Յուլիս 12ին Քալիֆորնիայի Ֆրէզնօ քաղաքին մէջ մեռած է ընկեր Պետրոս Յակոբեան, 63 տարեկան հասակի մէջ: Հանգուցեալը ծնած էր Խարբերդ, 1868 սեպտեմբերին. փոքր հասակին, հօրը եւ եղբօրը Տիգրանի հետ փոխադրւած է Մուշ, ուր կը ստանայ իր կրթութիւնը, Մշոյ Կեդրոնական վարժարնին մէջ: 1884ին կաւարտէ դպրոցը եւ ուսուցիչ կը կարգւի Մոկունքի դպրոցին: Ատեն մը ետք կը պատրաստւի անցնիլ Ամերիկա, բայց Իզմիրի մէջ կը ձերբակալւի եւ կը տարւի Կ. Պոլիս, ուր հօրը ազդեցիկ բարեկամներու միջամտութեան շնորհիւ ազատ կարձակւի, 1888-ին:
Այս շրջանին Ամերիկա անցնիլը անկարելի ըլլալով, ընկեր Յակոբեան ուսուցչութիւն կընէ փոխնիփոխ Եալովա, Քուրձ ու Պարտիզակ: 1891ին կը յաջողի մեկնիլ Ամերիկա, սկզբնական շրջանին կը մնայ Պոստոն եւ Լին, յետոյ 1901ին կը մեկնի Քալիֆորնիա եւ այնտեղ ալ կը հաստատւի:
Ընկեր Յակոբեան, դաստիարակւած ըլլալով իր հօրը, որ պատուելի էր, եւ Մուշի մէջ Տամատեանի շունչին տակ, կանձնաւորէր պարկեշտ քրիստոնեայի եւ հայրենասէր-յեղափոխականի տիպը: Մասնակցած է Ֆրէզնօի ազգային-հասարակական կեանքին ու շարժումներուն, եւ իր համեստ, առաքինի եւ ուղղամիտ նկարագրով սիրւած ու յարգւած էր տեղին հայ գաղութի ամէն խաւերէն, անխտիր:
Ընկեր Յակոբեան գործակցած է «Ասպարէզ»ը հիմնադրող խումբին, թերթի հիմնադրման տւած է իր գործօն աջակցութիւնը եւ Սէֆլէմեանի ու Գապատայեանի հետ խմբագրած է զայն փոխնիփոխ, առանց նիւթական վարձատրութեան: Հետագային «Ասպարէզ»ը, նոյն հիմնադիր ընկերներու ջանքերով, փոխանցուեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ մինչեւ այժմ կը շարունակէ հրատարակւիլ իբրեւ Քալիֆորնիայի շրջանի Դաշնակցութեան օրկանը:
Ընկեր Յակոբեանի մահով՝ Ֆրէզնօի հայ գաղութը կը կորսնցնէ հայրենասէր, գիտակից ու առաքինի հայ մը, իսկ տեղին կոմիտէն՝ զգաստ, փորձարու, ուղղամիտ եւ յարգւած ընկեր մը: