն:
Հայ չմնաց Մուշի մէջ: Բայց Թուրք ալ չմնաց, ինչպէս կը խոստովանէր Էնվէրը ինք:
Միշտ արթուն եւ ըմբոստ, սնած՝ Սերոբներու, Չավուշներու, Հրայրներու, Մուրատներու, Անդրանիկներու, Տէր Քաջերու, Վահան Մանուէլեաններո եւ դեռ անհամար «անծանօթ զինուորներ»ու շունչով, Տարօն աշխարհը փլաւ ճակատագրական պահուն: Վրիպեցա՜ւ վերջին քառորդ ժամուն...:
Փլաւ՝ ֆիզիքական աշխարհը, բայց կ'ապրի հոգեկանը:
Այսօր, ամէնէն հեռաւոր ափերուն վրայ իսկ, ողջ է Տարօնի ոգին: Ու թերեւս աւելի աշխուժացած, ինչպէս բոլոր այլ մնացորդներուն մէջ որ համրանքով փրկուեցան հայաջինջ սարասափներէն, եւ կ'ապրին վաղուան համար:
Ո՜ղջ է Տարօնը՝ իր գիրովն ու խօսքովն ալ:
Չուշանար առաւօտը, Տարօ՛ն, քանի դուն հաւատարիմ ես քու սարերուդ եւ անոնց փառքերուն, քու դաշտերուդ եւ անոնց արդար վաստակին: