01 July, 2021

Ողբ. Ընկեր Վահան Նաւասարդեանի Յուղարկաւորութիւնը


Համաժողովրդային Յարգանքի ու Անհուն Վշտի Արտայայտութիւններ

1 Յուլիս 1956

Համաժողովրդային յարգանքի աննախընթաց եւ մեծվայելուչ արտայայտութիւն մը պիտի մնայ յուղարկաւորութիւնը մեր անմոռանալի եւ վաստակաւոր ընկերոջ՝ Վահան Նաւասարդեանի, որուն մարմինը հողին տուինք երէկ, ընկերներու, համակիր բազմութեան եւ բարեկամներու արցունքին մէջ:

Առաւօտ կանուխէն՝ ընկերներու, բարեկամներու եւ ժողովրդային հոծ բազմութիւններ հաւաքուած էին «Յուսաբեր»ի շէնքին մէջ, Նաւասարդեաններու մօտ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին՝ իրենց վշտակցութիւնը յայտնելու համար «Յուսաբեր»ի եւ Նաւսարդեան ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ իրենց վերջին յարգանքը՝ անհետացող առաքելատիպ դէմքին, որ մեր ընկերը եղաւ:

Ժամը ճիշդ 10:25ին, մեր ողբացեալ ընկերոջ զմռսուած մարմինը փոխադրուեցաւ՝ նախ «Յուսաբեր»ի Տունը ուր մահաբեմի մը վրայ զետեղուեցաւ: Դագաղը պաշտելի Եռագոյնով պատած, շրջապատուած էր անթիւ ընկերներու, բարեկամներու, ինչպէս նաեւ Այրի Տիկին Հերսիլիա Նաւասարդեանի ու Տէր եւ Տիկ. Բէգլար Նաւասարդեաններու կողմէ: «Հոգոց» արտասանուեցաւ քահանաներու կողմէ ու ներկաները յարգանի իրենց տուրքը ընծայեցին Վահանին՝ ի՛ր իսկ Տան մէ: Հո՛ն՝ ուր հաւատքով եւ կիրքով աշխատեցաւ մինչեւ իր վերջին շունչը, ուր ներշնչեց եւ խանդավառեց ընկերական եւ բարեկամական իր շրջանակը, ուրկէ կապ պահեց տարասփիւռ իր ժողովուրդին հետ, ուր եւ շիջեցաւ հերոսի մահով,–հերոս՝ աշխատանքի եւ նուիրումի:

Յուղարկաւորներու թափօրը ուղղուեցաւ, ապա, Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր եւս ժողովրդային ծոավածաւալ բազմութիւն մը տեղ գրաւած էր տաճարին եւ շրջափակին մէջ՝ Պ. Պ. Թորոս Խաչատւրոեանէ եւ Լեւոն գարագաշեանէ, ընկերներ Գրիգոր Փափազեանէ, Կայծ Կոկանեանէ եւ Գրիգոր Գարապահեանէ բաղկացեալ կարգադիր յանձնախումբի եւ հայ արիներու հսկողութեան տակ:

Յարգանքի եւ վշտի ժողովրդային արտայայտութիւնենրու մէջ, մեր անմոռանալի ընկերոջ դագաղը ուսամբարձ փոխադրուեցաւ տաճար՝ Պ. Աւետիս Չագըճեանի (ատենապետ «Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան) եւ Արտաշէս Փամպուքճեանի (ներկայացուցիչ հայ լէգէոնականներու եւ նախկին պատերազմիկներու) եւ ընկերներ Գ. Լազեանի, բժ. Ե. Խաթանասեանի, Մ. Տէր Գալւոստեանի, Հ. Փափազեանի, Օ. Մաճառեանի, Բ. Թաշճեանի, Մ Թէօլէօլեանի, Լեւոն Յովհաննէսեանի, Կ. Կօկանեանի, Գ. Պալըգճեանի, Պ. Մսըրլեանի, Յ. Համբարձումեանի, Զ. Փարմաքսըզեանի եւ Գրոգիր Գարապաճեանի կողմէ, ու զետեղուեցաւ մահաբեմին վրայ:

Եկեղեցւոյ պատ. Հոգաբարձութիւնը, օրուան տխուր հանդիսութեան համապատախան վեհութիւն կրցած էր ստղեծել տաճարին մէջ, գլխաւորութեամբ իր ատենապետին՝ Պ. Ս. Թէրզեանի եւ գործակցութեամբ իր անդամներէն Պ. Պ. Սարգիս Պօղիկեանի եւ Մուշեղ Յակոբեանի:

Թաղմանական արարողութեանց կը նախագահէր Եգիպտոսի Հայոց Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մամբրէ Արք. Սիրունեան. ներկայ էր քահանայից դասը լրիւ, ինչպէս նաեւ Աղեքսանդրիայէն Արժ. Տ. Վարդան քհնյ. Գարակէօզեան: Երգեցողութիւնենրը կատարուեցան Դպրաց Դասուն կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ Պր. Ղ. Ղազարոսեանի:

...

Օտար եւ տեղական կազմակերպութեանց ու մարմիններու, ինչպէս նաեւ Մամուլի կողմէ ներկայ էին բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին Գահիրէի ոստիկանութեան փոխ-հրամանատար միրալայ Թահա Զաղլուլ, Իրանի դեսպանատան առաջին քարտուղար Ճեւատ Սինայի, տեղական եւ եւրոպական թերթերու կողմէ Մեթր Աշիլ Սեքալի (երիցագոյն անդամը օտար լրագրողներու), ամերիկեան մամուլի կողմէ՝ Պ. Օննիկ Մարաշլեան, պետական նախկին պաշտօնատար միրալայ Քամալ Րիատ, եւ այլն, եւ այլն:

Աղեքսանդրիոյ հայ գաղութն ու մեր ընկերական կազմը, հարիւրէ աւելի ներկայացուցիչներով կը բերէր իր մասնկցութիւնը յարգանքի այս շքեղ արտայայտութեան:

...


Թաղման արարողութեանց լրումէն ետք, մեր թանկագին ընկերոջ մարմինը՝ ուսամբարձ փոխադրուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր, յանուն Հ. Յ. Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմնին, Եգիպտոսի Կեդր. Կոմիտէի եւ «Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան, դամբանականներ խօսեցան ընկ. Տոքթ Եր. Խաթանասեան, ընկ. Գրիգոր Պալըգճեան եւ Պր. Աւետիս Չագըճեան:

...


Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ եւ քահանայից դասու մասնակցութեամբ, նաեւ գերեզմանատան մէջ կրօնական արարողութենէ ետք՝ դամբանականներ խօսեցան ընկ. Տոքթ. Ատուր Գապաքեան (Հ. Յ. Դ. Լիբանանի Կեդր. Կոմիտէի կողմէ), ընկ. Մինաս Թէօլէօլեան (Սուրիոյ Կեդր. Կոմիտէի կողմէ), ընկ. Տոքթ. Արամ Պաղտասարեան («Համազգային»ի կեդր. վարչութեան կողմէ, ընկ. Պերճ Մսրլեան (Հ. Յ. Դ. Երիտ. Միութեան կողմէ) եւ ընկ. Լեւոն Յովհաննէսեան (Հայ Կարմիր Խաչի եւ ՀՕՄի կողմէ):

...

Արարողութեանց եւ դամբանականներու լրումէն ետք, յուղարկաւոր բազմութիւնը մեր անմոռանալի Վահանի հողակոյտը կնքեց միաբերան երգելով.– «Ամենայն տեղ մահը մի է, մարդ մի անգամ պիտ' մեռնի, բայց երանի՜ որ իւր ազգի ազատութեան կը զոհուի»:*

...

*հատուած
«Հայրենիք» Պոսթոն,
Հինգշաբթի, Յուլիս 12, 1956
58-րդ Տարի, Թիւ 13,446