Օր մը լսեցինք, թէ Ատրպէյճանի յայտնի Ազայեւը Պոլիս եկած է: Այս մարդը հետապնդելու վրայ էինք, երբ Պոլիս եկաւ նաեւ Պէյպուտ խան Ճիվանշիրը, Ատրպէյճանի ներքին նախարարը, ջարդերու յայտնի կազմակերպիչ ու հայակեր, Ատրպէյճանի Թալէաթը: Եկած էր իբրեւ բոլշեւիկեան առեւտրական ներկայաացուցիչ, թերեւս այս պատրուակի տակ դուրս էր ելած Պաքուէն եւ իր հարստութիւնը դուրս հանած: Անոր գալով Ազայեւը մոռցանք:





.jpg)
